«Գտնել Զապէլ Եսայեանը» Վաւերագրական Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Պոլսոյ Մէջ

Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի շարժապատկերի սրահի մը մէջ ցուցադրուեցաւ 20րդ դարու հայ ականաւոր կին մտածողներէն Զապէլ Եսայեանի կեանքի մասին պատմող «Գտնել Զապէլ Եսայեանը» վաւերագրական ֆիլմը: Լարա Ահարոնեանի եւ Թալին Սուճեանի կողմէ պատրաստուած ժապաւէնը ներկայացուած է «1908-1909 Դեսաղոնիկէէն Ատանա՝ յոյսեր եւ անկումներ», ցուցահանդէսի ծիրին մէջ:
Ֆիլմին մէջ ներկայացուած են Եսայեանի կեանքի կարեւոր դրուագները՝ Պոլսոյ մէջ անցուցած մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը, ուսանողական տարիները Փարիզի մէջ, ամուսնութիւնը, երեխաները, անոր աշխատանքը 1909ի Ատանայի կոտորածները ուսումնասիրող խումբին մէջ, 1915ին Հայոց Ցեղասպանութիւնէ փախուստը, Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Ցեղասպանութիւնէն ետք հաւաքուած որբերու եւ վերապրածներու յիշողութիւններու գրառումը, այնուհետեւ Խորհրդային Միութիւն մուտք գործելը, աքսորը սթալինեան ռեժիմի կողմէ եւ անյայտ պայմաններու մէջ մահը:
Ֆիլմին մէջ օգտագործուած են Եսայեանի ընտանիքի անդամներու յուշերը, անոր գրութիւնները, գրաքննադատական մեկնաբանութիւններ, պետական ար-խիւային նիւթեր, ինչպէս նաեւ ձայնագրութիւններ եւ լուսանկարներ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

