• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Սթամպուլի Մէջ Հրատարակուած Է Համշէնահայերու «Գոր» Ամսագրի 4-րդ Թիւը

05.08.2016   08:03

Սթամպուլի մէջ հրատարակուած է համշէնահայերու «Գոր» ամսագիրին 4-րդ թիւը: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը:

Աղբիւրին համաձայն` ինչպէս հանդէսի նախորդ, այնպէս ալ սոյն թիւին մէջ թրքերէնով եւ Համշէնի բարբառով հրատարակուած են համշէնահայերու պատմութեան, լեզուի եւ մշակոյթի մասին նիւթեր:

Յիշեցնենք, որ 2014 Սեպտեմբերէն տպագրուող «Գոր» ամսագիրը լոյս կը տեսնէ տարեկան 2 անգամ` վեցամսեայ պարբերականութեամբ: Անիկա ունի հիմնական երեք բաժիններ.

  1. Գիտական բաժին, որուն մէջ կը ներկայացուի Համշէնի եւ համշէնահայութեան պատմութիւնը:
  2. Լեզուի բաժին, որուն նպատակն է Համշէնի բարբառին չտիրապետող համշէնցիներուն սորվեցնել մայրենի բարբառը:
  3. Բանահիւսութեան բաժին, ուր հայոց լեզուի Համշէնի բարբառով կը ներկայացուի Համշէնի բանահիւսութիւնը:
Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր