• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Երեւան Տարազ Ֆէսթ»-2016. Հայկական Պատմութիւնն Ու Մշակոյթը` Մէկ Հարթակի Վրայ

01.08.2016   18:25

Դասական եւ ժամանակակից տարազները` մէկ հարթակի վրայ. Օգոստոս 5-ին, ժամը 19.00-ին Հիւսիսային պողոտայի մէջ տեղի պիտի ունենայ  «Երեւան տարազ Ֆէսթ»-ը` տարազի փառատօնը: Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ տարազի առաջին փառատօնը տեղի ունեցած է անցեալ տարի` «Երեւանեան ամառ» ծրագրի ծիրէն ներս `Տէրեան մշակութային կեդրոնի աջակցութեամբ:

Հիւսիսային պողոտայի մէջ կը ստեղծուի յատուկ տաղաւար, ուր կը ցուցադրուի Երեւանի պատմութիւնը: Առանձին տաղաւարով կը ներկայանայ նաեւ «Մարաշլեան» լուսանկարչական արուեստանոցը, ուր փափաքողները կրնան լուսանկարուիլ հայկական տարազներով, կը գրէ armradio.am-ը:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր