Ռուսիայէն Եւ ԱՄՆէն Հայ Բժիշկներ Պատրաստ Են Ամէն Ձեւով Աջակցելու Ղարաբաղին

Ռուսիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն հայ բժիշկներ պատրաստ են ամէն կերպ աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղին: Այդ մասին ըստ News.am-ի` Ապրիլ 6-ին կառավարութեան նիստէն ետք  լրագրողներուն յայտնած է Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան:

«Սփիւռքէն` Ռուսաստանէն եւ ԱՄՆէն մեր բժիշկները հեռաձայնեցին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին մեզի օգնելու ինչպէս նիւթապէս, այնպէս ալ անձամբ ներկայ ըլլալու, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ», յայտնած է նախարարը:

Յիշեցնենք, որ հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչները արդէն իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են ամէն տեսակ աջակցութիւն տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղին, ինչպէս բժշկական, այնպէս ալ նիւթական:   Բացի այդ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմական գործողութիւններու առաջին իսկ օրերէն՝ բազմաթիւ դեղարտադրողներ եւ գործարարներ սկսած են աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալ՝ դեղերու պահեստներու ամբողջացման գործին մէջ:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *