«Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը յատուկ թողարկումով մը անդրադարձած է հայաշխարհին հնագոյն պարբերականին Պոլսոյ մէջ տպագրուող «Ժամանակ» պարբերականին հիմնադրութեան 110-ամեակին:
Գործակալութիւնը յատուկ թողարկում մը կատարելով՝ նկատառման յանձնեց այս յոբելեանը՝ թղթակիցներէն Չիյտէմ Ալեանաքի ստորագրութեամբ։ Թողարկումը կատարուեցաւ Համաշխարհային գործող լրագրողներու օրուան շարժառիթով եւ ընդգծուեցաւ, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ»-ը աշխարհի հնագոյն փոքրամասնական թերթն է։ Գործակալութիւնը այս թողարկումին կցած է բազմաթիւ լուսանկարներ։ Այս թողարկման պատրաստութեան համար թղթակից Չիյտէմ Ալեանաք եւ լուսանկարիչներէն Օնուր Չոպան միասնաբար այցելած են թերթին խմբագրատուն։ Գործակալութիւնը թողարկած է լուսանկարչին կողմէ այս առթիւ կատարուած նկարահանումներէն դրուագներ, ինչպէս նաեւ թերթին վերաբերեալ իր արխիւէն հին դրուագներ։ Ներկայացուած լուսանկարներուն մէջ կան «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի խմբագրատունէն տեսարաններ, թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի դիմանկարները, «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի առաջին համարը եւ անոր հիմնադիրներուն՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրներու դիմանկարները։ Ընդգծուած է, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը Թուրքիոյ մէջ 110 տարիէ ի վեր կը հրատարակուի անընդհատ։
Թերթի պատմութեան եւ առաքելութեան առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ երեսակներու բացատրութեան զուգահեռ՝ թողարկման մէջ շեշտուած է, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը ունի պատմական արխիւի մը բնոյթը, որովհետեւ եղած է թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան եւ թէ՛ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ականատեսը։ Մասնաւորապէս շեշտուած է, որ վերջին տարիներուն ստեղծուած համացանցային կայքէջով «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը այսօր հասանելի է աշխարհի չորս կողմերուն։
Գօչունեան նաեւ նշած է, որ «Ժամանակ» անկախ օրաթերթ մը եղած է իր գոյութեան ողջ տեւողութեան։