Թուրքիոյ Մէջ «Նիշանեանի Տուներ»-ը Կ’ուզեն Քանդել

Թուրքիոյ մէջ որոշում կայացուած է քանդել պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նիշանեանին պատկանող «Նիշանեան տուներ» անունով յայտնի հիւրանոցային համալիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber.am»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Gazetevatan»-ը։

Որոշման համաձայն, այսօրուընէ սկսեալ պիտի կազմաքանդուին Իզմիր նահանգի Շիրինճէ գիւղի «Բնապահպանական գօտիին մէջ ապօրինի կառուցուած» 22 շինութիւններ, որոնց շարքին  են  նաեւ «Նիշանեան տուներ»-ը:

Բացի անկէ, պիտի քանդուի նաեւ Նիշանեանի եւ վերջինիս ընկերոջ` Ալի Նեսինի կողմէ հիմնադրուած` «Նեսին» ֆոնտին պատկանող 2 շինութիւն:

Աղբիւրը կը նշէ, որ շինութիւններու քանդուելուն մասին որոշումը կայացուած էր 2011-էն ի վեր, սակայն տեղի բնակչութեան դիմադրութեան պատճառով անիկա յետաձգուած էր:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *