Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծներու քննարկումները տեղի պիտի ունենան այս շաբաթ: Այս մասին «NEWS.am»-ին ըսած է Հոլանտայի խորհրդարանի պատգամաւոր, փաստաթուղթերուն հեղինակ Ճոյել Ֆորտեւինտ:
Ըստ անոր` ներկայացուած են երկու փաստաթուղթեր, եւ երկուքն ալ կը ներկայացուին քուէարկութեան: «Բանաձեւի նախագիծներէն մէկը կոչ կ’ընէ պետական նախարարին ներկայ գտնուելու Երեւանի մէջ տեղի ունեցող յիշատակի ձեռնարկներուն, իսկ միւսը կոչ կ’ընէ խորհրդարանին ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Երկուքն ալ խորհրդարանին մէջ մեծ աջակցութիւն ունին»,- ըսած է պատգամաւորը:
Փետրուար 19-ին թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծներուն հետ կապուած, զորս ընդգրկուած են Հոլանտայի խորհրդարանի օրակարգին վրայ, Անգարայի մէջ Հոլանտայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը հրաւիրուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն: