«Human Rights Watch» (HRW) միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ վերաբերեալ զեկոյց մը հրապարակած է: Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ՝ վկայակոչելով թրքական «Birgun.net» լրատուակայքը, որ զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է մասնաւորապէս մամուլի դէմ կիրառուող բռնութիւններուն:
HRW-ն արձանագրած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը լռեցնեն անկախ մամուլը` Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձէն ետք երկրին մէջ սկիզբ առած մասսայական ձերբակալութիւններու դէմ ուղղուած քննադատութիւնները կանխելու նպատակով:
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ կը սաստկանան ճնշումները քննադատական մօտեցում դրսեւորող մամուլի ներկայացուցիչներու դէմ եւ այդ վիճակը 2014-էն ի վեր աւելի ու աւելի կը վատթարանայ:
Յուլիս 15-էն ետք Թուրքիոյ մէջ, ընդհանուր առմամբ, կասեցուած են 140 մետիա կառոյցի գործունէութիւն, փակուած են 29 տպագրատուներ, աշխատանքէ զրկուած են 2.500 լրագրողներ:
Human Rights Watch-ը նաեւ ուշադրութեան կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ լրագրողները Թուրքիոյ մէջ կ՛ենթարկուին նաեւ ֆիզիքական բռնութիւններու: