ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Գալուստ Խանենց

Գալուստ Խանենց (Լեւոն Խանեան, 25 Յունուար 1910, Թեհրան – 4 Յունիս 1998, Թեհրան), իրանահայ գրող։
Նախնական ու միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Ֆրանսական ու պարսկական վարժարաններու մէջ։ 1928-էն սկսեալ իրանահայ եւ արտասահման պարբերակներուն հետ աշխատակցած է՝ ինքնագիր քերթողներու գործերէն թարգմանութիւններով։
1957-1974 անջատ ութ հատորներով հրատարակուած են իր բանաստեղծութունները՝ «Ամբողջ Սրտով» (1957) , «Հրաշալի Զօրութիւն» «1972), «Բարեւ Քեզ, Մարդ» (1974), «Հայ Ժողովրդի Վերածնունդը»։ Պարսկերէնի թարգմանուած են՝ «Հրաշալի Զօրութիւն» եւ «Բարեւ Քեզ Մարդ» հատորները:
Իմաստասիրական հակումներու տրամադիր, լեզուական-արտայայտչական ժուժկալութեամբ ուշագրաւ՝ իր բանաստեղծութիւնները մարդկայնական խորք եւ շունչ ունին, կը բարձրանան ընթացքէն վեր եւ երբեմն կը հասնին թելադրական ներուժութեան։
Գալուստ Խանենց, իրանահայ կեանքի 1920-1980 վաթսունամեայ տեւողութեան մէջ՝ քերթողական, թէ՝ արձակ գրական ստեղծագործութիւններու հասարակաց լարը բնութիւնն է, սէրը, ազգային թախիծը եւ գաւառիկ հայրենասիրութիւնը։ Տասնամեակները ոչինչ փոխած են ապրումի, մտածման, զգացական թէ իմաստասիրական այն մտածումներուն մէջ, որոնք կ՝առնչուին մարդուն կեանքին, եւ առնուազն իրենց արտայայտութեան ձեւին հետ որոշ անձնատպութիւն կը բերեն։ Քիչ անուններ կան, որոնք յանդգնութիւնն ունեցած են կամ ունին թանձր ռոմանթիզմի խոզակը պատռելու եւ խորքի թէ՛ ձեւի ինքնութեամբ մը՝ հասնելու բանաստեղծական որակի:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

