«Քերոլայն Քօքսի Անուան Վերականգնողական Կեդրոն»-ը Կ’ընդլայնէ Բուժման Հնարաւորութիւնները

«Քերոլայն Քօքսի անուան վերականգնողական կեդրոն»-ին մէջ, այս տարի բացուած է «Աուտիզմի ախտանշաններով մինչեւ 16 տարեկան երեխաներու բուժման համար նախատեսուած ենթակեդրոն»:

Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ կեդրոնի ղեկավար Վարդան Թադեւոսեան ըսած է, թէ անիկա կարեւոր նշանակութիւն ունի այդպիսի խնդիրներ ունեցող փոքրիկներու ընտանիքներուն համար, քանի որ յագեցած է բուժման համար բոլոր անհրաժեշտ սարքերով:

Բացի նշուած հիւանդութենէն, կեդրոնին մէջ, իւրաքանչիւր տարի կը բուժումի մինչեւ 1000 մարդ, որոնք ունին ֆիզիքական եւ մտաւոր խնդիրներ: Կեդրոնին մէջ կայ է 21 մահճակալ` մնայուն բուժում ստացողներու համար, իսկ օրական բուժում ստացողներուն թիւը կը հասնի 30-ի:

Այժմ վերականգնողական կեդրոնը ունի մօտ 60 աշխատակից: Կը գործէ նաեւ կրթական բաժանմունք, ուր մէկ տարուան ընթացքին կը պատրաստուին եւ կը վերապատրաստուին համապատասխան մասնագէտներ` ստանալով տեսական եւ գործնական գիտելիքներ»,- ըսած է Վ. Թադեւոսեան եւ աւելցուցած, որ կեդրոնը արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ունի ֆրանսական մասնագիտական բնաբուժութեան (physiotherapy) կազմակերպութեան եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հետ:

Անդրադառնալով հաշմանդամներու հանգիստին` կեդրոնի ղեկավարը ընդգծած է, որ Յուլիս 27-Օգոստոս 7 տեղի ունեցած է ամառնային ճամբար, որուն աջակցած է ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը: «Անիկա կազմակերպուած էր «Հայկական ճամբար» հասարակական կազմակերպութեան հետ համատեղ, Սեւանի ափին` Արտանիշ գիւղին մօտ, ուր համապատասխան պայմաններ կային սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող մարդոց համար: Ծրագիրին մասնակցած է 20 մարդ»,- ըսած է «Քերոլայն Քօքսի անուան վերականգնողական կեդրոն»-ի տնօրէնը:

Նշենք, որ «Քերոլայն Քօքսի անուան վերականգնողական կեդրոն» ՊՈԱԿ-ը կը գործէ 1998 Սեպտեմբեր 23-էն ի վեր: 1998-2000 թուականներուն կառուցուած է շէնքը, իսկ 1999-2000 թուականներուն կազմակերպուած են մէկտարեայ անմիջական դասընթացներ` համապատասխան մասնագէտներու պատրաստման համար: 2000 Յունիսէն սկսած է շրջող եւ մնայուն բուժում իրականացնել:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *