• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

11.07.2016   19:20

Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ, Սուրբ Աստուածածին Վանքը հիւրաբար գտնուող Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն ու յատկապէս Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց միջեւ տնտեսական գործակցութիւնը առաւել զարգացնելու առնչուած հարցեր ու կարելիութիւններ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ Սփիւռքը կարեւոր դերակատարութիւն պէտք է ունենայ Հայաստանի տնտեսութիւնը զարգացնելու աշխատանքին մէջ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ սփիւռքահայ եւ օտար գործարարներ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարեն։

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր