• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Շուշիի Ամրոցին Մէջ Պիտի Կայանայ Հայ Նշանաւոր Երաժշտահան Աւետ Տէրտէրեանի “Կրակէ Օղակ” Օփերայի Արցախեան Ներկայացումը

23.07.2014   17:10

ՀՀ նախագահի տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանիին տակ, Հայաստանի եւ ԼՂՀ մշակոյթի նախարարութիւններու աջակցութեամբ, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 1-ին Շուշիի ամրոցին մէջ պիտի կայանայ հայ նշանաւոր երաժշտահան Աւետ Տէրտէրեանի “Կրակէ օղակ” օփերայի Արցախեան անդրանիկ ներկայացումը (լիպրեդօ` Վլատիմիր Շահնազարեանի) ըստ Պորիս Լաւրենէովի “Քառասունմէկերորդը” վէպի եւ Եղիշէ Չարենցի բանաստողծութիւններու: Անիկա կը նուիրուի Արցախի Անկախութեան օրուան եւ Աւետ Տէրտէրեանի ծննդեան 85-ամեակին: Այս մասին կը հաղորդէ Hayernaysor.am-ը:

Նշենք, որ “Կրակէ օղակ” օփերան Աւետ Տէրտէրեանը գրած է 1967 թ.: Նոյն տարին օփերայի առաջին բեմադրութիւնը իրականացուցին Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմիական թատրոնի գլխաւոր խմբավար Արամ Քաթանեանը, բեմադրող Վահագն Բագրատունին, բեմանկարիչ Մինաս Աւետիսեանը:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր