Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած է «Արմինֆօ» լրատուական գործակալութեան, որ հրապարակուած է «Եւրասիա Տէյլի» (eadaily.com) լրատուամիջոցի կայքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Artsakhpress.am»-ը։
ԼՂՀ պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ Արցախը կայուն եւ արագ զարգացող տնտեսութեամբ հանրապետութիւն է, որ յստակ կ’արտացոլուի վերջին տասը տարուան ընթացքին երկրի երկնիշ տնտեսական ցուցանիշներուն մէջ` հաշուի առնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղը տնտեսապէս զարգացած տարածաշրջան չէր խորհրդային տարիներուն, իսկ արդէն պատերազմէն ետք ստիպուած էինք ամէն բան զերոյէն սկսելու:
Պետական նախարարը ընդգծած է, որ յամառ եւ քրտնաջան աշխատանքի իբրեւ արդիւնք, այնուամենայնիւ, յաջողած են կայուն զարգացման ուղիի վրայ դնել հանրապետութիւնը: «Մեր յետագայ ծրագիրները նոյնպէս յաւակնոտ են, մտադիր չենք տկարացնելու զարգացման ընթացքը: Հիմնական շեշտը, ի հարկէ, պիտի դրուի ուժանիւթի, հանքարդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան ոլորտներուն վրայ, որ իր զգալի ներդրումը ունեցած է երկնիշ տնտեսական աճի ապահովման գործին մէջ»,- յայտարարած է պետական նախարարը` ընդգծելով, որ վերջին տարիներուն լաւ կը զարգանայ նաեւ զբօսաշրջութիւնը:
Իբրեւ արդիւնք՝ ան նշած է, այսօր բնակչութեան մէկ շունչին բաժին հասնող ՀՆԱ-ն կը կազմէ մօտ 4 հազար տոլար: «Ատիկա, ի հարկէ, վատ ցուցանիշ չէ, բայց մենք մտադիր չենք բաւարարուելու ձեռքբերուածով` շատ աւելի բարձր նշաձող դնելով մեր առջեւ: Արցախը պէտք է վերածուի քաղաքացիներու համար հասարակական-տնտեսական առումով գրաւիչ երկրի»,- ընդգծած է Յարութիւնեան:
Հանրապետութեան աճի բարձր քայլերը պետական նախարարը բացատրած է առաջին հերթին տարբեր ոլորտներու, ամէնէն առաջ ուժանիւթի եւ հանքարդիւնաբերութեան մէջ, չօգտագործուած տնտեսական ներուժի բացայայտումով: «Ո՛չ պակաս կարեւոր է նաեւ այն, որ մենք իրականացուցած ենք ներդրումներու խթանման արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն: Հակառակ շարք մը լուրջ խոչընդոտներուն` ներկայիս Արցախի մէջ կ’իրականացուին ներդրումային մեծ նախագիծներ: Հանրապետութեան տնտեսութեան մէջ միջոցներ կը ներդնեն ինչպէս օտարերկրեայ հայ գործարարներ, այնպէս ալ ոչ հայեր: Հանրապետութեան տնտեսութեան մէջ ներդրումներ կը կատարեն նաեւ Հայաստանէն գործարարներ: Այնպէս որ Արցախի ներդրումային աշխարհագրութիւնը շատ լայն է»,- ընդգծած է ան` աւելցնելով, որ ներդրողներու համար Արցախի մէջ ստեղծուած են ամենաբարենպաստ պայմանները, որ կը կայանայ ձեռներէցներուն պետական աջակցութեամբ: Պետական նախարարին խօսքով, ներդրողներու համար գլխաւոր խթանը հաւատքն ու վստահութիւնն են: «Ահա այդ ոլորտին մէջ մեր յաջողութեան բանաձեւը, եւ, իբրեւ արդիւնք, վերջին տասը տարուան մէջ 470 միլիոն տոլարի ներդրումները»,- ամփոփած է Արայիկ Յարութիւնեան: