Զինուորներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամը Յատկացում Կատարած Է Եւս Մէկ Վիրաւոր Զինուորի Ընտանիքին

«Զինծառայողների ապահովագրութեան հիմնադրամը» Յունուար 24-ին միանուագ 10 միլիոն դրամ  փոխանցած է առաջին խումբի հաշմանդամ, շարքային զինուոր Արսէն Արտաւազդի Յովակիմեանին:

Ըստ «Razm.info»-ի՝ վիրաւոր զինուորի ընտանիքին 20 տարուան ընթացքին պիտի տրամադրուի նաեւ ամսական 200,000 դրամ:

24 Յունուար 2018-ի դրութեամբ՝ հիմնադրամի կողմէ գումարներ ստացած են 23 զոհուած զինուորներու ընտանիք եւ 11 վիրաւորուած (հաշմանդամ) զինուոր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *