• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Համահայկական Կրթական 7-րդ Խորհրդաժողովին

05.08.2016   08:00

1-5 Օգոստոս 2016-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ, տեղի կ’ունենայ Համահայկական կրթական 7-րդ խորհրդաժողովը, Երեւանի մէջ:

Խորհրդաժողովի ընթացքին կը քննարկուին Հայաստանի եւ սփիւռքի կրթական հիմնախնդիրներն ու անոնց բարելաւման ծրագիրները` ներկայ հրամայականներուն եւ մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ:

Սոյն խորհրդաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը  ներկայացնեն Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Տիգրան Ճինպաշեան:

Այս առիթով Շահան արքեպիսկոպոս, յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, իր խօսքը արտասանեց բացման պաշտօնական նիստի ընթացքին:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր