Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 150-Ամեակի Գրական Մշակութային Անդրանիկ Տօնակատարութիւնը Ժընեւի Մէջ

2019-ի ընթացքին, այլ յոբելեաններու շարքին, համայն հայութիւնը Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի մէջ կը նշէ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը:
Մեծ բանաստեղծին յոբելեանին նուիրուած թերեւս անդրանիկ տօնակատարութեան ազդանշանը, անոր ծննդեան թուականէն 10 օր առաջ, ինչպէս կ’երեւի, կու տայ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքը, ուր Հայկական Բարեգորական Ընդհանուր Միութեան մասնաճիւղը 9 Փետրուարին կը կազմակերպէ Թումանեանական գրական բացառիկ երեկոյ, յատկապէս այս առիթով Պէյրութէն իբրեւ գլխաւոր բանախօս հրաւիրելով «Ծաղիկ» գրական ազգային շաբաթաթերթի խմբագրապետ եւ բանաստեղծ Յակոբ Տիւնեայեանը (Ասպետ Ռուբինեան՝ գրական անունով), իսկ Պոլիսէն՝ մեծանուն արուեստագիտուհի Տիկին Սիլվա Կոմիկեանը, Հայ «Ասմունքի Իշխանուհին»:
Արդարեւ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ժընեւի մասնաճիւղի վաստակաշատ ատենապետուհի Տիկին Թալին Ուզունեան-Աւագեան, որ աւագ դուստրն է Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ նախկին փոխատենապետ եւ ազգային-հասարակական-մշակութային գործիչ Հայկաշէն Ուզունեանի (1920-2006) ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» Գրական Մրցանակի յանձնաժողովի նախագահը, ամէն ճիգ ի գործ դրած է սոյն միջոցառման տալու փառաշուք փայլք, երբ, ինչպէս վերջերս ալ ՀՀ մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազելի Ղարիբեանը մամուլի ասոլիսի ժամանակ յայտարարեց, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յոբելենական իրադարձութիւններո օրացոյցին մէջ ներառնուած են Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի ծննեան 150-ամեակները:
Մեծանուն բանաստեղծին ծննդեան 150-ամեակի գրական մշակութային միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 9 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ժընեւի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան սրահին մէջ, ուր հրաւիրուած է գրասէր հասարակութիւնը: Յայտագիրը կ’ընդգրկէ նաեւ գեղարուեստական բաժին:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

