• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Մանկական Նոր Ալիք-2016»-ին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Միշան

08.08.2016   20:51

«Մանկական Նոր ալիք-2016» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Միքայէլ Գրիգորեան` 8-ամեայ Միշան: Ան ելոյթ պիտի ունենայ եւ իր ուժերը պիտի փորձէ մրցոյթի եզրափակիչ փուլերուն մէջ` Օգոստոս 11-13-ին Ղրիմի «Արթեկ» կեդրոնին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Առաջին ալիքի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Միշան մրցոյթին կը նախատեսէ ներկայացնել The Jackson 5-ի «I Want You Back» եւ իր «Փոքրիկ Ղարաբաղցին» ստեղծագործութիւնները, թէեւ կանոններու համաձայն, ատոնք կրնան փոփոխուիլ մրցոյթի ստեղծագործական խումբի անդամներու պահանջով:

Հայաստանի պատուիրակ Միշայի խօսքով` ելոյթէն առաջ յուզուած չէ, պիտի ընէ ամէն ինչ, որպէսզի լաւագոյնս ներկայանայ միջազգային հանդիսատեսին: «Ամենամեծ երազանքս, ի հարկէ, սահմաններուն մէջ խաղաղութիւն ունենալն է, եւ ես ամէն ինչ կ’ընեմ, որ լաւ երգեմ ու բոլորին պատմեմ Արցախի մասին»,- կը  նշէ փոքրիկ Միշան:

«Մանկական Նոր ալիք» երգի միջազգային մրցոյթը առաջին անգամ իրականացուած է Մոսկուայի մէջ 2008 թուականին: Այն սկսած է լայն տարածում գտնել 2009 թ-էն, երբ մրցոյթի կազմակերպիչները ստացած են մասնակցութեան աւելի քան 4 հազար դիմում: 2010 թուականին մրցոյթը սկսած է իրականացուիլ «Արթեկ» միջազգային մանկապատանեկան կեդրոնին մէջ:

Հանրային հեռուստաընկերութիւնը «Մանկական Նոր ալիք-2016»-ի պաշտօնական հեռարձակողն է: Կանոններու համաձայն, մրցոյթի հեռուստատեսային տարբերակը հնարաւոր կ’ըլլայ ներկայացնել մրցոյթէն օրեր անց միայն: Մանրամասներու մասին կը հաղորդենք յաջորդիւ:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր