ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Հենրի Ֆինիս Լինչ

 

Հենրի Ֆինիս Պլոս Լինչ (18 Ապրիլ, 1862, Լոնտոն, Անգլիա – 24 Նոյեմբեր, 1913, Քալէ, Ֆրանսա): Ան Անգլիացի հայագէտ, աշխարհագէտ, ճանապարհորդ եւ հասարակական-քաղաքական գործիչ մըն է։

Հայաստան կատարած երկու ճանապարհորդութիւններուն (1893-1894 եւ 1898) ընթացքին, Հենրին իր հաւաքած նիւթերուն հիման վրայ գրած է երկար ճանաչում մը՝ «Հայաստան» աշխատութիւնն ու ստեղծագործութիւնը (1901, հայերէն համառօտ թարգմանութիւն՝ 1913-1914), որ կազմուած է երկու հատորներէ «Ռուսական Հայաստան» եւ «Տաճկահայաստան»։ Այս ստեղծագործութիւնը կը պարունակէ արժէքաւոր տեղեկութիւններ Հայաստանի պատմութեան, աշխարհագրութեան, ժողովրդագրութեան, հայ բանահիւսութեան վերաբերեալ վիճակագրական նիւթերուն մասին։ Լինչը գրած է Հայաստանի քաղաքականութեան, Հայերուն հալածանքին, հայ եկեղեցիին եւ հայոց լեզուին մասին։

Հենրի նաեւ հետաքրքրուած է Հայկական հարցով։ Լինչը ըլլալով Անգլիական խորհրդարանի անդամ (1906 թուականէն սկսեալ)՝ քննադատած է քաղաքականութիւնը, ու խորհրդարանին ծանօթացուցած եւ ներկայացուցած է Հայկական հարցը եւ հայ ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը։

Անոր մահէն մի քանի օր առաջ, Հենրին Անգլիական մամուլին մէջ հրատարակած է իր «Բաց նամակ»-ը՝ հայկական բարենորոգումներուն վերաբերեալ։

Լինչ մահացաւ 24 Նոյեմբեր, 1913 թուականին, Քալէ քաղաքին մէջ, Ֆրանսա:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Հենրի Հաուըրտ Հոլմզ

Հրմըն Ուեպսթըր Մատճեթ (անգլերէն՝ Henry Webster Mudgett, 16 Մայիս 1861 – 7 Մայիս 1896), ճանչցուած իբրեւ Դկտ. Հենրի Հաուըրտ Հոլմզ (անգլերէն՝ Henry Howard Holmes) եւ մասնաւորապէս Հ. Հ. Հոլմզ (անգլերէն՝ H. H. Holmes), առաջին Ամերիկացի բազմա-մարդասպաններէն եղած է: Շիքակոյի մէջ, 1893-ի Համաշխարհային Քոլոմպիական Ցուցահանդէսին, Հոլմզը բացաւ պանդոկ մը որ ինքը ձեւաւորած էր յատկապէս մարդասպանութեան նպատակներով, որ նաեւ վայրն էր իր բազմաթիւ մարդասպանական գործողութիւններուն: Հակառակ որ ան խոստովանած է սպաննելու 27 անձ, որոնցմէ 9ը արդէն յստակ էին, իսկական իր սպանած մարդոց թիւը կրնայ հասնիլ մինչեւ 200: Բազմա-մարդասպան ըլլալէ զատ, ան նաեւ էր անձ մը որ տարբեր խարդախ ձեւերով կ’ամուսնանար ուրիշներու հետ իր արդէն ամուսնացած վիճակին մէջ:

Հոլմզը ծնած է իբրեւ Հրմըն Ուեպսթըր Մատճեդ Կիլմանթըն, Նիւ Համշայրի մէջ 16 Մայիս, 1861-ին, Լեվի Նորթըն Մատճեդի եւ Թեօտէյթ Փէյճ Փրայսի, երկուքը ըլլալով առաջին Անգլիացիները որոնք հաստատուած էին շրջանին մէջ։ Հրմընը իր ծնողքին երրորդ զաւակն էր. ունէր մեծ քոյր մը՝ Էլլըն եւ մեծ եղբայր մը՝ Արթուր, նաեւ փոքր եղբայր մը՝ Հենրի: Հոլմզի հայրը ագարակապան մըն էր։ Իր ծնողքը ծայրայեղ մեթոտաբաններ էին: 2007-ին թողարկուած; Most Evilի Հոլմզի կենսագրութեան մէջ նշուած էր, թէ իր հայրը խիստ ու վտանգաւոր ալքոհոլական մըն էր: Հոլմզի նիշերը շատ փայլուն էին դպրոցին մէջ, ինչ որ պատճառ դարձաւ իր դասընկերներուն նախանձին, որոնք ալ զինք տարբեր տեսակի նեղութիւններու մատնեցին: Փորձով մը Հոլզմը վախցնելու, դասընկերները ստիպեցին զինք որ դպրոցի հիւանդապահին քով մտնէ, եւ հոն կախուած կմախքին ձեռքերը դրին Հոլմզի երեսին: Հոլմզը սարսափելու տեղ հաճոյք կը ստանայ իր եւ մահի հետ այդ կապով, ու այդ օրուընէ ետք, ան տարբեր ձեւերով սէր կ’արտայայտէր մահուան հետ կապ ունեցող նիւթերու հանդէպ եւ նաեւ իր ազատ ժամանակը կ’անցնէր անասուններու մարմինը պատրելով բանալ եւ դիտելով:

 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ֆրիտիոֆ Նանսեն

Ֆրիտիոֆ Նանսեն (Fridtjof Nansen, 10 Հոկտեմբեր 1861, Օսլօ – 13 Մայիս 1930), նորվեկիացի բեւեռախոյզ, գիտնական, դիւանագէտ եւ ականաւոր մարդասէր։ Ազգերու լիկայէն ներս իր աշխատանքին համար պարգեւատրուած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակով։ Պաշտպանած է հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքները, հայ գաղթականներուն յատկացուցած է Նանսենեան անձնաթուղթեր։

Նանսենը եղած է կենդանաբանութեան փրոֆեսոր եւ աւելի ուշ աշխատած է Ռոյալ Ֆրետերիքի համալսարանէն ներս՝ Օսլոյի մէջ։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Նանսենը ընդգրկուեցաւ Ազգերու Լիկայի մէջ, որպէս բարձրագոյն Լիազօր՝ ռուս եւ գերմանացի գերիներու փոխանակութեան։ Այնուհետեւ, 1921-ին օգնութեան կը հասնի պոլշեւիկ Ռուսիոյ սովահար ժողովուրդին՝ մասնաւորաբար ապահովելով Մ. Նահանգներու օգնութիւնը եւ միաժամանակ կ՛օգնէ արտասահման փախած ռուս գաղթականներուն եւ կը ստեղծէ Նանսենի գաղթականներու անձնաթուղթ։ 1938 թուականին ստեղծուած է Նանսենի ակադեմիան Լիլլեհամըրի մէջ, Նորվեկիա։ Այն կը գործէ մինչեւ օրս։ Նանսենը մահացած է Մայիս 13, 1930 թուականին (68 տարեկան) Նորվեկիա։

Նանսեն 1890 թուականին ամուսնացած էր Եւա Սարսի՝ յայտնի կենդանաբան Միքայէլ Սարսի աղջկան հետ։ 1893 թուականին կը ծնի անոնց աղջիկը՝ Լիւը, որ առաջին անգամ տեսաւ հօրը 3 տարեկանին։ Նանսենի բացակայութեան ժամանակ Եւան կը զբաղի երաժշտութեամբ։ Եւայի եւ Լիւի պատուին Նանսեն կ՛անուանէ կղզի, Ֆրանց Իոսիֆի հողին վրայ։ Յետագային Նանսեն կ՛ունենայ եւս 4 զաւակ։ Եւա Նանսեն կը մահանայ 1907 թուականին, երբ Նանսեն դեսպան էր Լոնտոնի մէջ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Նշան Գրիգորեան

Նշան Գրիգորեան (անգլերէն՝ Neshan Krekorian, 12 Մայիս 1886, Քղի, Պինկէօլ նահանգ — 21 Մայիս 1978, Սենթ Քաթրինզ, Օնթարիօ), խորտակուած «Թայթանիք» շոգենաւին ուղեւոր, 711 փրկուած մարդկութենէ մէկը։ Ընդհանուր առմամբ նաւին մէջ կար 6 հայ, որոնցմէ երկուքը՝ Նշան Գրիգորեանը եւ Դաւիթ Վարդանեանը կը փրկուին։

Նշան Գրիգորեանը ծնած է 1886 Մայիս 12-ին Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ գտնուող Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Էրզրումի մօտ գտնուող Քղի Գիւղին մէջ։ Թուրքերու կողմէն քրիստոնեաներու դէմ տեղի ունեցած ջարդերէն ետք Նշան Գրիգորեանը, իր համագիւղացիներ Արսեն Սիրքանեանի, Յարութիւն Տէր-Զաքարեանի, Մամփրի Տէր-Զաքարեանի եւ Դաւիթ Վարդանեանի ետք կը լքէ հայրենիքը եւ անոնք կը որոշեն մեկնիլ Գանատա։ Ան կը պատրաստուէր կանգ առնել Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Համիլթոն քաղաքին մէջ, ոմն Փօլ Մարտինի տանը (Mr Paul Martin, 108 Princess Street, Hamilton, Ontario)։

Որոշ աղբիւրներ կը պնդեն, որ Գրիգորեանը Թայթանիքի տոմս չուներ, եւ նաւ նստելու համար Մարսէյլի մէջ կը կաշառէր զբօսաշրջութեան գրասենեակի գործակալին, բայց ամէն դէպքին մէջ վաճառուած տոմսերու ցանկին մէջ նշուած է, որ անոր տոմսի համարն էր՝ 2654 եւ այն արժէր £7։ Ամէն պարագային  ան Թայթանիք կը բարձրացնէ Շերպուրկի մէջ որպէս երրորդ կարգի ուղեւոր։ Գրիգորեանը յետագային կը դժգոհէր, որ երրորդ կարգի նաւասենեակին մէջ ան «ճտի նման փակման տակ կը գտնուէր» (E-57 սենեակը F-տախտակամածին մէջ)։

1912 ապրիլ 14-ի երեկոյեան, Գրիգորեանը խաղաթուղթ կը խաղար, եւ ժամը 11-ի շուրջ ան հանեց կօշիկները եւ պառկեցաւ իր մահճակալին վրայ։ Քիչ անց ան լսեց տագնապի ձայնը, քանի որ այդ պահուն իր լուսանցոյցը բաց էր։ Ան վեր կեցաւ, որ երթայ փակէ լուսանցոյցը, սակայն հատակին սառոյցի կտորներ գտաւ։ Խորտակումէն ետք Գրիգորեանը ըսաւ, «Չնայած ես այդ պահուն առաջին անգամ սառցաբեկոր տեսայ, ես շատ չէի անհանգստանար այդ պատճառով, քանի որ կտորները շատ փոքր էին»։

Նաւուն սառցաբեկորին հետ հարուածէն ետք Գրիգորեանը որոշեց բարձրանալ A-տախտակամած, քանի որ ձախ կողմին մէջ կը պատրաստուէին 10 փրկանաւակ իջեցնել։ Գրիգորեանը բարձրացաւ A-տախտակամած եւ նստեցաւ փրկանաւակին մէջ։ Յետագային նաւաստի Ֆրանք Էվանսը (Frank Evans) ըսաւ, որ Գրիգորեանը «իրեն փրկելու համար գիտակցաբար փրկանաւակ ցատկեց»։ Գրիգորեանը փրկուեցաւ, բայց թոքերու բորբոքում ստացաւ։ Անոր տեղափոխեցին Նիւ Եորքի հիւանդանոց, եւ երբ ան վերջնականապէս հասաւ Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Պրենտֆորտ քաղաքը, անոր մի քանի շաբաթով նորէն պահեցին հիւանդանոցին մէջ։ 1918ին Գրիգորեան կը տեղափոխուի նոյն Օնթարիօ նահանգի Սենթ Քաթրինս քաղաք, ուր կ’ամուսնանայ Փերսա Վարդանեանի (Persa Vartanian) հետ եւ արդէն 1924 յուլիս 12-ին կը ծնի անոնց չորրորդ զաւակը։ Ամբողջ կեանքը Նշան Գրիգորեանը կ’աշխատէր «Ճեներըլ Մոթըրս» ընկերութեան ինքնաշարժներու արտադրութեան գործարանին մէջ։

Թիթանիքը Գրիգորեանին համար դարձաւ առաջին եւ վերջին նաւը իր կեանքին մէջ։ Գրիգորեանի դուստրը կը պատմէր, որ երբ հայրը ինչ-որ տեղ կը գտնուէր եւ մօտակայքին կար որեւէ լայն ջրամբար, «անոր երեսը կը դաւաճանէր իր մտքերը, ան ջուրին կը նայէր, եւ անյապաղ դուք կ’իմանայիք, որ ան կենդանի մնացած է այդ գիշեր»։

Նշան Գրիգորեանը կը մահուան 1978 մայիս 21-ին Սենթ Քաթրինս քաղաքին մէջ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Շուշի

28 տարիներ առաջ, այսօր՝ 9 մայիս 1992-ին հայկական զինուժի կողմէն ազատագրուած է Շուշին նորաստեղծ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տիրապետութենէն։

Շուշի, քաղաք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ], համանուն շրջանի վարչական կեդրոն։ Մինչեւ 1923, հանդիսացած է Պարսկաստանի եւ Ցարական Ռուսաստանի կազմի մէջ գտնուող կիսանկախ Արցախի քաղաքական-մշակութային կեդրոնը՝ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը ունենալով կարեւոր դերակատարութիւն ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ ամբողջ Հարաւային Կովկասի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ։ 1920 թ.-ին թուրքերու կողմէն աւերուած է եւ հայաթափուած։ 

Շուշի Տեղանուան Ստուգաբանութիւն 

Որոշ ուսումնասիրողներու կարծիքով Շուշի անուն կը ծագի անոնց արեւելքը գտնուող Շոշ գիւղէն։ Ոմանց կարծիքով Շուշի անուանումը առաջացած է «շոշ» բառէն։ Արցախեան բարբառով երիտասարդ ծառերը նաեւ կը կոչուին շոշ, իսկ անոնց պուրակը՝ շոշոտ։ Ըստ Ազրպէյճանական ուսումնասիրողներուն քաղաքի անունը կը թարգմանուի որպէս «ապակի» – (ազրպ şüşə): 

Շուշի տեղանուանումը ըստ երեւոյթին տեղանքը բնութագրող անուանում է։ Քանի որ քաղաքը կը գտնուի ժայռի (լերան) գագաթին (ան փոքրիկ սարաւանդի կը նմանի), որն ալ կ՛րնայ ըլլալ ինկած ըլլայ քաղաքանունին հիմքին մէջ։ Նկատենք, որ արցախի բարբառէն հիւսիսկովկասեան լեզուներուն անցած որոշ չափով այդ անունը յիշեցնող բառեր կան։ Այսպէս օրինակ, ագուլերէն «սու»-լեռ եւ չեչեներէն «շու»-բլուր, արմատ մը, որ երբ կրկնենք (ինչպէս կը հանդիպի հատկապէս հին հայերէնին եւ խեթերենին), ապա կ՛ունենանք «շուշու», այսինքն ճիշտ այն, ինչն անհրաժեշտ է «Շուշի» քաղաքանունին ստուգաբանութեան համար։ Նկատենք, որ միջնադարին Շուշի տեղանունը կը յիշատակուի Շուշիի ձեւով. 1428 թ. ընդօրինակուած աւետարանի նոյն տարին գրուած յիշատակարանին մէջ «…ի յաշխարհիս Աղուանից, ի վիճակս Ամարասայ, ի գեղա Շուշու կոչեցեալ…»:

Պատմութիւն

Շուշին տարբեր ժամանակներուն յիշատակուած է «Քարի գլուխ, (Քարագլուխ տարբերակը կը վերաբերի Շիկաքար-Արաւուս բնակավայրին (Ասկերանի շրջանին մէջ)) Քարագլխի բերդ, Քար, Քարագլխի սղնախ, յաճախ նաեւ Շոշի բերդ, Շոշի» Ղալա, Շոշի ղալա անուններով։

Շուշիի հին բնակավայր ըլլալու մասին կը վկայէ 1428 թուականին Տէր-Մանուէլի ստեղծած Աւետարանը, ուր նշուած է, որ «արդ գրեցաւ աստուածագիծ սուրբ Աւետարանս ձեռամբ ոգնամեղ եւ ապիկար գրչի տէր Մանուէլի,ի թուականութեանս Հայոց ՊՀԷ (1428), ի յաշխարհիս աղուանից, ի վիճակս Ամարասայ, ի գեղս Շուշու կոչեցեալ, ընդ հովանեաւ Սուրբ Աստուածածնիս, ի կաթողիկոսութեան տէր Յոհանիսի… »։ Յաջորդ վկայութիւնը նոյն եկեղեցւոյ գրչատանը կատարուած է 1575 թ., ուր կ՛ըսուի «կատարեցի …զմաքրափայլ Աւետարանս ի փառս նմանէ գաւառս Վարնթոյ, ի գեղս որ կոչի Շուշոյ… Ընդ հովանեաւ սուրբ Աստուածածին։ Գրեցաւ ի թուականութեանս ՌԻԴ» ։ Որոշ ուսումնասիրողներու փորձերուն մէջ նոյնանման «Շուշի» եւ «Կարկառ» տեղանունները՝  հիմք ընդունելով անոր նախնական «Քար» անուանումը։ Ի հարկէ գայթակղիչ է Կ. Գանձակեցիի կողմէն յիշատակուող Կարկառի նոյնացնելը Շուշիի հետ, առաւել եւս, որ Կարկառ գետի հովիտին մէջ անոնք ուրիշ նշանաւոր բերդ չեն կ՛րնար տեսնել։ Սակայն պատմիչին մօտ յիշատակուող Կարկառը կը յիշուի որպէս «հայրենիք», որ անհնարին սահմանափակած է միայն Շուշի բնակավայրով կամ թէկուզ եւ սարաւանդով։ Զուր չէ, որ Բ. Ուլուբաբեանը կ՛առաջարկէր Կարկառը որոնել Կարկառ գետի ստորին սահանքներուն մէջ։ Դաշտային դիտարկումներու համաձայն հանգած ենք այն կարծիքին, որ Կարկառը պէտք է Աղդամի շրջանի ՈՒչ օղլան բնակավայրերու շրջանին մէջ ըլլայ… 17-րդ դարու մէկ վաւերագրի համաձայն «…շահ Աբբաս տիրեց իմ Ղարաբաղին…Գանձակցի պարոն տէր Յովհանը շատ գերիներ ազատեց, շատ գիրքեր, շարակնոցներ ետ դարձուց։ Նման շարակնոց մը ես տուի շուշեցի տէր Աւանեսին 1607 թուականին »։ Փաստօրէն բնակավայրը կը յիշատակուի որպէս Շուշի…

 

Հնագիտութիւն

Շուշիի հիմնադրման, ամրոցաշինութեան, այդ հին բնակավայրի կառուցապատման եւ անոր յուշարձաններու էթնիկ պատկանելիութիւնը ուսումնասիրող հետազօտողները, մինչեւ Շուշիի ազատագրումը, ստիպուած էին առաւելապէս բաւարարուիլ 18-19-րդ դդ. հեղինակներու կեղծած գրաւոր աղբիւրներով։ Այսպէս՝ 1892-1897 թթ. ռէալական ուսումնարանի ուսուցիչ Է. Ռեսլերը, իսկ 1973 թ. Խորհրդային Ազրպէյճանի հնագէտ Հ. Ջաֆարովը պեղած են Շուշիի դամբարանաբլուրները, որոնք հիմնականին կրած են գանձախուզական բնոյթ։ Միայն Ազրպէյճանի գաղութային լուծէն ազատագրուելէ ետք, Շուշիի հնագիտական, վիմագրական, տեղագրական բնոյթի բազմաթիւ աղբիւրներ մատչելի դարձած են լուրջ եւ առարկայական ուսունասիրութիւններու համար։ 2004 թ. մայիսին, «Շուշի հնագիտական արշաւախումբը» պատմական գիտութիւններու մասնագէտ Հ. Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ, անդամութեամբ հնագէտներ Նորա Ենգիբարեանի ու Վարդգէս Սաֆարեանի, ճարտարապետ Մանուշակ Տիտանեանի եւ պատմաբան-շուշիագէտ Աշոտ Յարութիւնեանի, դաշտային հնագիտական դիտումներու միջոցով, կազմուած է Շուշիի եւ անոր շրջակայքի հնագիտական յուշարձաններու ցուցակն ու անոնց տեղաբաշխման քարտէսը, որոնք մօտ 200 յուշարձաններու անուանում կը ներառեն, որոնցմէ են.

  • Պալեոլիթեան կայան (մ.թ.ա. 2 մլն-10 հազար տարի)
  • Մէկ կիկլոպեան ամրոց (մ.թ.ա.1-ին հազարամեակ)
  • Հին դամբարանադաշտեր (մ.թ.ա.1-ին հազարամեակ)
  • Երկու հին եւ վաղ քրիստոնէական
  • դամբարանադաշտեր (մ.թ.ա. 3-րդ դ. մինչեւ մ.թ. 4-րդ դար)
  • Վեց միջնադարեան գիւղատեղիներ (5-րդ դ. մինչեւ 13-րդ դար)
  • Մօտ 40 խաչքար

 

Շուշին Ուշ Միջնադարուն

Անհեթեթ կը հնչէ Յակոբ սարկաւագ Պօղոսեանի այն վարկածը, ըստ որուն Շուշին Շոշ գիւղի արօտավայր կամ ագարակը եղած է։ Հեռաւոր Երուսաղէմի մէջ ծուարած սարկաւագի համար «հեղինակաւոր» աղբիւր հանդիսացած է Միրզա Ճեմալ Ջիւանշիրի աշխատութիւնը, որուն պատուիրատուն եւ հովանաւորը եղած է Մեհթի Ղուլի խանը՝ Ղարաբաղի եկուոր խաներու տիրապետութիւնը հիմնաւորելու նպատակով: Միջնադարեան վաւերագիրի մը համաձայն «Աւան ուզբաշին, որ եկաւ Շօշուայ քարն մտաւ սահբ խուրուշ իլաւ ՌՃԿԶ (1717 թ.)»։ Վաւերագիրը յստակ կը տեղեկացնէ, որ 1717 թ. Շուշիի/Քար ամրոցին մէջ ամրանալու շնորհիւ Աւան հարիւրապետը հռչակի տէր դարձաւ։ Կարծիք կայ, որ «Շուշիի բերդապարսպի եւ միւս կառոյցներու հիմքերը դրուած են Աւան հարիւրապետի կողմէն՝ 1724 թ., եթէ ոչ աւելի վաղ»։ 1721-1722 թթ. լազգիական 50-60 հազարանոց բանակը արշաւեց Պարտաւի, Գանձակի եւ Դիզակի վրայ։ Կողոպտիչներու դէմ Արցախի հայութիւնը հանեց 4 բանակ, որոնցմէ երկրորդը՝ Աւան հարիւրապետի գլխաւորութեամբ, տեղակայուած էր այժմեան Շուշի քաղաքի շրջակայքին մէջ։ Գանձակէն ոչ հեռու, Չոլակ վայրին մէջ հայոց բանակները կը միանան վրացական բանակի հետ՝ լեզգիներու դէմ արշաւելու համար։ Սակայն Վախթանգ թագաւորի անվճռականութեան պատճառով արշաւանքը չի կայանար եւ հայ զինուորութիւնը կը վերադառնայ Արցախի ամրացուած Սղնախները։ 5 յունուար 1724 թ. գրուած զեկուցագիր մը կը վկայէ, որ «…մենք, Շոշ սղնախի գլխաւորներս, ես՝ Աւան իւզբաշիս եւ ես՝ Միրզա իւզբաշիս եւ սղնախի բոլոր մեծերն ու փոքրերը…» ։ Շուշիի սարաւանդին մէջ կ՛ամարացուի Մեծ (Շուշի) եւ Փոքր (Սանգեառ) սղնախները եւ բանակցութիւններ վարելով շահ Թահմազի եւ օսմանեան Իպրահիմ փաշայի հետ՝ կը փորձէր կանխել անոնց յարձակումը Վարանդա գաւառի վրայ։ 1 մարտ 1725-ին օսմանեան 4500 հոգիէ բաղկացած զօրամաս մը մտաւ Վարանդա եւ կայազօրեր դրուեցաւ բոլոր բնակավայրերուն մէջ։ Հայ զինուորութիւնը Աւան եւ Թարխան հարիւրապետներու գլխաւորութեամբ գիշերային անակնկալ յարձակումով, կոտորուեցաւ զաւթիչներուն։ Ցարական Ռուսաստանը չկամենալով հայոց պետականութեան վերականգնումը, հայերուն առաջարկեց դադարեցնել պայքարը օսմանցի յարձակողներուն դէմ, լքել հայրենի հողերը եւ տեղափոխուիլ Դերբենդ, Պաքու եւ Գիլան։ Նոյեմբեր 1726-ին «Շօշի՝ Աւան ուզպաշին եւ Ոյհան ուզպաշին ղալէն» վրայ կը յարձակի օսմանցի թուրքերու 40 հազարանոց բանակը՝ Սարը Մուստաֆա փաշայի հրամանատարութեամբ եւ ութ օրեայ դաժան մարտերուն մէջ զգալի կորուստներու գնով գրաւած է Փոքր Սղնախը։ Սակայն Մեծ Սղնախի տակ թրքական բանակը ծանր պարտութիւն կրած են եւ տալով շուրջ 800 սպաննուած՝ նահանջած Գանձակ։ 1733 թ. Դիզակի մելիք Եգանը, դաշինք կնքելով Նադիր Ղուլիի հետ, կազմակերպեց օսմանեան Սարը Մուստաֆա փաշայի զօրքերու կոտորածը Արցախի մէջ։ 1736 թ. Մուղանի դաշտին վրայ շահ հռչակուելէ ետք, Նադիրը, որպէս երախտագիտութեան նշան, Արցախի հինգ մելիքութիւնները միաւորեց մէկ նահանգի ՝ «Մահալ-Ե Խամսե»-ի մէջ եւ խանի տիտղոս շնորհեց Մելիք Եգանին[26][27][28]։ Ըստ երեւոյթին ստեղծուեցաւ Ղարաբաղի խանութիւնը՝ Տող կեդրոնով։ Փաստօրէն մելիք Եգանի Ղարաբաղի առաջին խան (1736-1744 թթ.) ըլլալու հանգամանքը դուրս մնացած է հայ պատմագրութեան ուշադրութենէն։ Յայտնի է, որ Մելիք Եգանը գրագրութիւններու ժամանակ իրեն կը կոչեն նաեւ Հայոց թագաւոր։

Շուշի տեսարժան վայրերը

Շուշին բաց թանգարան է երկնքի տակ։ Զբօսաշրջիկներու յաճախակի այցելութեան վայրերն են ռէալական ուսումնարանը, Ժամհարեաններու առանձնատունն ու հիւանդանոցի շէնքը, Մարիամ Ղուկասեան օրիորդաց դպրոցի շէնքը (այժմ՝ ԼՂՀ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան շէնքը), Մեղրեցոց եկեղեցւոյ խորանը, Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարը, Սուրբ Յովհ. Մկրտիչ (Կանաչ Ժամ) եկեղեցին, քաղաքը հիւսիսէն եզերող ամրոցի պատերն ու Ելիզաւետպոլեան մուտքը, գերեզմանոցները, Ձիարշաւարանը, սարաւանդը եզերող ժայռապարը, Հունոտի կիրճը, Մամռոտ քարը, քարանձաւները, Իսահակի աղբիւրը (Պեխէ աղբիւր) եւ այլն։

Շուշիի հիւրանոցները

Շուշիի մէջ այսօր կը գործեն «Աուան Պլազա», «Նոյան Տապան», «Շուշի» եւ «Գրանտ հոթել» բարձրակարգ հիւրանոցները։ Քաղաքին մէջ կը գործեն նաեւ անհատական, առանձնատնային կարգի հիւրանոցներ, որոնք նախկին իջեւանատուներու աւանդութիւններու վերականգնման փորձեր են։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Ազգային կարեւոր տօն՝ Լիբանանի մէջ

Լիբանանի մէջ մայիս 6-ը կը նկատուէր ազգային կարեւոր տօներէն մէկը՝ ոգեկոչելու համար իրենց հայրենիքի ազատութիւնը կերտած նահատակներուն յիշատակը։

Այս դէպքը պատահեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկզբնաւորութեան, երբ համայն արաբ ժողովուրդը անիրաւութեան եւ ջարդերու ենթարկուեցաւ օսմանցի թուրքերուն կողմէ։ Ընդդէմ թրքացման այդ քաղաքականութեան ծայր առաւ արաբ ազգայնական շարժումը եւ շուտով ի յայտ եկան բարեկարգչական շարժումներ, որոնք արաբական գաղտնի միութեանց ճամբով ազատութիւն ու արդարութիւն կ՚աւետէին եւ ազգային ոգի կը սփռէին։

Նոյն օրերուն, Ճեմալ փաշա Սուրիոյ չորրորդ զօրամասի հրամանատար նշանակուեցաւ եւ իր իշխանութիւնը տարածեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի ամբողջ տարածքին վրայ։ Այնուհետեւ սովն ու բրտութիւնը համատարած դարձան արաբական շրջաններուն մէջ ։

Գերագոյն դաւաճանութեան ամբաստանութեամբ Ճեմալ փաշա կախաղան հանել տուաւ ազգային ղեկավարներու հոյլ մը՝ Դամասկոսի Մարժէ հրապարակին վրայ, 6 մայիս 1916-ին։ Կախաղան բարձրացուած այդ ղեկավարներէն կարելի է յիշել՝ Շաֆիք Պեք Մուայատ Ատըմ, շէյխ Ապտըլ Համիտ Զահրաուի, էմիր Օմար Ժազայիրի, Շուքրի Պեք Ասլի եւ ուրիշներ։ Նմանապէս եւ նոյն ամբաստանութեամբ Պէյրութի կեդրոնական հրապարակին վրայ կախաղան հանուեցան լիբանանցի ազգայնականներ, ինչպէս՝ Ժըրժի Հատտատ, Սայիտ Ֆատել Աքլ, Պետրօ Պաուլի, Օմար Համատ, Ապտըլ Ղանի Արեյսի, շեյխ Ահմետ Թապպարա, Թուֆիք Պսաթ եւ ուրիշներ։ Անոնք կախաղաններուն վրայ մահը դիմաւորեցին ճակատաբաց բացագանչելով.
«Անկախութիւնը գանկերու վրայ կը կերտուի եւ մեր գանկերը թող մեր հայրենիքի անկախութեան հիմնաքարերը ըլլան… Կը մեռնինք, որպէսզի մեր երկիրը վերականգնի ազատ ու հպարտօրէն»։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք այդ օրը նշուեցաւ, որպէս Մամուլի նահատակներու օր, նկատի ունենալով, որ այդ օր կախաղան բարձրացողներուն մեծ մասը մամուլի գործիչներ էին, որոնք իրենց գրիչովը պայքարեցան թրքական եաթաղանին դէմ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Արտաշէս Արզումանեան

Արտաշէս Արզումանեան (5 Մայիս 1898, Շուշի, Ելիզավետպոլի նահանգ — 22 Յունիս 1985), հայ խորհրդային դերասան։ Ատրպէյճանական ԽՍՀ (1954) եւ ՀԽՍՀ (1971) ժողովրդական արտիստ։1941 թուականէն ԽՄԿԿ-ի անդամ։

1929-1949 թթ. աշխատած է Պաքուի, 1949-1954 թթ.` Ստեփանակերտի հայկական թատրոններուն մէջ։ 1956 թուականէն Լենինականի Մռաւեանի անուան թատրոնի դերասան է։ Վ․ Ի․ Լենինի դերը առաջին կատարողներէն է՝ հայ բեմին վրայ։

Արտաշէս Արզումանեանի լաւագոյն դերակատարումներէն են՝ Հայրապետը, Մինթոեւը (Շիրվանզադէի «Նամուս», 1936, «Մորգանի խնամին», 1949), Սալամովը (Ճապարլիի «1905 թուին», 1937), Բալաբեկը (Նայիրի Զարեանի «Աղբիւրի մօտ», 1950), Մելիք աղան (Վաղարշեանի «Օղակում», 1956), (Նազարը Դերենիկ Դեմիրճեանի «Քաջ Նազար»), 1965) եւ այլ դերեր։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Մայիս 1-ը Աշխատաւորներու Միջազգային Օրն Է

Շատ մը երկիրներու մէջ ՜՜ոչ աշխատանքային օր՝՝ է։
Մայիս 1-ին կը նշուի աշխատաւորներու միջազգային օրը: 1884-ին ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մէջ կազմակերպուած են ցոյցեր` ի պաշտպանութիւն ութժամեայ աշխատանքային օրուան:

Խորհրդային Միութեան ստեղծումէն ետք՝ Մայիս 1-ը կը նշուէր իբրեւ մեծ տօն, որուն կ’ուղեկցուէին մեծ շքերթեր: Աշխատաւորներու միջազգային օրը այսօր կը նշուի աշխարհի աւելի քան հարիւր պետութիւններու մէջ: Տօնին առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներուն ընթացքին կը մեծարուին եւ գնահատանքի կ’արժանանան աշխատանքի վեթերանները եւ աշխատաւոր դասակարգի ներկայացուցիչները:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Մարթին Քարատաղեան

Մարթին Քարատաղեան (սպ.՝ Martín Karadagian, 30 Ապրիլ 1922, Պուէնոս Այրես, Արժանթին – 27 Օգոստոս 1991, Պուէնոս Այրես, Արժանթին), արժանթինահայ արհեստավարժ ըմբշամարտիկ եւ դերասան։

Քարատաղեան ծնած է Պուէնոս Այրեսի Սան Տելմօ թաղամասին մէջ՝ հայ հօր եւ սպանացի մօր ընտանիքին մէջ։ Մանկութեան ժամանակ կը սկսի մարզուիլ յունահռոմէական ըմբշամարտով[1] եւ 1947 թուականի ազգային առաջնութիւնում տանում իր առաջին հաղթանակը։[2]։ Դերասանական կարիերայով սկսել է զբաղվել 1957 թուականին՝ նկարահանուելով «Հանդիպում փառքի հետ» (Reencuentro con la gloria) տրամային մէջ, որուն մէջ կը մարմնաւորուի «ռինկ»-ի հակառակորդին պատահաբար սպանած ըմբշամարտիկին։ Աւելի ուշ՝ 1963 թուականին, կը հանդիսանայ Ալպերթօ Օլմետոյի «Քափթըն Փիլուսոյի Որկածները Սարսափի Սմրոցին Մէջ» կատակերգութեան մէջ։

Քարատաղեան յայտնի դարձաւ «Տիտանները Ռինկին Մէջ» (Titanes en el ring) ըմբշամարտի նուիրուած հեռուստատեսային ծրագրին մէջ իր բարձր քանակով մասնակցութեան դերի շնորհիւ, որ ընդմիջումներով հեռարձակուեցան 11962-1983 թուականներուն։ Հեռուստաշարը յայտնի դարձաւ նաեւ ամբողջ Լատինական Ամերիկայի մէջ եւ 1974 թուականին Քոսթա Ռիքայի մէջ նկարահանուած բաժինի մը մէջ Քարատաղեանը սատարեց նախագահի թեկնածու Խերարդո Վենսեսլաո Վիլյալոբոսին, ով յաղթանակ տարաւ  ընտրութիւններուն մէջ:  Հեռուստաշարքին մէջ Քարատաղեան վերջին անգամ մասնակցեցաւ 1984 թուականին, իսկ աւելի ուշ սկսաւ նկարահանուիլ մածունային ապրանքանիշի մի շարք գովազդներու մէջ։

Տառապած է շաքարաղտէ, որուն պատճառաւ ալ անդամահատուած է ոտքը։ Մահացած է 1991 թուականին Պուէնոս Այրեսի մէջ եւ թաղուած է Լա Ռեկոլեթա գերեզմանոցին մէջ։ Յետագային անոր կիսանդրին կանգնեցուած է Փաչեքօ Տէ Մելօ մարզասրահին մէջ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

Համացանցի Վրայ. Արժէքաւոր Բառը…

Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու տրամադրած օժանդակութիւններու ցրւումի օրերուն, առաւօտուն ներկայացաւ տիկին մը, որ շատ դժուարին պայմաններու մէջ կ’ապրէր։ Փոխանցեցինք, որ պէտք է ներկայանայ Առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունք, որպէսզի դիմումնագիրին պատասխանը ստանայ։ Ենթական երկու ժամ ետք վերադարձաւ, եւ խնդրեց անգամ մը եւս հետս հանդիպիլ։

Քարտուղարութեան նշեցի, որ եթէ անպայման կ’ուզէ տեսնուիլ, ապա պէտք է սպասէ, նկատի առնելով որ ժամադրութիւններու շարքը երկար էր…

Հանդիպումներս աւարտելէ ետք, տիկինը բարձրացաւ։
Կը մտածէի, թէ օժանդակութիւնը ստանալէն ետք, նշեալ տիկինը տակաւին ի՞նչ պիտի ուզէ։

Ան գրասենեակ մտաւ եւ միայն մէկ բառ ըսաւ.

֊ Շնորհակալութիւն։

Այո’, շուրջ մէկ ժամ սպասեց, որպէսզի այս արժէքաւոր բառը ըսէ։ Բառ մը, որ ուղղուած է մեր կառոյցներուն եւ բարերարներուն, որոնք այս տագնապալի օրերուն կը փորձեն մեղմացնել մեր ընտանիքներուն դժուարութիւնները։
Բառ մը, որ մեզի յոյս եւ կորով կու տայ՝ յաւելեալ թափով շարունակելու մեր աշխատանքները։

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը