Արցախի նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ երէհ Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ կազմակերպուած էր ցուցահանդէս` նուիրուած Արցախեան շարժումի 30-ամեակին:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էր Արցախի երիտասարդ նկարիչներու տարբեր ժանրերու աւելի քան 40 աշխատանք:
Ըստ «Արցախփրէս»-ին՝ ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկած է Արցախի նկարիչներու միութեան նախագահ Յովիկ Գասպարեան` նշելով, որ այս ցուցահանդէսով, փաստօրէն, տրուեցաւ երիտասարդ նկարիչներու միութեան գործունէութեան մեկնարկը:
«Մենք` աւագ սերունդի նկարիչներս, կ’ուզենք խրախուսել երիտասարդ ստեղծագործողները, որպէսզի անոնք կարենան կայանալ արուեստի աշխարհին մէջ: Մենք մեծ յոյսեր կը կապենք Արցախի երիտասարդ նկարիչներու միութեան հետ: Չէ՞ որ երկիրը հզօր է նաեւ իր ազգային իւրօրինակ արուեստով, իսկ ատոր կրողը պիտի ըլլան Արցախի տաղանդաշատ հայ նկարիչները»,- մասնաւորապէս ըսած է Հ. Գասպարեան:
Ցուցահանդէսին ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, նկարիչներ եւ այլք: