ՊԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Փիթըր Պալաքեա

Փիթըր Պալաքեան (13 Յունիս 1951, Նիւ Ճըրզի) ամերիկահայ գրող, բանաստեղծ:
Ուսումը ստացած է Պաքնըլ, Պրաուն եւ Նիւ Եորքի համալսարաններուն մէջ: 1980 թուականէն կը դասաւանդէ Քոլկէյթ համալսարանը (Նիւ Եորք, Համիլթոն): Աշխատակցած է «Նէյշըն», «Վերճինիա Քուուրթըրլի», «Ռեւիու» եւ այլն պարբերականներու: Հրատարակած է բանաստեղծական բազմաթիւ ժողովածուներ, որոնց շարքին՝ «Ֆիշէյ հայրը» (1979), «Պայծառութեան տխուր օրեր» (1983):
1998-ին «Ճակատագրի սեւ շունը» (Black Dog of Fate, A Memoir) յուշագրութիւնը (հայերէնի թարգմանուած Արտեմ Յարութիւնեանի կողմէ 2004ին) ճանչցուած է իբրեւ «Տարուան լաւագոյն գիրք», իսկ 2003ին լոյս տեսած «Այրող Տիգրիս. Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Ամերիկայի հակազդեցութիւնը» (The Burning Tigris։ The Armenian Genocide and America’s Response, 2003)[2] ծաւալուն փաստա-վաւերագրական աշխատութիւնը «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին կողմէ ճանչցուած է իբրեւ «Տարուան նշանակալից գիրք»: 2010-ին հայերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է Պալաքեանի «Լոյսի տխուր օրերը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:
Պալաքեան, գործակցութեամբ Արիս Սեւակի, 2009-ին անգլերէնի թարգմանած ու հրատարակած է իր մեծ հօր եղբօր՝ Գրիգորիս եպս. Պալաքեանի «Հայ Գողգոթա» խորագրով ծաւալուն երկհատոր յուշագրութիւնը։
Փիթըր Պալաքեանի «Օզոն Ճուրնըլ» հատորը 2016-ին արժանացած է «Փուլիցըր» հեղինակաւոր մրցանակին՝ բանաստեղծութեան ճիւղին մէջ։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

