Աթէշեանի Փոխարէն` Ընտրել Համայնքի Վստահութեան Արժանացած Նոր Պատրիարք. Պոլսահայերը Ստորագրահաւաքի Սկսած Են

Պոլսոյ հայ համայնքը «change.org» կայքին մէջ ստորագրահաւաքի սկսած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ազատ ընտրութիւն իրականացնելու պահանջքով: Պոլսահայերը կը պահանջեն չխախտել ազատ ընտրութեան իրենց օրինական իրաւունքն ու Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին վերանշանակուած Արամ Աթէշեանի փոխարէն ընտրել համայնքի վստահութեան արժանացած նոր պատրիարք:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ շարք մը հայ մտաւորականներ համատեղ կոչ հրապարակած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի երկարատեւ ճգնաժամային վիճակի ու վերջերս Արամ Աթէշեանի` Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին վերանշանակման վերաբերեալ եւ պահանջած նոր պատրիարքի ընտրութիւն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *