Էրտողանը Հրաժարած է Նախագահական “Հայկական Նստավայրէն”

Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը որոշում կայացուցած է այսուհետեւ չօգտագործելու երկրի ողջ հանրապետական պատմութեան ընթացքին նախագահական նստավայր հանդիսացող Չանքայայի պալատը: Վկայակոչելով թրքական “Հուրիեթ” պարբերականը՝ Armenpress.am-ը կը նշէ, թէ Էրտողանը այսպիսով կը հրաժարի իբրեւ նախագահական նստավայր օգտագործել ժամանակին հայկական Քասապեաններու ընտանիքին պատկանած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ արդիւնք անոնցմէ խլուած շինութենէն:
Խախտելով Թուրքիոյ Հանրապետութեան արդէն 91-ամեայ աւանդոյթը` Էրտողանը որոշում կայացուցած է տեղափոխուելու եւ նախագահական նստավայր դարձնելու “Աթաթուրքի անտառային հողատարածք” անուանումը կրող տարածքին մէջ կառուցուող նոր շինութիւնը: Փոխարէնը, Թուրքիոյ 11 նախագահներուն համար իբրեւ նստավայր ծառայած Չանքայայի պալատը պիտի օգտագործէ վարչապետ Ահմեդ Տաւութօղլուն եւ անոր աշխատակազմը:
Թուրքիոյ մէջ Օգոստոսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու սեմին թրքական bianet.org անկախ լրատուական կայքը ընթերցողներուն ներկայացուցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահական Չանքայա պալատի շէնքի իրական պատմութիւնը, ըստ որուն` անիկա պատկանած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած Քասապեաններու ընտանիքին: Թէեւ պաշտօնական վարկածով կը նշուի, որ Քասապեաններու ընտանիքը Չանքայա պալատը իրերու հետ միասին “վաճառած է” Պուլղուրլուզատեներուն, սակայն հայ ընտանիքի երրորդ սերունդ Էդուարդ Չուհաճին, որ ներկայիս կը բնակի Գանատայի Օթաուա քաղաքին մէջ, անձամբ պատմած է իրականութիւնը, որ թրքական պետութիւնը 99 տարի թաքցուցած է սեփական ժողովուրդէն:
Պալատը իրականութեան մէջ կը պատկանի Անգարայի հայ բնակիչներէն` Քասապեաններու ընտանիքին 1857 թուականին ծնած Յովհաննէս Քասապեանին: Մինչ 1915 թուականը Քասապեաններու ընտանիքը “անկորա” տեսակի այծի թանկարժէք բուրդ կ’արտահանէր Անգլիա եւ կը համարուէր Անգարայի ամենահարուստ ընտանիքը: 1915 թուականի Օգոստոսին Անգարայէն 1200 հայեր դուրս կը բերուին եւ կը սպաննուին: Անգարայի 1500 հայեր արքեպիսկոպոսի հետ միասին Օգոստոս 29-ին կ’արտաքսուին Հալէպ, սակայն, Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան Մեսքենէ վայր կը հասնի անոնցմէ ընդամէնը 34-ը: Այդ գաղթի ժամանակ Քասապեաններու ընտանիքի փեսաներէն մէկը կը յաջողի Քոնեայի ճանապարհին քարաւանէն անոնց փախցնել Պոլիս, այնտեղէն ալ` արտասահման…
Քասապեաններու ընտանիքը ոչ Չանքայա պալատը, ոչ ալ այնտեղ գտնուող իրերը ոչ մէկուն վաճառած են: Իրերը գողցուած են: Անոնց պատկանած է ո՛չ միայն Չանքայեան, այլ նաեւ Չէքիօրէնի մէջ գտնուող ամառանոցը, որ գրաւած է Անգարայի Ուլուս թաղամասին մէջ խորհրդարանի շէնքը կառուցած Քոչ ընտանիքը:
Ներկայիս Չանքայեան կը կառավարէ նախագահականը, բայց անիկա կը պատկանի Թուրքիոյ խորհրդարանին: Պալատի իրական տէրերը Քասապեաններու ժառանգորդներ Էդուարդ Չոււաճին եւ Վերգին Քասապօղլուն են:
www.armenpress.am
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

