Ատրպատականի Հայոց Թեմին Վերաբերող Նկարչական Աշխատանքներու Ցուցադրութիւն Գերմանիոյ Մէջ

Գերմանացի գեղանկարիչ Մարկոս Էնտլերը, որ անցած տարի` հոկտեմբեր 5-12 այցելած էր Ատրպատականի Հայոց թեմ եւ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանի հովանաւորութեամբ եւ Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան կազմակերպութեամբ հոկտեմբեր 10-ին Թաւրիզի մէջ ցուցադրած էր իր ուղեւորութեան ընթացքին գծագրած նկարները, օրերս նոյն աշխատանքները երկու յաջորդական ցուցահանդէսներով ներկայացուց Գերմանիոյ մէջ` «Պատուհան արեւելեան մշակութային տեսարանի վրայ» ընդհանուր խորագիրով:
Գերմանիոյ հիւսիսը գտնուող Պարթ քաղաքի Սուրբգրային Կեդրոնին մէջ (Bibel-zentrum) ցուցադրուելէ ետք (2019 թուականի յունուար 29-էն փետրուար 29-ը), նկարները պիտի փոխադրուին Շթրալզունդ քաղաք, ուր Ժողովրդական լսարանին մէջ պիտի ցուցադրուին մարտ 12-էն մինչեւ ապրիլ 30:
Առաջին ցուցահանդէսի բացման Մարկոս Էնտլերը եւ իր ուղեկից Քրիստիանէ Վիթֆելտը պատմած են դրուագներ Ատրպատականի թեմէն ներս կատարած իրենց ճանապարհորդութեան մասին: «Մեր շրջապտոյտի ընթացքին տպաւորիչ տեսարանները, քրիստոնէական եւ իսլամական պաշտամունքի վայրերը, յատկապէս հայկական վանքեր կատարած մեր այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ Ատրպատականի Հայոց թեմէն ներս համայնքի անդամներուն հետ մեր ունեցած հանդիպումները ծնունդ տուին բազմաթիւ ուրուագծումներու, որոնց շնորհիւ փորձեցինք մեր բազմակի տպաւորութիւններն անմիջականօրէն թուղթին յանձնել»,- ըսած է Էնտլերը ցուցահանդէսի բացման ընթացքին` յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Սրբազան հօրը եւ թեմին` ջերմ հիւրընկալութեան համար:
Ատրպատականի ազգային առաջնորդարան, Թաւրիզ
7
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

