Թուրքիոյ կեդրոնական Նիղդէ նահանգին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին վերանորոգուած է: Ըստ ermenihaber.am-ի՝ այս մասին տեղեկացնող թրքական «Սոնտագիգա» («Sondakika») լրատուական կայքը կը գրէ, որ այժմ աշխատանքներ սկսած են եկեղեցին մանկական գրադարանի վերածելու համար:
Նահանգային խորհուրդը Դեկտեմբերին կայացած ժողովի ժամանակ քննարկած է եկեղեցին մշակոյթի նախարարութեան գրադարաններու եւ հրատարակչութիւններու հարցերով զբաղող վարչութեան յանձնելու հարցը:
Առաջարկը ուղարկուած է կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնաժողով: Եկեղեցին գրադարանի վերածելու որոշումը պիտի կայանայ տուեալ յանձնաժողովի զեկոյցին համաձայն: