• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Մշակութային Ձեռնարկներու Շարք Ռումանիոյ Թուլչա Քաղաքին ՄԷջ

03.08.2016   07:27

Յուլիս 30-ին Ռումանիոյ Թուլչա քաղաքին մէջ, Ազգային ֆիլմերու փառատօնի ծիրէն ներս, Ռումանիոյ Հայոց միութեան կազմակերպմամբ եւ աջակցութեամբ տեղի ունեցած են հայկական մշակութային ձեռնարկներ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Ձեռնարկներուն բացման խօսքով հանդէս եկած է Թուլչայի նահանգային խորհուրդի խորհրդական, Ռումանիոյ Հայոց միութեան Թուլչայի մասնաճիւղի նախագահ Էտուարտ Լուչիան Սիմիոնը:

Ձեռնարկներու ծիրէն ներս տեղի ունեցած են Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանորդ Աշոտ Գրիգորեանի հանդիպումները Թուլչայի նահանգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ազգային ֆիլմերու փառատօնի ընթացքին ցուցադրուած է գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմը, իսկ համերգային ծրագիրին ելոյթ ունեցած է Կերլա (նախկին Արմէնուփոլիս) քաղաքի «Հայաքաղաք» պարախումբը: Նոյն օրը Թուլչայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Կոնստանցայի հոգեւոր հովիւ Տէր Օշական քահանայ Խաչատրեանի կողմէ մատուցուած է սուրբ պատարագ:

Թուլչան համանուն նահանգի վարչական կեդրոնն էոր կը գտնուի Ռումանիոյ սեւծովեան Տոպրոճա շրջանին մէջԹուլչա նահանգը աշխուժօրէն կը համագործակցի ՀՀ Տաւուշի մարզին հետ:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր