Ծաղկաձորի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Քոնեակի Փառատօն

«Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամ»-ը համագործակցութեամբ ՀՀ զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէին, Մայիս 7-ին Ծաղկաձորի մէջ պիտի կազմակերպէ «Քոնեակի փառատօն»: Այս մասին՝ ըստ «Փանորամա»-ի՝ տեղեկացուցած է «Քոնեակի փառատօն» ծրագիրի ներկայացուցիչ Արա Խզմալեան:
Փառատօնին նպատակն է հայկական քոնեակի միջազգային ճանաչման բարձրացումը, ինչպէս նաեւ աւանդական եւ նոր շուկաներու մէջ անոր հանրայնացումը:
Կը նախատեսուի, որ փառատօնին մասնակցի քոնեակագործութեամբ զբաղող 30 ընկերութիւն:
Խզմալեանի խօսքով, նման նախաձեռնութիւնները զբօսաշրջութեան խթանման նախապայման են:
Անոր խօսքով, վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջային արդիւնքը ներկայացնող շնորհահանդէս, որուն նպատակն էր բարձրացնել Հայաստանի ճանաչելիութիւնը եւ խթանել զբօսաշրջային արդիւնքը: Միջոցառման ընթացքին ներկայացուած է հայկական խոհանոցային մշակոյթը, կազմակերպուած է ուտեստներու եւ ոգելից խմիչքներու համտես:
«Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամ»-ի նախագահ Տիգրան Կարապետեան ըսած է, որ քոնեակագործութիւնը այն ոլորտներէն է, որ իսկապէս կրնայ հետաքրքրել զբօսաշրջիկները, որոնք կու գան Հայաստան, կը ծանօթանան եւ երկրին, եւ հայկական քոնեակի աւանդոյթներուն:
«Մենք կը սպասենք մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու` յատկապէս Ռուսիայէն, քանի որ ՌԴ քաղաքացիները իրենց ներքին անձնագիրներով կրնան գալ Հայաստան: Փառատօնի հիմնական շուկան Ռուսիան է, ընդհանուր առմամբ, կ’ակնկալուի, որ փառատօնին մասնակցի 25 հազարէն աւելի մարդ»,- ըսած է Կարապետեան:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

