«Յոյն Գրողներու Միութիւնը» Պաշտօնապէս Կը Տօնէ Հայկական Քնարերգութեան Յունարէն Թարգմանութեան 120-Ամեակը

«Յոյն գրողներու միութիւնը» (ՀԳՄ) Աթէնքի մէջ պաշտօնապէս պիտի նշէ տօնէ «Հայկական Քնարերգութեան յունարէն թարգմանութեան 120 ամեակը»

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի օրը` 12 Դեկտեմբերին, ժամը 18.30-ին, Յոյն գրողներու միութեան հանդիսութիւններու սրահին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ձեռնարկի կազմակերպիչները:

Յունաստանի հայ համայնքի պատմութեան մէջ, առաջին անգամ «Յոյն գրողներու միութիւնը» իր յարգանքի տուրքը կու տայ հայ գրականութեան` պաշտօնապէս ոգեկոչելով հայկական քնարերգութեան յունարէն թարգմանութեան 120 ամեակը: Հանդիսութեան կը մասնակցին ՀԳՄ նախագահ Քոստաս Գառուսոս, նախկին նախագահներ Մեսրս Փաւլոս Նաթանելը, եւ Աւկերինոս Անտրէուն: Յունարէնով հայ բանաստեղծութեան նմոյշներ կը ներկայացնեն դերասաններ Ֆրոսօ Զագարէուն, Տինոս Փոնթիկոպուլոսը եւ Հայկ Գասարճեան: Հայկական քնարերգութեան յունարէն թարգմանութիւններու մասին հակիրճ պատմական ակնարկ պիտի ներկայացնէ գրող Յունա-հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի քարտուղար Յովսէփ Քասէսեան: Պիտի Կ’ընթերցուին հատուածներ Նալպանտեանի, Պատկանեանի, Սիամանթոյի, Վարուժանի, Իսահակեանի, Պարոյր Սեւակի, Շիրազի եւ այլ բանաստեղծներու  քերթուածներու յունարէն թարգմանութիւններէն: Հիւրերուն ողջոյնի խօսք պիտի կ’ըսէ Աթէնքի համալսարանի փրոֆէսոր, ՀԲԸՄ մասնաճուղի նախագահ Համբիկ Մարուքեան:

Սոյն ձեռնարկը 1896-ի համիտեան ջարդերու յիշատակման 120-ամեակին նուիրուած եօթ ձեռնարկներուն մէջ երկրորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ:

Հայերէնէ յունարէն թարգմանուած առաջին բանաստեղծութիւնը եղած է Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւնը», որ տպագրուած է 1895-ի Սեպտեմբերին Աթէնքի «Հեսթիա» ամսագիրին մէջ` Պոլսոյ Գում Գափու թաղամասին մէջ Հնչակեան կուսակցութեան կազմակերպած ցոյցերուն յաջորդած համիտեան ջարդերէն յետոյ: Ասոր յաջորդեցին նաեւ այլ թարգմանութիւններ` հռչակաւոր յոյն բանաստեղծներու եւ յունահայ գրողներու կողմէ:

Յոյն գրողներու միութեան հանդիսութիւններու սրահի հասցէն.

Աթէնք, Կենադիւ 8 եւ Ակադեմիայի փողոց:

Մուտքը ազատ է:

Ֆրանսահայ Գեղանկարիչ Տիգրան Տատրեան Պարգեւատրուած Է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» Մետալով

Օրերս, Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Փարիզի մէջ «Արշիլ Կորքի» մետալով պարգեւատրած է ֆրանսահայ գեղանկարիչ Տիգրան Տատրեանը:

Տիգրան Տատրեան մեծ ներդրում ունի Սփիւռքի մէջ գեղանկարչութեան արուեստը տարածելու եւ մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելու գործին մէջ:

Յայտնի գեղանկարիչ Տիգրան Տատրեան ծնած է Պէյրոյթ 1929-ին: Մանկութեան տարիները անցուցած է Զահլէի մէջ: Յաճախած է Կիպրոսի Մելքոնեան հիմնարկը, այնուհետեւ` Փարիզի արուեստներու ազգային դպրոցը, Կոէթսի ակադեմիոյ եւ Քրան Շոմիէր ակադեմիոյ մէջ: 1957-էն սկսեալ Հայաստանի, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ ցուցադրութիւններով հանդէս եկած է շարք մը անհատական եւ այլ նկարիչներու հետ: Դասաւանդած է Կոէթսի ակադեմիոյ մէջ, ուր 1983թ-ին վերանուանուած է Կոէթս-Տատրեան ակադեմիա (Acadռmie Goetz-Daderian):

Տատրեանի աշխատանքները կը գտնուին Փարիզի ժամանակակից արուեստներու թանգարանին մէջ, Փարիզի ազգային գրադարանին, Երեւանի ժամանակակից արուեստներու թանգարանին, Լիզպոնի Կիւլպէնկեան հիմնադրամի եւ այլ յայտնի թանգարաններու մէջ: Գեղանկարիչին ստեղծագործական գործունէութեան 50-ամեակին նուիրուած «Յիսունամեայ ստեղծագործութիւն» խորագիրով ցուցահանդէսը տեղի  ունեցած է Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահին մէջ: 2012- ին պարգեւատրուած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

 

Մուղնեցոց Սբ. Գէորգ Եկեղեցւոյ Այրած Դուռը Պիտի Վերականգնուի

*ԱՂՈՒՆԻԿ ԱՅՎԱԶԵԱՆ*

Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան Ազգային գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ օրեր առաջ Թիֆլիսի Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ կեդրոնական մուտքի այրած դուռը նոյնութեամբ պիտի վերականգնուի:

Այս մասին, Նոյեմբեր 30-ին, տեղեկացուց Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան Ազգային գործակալութեան ֆէյսպուքեան (facebook) էջը:

«Յատուկ աշխատանքային խումբ մը ստեղծուած եւ կատարուած է համապատասխան ուսումնասիրութիւն: Մթածմինտայի Կամկեպելին խոստացած է եկեղեցւոյ դրան վերականգնման աշխատանքներ իրականացնել: Առաջին հերթին դրան դէմէն պէտք է հեռացուի երկաթեայ տնակը, որ կը խոչընդոտէ աշխատանքները: Չափումներ  կատարուած են եւ կը ճշդուի կրակի պատճառած վնասի չափը: Այրած դրան մնացած տուալները հաւաքելով պիտի վերականգնեն հին դուռը նոյնութեամբ»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Նոյեմբեր 27-ի լոյս 26–ի գիշերը Թիֆլիսի 14-րդ դարու Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մէջ հրդեհ բռնկուած էր, որուն հետեւանքով այրած է եկեղեցւոյ միակ կանգուն պատի երբեմնի կեդրոնական մուտքին դուռը:

Ինչպէս AliQ-ի մեր գործընկերները կը  յայտնեն, Նոյեմբեր 27-ին եկեղեցւոյ տարածքին մէջ աշխատող աշխատակիցներուն հակաճառած է կին մը եւ այրած դրան չէ ձգած մօտենալ, որուն հետ զրոյցին AliQ-ը պարզած է, որ ան անօթեւան է, հրաժարած է եւ պարբերաբար կը հրաժարի պետութեան յատկացուցած հանրակացարանէն, քանի որ այն քաղաքէն դուրս կը գտնուի:

Կինը, (որ չէ փափաքած ներկայանալ) կ’ապրի փլուզուած եկեղեցւոյ մէջ: Ինչպէս խոստովանեցաւ ան, հրդեհը, ամենայն հաւանականութեամբ, բռնկուած է իր վառած կրակէն:

«Եկեղեցւոյ տարածքը մաքրած եմ, երեկոյեան կու գամ այստեղ գիշերելու, ջուր կը բերեմ, ուտելիք կը պատրաստեմ: Երեկոյեան կրակ վառեցի ջուրը տաքցնելու համար, յետոյ յանկարծ աչքս փակուեցաւ: Երբ արթնցայ` իրերուս մէկ մասը արդէն այրած էր»:

Վիրահայոց թեմի մամլոյ խօսնակ Սուսաննա Խաչատրեան նշած է. «Վիրահայոց թեմի առաջնորդը վաղ առաւօտեան մեկնած է եկեղեցի եւ անձամբ ծանօթացած իրավիճակին: Ամենայն հաւանականութեամբ, հրդեհի պատճառը տարածքին մէջ ապրող անօթեւան մարդոց անուշադիր վերաբերմունքն է: Հարցը կ’ուսումնասիրուի»:

Խաչատրեան պարզաբանած է նաեւ, որ եկեղեցին ցանկապատուած է, սակայն անօթեւանները կրցած են ինչ որ անցք գտնել եւ ներս մտնել:

Փաստին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ Վրաստանի ՔՕ 118-րդ յօդուածին համաձայն, որ կ’ենթադրէ գոյքի վնասում կամ անուշադրութեան պատճառով գոյքի ոչնչացում:

Յիշեցնենք, որ Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցին Վրաստանի յայտարարած վիճահարոյց եկեղեցիներու շարքին   է: 2009-էն կիսախարխուլ է եւ կը գտնուի Վրաստանի մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան նախարարութեան հաշուեկշիռին մէջ:

Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգը կառուցուած է 1356-ին: Այն գմբէթաւոր է, եւ բացի մեծ գմբէթէն եկեղեցւոյ երեք անկիւններուն մէջ դուրսէն շինուած  եղած են փոքր գմբէթներ, որոնցմէ մէկը ծառայած է որպէս զանգակատուն: Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցին 1763-ին յիշատակուած է որպէս Հաղպատի թեմի մէջ մտնող Թիֆլիսի եօթ եկեղեցիներէն մէկը: 1795 -ին եկեղեցին թալանուած է պարսիկներուն կողմէ, բայց շնորհիւ Գրիգոր աւագ քահանայ Տէր-Շմաւոնեանի կարելի եղած է պահպանել եկեղեցապատկան իրերու մէկ մասը: 1852-93 թուականներուն եկեղեցւոյ մէջ կատարուած են մասնակի նորոգութիւններ: Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ բակին մէջ  ամփոփուած են մանկավարժ-խմբագիր Նիկողայոս Խոտորեան, բարեգործ Բարսեղ Յովսէփեան-Խոճայեանցը, եկեղեցւոյ սպասաւորներ: Խորհրդային տարիներուն փակուելով` եկեղեցին վերածուած է ազգագրական թանգարանի, ապա պահեստի, իսկ 1990-ին, որակուելով որպէս վթարային եւ ոչ ենթակայ վերանորոգման, փակուած է վերջնականապէս: Աւելցնենք, որ 19 Նոյեմբեր, 2009-ին եկեղեցին փլուզուեցաւ:

«Հայերն այսօր»

«Փնտռտուքներու Ճանապարհը» Հասաւ Հեռաւոր Դանիա

Օրերս Դանիոյ Թաւլով քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Արարատ Ղուկասեանի «Փնտռտուքներու ճանապարհին» բանաստեղծութիւններու ժողովածուի հերթական շնորհահանդէսը, որուն մասնակցեցան տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Համայնքի այս նախաձեռնութիւնը, որուն մէջ մասնաւորապէս մեծ է Անահիտ Կարապետեանի դերը, հրաշալի միջոց էր ո՛չ միայն հեղինակին աշխատութեան ծանօթանալու, այլեւ՝ միջհամայնքային փոխյարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու եւ սերտացնելու համար:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը հաղորդեն կազմակերպիչները` ձեռնարկը բացաւ Անահիտ Կարապետեան, որ հակիրճ ներկայացուց հեղինակը եւ անոր աշխատութիւնը, որուն շնորհահանդէսն արդէն տեղի ունեցած է բազմաթիւ այլ քաղաքներու մէջ: Կարապետեանի խօսքին հետեւեցաւ Սիլկեպորկի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի սաներու` Զաւէնի եւ Վահէի, ասմունքը ժողովածուի ստեղծագործութիւններէն:

Սպանաբնակ հայ գրող Արարատ Ղուկասեան, որ նաեւ կը ներկայացնէ Վալենսիոյ հայ համայնքը, բացի ժողովածուն ներկայացնելէն, հետաքրքիր տեղեկութիւններ հաղորդեց Սպանիոյ հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ` երկրին մէջ հայկական պատմական հետքին մասին: 40-է աւելի հայ հանդիսատեսները մեծագոյն հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին հիւրին եւ բազմաթիւ հարցեր ուղղեցին անոր` գիրքին եւ սպանահայութեան մասին:

Հեղինակին խօսքին հետեւեցաւ Նարա Խաչատրեանի ասմունքը, որմէ ետք ներկաները ճաշակեցին հայկական ուտեստներով հիւրասիրութիւն, որուն մէջ մեծագոյն ներդրում  կատարած էին Սիլկեպորկ բնակող Անահիտի ծնողները` Գէորգ եւ Գոհար Կարապետեանները:

Արարատ Ղուկասեանի «Փնտռտուքներու ճանապարհին» գիրքի Դանիոյ մէջ կազմակերպուած շնորհահանդէսի նախաձեռնութեան իրենց մեծագոյն ներդրումը ունեցած են նաեւ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները, մասնաւորապէս` Խորէն Պօղոսեանն ու Հերմինէ Քէնելեանը: Հեղինակի գիրքի շնորհահանդէսներ յառաջիկային տեղի կ’ունենան այլ երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ, որոնց մասին կը տեղեկացնենք յաջորդիւ:

«Վալանսի Երաժշտութեան Եւ Պարի Ակադեմիա»-ն 5 Տարեկան Է

Նոյեմբեր 25-ին,  ՀԲԸՄ-ի հովանովորութեամբ, Վալանսի «Պուղ լէ Վալանս» թատրոնի համերգային  դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է «Վալանսի երաժշտութեան եւ պարի ակադեմիա»-ի հիմնադրման 5-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու Անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած Վալանսի հայկական երգի ու պարի խումբի համերգը (ղեկավար` Լեւոն Չատիկեան):

Ձեռնարկի մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը յղած է նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Շնորհաւորելով մասնակիցները` Սփիւռքի նախարարը նշած է, որ նմանօրինակ ձեռնարկները հայ դարաւոր մշակոյթի ու աւանդոյթներու ներկայացմամբ նոր ոգեւորութիւն կը հաղորդեն համայնքներուն, հետաքրքրութիւն կ’առաջացնեն հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ:

«Երաժշտութեան եւ պարի ակադեմիան» իր անցած 5 տարիների ընթացքում կարեւոր ներդրումն է բերել հայապահպանութեանը եւ համոզուած եմ, որ, հայրենիքից հեռու ապրելով, հայրենասիրաբար պայքարում էք նաեւ հայի պատիւն օտար ափերում բարձր պահելու համար: Ողջունում ենք նաեւ Արցախի Սայաթ-Նովայի անուան պետական երաժշտական քոլեճի հետ Ձեր սերտ համագործակցութիւնը: Ուրախ կը լինենք ամէն տարի պարի ակադեմիայի սաներին ու աշխատակիցներին տեսնելու Սփիւռքի նախարարութեան եւ այլ կառոյցների կողմից Արցախում եւ Հայաստանում անցկացուող միջոցառումներին»,-«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ըսուած է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքին մէջ:

Ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ երաժիշտներ Համլէտ Գէորգեան (Հայաստան), Էռնա Միրզոյեան, Լիլիթ Աւանէսեան եւ Աննա Իզմայիլեան (Արցախ) եւ Սարգիս Հարոյեան (Ֆրանսա):

Մատենադարանի Մօտ 7000 Ձեռագիր Թուայնացուած է

Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիրներէն մօտ 7000-ը արդէն թուայնացուած է: Միաժամանակ թուայնացուած են նաեւ 100 հազար միաւոր արխիւային վաւերագիրներ: Այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, յայտնած է Մատենադարանի տնօրէնի նորագոյն ճարտարագիտութիւններու եւ հրատարակչական հարցերու գիծով խորհրդական, տպագիր եւ ձեռագիր հաւաքածուներու թուայնացման աշխատանքներու պատասախանատու Գուրգէն Գասպարեան:

Ան նշած է, որ արխիւային վաւերագիրները կը թուայնացուին ըստ պատուէրի, պահանջի, ձեռագիրները` ըստ գոյքահամարի, հերթականութեան:

«Երբեմն ձեռագրերը թուայնացնում ենք նաեւ ըստ պատուէրի: Պատուիրում են հայագէտները, ուսումնասիրողները, երբ որեւէ թեմայի ուսումնասիրութեամբ են զբաղւում»,- աւելցուցած է ան:

Գ.Գասպարեանի խօսքով` Մատենադարանին մէջ կայ 22 հազար ձեռագիր, որուն 1/3-ը արդէն իսկ թուայնացուած է:

«Նման ընթացքով շարունակելու դէպքում երեւի 6-7 տարուայ ընթացքում ձեռագրային ողջ հաւաքածուն կը թուայնացնենք»,- ըսած է ան:

Նշենք, որ Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիրներու թուայնացման աշխատանքները սկսած են 2007-2008-ին: Տարիներու ընթացքին Մատենադարանը ձեռք բերած է թուայնացման համար նախատեսուած նոր սարքեր:

Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովին Ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Վերաբերող Բանաձեւ Ընդունուած Է

Անթանանարիվոյի մէջ ընթացող Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 16-րդ վեհաժողովը 27 Նոյեմբերին ընդունեց Ճգնաժամային իրավիճակներու հանգուցալուծման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ եզրափակիչ բանաձեւը, ուր Հայաստանի առաջարկով ամրագրուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու լիակատար աջակցութիւնը ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:

«Կոչ կ’ուղղենք տագնապի բոլոր կողմերուն զերծ մնալու ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկումէն, ինչ որ կրնայ վտանգել խաղաղ լուծման հոլովոյթը, շարունակել բանակցութիւնները Մինսքի խմբակի համանախագահներու միասնական եւ անբաժան հենք հանդիսացող առաջարկներու հիման վրայ` մասնաւորապէս ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ», ըսուած է միջազգային կազմակերպութեան 16-րդ վեհաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ:

Հիւսիսային Պողոտայի Մէջ Սուրբ Ծննդեան Տօնավաճառը Պիտի Բացուի Դեկտեմբեր 6-ին

Երեւանի հիւսիսային պողոտային վրայ Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառը իր դռները պիտի բանայ Դեկտեմբեր 6-­ին: Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառը կը կազմակերպուի քաղաքապետարան-­մասնաւոր հատուած համագործակցութեան ծիրէն ներս: Ինչպէս «Արմենփրես»-­ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Սուրբ ծննդեան տօնավաճառի կազմակերպիչ Փիէռ Պաղտատեանը, այցելուները կրնան սոյն վայրին մէջ գտնել Ամանորին եւ Սուրբ Ծննդեան օրուան նուիրուած բազմաթիւ իրեր, Մասնաւորապէս՝ յուշանուէրներ, տօնական զարդարանք, ձեռագործ աշխատանքներ: Պիտի ըլլան քաղցրաւենիքի լայն տեսականի` հրուշակեղէն, տուրմ, տարբեր միրգերէ պատրաստուած անուշահամ չիրեր, գինի… եւայլն: Պիտի վաճառուին նաեւ գիրքեր, բացիկներ ու այլ գրենական պիտոյքներ: Այս ամէնը այցելուներուն պիտի ներկայացուին հիւսիսային պողոտայի վրայ տեղակայուած իւրօրինակ տօնական տնակներու մէջ, որոնք հանդէս պիտի գան իբրեւ տաղաւարներ:

«Տարիէ տարի կ’աւելնան տաղաւարներուն թիւը: Տարբեր ընկերութիւններու, առանձին անհատներու հետաքրքրութիւնը ամէն տարի կը մեծնայ: Այս անգամ շուրջ 40 տաղաւար­տնակ պիտի ըլլայ: Ի դէպ, տաղաւար­տնակներ պիտի տեղադրենք նաեւ օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի շէնքի բակին մէջ: Այս տարի պիտի մասնակցին նաեւ Գիւմրիէն, պիտի ներկայացուի ձկնեղէն»,- ըսած է­ Փիէռ Պաղտատեան:

Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառ կազմակերպելու գաղափարը յառաջացաւ տարիներ առաջ, երբ ծնունդով Լիբանանէն, Ֆրանսա բնակող Փիէռ Պաղտատեանը ամանորեայ տօներուն եկաւ Հայաստան: Այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառ կազմակերպելու մշակոյթ չկար, մինչ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ ատիկա տօնական ձեռնարկներու անբաժանելի մասն է:

 

«Պարզապէս Հայուհի Մըն Եմ» Խորագիրը Կրող Ձեռնարկ` Նուիրուած Սրբուհի Տիւսաբի 175-Ամեակին

Նոյեմբեր  22-ին  Սիւնիք մարզի Եղէգի միջնակարգ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Պարզապէս հայուհի մըն եմ»  խորագիրը  կրող ձեռնարկ` նուիրուած հայ առաջին վիպասանուհի, արեւմտահայ գրող, հրապարակախօս եւ հասարակական-մանկավարժական գործիչ  (Սրբուհի Վահանեան) Սրբուհի Տիւսաբի 175-ամեակին, կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը:

Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհիներ՝  Մ. Կոստանեանն ու Մ. Ադամեանը, ներկայացուցին Ս. Տիւսաբը` որպէս «Հայ գրականութեան նահապետուհի», «Հայ ֆեմինիզմի աւանգարդ», կարեւոր համարելով անոր անուրանալի ներդրումը մեր հասարակական կեանքին մէջ: Այնուհետեւ աշակերտները անդրադարձան  Տիւսաբի կեանքին եւ ստեղծագործութեան  ուշագրաւ դրուագներուն` զուգահեռ դիտելով slide show-ն, իսկ միւսները հանդէս եկան անոր երեք` «Մայտա», «Սիրանոյշ»,  «Արաքսիա կամ վարժուհին» վէպերու գաղափարական վերլուծութիւններով:

Ձեռնարկի աւարտին Մ. Կոստանեան բարձրաձայնեց հայ իրականութեան մէջ կանանց իրաւունքներու առաջին գաղափարախօսներէն  Ս. Տիւսաբի արծարծած միտքերը` նշելով, որ չնայած ժամանակակիցները, ի նշան երախտագիտութեան, անոր կը պսակէին  «ազգասէր» մակդիրով, բայց ինք աւելի համեստ տեղ կու տար ինքզինքին. «Պարզապէս հայուհի մըն եմ, որ յօգուտ ազգին կ’աշխատիմ դոյզն-ինչ, ինչպէս կ’աշխատին միւս հայուհիները…»:

Յիշեցնենք, որ Սրբուհի Տիւսաբ ընդգրկուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը-2016» ծրագիրին:

 

Երեւանի ՄԷջ Տեղի Կ’ունենայ Պէյրութահայ Նկարչուհի Սեւան Նագաշեանին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Նոյեմբեր 27-ին The Club-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ յուշ-երեկոյ` նուիրուած պէյրութահայ նկարչուհի, շարժանկարիչ Սեւան Նագաշեանին ծննդեան տարեդարձին: Ըստ «Հայերն այսօր»-ին, երեկոյի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան ` Ռուբէն Հախվէրտեան, Վահան Արծրունին, Էդուարդ Զօրիկեան, Վախթանգ Յարութիւնեան, Կարէն Մամիկոնեան, Լուսինէ Ազարեան եւ ուրիշներ:

Համերգի հասոյթը պիտի տրամադրուի Սեւանի անկատար մնացած ծրագիրներէն մէկը կեանքի կոչելուն. Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Վազաշէն գիւղի դպրոցին մէջ պիտի կահաւորուի գեղարուեստի սենեակ, որ պիտի կրէ տաղանդաշատ նկարչուհի Սեւան Նագաշեանի անունը:

Սեւան Նագաշեան մահացած է Հոկտեմբեր 13-ին` 48 տարեկան հասակին:

Ան կը սերի միջնադարեան բանաստեղծ, նկարիչ, աշուղ Նաղաշ Հովնաթանի տոհմէն: Դուստրն է ՌԱԿ-ի ղեկավար ընկեր Հայկ Նագգաշեանին: Ուսանած է Երեւանի թատերական ուսումնարանին մէջ, ուր եւ բնակութիւն  հաստատած է:  Ունեցած է նկարչական ցուցահանդէսներ Գանատայի, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ մէջ: Նկարները կը գտնուին տարբեր երկիրներու մասնաւոր ու պետական հաւաքածոներու մէջ: