Շրջանառութեան Մէջ Դրուեցաւ Սիլվա Կապուտիկեանի Յոբելեանին Նուիրուած Նամականիշ

Գրող, բանաստեղծուհի, հասարակական գործիչ Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակին, անոր նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի կողմէ հրապարակուած եւ շրջանառութեան մէջ դրուած է մեծանուն գրողի նամականիշը: Հրապարակման հանդիսաւոր արարողութիւնը իրականացած է Յունուար 22-ին, Հայաստանի գրողներու միութեան տան մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
«Կապուտիկեանը, խորապէս ճանչնալով իր եւ իր ժողովուրդին անցեալը, կենսագրութիւնը, իր ստեղծագործութիւններուն մէջ արտայայտեց հայու ճակատագիրը, հայ մարդու կեցութիւնը, ընթացիկ կեանքի խնդիրները, հասարակական, քաղաքական հնչեղութիւն ունեցող հարցերը»,- նշած է գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան:
Անոր խօսքով` Կապուտիկեանը հայ կնոջ, հայ մօր, մայրիշխանութենէն եկած արթուն բնազդով մարդ էր, որ կը փափաքէր պահպանել երկիրը, հայ քաղաքացին, սատարել սփիւռքահայերուն: «Անոր «Խօսք իմ որդուն» ստեղծագործութիւնը դարձաւ Սփիւռքի լեզուապահպանման հիմքը»,- շեշտած է Միլիտոնեան:
120 ՀՀ դրամ անուանական արժէքով նամականիշը տպագրուած է Ֆրանսայի «Cartor» տպագրատան մէջ`30 000 տպաքանակով: Նամականիշին ձեւաւորման հեղինակն է «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի ձեւաւորող Դաւիթ Տովլաթեան:
Նամականիշին վրայ պատկերուած է Սիլվա Կապուտիկեանը` իր հերթական ստեղծագործութեան վրայ աշխատելու պահուն:
Հրապարակման օրը` 22 Յունուար 2019թ.
Ձեւաւորումը` Դաւիթ Տովլաթեան
Տպարանը` Cartor, Ֆրանսա
Չափերը` 30,0 x 40,0 մմ
Տպաքանակը` 30 000 հ.
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

