• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Բակօ Սահակեան Հանդիպած Է Ասմունքի Համահայկական Փառատօնի Մասնակիցներուն

05.08.2016   08:03

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 3-ին Շուշի քաղաքին մէջ հանդիպած է Ասմունքի համահայկական հինգերորդ փառատօնի մասնակիցներուն հետ: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ ասմունքի փառատօնը դարձած է աւանդական` կարեւոր համարելով նման ձեռնարկներու դերը ազգային մշակոյթի եւ արժէքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան տեսանկիւններէն:

Նշենք, որ Ասմունքի փառատօնը կ’իրականացուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնի ծիրէն ներս:

Նոյն օրը Նախագահը ներկայ  գտնուած է Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ խառը մենամարտերու եւ թայլանտական բռնցքամարտի մասնագիտական առաջնութեան բացումին:

Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է երիտասարդներու ֆիզիքական դաստիարակութիւնը` ընդգծելով, որ մարմնամարզութեան զարգացումը միշտ եղած է իշխանութիւններու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր