Փոքրիկ Լեռնային Ղարաբաղը իր 150 հազար բնակչութեամբ Հարաւային Կովկասի մէջ կը պայքարի իր անկախութեան համար: Ազրպէյճանի հետ պատերազմը, որ սառեցուած կը համարուէր, Ապրիլին սրեցաւ ռազմական գործողութիւնները ամէնէն լայնածաւալն էին 1994-էն ետք: Այս մասին ըստ News.am-ի կը գրէ գերմանական Tageblatt պարբերականը` անդրադառնալով Ապրիլին ծաւալած մարտական գործողութիւններուն:
«Այստեղ կրակոցներ կը հնչեն արդէն աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր: Աշխարհի կողմէ գրեթէ մոռցուած այս հակամարտութիւնը Ապրիլի սկիզբը դարձեալ պատերազմի վերածուեցաւ` որքան յանկարծակի, նոյնքան ալ կարճատեւ: Քառօրեայ պատերազմէն ետք 2 կողմերը միասին պաշտօնապէս յայտնած են 110 զոհի մասին», կը գրէ յօդուածագիրը, որ այցելած էր Լեռնային Ղարաբաղ տեղւոյն վրայ իրավիճակին ծանօթանալու:
«Յետագային եւս անկախ մնալու եւ միջազգայնօրէն ճանչցուելու համար, Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է ոչ միայն խրամատներու մէջ պայքարի, այլ նաեւ նախարարներու, խորհրդարաններու եւ նախագահներու մակարդակով», կը շարունակէ հեղինակը եւ կը յիշեցնէ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք Էնկըլի ելոյթը, որ նշած էր, թէ այս թեմայով վերջին քննարկումները ԵՄ խորհրդարանին մէջ շատ դրական էին, աւելի լաւ, քան առաջ: «Ազրպէյճանը արդէն այլ լոյսի տակ կ՛երեւի: Պաքուն մերժեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հաշտութեան առաջարկները: Ատիկա իր հտեւանքները ունեցաւ. աշխարհը հիմա աւելի շատ իր հայեացքը ուղղած է Լեռնային Ղարաբաղին», ըսած էր պատգամաւոր Ֆրանկ Էնկըլը:
Հեղինակը կը մէջբերէ նաեւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանին, որ աւելի առաջ այս կապակցութեամբ ըսած էր. «Կը խօսին մեր մասին, բայց չեն ուզեր խօսիլ մեզի հետ: Այդ մէկը ոչ մէկ բանի չի կրնար յանգեցնել»:
Հեղինակը եղած է դիրքեր եւ զրուցած հայ զինուորներու հետ: «Ղարաբաղի դիրքերէն գրեթէ 400 մեթր այդ կողմ իրենց խրամատներուն մէջ նստած են ազրպէյճանցի զինուորները: Դիտակէտէն յստակ կ՛երեւին բաժանարար գիծերը: Դիրքին պատասխանատու Թեւոս Յարութիւնեանը լրագրողներուն կ՛ըսէ. «Մենք զինուորներ ենք, մենք պիտի պաշտպանենք մեր Հայրենիքը մինչեւ արեան վերջին կաթիլը»:
«Վերադառնա՞նք մեր ընտանիքներու մօտ: Միայն երբ այստեղ ընելիք չենք ունենար», կ՛ըսէ զինուորներէն Ալեն Մինասեանը:
«Բնական մարդիկ կը յոգնին շարունակուող արտակարգ իրավիճակէն,- կը գրէ հեղինակը,- բայց քաղաքական որոշումներ կայացնողները այլ կերպ կը մտածեն: Զինուորները գիտեն, որ խաղաղութիւն գտնելը իրենց առաջադրանքը չէ: Ատիկա ձգած են քաղաքական գործիչներուն: Քաղաքականութիւնը սակայն տասնամեակներ շարունակ կը սայթաքի խաղաղութիւն գտնելու ճամբաներուն վրայ»: