Հոլանտացի լրագրողները կապիկի տեսքով պատկերած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը, որ կը ճնշէ եւրոպական խօսքի ազատութիւնը:
Նկարը հրապարակուած է Հալանտայի ամենաընթերցուող պարբերականներէն մէկուն` De Telegraaf-ի մէջ: Ըստ Lenta-ի նկարը մակագրուած է «Էրտողանի երկար ձեռքը»:
էրտողանը պատկերած են կապիկի տեսքով, իսկ կինը, զոր ան կը ճզմէ, նման է թրքական ծագումով հոլանտացի գրող Էպրայ Ումարին, որ Կիրակի` Ապրիլ 24-ին, Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է: Զայն կը մեղադրեն Twitter-ի մէջ Էրտողանը վիրաւորելու համար: Աւելի ուշ զայն ազատ արձակած են` չհեռանալու մասին ստորագրութեամբ:
Ապրիլ 13-ին յայտնի դարձաւ նաեւ, որ գերմանական հեռուստաեթերով Էրտողանի մասին վիրաւորական բանաստեղծութիւն կարդացած լրագրող Եան Պեոմերմանը՝ Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը կալանքի տակ վերցուցած է: