Մեքսիքացի Պատգամաւորները Կ՛այցելեն Արցախ

Մեքսիքայէն ժամանած պատգամաւորներ՝ Պլանքա Մարգարիտա Քուաթա Տոմինկեսը, Մարիա Քրիսթինա Թէրեզա Կարսիա Պռաւոն ու Քառլոս Էռնանտես Միրոն, այցելած են Արցախի Հանրապետութիւն:
ՀՀ ԱԺ հանրային կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ Հոկտեմբեր 24-ին մեքսիքացի պատգամաւորները ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ՝ Էդուարդ Շարմազանովի ուղեկցութեամբ այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ խոնարհած՝ ի յիշատակ Արցախեան ազատագրական պայքարին նահատակուած հայորդիներուն:
ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ՝ Էդուարդ Շարմազանով եւ Մեքսիքացի պատգամաւորները հիւրընկալուած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն ներս:
Հիւրերը ընդունած է Ազգային ժողովի նախագահ՝ Աշոտ Ղուլեան, որ նշած է, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը շահագրգռուած է բարեկամական յարաբերութիւններ ունենալով տարբեր երկիրներու հետ: «Մեզի համար շատ ցանկալի է, որ առաջին ծանօթութիւնը յետագային եւս իր շարունակութիւնը ունենայ: Կը կարծեմ` այս այցելութիւնը մեր յարաբերութիւններուն համար շատ լաւ սկիզբ է»,- ընդգծած է խորհրդարանի նախագահը:
Խօսելով Արցախի ժողովուրդի պայքարին մասին, ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ՝ էդուարդ Շարմազանով անդրադարձած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու վարած հակահայ քարոզչութեան եւ շփման գօտիին մէջ պարբերաբար հրահրուող ռազմական գործողութիւններու մասին:
«Արցախի ժողովուրդի պայքարը Ատրպէյճանի դէմ չէ, Արցախի ժողովուրդի պայքարը իր ազատութեան եւ խաղաղութեան համար է»,-շեշտած է Էդուարդ Շարմազանով:
Պատասխանելով մեքսիքացի խորհրդարանականներու պատուիրակութեան ղեկավար՝ Պլանքա Տոմինկեսի, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ազատութեան սահմանափակման պատճառներուն մասին հարցումին, Արցախի խորհրդարանի ղեկավարը նշած է, որ նաեւ խորհրդարանական կապերու միջոցով հնարաւոր է միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացնել Արցախը եւ արգելափակել Ատրպէյճանի կողմէ տարածուող հակահայկական մտացածին քարոզչութիւնը:
«Մեր այցը շատ լաւ նախադէպ է մեքսիքացի պաշտօնեաներու յետագայ այցերուն համար եւ մենք պիտի համագործակցինք ձեզի հետ, քանի որ կը կարծենք, որ ազատութիւնն ու մարդու իրաւունքները ամէն ինչէ վեր են»,- նշած է Տոմինկես:
Ընդգծելով հանդիպման կարեւորութիւնը, մեքսիքացի պատգամաւոր՝ Քառլոս Միրոն նշած է.
«Շատ կարեւոր է, որ այսպիսի հանդիպումներու ժամանակ, մենք ձայն բարձրացնենք եւ կոչ ընենք խաղաղութեան ու երկխօսութեան»:
Խորհրդարարանի նախագահը հիւրերուն ներկայացուցած է այն խնդիրները, որոնց Արցախը կը հանդիպի աշխարհին ներկայանալու ճանապարհին: Խօսուած է նաեւ Արցախի մէջ պետականաշինութեան ընթացքին, խորհրդարանի կառուցուածքին եւ միջխորհրդարանական կապերու մասին:
Ամփոփելով հանդիպումը` խորհրդարանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Մեքսիքայի հետ այսօր ձեւաւորուող միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները այսուհետեւ աւելի պիտի խորանան: «Իւրաքանչիւր գործի սկիզբը դժուար է, բայց դուք ստանձնած էք այդ դժուարութիւնը, ուստի ընդունեցէք, որ յանձին Արցախի 150 000 բնակչութեան` դուք ունիք բարեկամ երկիր»,- ընդգծած է Աշոտ Ղուլեան:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ ԱԺ նախագահի տեղակալ՝ Վահրամ Բալայեան եւ Արտաքին գործոց փոխնախարար՝ Ֆելիքս Խաչատրեան:
Խորհրդարանին մէջ նախատեսուած հանդիպումներու երկրորդ հատուածին մէջ, Մեքսիքական Միացեալ Նահանգներու պատգամաւորներու պալատի անդամները հանդիպած են ԱԺ խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Ողջունելով հիւրերը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ՝ Վահրամ Բալայեան կարեւոր համարած է նման հանդիպումները եւ յոյս հատնած, որ որպէս աշխարհի հզօր երկրներէն մէկը՝ Մեքսիքան, ըմբռնումով կը մօտենայ Արցախի պայքարին եւ կ՛աջակցի, որպէսզի ան նոյնպէս դառնայ աշխարհի` իրաւական տեսանկիւնէ ընդունուած երկիրներէն մէկը:
Հանդիպման ընթացքին, մեքսիքացի պատգամաւորները Արցախի խորհրդարանականներուն ներկայացուցած են Արցախէն ստացած իրենց տպաւորութիւնները, այնուհետեւ խօսած երկկողմ փոխյարաբերութիւնները ընդլայնելու յետագայ քայլերուն մասին:
«Մենք տեղեակ ենք ձեր խնդիրներուն: Այսօր, ֆիզիկապէս ներկայ գտնուելով այստեղ` կը տեսնենք մեծ տարբերութիւն մեր պատկերացուցած եւ իրական Արցախի միջեւ: Սա աւելի կը պարտաւորեցնէ մեզ` ձեր ձայնը լսելի դարձնելու համար»,-նշած է Մարիա Քրիսթինա Պրաւոն:
Խօսելով Արցախի պատմութեան եւ մշակոյթի մասին, Քառլոս Միրոն ներկայացուցած է՝ երկու երկիրներու մշակոյթներու նմանութեան իր դիտարկումը եւ զայն հիմնարար համարած է յետագայ փոխգործակցութեան համար: «Թոյլ տուէք մեզի մաս կազմել Արցախի պատմութեան»,- իր խօսքը եզրափակած է մեքսիքացի պատգամաւորը:
«Մենք եւս կը փնտռենք իրական ազատութիւն եւ գիտենք` ինչ կը նշանակէ պայքարիլ ազատութեան համար»,- ընդգծած է Պլանքա Տոմինկես:
Խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները մեքսիքացի գործընկերներուն հետ՝ յետագայ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած են եւ այդ պարունակին մէջ ուղենշած են որոշ ոլորտներ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

