«Իմ Արցախ» Պրն. Գրիգոր Թէրզեանի Հետ

Ռատիոթոնի 2016-ի օրուան նախօրէին «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ հաճելի հանդիպում մը ունեցանք «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի, Լիբանանի Յանձնախումբի անդամ Պրն. Գրիգոր Թէրզեանին հետ: Հանդիպումը առիթ մըն էր լուսաբանուելու Ռատիոթոնի այս տարուան նպատակին մասին:
Մեր սիրելի հիւրը լուսաբանեց, թէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարուան իր գլխաւոր դրամահաւաքի հասոյթը պիտի յատկացնէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով աւերուած Արցախի բնակավայրերու վերականգնման եւ վերակառուցման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ Արցախի մէջ բնակող բազմազաւակ ընտանիքներուն համար բնակարաններու կառուցման ծրագիրը:
Պրն Թէրզեան վկայեց, որ անցնող երկու տարիներու դրամահաւաքներուն հանգանակուած գումարներով, Հայաստանը Արցախին կապող Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի վերակառուցման աշխատանքները մեծ թափով կը շարունակուին եւ հասած են կուպրապատման (զիֆթ) աշխատանքներուն, որ կ’իրականացուին ամբողջ ճամբուն երկայնքին:
Վերջին տարիներուն Արցախի մէջ շարունակուող ծրագիրներուն կողքին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը՝ իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացման ու հզօրացման անմիջական մասնակից եւ աշխարհասփիւռ հայութեան գործնական միասնականութիւնը խորհրդանշող ներկայացուցչական մարմին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը անգամ մը եւս կը դիմէ համայն հայութեան Արցախի շուրջ համախմբուելու, որովհետեւ Արցախը այսօր մեր անմիջական աջակցութեան կարիքը ունի՝ լուծելու մարդասիրական եւ ենթակառոյցներու վերականգնման ուղղուած կարեւոր հարցեր:
Մեր հիւրը հաստատեց, որ անցեալ տարի սկսած՝ «Մեր տունը» խորագրուած եւ Արցախի տարածքին ապրող բազմանդամ ընտանիքներ նորակառոյց բնակարաններով օժտելու ծրագիրի շարունակութեան կողքին, այս տարուան դրամահաւաքի հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի մէջ աւերուած շրջաններու վերականգնման նպատակին:
Մեր մտահոգութիւնը հիւրին հետ բաժնելով իմացուցինք հասարակաց կարծիք մը, որ դժբախտաբար կը տիրէ՝ կասկածի տակ առնելով Հիմնադրամի թափանցիկութիւնը եւ նաեւ տիրող հոգեբանութիւնը, թէ նուիրատուութիւնը տեղ չի հասնիր: Պրն Թէրզեան ցաւ յայտնեց այս մասին շեշտելով, որ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը աշխարհի ամենաթափանցիկ հաշուետուութեամբ գործող հիմնադրամներէն է, որուն յայտարարած մէն մի նպատակը միշտ գործադրուած է գետնի վրայ: Ինչ կը վերաբերի անոր հաշիւներուն, ապա այդ մէկը կը ստուգուի միջազգային հաշուապահական քննիչ հաստատութիւններու կողմէ, որոնց տուած հաստատագիրները ցոյց կու տան հիմնադրամի ազնիւ գործունէութիւնը, հետեւաբար իւրաքանչիւր հայորդի կրնայ վստահ ըլլալ իր լումային պիտանելիութեամբ՝ ինչ կը վերաբերի իր նպատակին գործածութեան:
Մեր կողմէ ալ կու գանք երկրորդելու Պրն. Թէրզեանի հաստատումը, կոչ ուղղելով մեր ժողովուրդի կարգ մը զաւակներուն՝ հեռու մնալու անտեղեակ եւ անհիմն լուրեր տարածելէ, որոնք շատ յաճախ դաւաճանութեան համազօր են, երբ կրնան վնաս հասցնել նման ազգային մեծ նպատակի:
Մենք մեր ձայնը կը միացնենք Լիբանանի յանձնախումբին, այսօր, մեր ընթերցողներուն կոչ ուղղելու՝ առատաձեռնութեամբ մասնակցելու այս ազգային նուիրահաւաքին երաշխաւորելու համարԱրցախի գոյութիւնը:
Աւարտին կը միանանք «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Յանձնախումբի կոչին.
«Իմ Արցախ» կարգախօսով ընթացող այս տարուան դրամահաւաքին մասնակցինք՝ մեր ներդրումը ունենալու Արցախի հզօրացման գործին:
Մեր բոլորին պարտականութիւնն է Արցախի հզօրացումն ու հայրենիքի պաշտպանութիւնը:
Մասնակցի՛նք հայրենիքի ամրապնդման գործին:
Մասնակցի՛նք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքին:
Գերազանցենք նախորդ տարիներու գումարը:
Ինչպէս 28 տարիներ առաջ՝ այսօր, մենք Հասանք Սպիտակի երկրաշարժով տուժած մեր եղբայրներուն,փաստենք, որ Լիբանանահայ գաղութը այսօր ալ ասպնջական Արցախի կողքին է:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

