Արցախի Բանակին Կողմէ Գերի Առնուածին Մայրը Կը Պնդէ, Որ Իր Որդին Զինծառայող Էր. Կը Բացայայտուի Ազրպէյճանի Սուտը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին կողմէ գերեվարուած ազրպէյճանցի զինծառայողին մայրը հերքած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը այն մասին, որ գերի առնուածը Ազրպէյճանի բանակի զինծառայող չէ:
Այս մասին տեսանիւթ մը տարածած է Istipress.com-ը:
Տեսանիւթին մէջ զինուորին մայրը ներկայացուցած է, որ գերեվարուած Էլնուր Հուսէյին Զատէն ռազմական ծառայութեան աւարտէն չորս ամիս ետք վերադարձած է բանակ պայմանագրային զինծառայողի կարգավիճակով:
Վերջին անգամ ան տուն եղած է ներթափանցման փորձի նախօրէի երեկոյեան:
Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ 1 Փետրուար 2017-ի մօտաւորապէս ժամը 15:00-ին, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութեամբ հակառակորդը, օգտագործելով եղանակային մառախլապատ պայմանները, ձեռնարկած է հետախուզական-ներթափանցման փորձի: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը, ժամանակին նկատելով ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացումը, դիմած են կանխարգելիչ գործողութիւններու եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած զանոնք: Կազմակերպուած դիմադրական գործողութեան շնորհիւ, առաջնագիծը պաշտպանող հայկական ուժերը յաջողած են գերեվարել ազրպէյճանական բանակի զինուոր, 1995-ի ծնունդ Էլնուր Հուսէյին Զատէն:
Ըստ հաւաստի տուեալներու` հակառակորդը տուած է նաեւ առնուազն 1 վիրաւոր, որ ի դէպ, պաշտօնապէս հաստատուած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ այսօր տարածուած հաղորդագրութեամբ մը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

