ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան

Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան ծնած է 27 Յուլիս, 1937, Պէյրութ: Աստուածաբան, Փիլիսոփայութեան եւ Արուեստ-ի պատմութեան դոկտոր:
Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան ծնած է Պէյրութ Մուսալեռցի ընտանիքի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ։ 13 տարեկանին մեկնած է Վենետիկի Մխիթարեան մայրավանք:
Հայագիտութեան կողքին ստացած է նաեւ իտալական Պաքալորէաթ յետոյ ղրկուած է Հռոմ համալսարանական ուսումը շարունակելու : Հոն մնացած է եօթը տարի, երեք տարիէն ստացած է Փիլիսոփայութեան Դոկտորան, ապա Աստուածաբանութեան, տարի մըն ալ հետեւած է «Musica Sara» երաժշտական դասընթացքներուն, որ Վատիկանի կողմէ հաստատուած հոգեւոր երաժշտութեան դասընթացքներն են:
Դոկտորայի համար աւարտաճառ ներկայացնելու այն միտումով , որ ապագային պիտի նուիրուի դաստիարակչական ասպարէզին. կընտրէ «Դաստիարակչական Հոգեբանութիւն» – «Յանցանքի զգացումը երեխաներու մօտ» նիւթը:
Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանէն կը ստանայ Փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան դոկտոր աստիճան: 1962-ին կարտինալ Աղաճանեանի ձեռամբ վարդապետ կ՛օծուի: Մաս կը կազմէ Մխիթարեան ուխտին ծայրագոյն վարդապետ աստիճանով:
Նոյն համալսարանէն ստանալէ ետք արուեստի պատմութեան բարձրագոյն վկայական, կը վերադառնայ Վենետիկ, ուր կը յաճախէ տեղւոյն Գեղարուեստից Ակադեմիան, ուսուցիչ ունենալով Սանթոմազօ, Վետովա եւ Սաէթթի նշանաւոր արուեստագէտները:
Ծառայած է Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկայ-ի հայկական գաղթօճախներուն մէջ։ Ան հոգեւոր եւ ստեղծագործական կեանքին զուգահեռ վարած է նաեւ խմբագրական եւ վարչական գործեր՝ տնօրէնութեան պաշտօն վարած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին:
Իր առաջին արուեստի ցուցահանդէսը կայացած է 1962-ին Վենետիկի մէջ, որմէ ետք ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ աշխարհի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն մէջ։ Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ:
Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան հեղինակ է շարք մը գիրքերու հայերէն եւ օտար լեզուներով:
Գործած է Փարիզ-ի մէջ՝ ուսուցանելով Փարիզի Սամուէլ Մուրատ վարժարանին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ինքնաբուխօրէն կը գծէ եւ բազմաթիւ ցուցահանդէսներ պատրաստած է: Իր ծախած բոլոր նկարներուն հասոյթը ան յատկացուցած է վարժարանի նորակառոյց շէնքին ծախսերուն:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

