Հայոց Եռագոյնը Էվերեսթի Գագաթին Վրայ

Ֆեյսպուքի իր էջէն ուրախութեամբ իմացանք, որ ֆրանսահայ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան բարձրացած է Էվերեսթի գագաթն ու իր նուաճումը նուիրած հայ ժողովուրդին:

«Ես աշխարհի ամենաբարձր գագաթին վրայ եմ: Ես ատիկա ըրի. ըրի աշխարհի բոլոր հայերուն եւ ինծի համար: Մեր գործը երբեք չի մահանար. մենք կը յիշենք եւ կը պահանջենք: 1915 թուականի Ապրիլ 24-ը մենք երբեք չենք մոռնար, չենք մոռնար նաեւ 1,5 միլիոն անմեղ զոհերը: Թող ամբողջ աշխարհ իմանայ, թէ ինչ հզօր է հայ ազգը», իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է Արա Խաչատուրեան, որ Էվերեսթի գագաթին բարձրացուցած է Հայոց Եռագոյնը:

Նշենք, որ Արա Խաչատուրեան նմանօրինակ փորձ մը կատարած էր անցեալ տարուայ գարնան՝ զայն նուիրելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, սակայն տեղւոյն վրայ այդ օրերուն պատահած ծանր երկրաշարժը արգելք հանդիսացած էր Հայ մարզիկին իր փափաքը իրականացնելու, որ բարեբախտաբար ֆիզիքապէս չէր վնասուած եւ այս տարի իրականացուց այդ մէկը։

4

5

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *