• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հալէպահայերը Ոգեկոչած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

26.04.2018   20:29

Հալէպահայերը Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցի առիթով ոգեկոչման արարողութիւն  իրականացուցած են` ի յիշատակ սրբադասուած նահատակներու:

Անոնք Սուրիոյ եւ Հայաստանի դրօշները ձեռքերուն տարբեր վանկարկումներ  իրականացուցած են` այրելով թրքական ապրանքատեսակներու պիտակները: Այնուհետեւ  մասնակիցները խարոյկի մէջ  նետած են եղեռնագործ թուրք փաշաներու կերպարով տիկնիկը:

Ապրիլ 24-ին՝ կազմակերպութեամբ Հայ Երիտասարդաց Միութեան Վարչութեան, Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան դիմացէն հալէպահայ երեք համայնքապետները, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, հայկական երեք կազմակերպութիւններու եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոսը, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան, ՍԵՄ-ի, Պատանեկան Միութեան եւ «Քրիստափոր» Ուսանողական Միութեան ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին ընկերակցութեամբ ծաղկեպսակներով քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, որուն շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց ծաղկեպսակներ զետեղեցին ու յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին։
Ծաղկեպսակներ զետեղեցին նաեւ Հալէպի ճարտարարուեստի եւ զբօսաշրջութեան պետական գրասենեակներուն տնօրէնները։

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արեան տուչութիւն, որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակներուն վերապրելու եւ ծաղկելու առիթ ստեղծեց։

Այդ ընթացքին արտասանուեցան հայերէն եւ արաբերէն խօսքեր եւ գեղարուեսռական յայտագիր։

Ապրիլ 24-ին նաեւ Հալէպի ազգային գերեզմանատան մէջ մատուցուած է Սբ պատարագ եւ նահատակներու բարեխօսութեան կարգ: Պատգամած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգսեան:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր