«Շատ Դժուարութիւններ Ունեցած Ենք Մեր Գործը Ստեղծելու Ժամանակ, Բայց Յաջողած Ենք» (լուսանկարներ, տեսերիզ)

«Երազէ՛, Իրագործէ՛… Ներդրողներ Հայրենիքի Մէջ » – 4

Հարցազրոյց Հայրենի «Sangatrade» Ընկերութեան Հիմնադիր Սեւակ Քասսարի Հետ

 

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ  ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

«Զարթօնք» օրաթերթը կը շարունակէ «Երազէ, իրագործէ ներդրումներ հայրենիքի մէջ…» խորագրով հարցազրոյցներու շարքը, որոնցմով նպատակ ունինք ներկայացնել հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ օտարերկրեայ ներդրումները, պիզնեսի յաջողած ծրագիրները։ Մեր շարքի հերթական հիւրը ծնունդով Լիբանանէն, բայց 2002 թուականէն ի վեր Հայաստան մշտական բնակութիւն հաստատած գործարար Սեւակ Քասսարն է։ Սեւակը Հայաստան տեղափոխուելէ ետք տարբեր ոլորտներու մէջ փորձած է գործերով զբաղիլ։ Այսօր «Sangatrade» ընկերութիւնը, որուն հիմնադիրն է Սեւակ Քասսարը, կը զբաղի եւրոպական երկիրներէն որակեալ սուրճի, թխուածքի, ալիւրի, պաղպաղակի հումքի ներմուծումով։ Ընկերութիւնը կը գործակցի Հայաստանի մէջ լաւագոյն սրճարաններուն, հիւրանոցներուն, ճաշարաններուն հետ։ Ասոր հետ մէկտեղ քաղաքի կեդրոնին՝ Հիւսիսային պողոտային վրայ արդէն 6 տարիէ կը գործէ Caffe Vergnano 1882 բարձրակարգ սրճարանը, որ, ի թիւս տարբեր տեսակի սուրճերու, յաճախորդներուն կը ներկայացնէ հայկական բարձրորակ սուրճ՝ արտադրուած Իտալիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ սեփական արտադրամասի մէջ պատրաստուող թխուածքներ եւ այլն։

– Յարգելի Պրն. Քասսար, շնորհակալ եմ, որ հարցազրոյցի հրաւէրը չմերժեցիք։ «Զարթօնք» օրաթերթի «Ներդրողներ հայրենիքի մէջ» խորագրով հարցազրոյցներու շարքին ծիրէն ներս այս անգամ կ’ուզենք անդրադառնալ Ձեր մասին։ Ո՞ւր ծնած էք։ Քանի՞ տարիէ կը բնակիք Հայաստան։

-Ես Պէյրութէն եմ, Լիբանան: Այդտեղ սորված ու աւարտած եմ դպրոց, համալսարան։ 2002 թուականին տեղափոխուած եմ Հայաստան։ Ի հարկէ, մինչեւ տեղափոխուիլս շատ անգամ եկած եմ Հայաստան տարբեր նպատակներով։

– Հայաստան մշտական բնակութեան տեղափոխուելու հիմնական պատճառը ի՞նչ էր։

-Հայրենասիրութիւնը։ Մենք մեծցած ենք հայկական միջավայրի մէջ, ուր միշտ քարոզած են հայրենիք, Արարատ, այդ խորհրդանիշերը միշտ եղած են։ Մեր մէջ միշտ եղած է հայրենիքի հանդէպ սէրը, կարօտը, անոր համար ալ որոշեցի տեղափոխուիլ Հայաստան։

– Ձեր ծնողքը, նախնիները Լիբանանի մէջ ինչո՞վ զբաղած են։ Ընտանեկան գործ ունեցա՞ծ էք։

– Իմ հայրս աշխատած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Ինքը Լիբանանի մէջ չէ աշխատած։ Մենք միշտ գացած-եկած ենք իրեն քով, ինքն ալ նոյնպէս գացած-եկած է։ Այսինքն՝ Լիբանանի մէջ աշխատանք չենք ունեցած։

– Հայաստան տեղափոխուելէ ետք սկզբնական շրջանին ի՞նչ գործերու ծրագիրներ իրականացուցած էք։ Ինչպէ՞ս որոշեցիք, որ սպասարկման ոլորտին մէջ պէտք է ձեր ուժերը փորձէք։

– Երբ ես տեղափոխուեցայ Հայաստան, ծնողներուս հետ չեմ եկած, մինակ եկած եմ, բայց մօրաքոյրս ու մօրեղբայրս այստեղ կ’ապրէին դեռ 1988 թուականէն։ Իրենց հետ ապրած եմ, ինծի ուղղութիւն տուած են՝ ինչո՞վ զբաղիլ, ի՞նչ ընել։ Սկսանք տարբեր գործեր մշակել՝ շինարարութեան հետ կապուած եւ այլն։ Տարիներու ընթացքին փոխուեցաւ ամէն ինչ։

– Այսօր արդէն որպէս յաջողած պիզնես կարելի է նշել քաղաքի կեդրոնը գտնուող Caffe Vergnano 1882 սրճարանը։ Կրնա՞ք համառօտ ներկայացնել սրճարանի ստեղծման պատմութիւնը։ Ե՞րբ հիմնադրուած է, ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպած էք։

-Նախ նշեմ, որ ընկերութիւն մը ունիմ, որ Իտալիայէն, Գերմանիայէն իմ գործընկերոջս հետ ապրանք կը ներածենք սուրճի, պաղպաղակի, տուրմի, հացի հումք, սարքաւորումներ։ Կը գործակցինք բազմաթիւ սրճարաններու, ճաշարաններու, հիւրանոցներու հետ։ Մենք արդէն 10 տարիէ տարբեր տեսակի ապրանքներու ներածում  կ’իրականացնենք, այս ոլորտին մէջ ենք։ Սրճարանը իտալական ֆրենչայզ է, արդէն 6րդ տարին է, որ կը գտնուի Հիւսիսային պողոտայի վրայ: Շատ դժուարութիւններ ունեցած ենք։ Ի դէպ, նշեմ, որ մինակ չեմ, ունիմ գործընկերներ Տուպայէն։ Տարբեր պատճառներով շատ դժուարութիւններ ունեցած ենք՝ կապուած երկրի իրավիճակին, մրցակցային դաշտի, հարկայինի հետ։ Բայց յաղթահարած ենք բոլոր խնդիրները, եւ այսօրուան դրութեամբ, կը կարծեմ, Երեւանի մէջ լաւագոյն սրճարաններէն մէկն է, որ ունինք։

Ընդհանուր քանի՞ աշխատող ունիք։

-Մօտաւորապէս 20 աշխատող։

Ինչո՞ւ մարդիկ պէտք է նախընտրեն Ձեր սրճարանը։ Առաւելութիւնները որո՞նք են։

– Իմ կարծիքով՝ առաջին հերթին սուրճի որակը եւ համը։ Աշխարհի մէջ լաւագոյններէն կը համարուի։  Կը կարծեմ, որ Հայաստանի մէջ լաւագոյն սուրճն է։ Բացի այդ՝ մենք ունինք մեր պատրաստած թխուածքները, ճաշերը, որոնք բոլորն ալ իտալական հումքով կը պատրաստուին եւ որակով ու լաւ ձեւով կը մատուցուին։

Պահանջկո՞տ են հայաստանցի յաճախորդները։

– Չափէն աւելի, այո՛։ Օրինակ՝ Եւրոպայի մէջ որեւէ ճաշարան կամ սրճարան, որ կ’երթաս, ամէն ինչը շատ հարթ է, քեզի չեն ըսեր, որ այս ինչ բանը սխալ է կամ քիչ է, շատ է, մաքուր չէ, եւայլն։ Բայց Հայաստանի մէջ այդ երեւոյթը շատ ծայրայեղ աստիճանի է, բայց չեմ գիտեր՝ ինչու։

-Սա լա՞ւ է, թէ՞ վատ։

-Կը կարծեմ՝ վատ, որովհետեւ չափազանցուած է։ Ուղղակի մեր մօտ այդ մէկը արտայայտելու ձեւը շատ կոշտ ու կոպիտ է։

– Ձեր խօսքին մէջ նշեցիք, որ Հայաստան տեղափոխուելէ ետք տարբեր գործերու ծրագիրներ իրականացուցած էք՝ յաջողած կամ ոչ։ Կը ցանկայի Ձեր կարծիքը լսել Հայաստանի մէջ ներդրումային դաշտի թերութիւններուն եւ առաւելութիւններուն մասին ու այս տարիներուն ընթացքին ի՞նչ փոփոխութիւններու ենթարկուած է։

-Երբ նոր սկսանք ես եւ իմ ընկերներս ներդրումներ ընել Հայաստանի մէջ, առաջին տարիներուն ինչ-որ չափով աւելի դիւրին էր, յետոյ եկաւ փուլ մը, որ աւելի դժուարացաւ։ Ի հարկէ, այդ դժուարութիւններու պահը, ցաւօք սրտի, միայն հարկայինի հետ կապուած եղած է։ Սա մարդոց ետ կը պահէ ներդրումներ ընելէ։ Չեմ կրնար ըսել, որ այդ փուլը 100 տոկոսով անցած է, որովհետեւ այսօր ալ հարկային դաշտին մէջ շատ խնդիրներ կան, ես ալ ունիմ, բայց հիմա չեմ ուզեր անդրադառնալ անոնց։  Յոյսով եմ, որ ամէն ինչ կը փոխուի, եւ մարդիկ կը սկսին աւելի շատ ներդրումներ ընել ու աշխատատեղեր ստեղծել։ Ի դէպ, մենք հիմա կ’աշխատինք նոր գործի ծրագիրի մը վրայ։ Մարտին կամ Ապրիլին կ’ըլլայ իտալական ոճով թխուածքի ու պաղպաղակի խանութի բացումը։ Այնուհետեւ պիտի բանանք գործարան, արտադրամաս, որուն փակագիծերը հիմա չեմ ուզեր բանալ։ Սկզբնական շրջանին մօտ 10 աշխատատեղ պիտի ստեղծենք եւ այդ ընթացքին պիտի տեսնենք՝ ինչպէս կը զարգացնենք, կը մեծցնենք ծաւալները, ինչպէս նաեւ արտահանում կ’իրականացնենք՝ որպէս հայկական ապրանք։

– Պրն. Քասսար, պետական աջակցութիւն եղած է ձեր գործը սկսելու եւ անոր հետագայ զարգացման ընթացքին։

– Ընդհանրապէս աջակցութիւն չէ եղած՝ ո՛չ անցեալին, ո՛չ այս պահուն։ Մենք ալ որեւէ ձեւով չենք դիմած օգնութեան, բայց ամէն պարագայի նուազագոյն աջակցութիւնը չենք տեսած։ Իմ կարծիքով՝ աջակցութիւնը կարելի է իրականացնել հարկային քաղաքականութեան փոփոխութեամբ։ Եթէ ինչ-որ մէկը նոր գործ սկսի, պէտք է աջակցիլ իրեն գոնէ հարկերը նուազեցնելով։ Բայց, ցաւօք սրտի, ոչ մէկ աջակցութիւն։

– Գործի մէջ յաջողելու համար ի՞նչ անհրաժեշտ է։

-Նախ կը կարծեմ, որ գործի ճիշդ ծրագիր պէտք է կազմել, մանաւանդ մեր ոլորտին մէջ՝ սրճարան, սպասարկում։ Շատ դէպքեր տեսած, լսած եմ. կը բանան գործ մը, ներդրումներ կ’ընեն, բայց մի քանի ամիս ետք կը փակեն։ Այդ կու գայ սխալ կառավարումէ ու սխալ ընտրուած վայրէ։ Մենք, փաստօրէն, ճիշդ ընտրութիւն կատարած ենք: Անոր համար է, որ մինչեւ այսօր կ’աշխատինք։

– Սպասարկման ոլորտին մէջ դիւրի՞ն է գոյատեւելը, մրցակցութիւնը սո՞ւր է։

– Երբ մենք սկսանք 6 տարի առաջ, գրեթէ մրցակցութիւն չկար, մի քանի սրճարան կար քաղաքին մէջ։ Յետոյ մենք մտանք շուկայ, մեզմէ ետք շատ-շատերը մտան։ Մրցակցութիւն ըսուածը, ցաւօք, Հայաստանի մէջ բոլորին մօտ չէ, որ ճիշդ կ’ընկալուի։ Այսինքն՝ եթէ ես սրճարան բանամ, ուրիշը չհասկնալով այդ գործէն, կու գայ եւ նոյն վայրը նորէն սրճարան կը ստեղծէ՝ փորձելով, այսպէս ըսած, քու գործիդ հարուած հասցնել ու այդպիսով շահիլ։ Ես այլ ձեւով կը մտածեմ։ Եթէ ես փողոցի մը վրայ սրճարան բացած եմ, ապա ինչքան շատ ըլլան սրճարանները, այնքան լաւ կ’ըլլայ բոլորիս համար։ Այսինքն՝ այդ հատուածը անընդհատ մարդաշատ կ’ըլլայ, օր մը իմ քովս կու գան, օր մը միւսին քով։ Եւրոպայի մէջ ալ ընդունուած է սա։ Փողոց կայ, որ 30 հատ սրճարան կողք-կողքի կ’աշխատին։ Ի հարկէ, ուրիշ մտածելակերպի մարդիկ ալ կան, որոնք կը հասկնան գործէն ու նոյն ձեւով կը մտածեն:

– Հայաստանը եւրոպական, արաբական երկիրներէն ինչո՞վ կը տարբերի՝ գործ ստեղծելու առումով։

– Ո՛չ Եւրոպայի, ո՛չ Ամերիկայի, ո՛չ ալ արաբական երկիրներու մէջ պիզնես ընելը դիւրին է։ Հարկային դաշտին մէջ դիւրին չէ Ամերիկայի եւ եւրոպական երկիրներուն մէջ, բայց տարբերութիւնը այն է, որ դուրսը հարկայինը կ’աջակցի նոր  ու նախօրօք ամէն ինչ պարզ դրուած է քու դիմացդ, գիտես, թէ ի՛նչ քայլեր պէտք է ընես։ Հայաստանի մէջ այդպէս չէ։ Հարկայինը կարծես կը սպասէ, որ սխալիս եւ ինքը գայ, տուգանքի ենթարկէ: Այս մտածելակերպը կ’աշխատի այստեղ, եւ ոչ աջակցելու մշակոյթը։

 

Արեւի Անուն Ունեցող Արփի Լիճը Եւ Հայաստանի Գիւղական Բնակավայրերու Ողջ Հմայքը… (լուսանկարներ)

«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ – 9 

Քրիսթինա Աղալարեան

«Զարթօնք»Ի Երեւանի Աշխատակից

Սառցակալած ու մառախլապատ ճամբան կը տանէր դէպի Շիրակի մարզ, իսկ աւելի որոշակի՝ Աշոցքի տարածաշրջան, Հայաստանի ամենացուրտ մարզի բնակավայրերը: Աշոցքը անցեալին անուանուած է Ղուկասաւան:
Մարզային կեդրոնէն կը գտնուի 35 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Բնակավայրը ծովի մակերեւոյթէն բարձր է 2006-2039 մեթր: Տարածքի աշխարհագրութիւնը բարդ է, կլիման՝ ցուրտ լեռնային: Ձմրան ցուրտ է՝ արտայայտուած տեղումներով, ամրան՝ զով՝ դարձեալ արտայայտուած տեղումներով, ամպրոպով: Աշոցք երթալու համար առաջին պայմանը տաք հագուստ ունենալն է:

Աշոցքի տարածաշրջանին մէջ տարուան ընթացքին ամպամած օրերու քանակը հիմնականօրէն Դեկտեմբեր եւ Յունուար ամիսներուն կը դիտուի: Մէկ օրը, ի հարկէ, բաւարար չէ տարածաշրջանի գիւղերը շրջելու, պատմութեան ծանօթանալու ու դիտարժան տեսաձայնագրութիւն պատրաստելու համար, քանի որ ամէն գիւղ ունի իր իւրայատկութիւնն ու հետաքրքրական պատմութիւնը:

Մեր շրջագայութիւնը սկսանք Աշոցք տարածաշրջանի Թաւշուտ գիւղէն, ուր տանող ճամբան դժուարանցանելի, քարուքանդ եղած: Գիւղի առաջին տան տանիքէն, որ նկատեցինք այդ քարուքանդ ու ցեխոտ ճամբաներէն ետք, ծուխ կ’ելլէր, տան բնակիչներն ալ վառարանի վրայ հայկական գիւղական ձեւով գետնախնձոր կը պատրաստէին: Ինչ խօսք, շատ հաճելի ժամանակ ներս մտանք տուն՝ ճամբայէն ինչ-որ չափով մսած ու քաղցած:

Թաւշուտցիները չափէն աւելի հիւրասէր ու հիւրընկալ մարդիկ են: Աւելին, Երեւանէն հարիւրաւոր քիլոմեթր կտրած ու իրենց գիւղը հասած հիւրերուն համար ոչինչ կը խնայեն:
Ուտելէ ետք, որոշեցինք շրջիլ գիւղը, տեսնել, թէ ինչ պատմական հետաքրքրական վայրեր կան: Առաջինը, որ նկատեցինք, ազրպէյճանական գերեզմանոցն էր, որ առանց վնասուելու պահպանուած էր ու մինչեւ օրս կը պահպանուի գիւղի իշխանութեան կողմէ: Թաւշուտցիները հիմնականօրէն գաղթած են Արեւմտեան Հայաստանէն, գիւղը հիմնադրուած է 1924 թուականին, սակայն, ինչպէս կ’երեւի տարածքէն, անիկա աւելի հին պատմութիւն կրնայ ունենալ: Գիւղին մէջ հիմնականօրէն կը զբաղին անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ:
Քալելով Թաւշուտ գիւղին մէջ չնկատեցինք, թէ ինչպէս հասանք յարակից Աղուորիկ համայնքը, ինչը ոչ պակաս հարուստ մշակոյթ ու պատմութիւն ունի: 2002 թուականին ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ հաստատուած է գիւղին մէջ պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու ցանկը՝ վաղ միջնադարեան ամրոցը, 19-20րդ դարու գերեզմանոցներ, 19րդ դարու եկեղեցի, ձիթահան:

Վաղ միջնադարեան ամրոցը, որ կը գտնուի սարի բարձունքին, ծածկուած էր ձիւնով, բարձրանալը ի հարկէ անհնար չէր, բայց դիւրին ալ չէր: Յաղթահարելով բարձունքը՝ տեսարանը հիասքանչ էր: Ամբողջ գիւղը եւ դաշտերը կարծես ոտքերուդ տակ ըլլան, տպաւորութիւնները աննկարագրելի էին: Անգամ անմարդկային ցուրտը մոռացութեան մատնուած էր գեղեցիկ տեսարանի առջեւ:

Գիւղի հիասքանչ պատկերով զմայլելէ ետք մուտք գործեցինք Աղուորիկի հիմնական ու միակ դպրոցը, ուր կը սորվի 24 աշակերտ: Մեր այցի պահուն աշակերտները անգլերէն կը սորվէին, բարձր առոգանութեամբ ու անգլերէնին յատուկ հնչողութեամբ կ’արտասանէին իրենց սորված իւրաքանչիւր բառը: Դպրոցի տնօրէն Կարէն Յովհաննիսեանի եւ ուսուցիչներուն հետ զրոյցը քիչ մը աւելի տխուր էր, քանի որ անոնք մտավախութիւն ունին, որ դպրոցներու օպտիմալացման (աւելի բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու քաղաքականութիւն) պարագային իրենց գիւղը կը զրկուի միակ դպրոցէն, իսկ դպրոցը դեռ շատ վաղուց եղած է գիւղերը պահող միակ միջոցը: Ամէն տարի պետական պիւտճէէն 12 մլն դրամ կը յատկացուի դպրոցի պահպանութեան համար: Սակայն դպրոցի շէնքը կը սահմանափակուի ընդամէնը մի քանի դասասենեակներով, ուսուցչանոցով ու սանհանգոյցով: Եթէ դպրոցները օպտիմալացնեն, Աղուորիկ գիւղի երեխաները ստիպուած պէտք է երթան ուրիշ գիւղի դպրոց, ինչը այս մարզին մէջ անհնար է: Ճամբաները ձմրան դժուարանցանելի են, փոխադրամիջոց չկայ, որպէսզի երեխաները տեղափոխէ գիւղէ-գիւղ, ընտանիքները չեն կրնար ամէն օր վարձակառքով իրենց երեխաները ուղեւորել դպրոց:

Կը պարզուի, որ կամ երեխան պէտք չէ յաճախէ դպրոց, կամ ընտանիքը պէտք է տեղափոխէ մարզային կեդրոն կամ աւելի մեծ քաղաք, ու գիւղը որոշ ժամանակ ետք կը պարպուի: Ուսուցիչները նոյն այդ հեռանկարէն կը վախնան՝ չհաշուած այն հանգամանքը, որ բոլորը գործազուրկ կը դառնան: Ուսուցիչները կ’ըսեն, որ պատրաստ են նոյնիսկ բողոքի ցոյցեր ընել, միայն թէ իրենց դպրոցը չտեղափոխեն այլ գիւղ:
Սուրճի սեղանի շուրջ հաճելի, տեղ-տեղ նաեւ տագնապալից զրոյցէն ետք ուղեւորուեցանք Արփի լիճ: Լիճ, որ ունի արեւի անուն, բայց եւ սառոյցի ու սառէ թագուհիին բնորոշ պաղութիւն: Լիճի տարածքը ծածկուած էր սպիտակով, եղանակը նոյն այդ պահուն +1 աստիճանի էր: Հետաքրքրական էր, որ լիճի մէկ հատուածը սառած էր եւ միւս հատուածի ջուրը, թեթեւ քամիէն զարնուելով, սառած էր ափին, կարծես ցոյց կու տար զուգահեռ իրականութիւններու գոյութիւնը: Լիճի մերձակայքը կ’ապրի աւելի քան 100 տեսակի թռչուն, որոնց մէկ մասը ներառուած է Կարմիր գիրքի մէջ: Եղանակը իսկապէս ցուրտ էր՝ համեմատած Հայաստանի միւս շրջաններուն հետ, սակայն սա չէր ստիպեր արագ հեռանալու տարածքէն, քանի որ տեսարանը այնքան չքնաղ էր, որ առաջին անգամ այցելողին համար նոյնիսկ մէկ օրը բաւարար չէ ամէն ինչ տեսնելու ու վայելելու համար:

Ամրան այս տարածքին զբօսաշրջիկներու հոսքը մեծ է, մշտապէս կը կազմակերպուին միջոցառումներ, փառատօներ: Տեղաբնակները, սակայն, կ’ըսեն, որ պէտք է աւելի զարգացնել զբօսաշրջութիւնը մարզին մէջ, քանի որ դիտարժան ու պատմական վայրեր այստեղ շատ կան, պէտք է պահպանել եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները: Գիւղէն հեռացանք ուրիշ տխրութեան զգացումով մը, չնայած անոր որ նորէն վերադառնալը բարդ չէ, այնուամենայնիւ Արփի լիճը եւ յարակից գիւղերը, որոնք սահմանակից են Թուրքիոյ եւ Վրաստանին, պէտք է գոնէ մէկ անգամ անպայման տեսնել ու ըլլալ այդտեղ:

ՅՈՒՐԻ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

ԱՒԵՏԻՍ ԲԱՅՐԱՄԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նոյեմբերի սկզբին մենք դէպի անմահութիւն ճանապարհեցինք իմ կարծիքով բոլոր ժամանակների հայ անուանի տիտղոսաւոր մարզիկ՝ գիւմրեցի ծանրամարտիկ ԽՍՀՄ-ի սպորտի վաստակաւոր վարպետ (ԽՍՀՄ  սվվ) Յուրի Վարդանեանին։

Ես այդպէս եմ կարծում, որովհետեւ իմ «Հայկական մարզադարան» գրքի վրայ աշխատելիս, որի 2-րդ լրացուած հրատարակութիւնը լոյս կը տեսնի 2019-ին, ես շփուել եմ մօտ 4500 մարզիկների եւ մարզական աշխարհի  հետ առնչութիւն ունեցող անձնաւորութիւնների նուաճումների հետ։

Խօսենք թուերով եւ փաստերով։

Յուրան 1975թ. աշխարհի եւ Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան է դարձել, սահմանելով իր առաջին համաշխարհային մրցանիշը, նրան շնորհուել է միջազգային կարգի սպորտի վարպետի կոչումը։

Նշենք, որ նա այս առաջնութիւնում յաղթել է ապագայ՝ 1976թ. Մոնթրէալի օլիմպիական խաղերի ախոյեան, պուլկարացի Յորդան Միտկովին։

1976թ. Յուրիի մարզիչ հօրեղբայրը Լենինականում հեռակայ մրցում է կազմակերպել Յուրիի եւ Մոնթրէալի օլիմպիական խաղերում հանդէս եկողներ՝ իր նախկին սան Վարդան Միլիտոսեանի (որն այդ ժամանակ մարզւում էր Յակոբ Ֆարաջեանի մօտ) ու պուլկարացի Յորդան Միտկովի միջեւ։ Հրաւիրել էր մարզական ղեկավարների, մասնագէտների, որոնք չեն եկել։ Այդ օրը, իր հարազատ քաղաքում, Յուրին երկամարտում ցոյց է տուել, 7,5 քկ. աւելի, քան Յորդան Միտկովը եւ 12,5 քկ. աւելի, քան Վարդան Միլիտոսեանը։

Օլիմպիական ախոյեան է դարձել Միտկովը, 2-րդ տեղը գրաւել է Միլիտոսեանը։

ԽՍՀՄ գաւաթի խաղարկութիւնում, նա կրկնել է Լենինականում ցոյց տուած արդիւնքը եւ մեծահասակների համար սահմանել 3 համաշխարհային նոր մրցանիշ՝ պոկում վարժութիւնում՝ 155,5 քկ. հրումում՝ 193 քկ. եւ երկամարտում 348 քկ.։

1976թ. Վարդանեանը երկրորդ անգամ դարձել է աշխարհի եւ Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան՝ 75 քկ. քաշում երկամարտում ցոյց տալով 335 քկ. արդիւնք։

1977թ. Յուրան առաջին անգամ դարձել է ԽՍՀՄ-ի ախոյեան, պոկում վարժութիւնում սահմանել համաշխարհային նոր մրցանիշ՝ 157,5 քկ.։ Այդ թուականին նա դարձել է նաեւ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան 75 քկ. քաշում, երկամարտի՝ 345 քկ. (152,5+192,5) արդիւնքով։

Նա դարձել է հայաստանցի աշխարհի առաջին ախոյեանը ծանրամարտից, ԽՍՀՄ-ի սվվ։

1978 թ. յաղթել է Մոսկուայում կայացած «Բարեկամութիւն» մրցաշարում 82,5 քկ. քաշում, սահմանելով 2 համաշխարհային մրցանիշ՝ հրում վարժութիւնում՝ 210 քկ. եւ երկամարտում՝ 375 քկ.։ Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան՝ 82,5 քկ. քաշում երկամարտի 377,5 քկ. արդիւնքով։

1979թ. ԽՍՀՄ եւ աշխարհի ախոյեան, սահմանել է համաշխարհային 3 մրցանիշ՝ պոկում վարժութիւնում՝ 171 քկ. հրումում՝ 210,5 քկ. երկամարտում՝ 377.5 քկ. Եւրոպայի առաջնութեան 2-րդ մրցանակակիր, զիջել է պուլկարացի Բլագօ Բլագոյեւին։ ԽՍՀՄ ժողովուրդների 7-րդ Սպարտակիադայի ախոյեան, (որը նաեւ ԽՍՀՄ ախոյեանի կոչում է) սահմանել է 5 համաշխարհային մրցանիշ՝ պոկում վարժութիւնում՝ 175,5 քկ. հրումում՝ 213 եւ 215 քկ. երկամարտում՝ 387,5 (175+212,5) եւ 390 քկ. (175+215)՝ Սոյն յաղթանակի շնորհիւ, Հայաստանի հաւաքականը գրաւել է 2-րդ տեղը՝ ՌԽԴՍՀ-ից յետոյ։

1980 թ. Յուրան դարձել է աշխարհի եւ Եւրոպայի առաջնութիւնների ախոյեան՝ «վրէժ»  լուծել Բլագոեւից։ Մոսկուայի օլիմպիական խաղերի եւ աշխարհի ախոյեան 82,5 քկ. քաշում։ Սահմանել է 5 համաշխարհային մրցանիշ երկամարտում՝ 400 քկ. (177,5+222,5)։ Միջին քաշային ծանրորդներից առաջինն է, ով նուաճել է 400 քկ.-ի բնագիծը։

1981 թ. ԽՍՀՄ-ի ախոյեան 90 քկ. քաշում։ Սահմանել է 3 համաշխարհային մրցանիշ, երկամարտում` 402,5 քկ., որը գերազանցում էր Դ. Ռիգերտի 5-ամեայ վաղեմութեամբ մրցանիշը։ Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան 82,5 քկ. քաշում։ Հրում վարժութիւնում սահմանել է համաշխարհային մրցանիշ՝ 223 քկ.։

1978-81 թթ. ճանաչուել է աշխարհի լաւագոյն ծանրորդը։

1982 թ. ԽՍՀՄ-ի ախոյեան 90 քկ. քաշում։ Սահմանել է 4 համաշխարհային մրցանիշ, պոկում՝ 190 քկ. հրում՝ 225 քկ. երկամարտ՝ 415 քկ. լրացուցիչ մօտեցումով հրում վարժութիւնից՝ 228 քկ.։ Աշխարհի եւ Եւրոպայի առաջնութիւնների 2-րդ մրցանակակիր 90 քկ. քաշում (մրցել է վնասուած ծնկով), որից յետոյ նա ենթարկուել է վիրահատութեան։

1983 թ. աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան 82,5 քկ. քաշում։ Պոկում վարժութիւնում սահմանել է համաշխարհային նոր մրցանիշ՝ 180,5 քկ.։

1984 թ. Եւրոպայի առաջնութեան 2-րդ մրցանակակիր։ «Բարեկամութիւն-84»ի մրցաշարի յաղթող՝ Վառնայում 82,5 քկ. քաշում։ Սահմանել է 5 համաշխարհային մրցանիշ երկամարտում, այն հասցնելով 405 քկ.ի։ Այս արդիւնքով նա անկասկած կը լինէր 1984 թ. Լոս Անճելըսի օլիմպիադայի ախոյեան, որտեղ յաղթողի՝ ռումինացի Պետեր Բեչերուի երկամարտի արդիւնքն էր 355 քկ.։ Յիշեցնենք, որ սոցիալիստական երկրները բոյկոտեցին եւ չմասնակցեցին այդ օլիմպիադային։

Այստեղ նշենք, որ այդ արդիւնքով, Վարդանեանը Լոս Անճելըսի օլիմպիադայի ախոյեան կը լինէր նաեւ յաջորդ 3 քաշային կարգերում (90 քկ. քաշում ռումինացի՝ օլիմպիական ախոյեան Նիկու Վլադի երկամարտի արդիւնքն էր 392 քկ., 100 քկ. քաշում գերմանացի՝ Ռոլֆ Միլզերի երկամարտի արդիւնքն էր 385 քկ., 110 քկ., 139 քկ. կշռող՝ աւստրիացի Դին «Դինկօ» Լուկինի երկամարտի արդիւնքն էր 412 քկ.։

Այս արդիւնքները վերցուած են 1984 թ. լոյս տեսած David Wallechinsky-ի “The Complete Book of the Olympics” տեղեկատու գրքից։

Այստեղ առաջ ընկնելով նշեմ, որ Յուրան հանգամանքների բերումով 4 անգամ օլիմպիական ախոյեան չդարձաւ (նա կարող էր ախոյեան դառնալ 1976 թ. Մոնթրէալի, ախոյեան դարձաւ 1980 թ.՝ Մոսկուայի, ինչպէս նշեցինք կարող էր դառնալ 1984 թ. Լոս Անճելըսի եւ 1988 թ. Սէուլի օլիմպիական խաղերում)։

1988 թ. Սէուլի օլիմպիական խաղերի ընտրական մրցաշարում ռուս Իսրայէլ Արզամասկովի հետ Յուրին ցոյց էր տուել միեւնոյն արդիւնքը, բայց հաւաքականի մարզիչները, ինչպէս միշտ, նախապատուութիւնը տուել են ռուս մարզիկին, որը եւ դարձաւ օլիմպիական ախոյեան։

1985-ին, 7-րդ անգամ դարձել է աշխարհի ախոյեան (82,5 քկ. քաշում)։

1988-91 թթ. եղել է ծանրամարտի միջազգային դաշնութեան կոմիտէի անդամ։

Նա հայ մարզիկներից բոլորից շատ՝ 7 անգամ եղել է ԽՍՀՄ 10 լաւագոյն մարզիկների շարքում։

Տարբեր մրցաշարերում Յուրի Վարդանեանը նուաճել է 111 ոսկէ մետալ, սահմանել 43 համաշխարհային մրցանիշ (որոշ լրատուական միջոցներում նշուած էր, որ 1985 թ. սահմանել է 43 համաշխարհային մրցանիշ, որը սխալ է, պէտք է լինէր, մինչեւ 1985 թուականը), այն 4-րդ արդիւնքն է ծանրամարտում։

Նշենք նաեւ, որ Յուրին տեղից ցատկել է 3 մ. 35 սմ., 30 մ. վազքում յաղթել է երկրի ուժեղագոյն վազորդներին, 100 մեթր տարածութիւնը վազել է 11 վայրկեանում, մի անգամ թռիչք բարձրութիւնից ցոյց է տուել 212 սմ. արդիւնք։

Նա մահացաւ Լոս Անճելըսում 2 Նոյեմբերի 2018 թ.։

Լոս Անճելըսում, Գիւմրիում եւ Երեւանում կայացան սգոյ արարողութիւններ։

Յուրի Վարդանեանը առաջին մարզիկն է ով թաղուել է Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնում։

«Ինչպէ՞ս ժամանակները կրնան փոխուիլ»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Դուն այն չես՝ որ կը խորհիս թէ կրնաս մնալ նոյնը մինչեւ վերջ. ոչ մէկ բան կը մնայ յաւիտեան»։

Ժողովրդային ասացուածք

 

Արնոլտ Շուացնեկըր ամերիկացի ծանօթ եւ համբաւ վաստակած Հոլիվուտի դերասան է, որ առաւելաբար կը մարմնաւորէ արկածախնդրական ժապաւէններ։ Եթէ ան ատակ է այդ տեսակի ժապաւէններու մէջ դերեր ստանձնելու, բայց նաեւ որովհետեւ կը յենի երեւի իր ֆիզիքական ուժին եւ մարմնի մկաններուն եւ անոնց ցուցադրութեանը։ Եւ իր այդ ուժը (եւ չափազանցուած ձեւով), ան դերեր կը ստանձնէ իր ֆիլմերուն մէջ, ուր կրնայ դէմ դնել ամբողջ բանակի մը եւ «ջախջախել» բոլորը։ Եւ ինչ խօսք, որ սինեմարուեստի սիրահարներուն մօտ ան ունի (եւ երեւի ունեցաւ) երկրպագուներ, որոնք կը հիանան իր խաղարկութեան թէ մկաններու ու ֆիզիքական ուժի ցուցադրութեանը։

 

Արնոլտ ժամանակ մը եղաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիայի նահանգի կառավարիչ։ Եւ իր այդ պաշտօնի եւ դիրքի օրերուն ան հիմնած է մեծ պանդոկ մը, որուն առջեւ նաեւ կառուցած է իր արձանը։ Երեւի յաւերժանալու եւ յաւերժացնելու համար իր անունը…։ Եւ արձանը, որ ցոյց կու տայ իր մկանները եւ մարմնի ուժը։ Այն՝ որուն վրայ ան հիմնեց իր բոլոր ասպարէզային այսպէս ըսած «յաջողութիւնները» եւ գոհացուց իր երկրպագուները։ Եւ այդ օրերուն, երբ տակաւին կառավարիչ էր, պանդոկի տնօրէնութիւնը չէր ուշացած իր հիացմունքը ցոյց տալու Արնոլտին եւ ըսած. «Երբ որ ուզէք գալ եւ հանգստանալ՝այս պանդոկը ձերն է»։

Եւ եկած է օրը։ Եւ տարիներու գլորումին հետ՝գլորած գացած է նաեւ Արնոլտի պատասխանատու պաշտօնը եւ դիրքը ու երեւի այսպէս ըսած իր ֆիզիքական ուժը եւ մկանները, որոնք կորսնցուցած են երբեմնի հիացմունքի այդ ուշադրութիւնը։ Եւ երբ Արնոլտ օր մը ուզած է պանդոկ իջեւանել՝ստացած է պատասխանը. «Պանդոկին մէջ տեղ չկայ»։

Արնոլտին բարկութիւնը (թէ նեղութիւնը) եւ կամ ալ սրտին ցա՞ւը։ Ան որոշած է իր արձանին տակ փռել վերմակ մը եւ պառկիլ նոյնինքն այդ տեղը…։ Այս ընելով, երեւի ուզեց ան արտայայտել իր զայրոյթը եւ բարկութիւնը։ «Ինչպէ՞ս ժամանակները կրնան փոխուիլ», ըսած է Արնոլտ։

«Երբ պատասխանատու դիրքի վրայ էի», կը շարունակէ Արնոլտ, «մարդիկ զիս կը յարգէին։ Բայց հիմա որ դիրքի վրայ չեմ՝ մարդիկ զիս մոռցած են։ Մի վստահիք ոչ ձեր դիրքին, ոչ ալ դրամին, ոչ ալ ուժին եւ ոչ ալ մտքին։ Ոչ մէկ բան կը մնայ յաւիտեան», եզրակացուցած է Արնոլտ։

Ուրեմն ի՞նչ բանի պէտք է վստահիլ…։ Եւ ի՞նչ բան կը մնայ յաւիտեան…։

 

Բայց կայ ուրիշ իրական կեանքէ տարբերակ մը, որ իմ փորձառութեան մէջէն է եւ ոչ ալ քաղուած ընկերային տեղեկատուութեան միջոցառումներէն՝ ինչպէս որ էր Արնոլտին պատմութիւնը։

***

Օգոստոս 2018, Ուելինկթըն, Նոր Զելանտա։ Պիտի խօսէի Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ ներկայութեանը մասին, եւ Աստուածաշունչի առաքելութիւնը այդ տարածաշրջանի մէջ։ Կազմակերպողը Նոր Զելանտայի Աստուածաշունչի Ընկերութեան մեր գրասենեակն էր եւ որուն հրաւիրուած էին մայրաքաղաքի տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդ։ Ինծի նաեւ իմացուցին, թէ Նոր Զելանտայի Կաթողիկէ համայնքի Գարտինալ-Առաջնորդ՝Ճոն Տիու արքեպիսկոպոսը նաեւ ներկայ պիտի ըլլայ ելոյթին։

Եթէ սրահը սկսաւ լեցուիլ, բայց ես կ՚ուզէի տեսնել թէ ո՞ւր պիտի նստէր Գարտինալը, որովհետեւ ոչ մէկ տեսակի կարգադրութիւն տեղի ունեցած էր այս առընչութեամբ։ Բայց չէ՞ որ ես կու գայի Միջին Արեւելքէն ու տակաւին Պէյրութէն։ Ուր համայնքային դրութիւնը եւ անոր հետ առընչուած ամէն տեսակի «փրոթոքոլային» կարգավիճակները պէտք էր ըստ պատշաճի կազմակերպուէր։

Ելոյթէն տասը վայրկեան առաջ սրահէն ներս մտաւ Գարտինալը։ Վիզէն կախած էր խաչը եւ ունէր կղերականի օձիքը։ Միայն այդքան։ Եկած էր իր անձնական ինքնաշարժով եւ առանց վարորդի։ «Կրցայ տեղ մը գտել եւ ինքնաշարժս կառատունի մէջ շարել»,– ըսաւ Գարտինալը,– «Բաւական խճողուած էր»։

Ինծի համար այս բոլորը նոր երեւոյթներ էին եւ երեւի տարօրինակ։ Եւ դարձեալ մեկնելով իմ միջին-արեւելեան կենցաղէն եւ պատշաճեցումներէն։ Բայց պէտք էր սպասէի տակաւին աւելի անակնկալներու։

Գարտինալը առանց ուղեկցութեան նստեցաւ ժողովուրդին հետ եւ երրորդ շարքին մէջ։ Եւ ինձմէ խնդրուեցաւ, որ ես նստիմ առաջին շարքը, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ բեմ բարձրանալը, նկատի ունենալով որ պէտք էր դասախօսէի։ Բայց, ինչ խօսք, այդ մէկը եղաւ մէկ մեծ մարտահրաւէր՝ չըսելու համար ճգնաժամ։ Ես առաջին շարք, իսկ Գարտինալը… երրո՞րդ։

Դասախօսութենէ ետք՝ Գարտինալէն խնդրեցին, որ յատուկ աղօթք մը մատուցէ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ ներկայութեանը համար։ Ե՛ւ աղօթքը ե՛ւ աղօթքին մէջէն դուրս եկած Գարտինալին հոգին, ցոյց տուին անոր Քրիստոնէական ու հոգեւոր զօրաւոր գիտակցութիւնը եւ հիմքը։ Շատ յստակ էր թէ Գարտինալին համար ինչ էին իր կեանքի առաջնահերթութիւնները եւ թէ ինչ արժէքներ կ՚ուզէր ան փոխանցել ժողովուրդին եւ համայնքին։

Ելոյթէն ետք ուզեցի խօսիլ Գարտինալին հետ։ Ուզեցի լսել անոր կենցաղին, բայց նաեւ կեանքին եւ հաւատամքին մասին։ Եւ իր կեանքի կոչումը եւ ծառայութիւնը ան դրաւ նաեւ մէկ նախադասութեան մը մէջ, ինչպէս որ ինք ըսաւ. «Ես պարզ KIWI BLOKE մըն եմ»։ Գիուին՝ Նոր Զելանտայի ազգային խորհրդանիշ թռչունն է։ Իսկ Պլոքը՝բարբառ է, որուն արտայայտութիւն-նշանակութիւնը կը պարփակէ որպէս «պարզ անհատ»։ Ան՝ Գարտինալը Նոր Զելանտայի իր ժողովուրդին, ինքզինք խորհրդանշեց իր երկրի ազգային թռչունովը՝պարզ անհատն է…։

Ու դարձեալ հարցումը։ «Ի՞նչ բանի վստահիլ»։

Վստահիլ անոր, որ կը փոխուի ժամանակի հետ եւ յաւիտեան չի մնար։ Թէ Այն՝ ու Անոր՝որ մնայուն Արժէք է եւ որ կը մնայ յաւիտեան։

***

2018 տարին արդէն անցաւ եւ կամ շուտով պիտի անցնի պատմութեան առանցքին։ Եւ այս շրջանին միշտ ալ հետամուտ ենք նայելու անցած տարուան եւ երեւի տարիներուն եւ հարց տալ թէ ի՞նչ ըրինք եւ ի՞նչ շահեցանք ու կեանքէն ի՞նչ մնաց…։

Եւ այս հարցումներուն մէջէն արժէ միանալ մեծ բանաստեղծին եւ անոր նոյնքան մեծ հարցումին. «կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց…»։ Բայց ունինք ապահովութիւնը, թէ այս հարցումը անպատասխան չմնաց։ Եւ դարձեալ բանաստեղծը՝ «այն որ տուի ուրիշին…»։

Եւ բանաստեղծին պատասխանը իրական է եւ ոչ երբեք երեւակայական եւ կամ անհասանելի։ Որովհետեւ կայ մեծ ապրող օրինակը «ուրիշին տալու» իրականութեանը» մէջ։ Եւ այս՝մեր Քրիստոնէական Աստուածաբանութեանը հիմքը՝Աստուծոյ մարդեղութեամբ իրականացած օրինակն է։ Հոն ուր Քրիստոս աշխարհ եկաւ եւ իր կեանքը «ուրիշին տուաւ» որպէսզի «ուրիշ»ը աւելի նոր եւ աւելի տարբեր եւ յաւիտենական (ու ժամանակին հետ չվերջացող) կեանք մը ունենայ։ Եւ այս նոր կեանքը մեծ Արժէքի վրայ հիմնուած է՝ ուր «ուրիշը»՝ ես, դուն եւ բոլորս այս Արժէքով կը նորոգուինք եւ նոր կեանք կը ստանանք ու կը դառնանք նոր ու նորոգուած մարդ։ Եւ այս Արժէքի կեանքի իւրացումովն  է որ մենք կը դառնանք «կարեւոր» անձեր՝անկախ թէ ի՞նչ դիրքի ու համբաւի վրայ կը գտնուինք։ Եւ տակաւին որքա՞ն ընդունուած եւ կամ ոչ՝ մարդոցմէ ու հաւաքականութենէ։ Որովհետեւ այս նոր կեանքի Արժէքը «վստահելի» է եւ ժամանակի սլացքին հետ սահմանափակուած չէ։ Եւ որ նաեւ այս կեանքը անձնակեդրոն եւ ինքնամփոփ ու ինքը իր մէջ կեանք մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ։ Եւ «ուրիշին տալը» կը սկսի անձէն, որ կը նորոգուի եւ ապա կ՚անցնի ու կը փոխանցէ՝ իմա կը կերտէ նոյնը ուրիշին համար։ Կարելի չէ, որ եթէ անհատը ինք չէ նորոգուած կրնայ նորոգել ուրիշը։ Եւ այս երկկողմանի իրականութեան մէջէն է որ պէտք է տեսնել թէ Քրիստոնէական «ուրիշի տալը»  կեանք մըն է, որ նաեւ կը նորոգէ մարդկութիւնը եւ հաւաքականութիւնը եւ ուր նոյն այս նոր ու նորոգուած մարդը անդադար կ՚արտադրէ Արժէքի վրայ հիմնուած նոր կեանք(եր) եւ այս իր համապարփակ հասկացողութեանը մէջէն։

Արնոլտը իր ապրած փառքի օրերէն ետք ապրեցաւ ու երեւի տակաւին կ՚ապրի յուսախաբութիւնը…։ Նոյնինքն, իր իսկ շինած կեանքին եւ անոր համբաւին մէջէն, որ սահմանուած էր ժամանակի պայմաններուն մէջ։ Գարտինալը կ՚ապրի իր պարզ անհատի կեանքը, իր իսկ բառերով՝«Գիուի Պլոքը»…։ Բայց կ՚ապրի կառչելով իր իսկ կեանքին համար հիմքը դարձուցած հաւատքովը։ Հաւատքի գիտակցութեամբը որ կ՚անցնի բոլոր ժամանակները։

«Ինչպէս ժամանակները կը փոխուին»։ Այո, բայց կայ Արժէքը որ չի փոխուիր։ Եւ բոլոր ժամանակներուն մէջէն եւ որ իրական դարձաւ Աստուծոյ աշխարհ գալովը։ Եւ նոր կեանքի գիտակցութեամբը։ Հոն ուր Քրիստոս՝ մարդեղացած Իր կեանքով՝ստեղծեց նոր կեանքը մարդուն համար, որ յաւիտեան է եւ չի փոխուիր։

Եւ ընտրանքը մերն է։

Արնոլտին համբա՞ւը։ Ո՞ւժը՝ դի՞րքը։ Ու անոր պատճառած յուսախաբութի՞ւնը։ Թէ Գարտինալին «պարզ մարդու» կեանքը։ Որ հիմնուած է նոր կեանքի Արժէքին ու անոր հաւատամքին եւ հիմքին վրայ։

Արժէքը՝ու Արժէքի այս կեանքը։ Որ պէտք է ապրիլ, ապրեցնել եւ կերտել։ Կերտել նոր Արժէքի կեանքերը։

«Այն որ տուի ուրիշին»։ Քրիստոս մեզի տուաւ Արժէքի կեանք մը։ Եւ եթէ այս կեանքը մեզի համար է եւ որ նաեւ պէտք է որ տանք ուրիշին։ Բոլորին։

Եւ այս Արժէքով է, որ կեանքեր կը կերտենք։ Իմ, քու եւ անպայմանօրէն բոլորիս։ Եւ որ «ժամանակներու հետ չի փոխուիր…»։

 

ԿՐԱԿԻ ՄԻՋՈՎ՝ ՅՈՅՍԸ ՍՐՏՈՒՄ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ես չէի տեսել լացող տղամարդ: Բայց նա լալիս էր հոգու խորքից դառնութինը դուրս տալու, թէ ներսի ահռելի ցաւից ազատուելու յոյսով: Քանի որ իր աչքով էր տեսել մեռնող քաղաքներ:
1988: Երկրի շարժում: Հողի ճեղքուածք: Մարդկային կորուստ եւ աւեր, աւեր, աւեր…

1988-ի Դեկտեմբերի 7… մէկ օր անց:

Գիշերը սարսափների ու անյուսալի խաւարում: Երեխաներ երեք եւ հինգ տարեկան: Տղամարդը, որ շտապել էր օգնութեան երկրաշարժից տուժած շրջաններ` բնականաբար մենակ էր թողել կնոջը երեխաների հետ, ինչպէս տատս կ’ասէր «չոլերում» այսպէս էին կոչում տներից հեռու գտնուող նորակառոյցներին: Ոչ հանգիստ գիտէինք` ոչ խաղաղութիւն: Գիշերուայ երեքն էր:
Յանկարծ մի սահմռկեցուցիչ ձայն սողոսկեց ուղեղս:

– Վե՛ր կացէք, շո՛ւտ: Դո՛ւրս եկէք տներից: Սեւ շէնքից հաղորդել են, որ կրկնւում է: 
Տղամարդը բամբ ձայնով գոռալով անցնում էր թաղից թաղ`տեղեկացնելով մարդկանց, թէ իբր հաղորդել են: «Սեւ շէնք» կոչուածը Ալիխանեան եղբայրների հիմնած տիեզերական ճառագայթներ ուսումնասիրող լաբորատորիան էր, որ տեղակայուած էր Արագած լերան ստորոտին եւ բարձր հեղինակութիւն ունէր գիտական ծաւալներում: 

Արթնացրի երեխաներին: Խաւարն ու վախը խոչընդոտում էին` կողմնորոշուել: Իրականութիւնը այլ որակ ու մի տեսակ շօշափելի տեսք էր ստացել: «Կինը` վատառողջ` երեխաները խնամքի ու կարիքի մէջ»:

Մեր, ու մի հեռու հարեւանի տները իրարից բաժանում էր ձորը: Ահռելի, հուժկու ջրի աղմուկն ականջներիդ մէջ` վախի ու խաւարի հետ` ու դէպի իբրեւ թէ` փրկութիւն: Պէտք էր հեռանալ պատերից` դէպի ազատ տարածութիւններ: Լաց եղայ` դառը: Ե՜ս, որ այնքան ուժեղ էի` գիտակից, բայց եւ բարկացած` մեզ մենակ թողած տղամարդուն մեղադրելով: Իսկ նա շտապել էր օգնութեան: Խղճիս դէմ մի բան: Ձեռքի փոքրիկ ռադիոյից լսած բառակապակցութիւնը նորից գլուխ բարձրացրեց իմ մէջ` «բազմահազար զոհեր»: Օ՜հ… ո՜չ… ազատիր մտքից այս… Տէ՜ր: Գոռացի ու փակեցի ականջներս: Լաւ էր, որ խուլ լինէի: Բայց յանկարծ ձայներ լսեցի: Հակառակ կողմից մարդիկ էին շարժւում դէպի ձոր: Ես պահեցի շունչս: Երեխաներս լաց էին լինում: Կիսատ-պռատ հագուստներով` մի կողմում ցուրտն էր ու գետինը սառած, միւս կողմում կոտրուած ու վախեցնող իրականութիւնը, որ այնպէս անակնկալ յարձակուել էր հայ մարդու վրայ:

Հարեւանս մեզ օգնութեան էր շտապել` ձորն անցնելով: Առաւ երեխաներիս թեւերի տակ` խրուելով ու ելնելով դուրս եկանք ձորից: Նրա երեխաներն էլ երեքն էին: Կնոջ, սկեսրոջ, սկեսրայրի հետ իջեցրել էին նաև անկողիններ ու փռել սառած գետնին: Յետոյ կրակ վառեցին: Բայց անկրակ էին մարդկանց սրտերը: Երկրաշարժը Հայաստանում էր: Նրա արձագանգներն աշխարհի հայութեան սրտում…

Ինչ էր կատարուել: Քանի կեանք էր հարկաւոր, որ մարդկութիւնը կարողանար սառնասրտօրէն յիշել արհաւիրքը: 

Նոր տարի էր: Անբացատրելի տտիպ նոր տարի: Ես չէի տեսել լացող տղամարդ: Բայց տեսնում էի լացող աշխարհ եւ յիշողութիւն, ու ամրագրուել էր ապրելու կամքին…

ԼԵՆԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Բիւրական

 

ԽՈԿՄՈՒՆՔ ԱՌ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Տարիների ներդաշնակ հերթագայութեամբ հեռանում են մեզնից ժամանակները՝ իրենց հետ տանելով պատմութիւններ ու ապրողներին աւանդելով միայն ծխացող յուշեր: Ու որքան էլ զօրաւոր է ժամանակը, միեւնոյն է, անկարող է ջնջել հայի գիտակցութիւնից  ութսունութը, որն, արհաւիրք դարձաւ ու նրա կենսագրութեան յորձանուտներում մէկընդմիշտ դրոշմեց «աղէտի գօտի»-ին՝ որպէս մի դառը իրողութիւն:

Ինձ վիճակուած էր ծնուել ութսունիննի Դեկտեմբերին՝ երեւի որպէս ոխ ու վրէժ, իմ տեսակի գոյութեան  ու շարունակութեան հրամայական: Ես չեմ տեսել Գիւմրիի պատուհասը, բայց ամէն անգամ, երբ պապիս կապտալուրթ աչքերը թացոտւում էին այդ ծանր յիշողութիւններից, ես էլ էի յուզւում: Յետոյ միայն պիտի բացայայտէի, որ մայրս հէնց այնպէս չէր երգում՝ «Քեզ համար նոր գարուն կը գայ…»:

Երեսուն երկար ու ձիգ տարիներն անդրդուելի համաբանութեամբ համբուրեցին ճակատը պատմութեան՝ էջերին դրոշմելով գոյութեան հաստատուն կնիքը հայի, որն ապրում է գոյամարտի սկզբունքով միայն: Վերջին երեսնամեակը պայքար էր բնութեան դէմ, պայքար էր՝ խռոված բախտից, բնութիւնից, Աստծուց: Ու էլի յաղթեց հայը՝ հպատակուած իր անժխտելի ճակատագրին: Ինչե՜ր միայն չտուեց Գիւմրին այս երկրաշարժին: Գիւմրի՜ն… Նա երկինքներին նուիրեց Շիրազ, Իսահակեան, Մհեր Մկրտչեան, բայց որքա՜ն ֆրունզիկներ նրանից խլեց հողը, քանի՜ Շիրազներ: Որքա՜ն մարդ

զոհուեց ու խեղանդամ մնաց ու որքանն էլ խեղուեցին իրենց կորստից: Սա այն հողն էր, որ գիւմրեցին չլքեց անգամ երկրաշարժից յետոյ: Սա այն հողն էր, որ գիւմրեցին չատեց: Ամէն բան խլեց այս հողը, բայց երեսուն տարի անց գիւմրեցուն գտնում ես դարձեալ այս հողի վրայ ծիծաղը շուրթերին ու ստեղծագործ, արարումով հարուստ:

Երեսուն երկար ու ձիգ տարիներ անց ի՞նչ է փոխուել սակայն. մեծ հայի մարգարէութիւնն իրագործուեց՝ նոր գարունն եկաւ, ու չնայած դրան, Գիւմրին դեռ կրում է իր ծանր խաչը: Երեսուն տարի անց դարձեալ տագնապ ու անվստահութիւն կայ հին ու նոր կառուցուող շէնքերի սեյսմիկ անվտանգութեան վրայ: Անգամ եթէ փորձենք ստուերել այն հոգեւոր խեղուածքը, որ բաժին էր ընկել երկրաշարժի գօտուն, մինչեւ օրս անլուծելի են մնում մարդկանց տնակային խնդիրներն ու սոցիալական կեցութեան հարցերը, որոնք, անշուշտ, ուշադրութեան են կարօտ: Կրթական, մշակութային, արհեստագործական, ճանապարհային ու արդիւնաբերական,  առողջապահական, ջրամատակարարման, կազաֆիքացման, ճարտարապետական խնդիրների լուծմամբ միայն կը սպիանան գիւմրեցու մղկտացող վէրքերը, որոնք մնում են որպէս նիւթական ու շօշափելի յիշողութիւններ ա՛յն ութսունութից, ա՛յն Դեկտեմբերից… ա՛յն:

Գիւմրին կարօտ է մշակութային ու տնտեսական այն զարթօնքին, որից իրեն յատուկ զօրութեամբ պիտի ծիծաղի ու …

«Թէ Աստուած ժաժքից մեզ կարօտ պահէ

Գիւմրին աշխարհին ուխտի կը կանչէ»:

ՔԱՂՑՐԻԿ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Երեւան

 

 

ՄԻ ՆԿԱՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ 30 ՏԱՐԻ ԱՆՑ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ես պատից կախուած երջանիկ նկար էի: Ընտանեկան ամենապայծառ նկարներից մէկը, ով զարդարում էր ու ջերմ յիշողութիւներ պահում տանը: Ես վերջերս էի աւելացել սենեակում, նորեկ էի` ի նշան տանը նորածնի յայտնուելու պատուին… Եւ այսպէս ամէն օր ինչպէս նկարում էին ժպտում`հայրը գրկած երկու բալիկներին, տատիկը ուրախ ժպտալով, եւ մայրիկը փոքրիկ բարուրը գրկած… այդպէս էր նաեւ տանը, ինչ աշխուժութիւն էր տիրում, հայրիկը շտապում էր աշխատանքի, տատիկը չարաճճի բալիկներին արագ պատրաստում էր մանկապարտէզին, իսկ մայրիկը կենարար կաթով կերակրում էր նորածնին, իսկ տանը տարածւում էր տաք թէյի աննկարագրելի անուշ բոյրը:

Նոյն այդպիսի օրեր էր, երբ յանկարծ հնչեց մի ահեղ, խլացնող սարսափելի աղմուկ… ես վայր ընկայ… շուրջս ամէն ինչ մթնեց, մի խուլ լռութիւն տիրեց, քարացաւ ամէն բան… խուլ լռութիւն տիրեց, եւ յետոյ  աղմուկ, ամպրոպ ու ճիչ… Ես ցաւ էի զգում… բայց չէի հասկանում թէ ինչ է կատարւում շուրջս, թէ ինչու ինձ չէին վերցնում եւ նորից պատին փակցնում, ինչու էր լուռ ու անարձագանգ հոգատար մայրիկը, երբ այդպէս աղիողորմ աղերս արձակող ձայնով լացում էր մանկիկը: Զգում էի ծանր ժամեր եւ միայն գիշեր… կողքից լսելի հառաչանքներ, տնքոցներ… ողբ էր ամէն ուր, աղմուկ ու փնտռտուք… Օգնութիւն աղերսող ձայներ ամէնուր էին, բոլոր կողմերից եւ ոչ ոք չէր տեսնում ով է ում բարեկամը` այստեղ բոլորին էին իրար բարեկամ… Ես միայն լսում էի, ես նկար էի եւ չէի կարող ձայնել, իսկ փոքրիկի ձայնը նուազում էր ու դառնում արդէն անլսելի… Լսեցի ոտնաձայններ, դէպի մեզ եկող, մի յոյս արփնացաւ, բայց խրպոտ, տխուր ձայնով ասաց կենդանի որ ոք չկայ… իսկ այս կողմում ոչ ոք չկայ… ես տխուր ձայնով խնդրում էի օգնէք մանկիկին, նա այնքան փոքր է… զգացի խլրտոց, մէկը փորում էր… լուսաւորուեց արեւի լոյսով, որը աչք էր կուրացնում այդքան մթութեան մէջ մնալուց յետոյ… խելացի շունը առել էր բերանի մէջ մանկիկին եւ հեւում էր, փրկարարները մեր կողմ վազեցին… շոյեցին շան գլուխը եւ տաք ադեալով ծածկեցին փոքրիկին ով պայքարում էր կեանքի եւ մահուան համար… ինձ էլ նկատեցին, վերցրեցին, մաքրեցին փոշին ու լացակումած ասեցին, որ ես եւ նորածինն ենք փրկուել ողջ ընտանիքից… ես առաջին անգամ արտասուեցի… ընտանիքի  ամէն գեղեցիկ պատմութիւնը աչքերիս առաջ եկաւ, չէ որ ամէն օր ես լուռ հետեւում էի եւ նրանց հետ ժպտում, լսում նրանց երազանքների եւ նպատակների մասին… Մի բարի ընտանիք որդեգրեց փոքրիկին, ես չկարողացայ ասել նրա իսկական անունը, որով կնքուել էր… նրան այլ անուն տուեցին, այլ ճակատագիր… Փառք Աստծոյ ինձ չբաժանեցին փոքրիկից եւ կրկին իր սենեակում դրուեցի… մի գեղեցիկ անկիւնից ես հետեւում էի իմ սիրելի մանկիկի օրը, նրան պատմում հեռու օրերի հեքիաթը, որ այդպէս էլ նա չիմացաւ… բայց ամէն գիշեր քնում էր այդ հեքիաթը լսելով… հիմա մեծացել է, ուղիղ 30 տարեկան է դարձել իմ տղան եւ իր փոքրիկի առաջին քայերին է հետեւում նա… ես էլ իր ծնողների օրհնանքը փոխանցում այս օրհնուած, խելացի աչուկներով բալիկին եւ աղօթում որ յաւերժ շարունակուի, օրհնուի ու ուրախութեան ճիչերով լցուի գերդաստանը… գուցէ այդ ժամանակ  իմ ականջներից յաւերժ չքանայ այն աղմուկը, ողբը, ճիչը եւ լացը, որ արդէն 30 տարի ապրում է ականջներումս եւ նկարից ժպտացող իւրաքանչիւրի աչքերում…

ԹԵՀՄԻՆԷ ԱՒԵՏԻՔԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մարտունի, 2018

 

Պարտադրուած է ժպտալ Հատուած «Օջախիս երկրաշարժը» վիպակից

Սպիտակի երկրաշարժին 30-րդ տարելիցին առիթով

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- …Երևանի մանկական վնասուածքաբանութեան հիւանդանոցի բժիշկները վերջապէս հաստատեցին, որ որդուս կեանքին այլևս վտանգ չի սպառնում: Արդէն երկրաշարժի երրորդ օրն էր սկսւում:

Ես ճիշդ այն պահին վերադարձայ Սպիտակ, երբ փրկարարներն սկսել էին մաքրել կենտրոնում գտնուող մեր բազմաբնակարան շէնքի իմ բնակարանը: Նրանցից մէկն ինձ յանձնեց աղջկաս ջութակը: Միւսը, նկատելով յուզմունքս, մի կողմ քաշեց ինձ ու փորձում էր հանգստացնել, ասելով, որ կնոջս երէկ հանել են փլատակների տակից և տեղափոխել են Երևան: Մտքում տարակուսում էի: Չէի հաւատում, որ այս հսկայական քարակոյտերի վերածուած շէնքի փլատակներից որևէ մէկը փրկուած լինի: Մտածում էի՝ ստում է երևի, որ չխելագարուեմ… Իմ բարեկամներից մէկն էլ մօտեցաւ ու, ոչ այս, ոչ էլ այն.

– Սիրանուշը մեռել է: Դիակը Էջմիածնի բարեկամներիդ տանն է…

Նրա կոշտ ու կոպիտ, զգացմունքից զուրկ լուրը յայտնելու «հարուածը» սրտիս մէջ կարծես ինչ-որ բան կտրեց: Ոտքերս թուլացան: Ես չկարողացայ ոտքի վրայ կանգնած մնալ: Ինչ-որ մէկը նստեցրեց ինձ քարերի վրայ ու ամուր գրկեց, այդպէս պահելով երկար ժամանակ:

Տարիներ անց, յաճախակի մտաբերելով սրտախողխող այս մահագոյժի «բանբերին», մտածում եմ, թէ որքա՜ն մարդկային զգացմունքներից զուրկ ու գռեհիկ մարդկանցով ենք շրջապատուած մենք՝ նրբազգացներս: Դէ՝ հաստ ու բարակ, մի գին է: Վայ բարակ մանողներին…

…Քիչ յետոյ ուշքի եմ գալիս ու լսում, թէ ինչպէս են հօրս դիակը հանում ու դագաղ են փնտռում նրա համար: Այդ օրերին դագաղով թաղուելը երջանկութիւն էր համարւում… Ոչ մէկին դեռ յայտնի չէր, որ մայրս նոյնպէս զոհուել է: Փրկարարների հետ հօրս դագաղը գերեզմանոց տեղափոխելուց յետոյ ես ուղևորուեցի Երևան: Որդուս տեսակցութեան գնալու ճանապարհին ինձ «յաղթեց» ճշմարտութիւնն իմանալու մարմաջը և քայլերս ուղղեցի դէպի այն հիւանդանոց, որտեղ պէտք է կինս լինէր: Ընդունարանի պատերին փակցուած էին հիւանդանոց ընդունուած վիրաւոր աղէտեալների անունները: Կնոջս անունը երկար փնտռեցի: Չկայ ու չկայ: Մա՜րդ Աստծոյ: Աչքերիս դէմն էլ կարծես մառախուղ է կուտակուել: Թանձր ու անդուր մառախուղ, որի մէջով ոչինչ չեմ կարողանում նշմարել: Ինչ-որ մէկը կարդում է կնոջս անունը և ուրախացած բացագանչում.

– Երկրորդ յարկի ութերորդ հիւանդասենեակում է: Գնացինք,– ասում է կողքը կանգնած կնոջն ու շտապում վերև: Ես հետևում եմ նրանց: Գնում եմ դաժան իրականութեան հետ «առերեսուելու»: Ես ներս չեմ մտնում: Միջանցքից երկար ժամանակ նայում եմ մահճակալի մէջ կիսանստած կնոջս: Տեսնում եմ նրա աղաւաղուած ու այլափոխուած դէմքը, դատարկութեամբ լցուած աչքերը, գզգզուած ու անխնամ մազերը: Զգում եմ նրա ծանր շնչառութիւնը, նշմարում եմ աշխարհից անէացած նրա տեսքը…

Աստուա՜ծ իմ, ինչպէ՞ս ներս գնամ: Ինչպէ՞ս սփոփեմ փլատակների տակ երկու օր ու գիշեր «գերեզման մտած» իմ թանկագին էակին: Մխիթարանքի ի՞նչ խօսքեր գտնեմ ասելու դժոխքից «ազատագրուած» և այդ դժոխքում երկնային դրախտի բաժին դարձած մեր սիրելի աղջնակին կորցրած մօրը: Ինչպէ՜ս…

Ինչպէ՞ս…

Յիշեցի՜ թէ ինչպէս:

Մտաբերեցի իմ կուռքին՝ Վարդուհի Վարդերեսեանին: Հեռաւոր անցեալում, մի դրամայի բեմադրութեան մէջ, մահացու հիւանդին այցելելու համար բեմ էր մտնում ծաղկեփնջով և, բեմադրողի կամքին հակառակ՝ պայծառ ժպիտը դէմքին: Բայց… ողբերգութիւնը սրտում ու աչքերի մէջ թաքցրած:

– Թէկուզ ձևականօրէն ժպտալով: Բայց ժպիտը հիւանդի հոգու մէջ յոյս կը ներարկի, նաև՝ ապրելու հաւատ,– իր իւրօրինակ մեկնաբանութիւնն այս կերպ էր պատճառաբանում մեծանուն դերասանուհին:

…Ես ժպտալով ներս մտայ, թէև դանակ տաս՝ մի գրամ արիւն չէր կաթի… Մտայ կսկիծը սրտիս մէջ, ողբս պահ տալով հոգուս գաղտնարաններում:

Ես չսպասեցի, որ նա հասցնի ողբ ու կոծ անել: Փարուեցի նրան և սկսեցի համբոյրներս ցօղել դառնութեամբ լցուած աչքերին, վիրաւորուած ու արիւնլուայ դէմքին, ջարդ ու փշուր եղած ձեռքերին: Իսկ նա անարցունք ու սմքած աչքերով ինձ էր նայում անկուշտ ու երկար, կարծես ինքն իրեն համոզելով, որ ես կամ, տեսնում է ինձ: Որ ե՛ս էլ, քչերի պէս, փրկուել եմ իրենց փրկելու և ուժ հաղորդելու համար:

Յանկարծ նա երկու ձեռքով հաւաքեց պիջակիս օձիքն ու անձայն գոռաց.

– Սիրանո՜ւշս… Նրան թւում էր, թէ գոռում է: Այդպիսի «տարօրինակ գոռոց» ես չեմ լսել երբեք: Այն աւելի շատ խզուած շշուկի էր նման, որ միայն երազների մէջ է պատահում: Հոգեցունց, սոսկալի երազ, որից ազատւում են միայն… արթնանալով: Արդեօ՞ք սա էլ մի անգութ երազ չէր:

– Արթնացի՛ր, թանկագինս: Յանուն մեր փրկուած միակ որդու, արթնացի՛ր: Ես փրկել եմ նրան, դու էլ՝ ապրելու հաւատ պիտի տաս,– կնոջս գրկած, էլի ժպտալով ասում եմ:

Յանկարծ նշմարում եմ նրա աչքերի նախկին փայլից մի նշոյլ: Ոչինչ, որ ջարդուած ու կտոր-կտոր: Ուրեմն՝ կեանքը դեռ կանգ չի առել: Մենք պէտք է ապրենք ու ապրեցնենք մեր որդուն:

Կնոջս առողջութիւնն այնքան էլ բարւօք չէր: Մի քանի օրից կտրուկ վատացաւ: Բարեկամներիցս մէկին խնդրեցի հիւանդանոցում զբաղուել որդուս խնամքով և իմ սեփական նախաձեռնութեամբ կնոջս անմիջապէս տեղափոխեցի Մոսկուա:

…Սկլիֆասովսկու անուան հիւանդանոցում բազմաթիւ վիրաւորներ կային աղէտի գօտուց: Նրանց թւում՝ քրոջս որդին՝ Սամուէլն ու նրա կինը՝ Կարինէն: Իւրաքանչիւրն իր վիշտն ունէր, իր ողբերգութեան այրող ցաւն ու կսկիծը, իսկ միասին՝ փոքր-ինչ փարատւում էր այն:

 Մեր հիւանդասենեակ առաջինն այցելեց քրոջս որդին: Նրա վնասուածքները համեմատաբար թեթև էին: Անզուսպ հեկեկոցներով գրկախառնուեցինք: Այն դաժան ժամանակներում յաճախ կրկնուող երևոյթ էր դա՝ անկախ մտերմութեան աստիճանից: Երևի միմեանց սփոփելու ձև էր դարձել այն, ապրելու յոյս փոխանցելու միջոց, յարատևելու անխօս ցանկութիւն կամ էլ՝ ոգեկոչման արարողակարգ: Գուցէ… Իսկ, գուցէ աղէտից փրկուելու թաքնուած ուրախութիւնն արտայայտելու իւրօրինակ մի ձե՞ւ… Չգիտեմ:

Յաջորդ օրը, կէսօրից յետոյ, Սամուէլը շարժամահճակալով հիւանդասենեակ բերեց Կարինէին: Նրա ոտքը փշուր-փշուր էր եղել և Էլիզբարովի ապարատով հաւաքել, միացրել էին: Ցաւերից գալարուող Կարինէն ու կինս ժպտացին միմեանց: Կարծես պայծառ արևը դուրս եկաւ անվերջանալի թուացող մթութիւնից յետոյ: Ժպտում էին արտասուելով, մի փոքր էլ՝ ուրախացած, որ տեսնուեցին ու կարող են դէսից-դէնից զրուցել:

– Դու որտե՞ղ էիր երկրաշարժի պահին, Կարինէ,– հարցրեց կինս: Այս հարցը բոլորն էին տալիս առաջին անգամ իրար հանդիպելիս:

– Սամուէլի հետ մեր բնակարանում էինք: Յանկարծ այնպէս ցնցուեց տունը… Մենք դուրս շպրտուեցինք երրորդ յարկից… Քիչ անց մեզ Սամուէլի հայրը գտաւ ու տեղափոխեց Երևան: Իսկ դո՞ւ:

Կինս սկսեց պատմել: Բոլորս քար լռութեամբ լսում էինք:

– Ես էլ էի տանը, մերոնց հետ: Ես չհասկացայ, թէ ի՞նչ կատարուեց: Սիրանուշն ինձ փաթաթուեց և… Շէնքը կարծես օդ բարձրացաւ ու փլուեց: Երկու օր այդպէս թաղուած մնացի: Միայն դէմքս չէր ծածկուել քարերով ու հողով: Փլատակներից ինձ դուրս բերելուց երկու ժամ առաջ Սիրանուշս արդէն չկար…

Կինս մի պահ լռեց: Նրա աչքերը խոշորացել էին ու կարծես զայրոյթով լցուել: Ես փարուեցի նրան ու խնդրեցի շարունակել: Պատմելով վերապրած սարսափները, նա տառապանքը կը դատարկի սրտից: Յորդորս տեղին էր կարծես ու կինս շարունակեց.

– Ես փորձում էի ինքնասպան լինել, հնար չկար… Անընդհատ կրկնուող ցնցումների ժամանակ մարմինս սեղմում էին բետոնն ու քարերը և անընդհատ գոռում էի, օգնութիւն խնդրում: Գերեզմանային մթութիւն ու լռութիւն էր: Իմ գոռոցներին մէկ-մէկ վերևի յարկում ապրող տեգրակինս՝ Սվետլանան էր արձագանգում, թէ՝ հերիք է լաչառ ձէնդ գցես, շուտով մեր տղամարդիկ կը գան ու կ՚ազատեն մեզ այստեղից:

– Սվետլանա, քո տեղը ո՞նց է,– հարցնում եմ նրան:

– Բետոնէ սալը պատի հետ թեք ընկել է, ես էլ արանքը հանգիստ նստել եմ,- պատասխանում է նա:

Ես զայրացայ ու սկսեցի «կռուել» նրա հետ:

– Դէ քո վիճակը միշտ էլ բարւօք է եղել, ասում եմ: Ես միշտ շատ եմ տուժուել: Ա՜խ, մեռնո՜ւմ եմ…

– Դէ, մեռնում ես, մեռի՛ր: Դու ողջ աշխարհը ման ես եկել, իսկ ե՞ս…

– Ա՜խ, իրօ՛ք մեռնում եմ, Սվետլանա: Գոնէ կը կատարե՞ս վերջին խնդրանքս: Եթէ մեռնեմ, Գերմանիայից բերած գեղեցիկ շրջազգեստս ու «Լեդի Գաբոր» ֆիրմայի կօշիկներս կը հագցնես, լա՞ւ…

– Այ դա չեղաւ… թէ որ մեռար՝ աւելի լաւ է ես հագնեմ…

Հիւանդասենեակում բոլորը ծիծաղեցին: Կինս ու Կարինէն նոյնպէս: Կարծես կարօտած լինէինք «նորին գերազանցութիւն» ծիծաղին:

– Ես չէի պատկերացնում, որ տեգրակինները փլատակների տակ էլ կարող են նախանձել ու իրար հետ կռուել,– մեր հանդիպումն աւելի բարձր ծիծաղով «եզրափակեց» Սամուէլն ու շարժամահճակալով տարաւ Կարինէին…

Սպարտակ Մաթոսեան

 

 

Սփիւռքի Քաղաքականութեան Ռազմավարութեան Հայեցակարգը. (Նախագիծ)

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Փաստաթուղթը պատրաստած են`

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի խորհրդական Վահէ Սահակեան

Նախնական այս տարբերակի մշակումն իրականացուած է սփիւռքի ուսումնասիրութիւններով զբաղող հետեւեալ մասնագէտներու հետ խորհրդակցութեամբ`

Խաչիկ Թէօլէօլեան (Ուեզլէյեան համալսարան, ԱՄՆ, Diaspora: A Journal of Transnational Studies գիտական ամսագրի հիմնադիր եւ խմբագիր),

Հրաչ Չիլինկիրեան (Օքսֆորտի համալսարան, Մեծ Բրիտանիա),

Արա Սանճեան (Միշիկընի համալսարանՏիրպորն, ԱՄՆ)

Ռազմիկ Փանոսեան (Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնադրամի հայ համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն, Փորթուկալ)

Հայեցակարգին մէջ ներառուած են նաեւ իրենց կողմէ հնչեցուած առաջարկութիւնները եւ կարծիքները, սակայն հայեցակարգի բոլոր հատուածներու մշակումն իրականացուած է Մխիթար Հայրապետեանի եւ Վահէ Սահակեանի կողմէ:

Հայեցակարգի ծիրէն ներս «Սփիւռք» հասկացութիւնը սահմանած ենք շատ լայն, որ կ՚ընդգրկէ բոլոր անոնք, որոնք Հայաստանի մէջ չեն ապրիր, այլ երկիրներու մշտական բնակիչներ կամ քաղաքացիներ են, զիրենք որեւէ ձեւով հայ կը համարեն, ունին հայկական ծագում կամ արմատներ:

 

Խորհրդային եւ անկախ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած սփիւռքի քաղաքականութիւններու անցեալն ու ներկան Հայաստանի խորհրդայնացումէն մինչ այսօր, եթէ (խորհրդային կամ անկախ) Հայաստանի իշխանութիւնները վարած են սփիւռքի քաղաքականութիւն, ապա այդ քաղաքականութիւնները եղած են հայաստանակեդրոն եւ միտուած եղած են ողջ սփիւռքի կամ ատոր այս կամ այն հատուածներուն վրայ հայաստանեան իշխանութիւններու ու ներհայաստանեան օրակարգերու պարտադրման:

Սփիւռքի քաղաքականութիւնները խորհրդային եւ յետխորհրդային Հայաստանի տարիներուն նպատակ ունեցած են.

ա) ծառայեցնել սփիւռքի միջոցները (հիմնականին մէջ ֆինանսական) խորհրդային կամ անկախ Հայաստանի զարգացման ծրագիրներուն,

բ) Հայաստանը դարձնել բոլոր հայերու հայրենիքը (չնայած այն հանգամանքին, որ ցեղասպանութենէն փրկուածներն ու իրենց սերունդներն այդ Հայաստանի մէջ երբեք չէին ապրած),

գ) կազմակերպել հայրենադարձութիւն, վերադարձ դէպի հայրենիք,

դ) խորհրդային եւ յետագային անկախ Հայաստանի քաղաքական ազդեցութիւնը եւ հայաստանեան (հիմնականին մէջ արեւելահայ) մշակոյթը տարածել սփիւռքեան գաղութներուն վրայ:

Այս բոլորը դրսեւորուած են թէ՛ 1920-1930-ականներուն Հայ օգնութեան կոմիտէի գործունէութեան եւ Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւններու, թէ՛ 1946-48-ի դրամահաւաքներու ու «Մեծ հայրենադարձութեան» տարիներուն, թէ՛ 1960-1980-ականներուն Սփիւռքի հետ մշակութային կապերու կոմիտէի եւ թէ՛ անկախութեան տարիներուն Համահայկական հիմնադրամի, 1998-2008 Ռ. Քոչարեանի կառավարութեան, իսկ 2008-2018 ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան վարած քաղաքականութիւններուն:

Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու գրեթէ մէկդարեայ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ նաեւ այսպիսի քաղաքականութիւններու արդիւնքով`

սփիւռքի ողջ ֆինանսական, մարդկային ու այլ միջոցները, մեծ առումով, Հայաստան չեն ուղղուած,

ողջ սփիւռքը չէ ենթարկուած հայաստանեան այս կամ այն իշխանութիւններու պարտադրած քաղաքական, մշակութային եւ արժէքային օրակարգերուն,

արտերկրի մէջ ծնած եւ մեծցած, իրենց երկիրներուն  եւ իրենց ոլորտներուն մէջ  մեծ յաջողութիւններ արձանագրած սփիւռքի երկրորդ, երրորդ, չորրորդ սերունդները մեծ մասամբ անհաղորդ  դարձած են հայաստանեան իրադարձութիւններուն եւ տարբեր պատճառներով հեռացած են նաեւ սփիւռքեան աւանդական կառոյցներէն ու կազմակերպութիւններէն,

հայկական խիստ բազմազան սփիւռքի միայն փոքր մասը այսօր ընդգրկուած է սփիւռքեան տարբեր միաւորումներու, կազմակերպութիւններու կամ նախաձեռնութիւններու մէջ եւ միայն փոքր մաս մը հետեւողականօրէն կը հետաքրքրուի Հայաստանի Հանրապետութեան խնդիրներով,

սփիւռքի ստուար զանգուած մը տարերայնօրէն կ՚աշխուժանայ միայն Հայաստանի մէջ որեւէ ճգնաժամային իրավիճակ յառաջանալուն, ինչպիսին էր, օրինակ, 1988-ի երկրաշարժը կամ  Արցախեան պատերազմը:

 

Սփիւռքի քաղաքականութեան վերագնահատման պատմական հնարաւորութիւնը

Թաւշեայ յեղափոխութիւնն այլ խիստ կարեւոր հարցերու շարքին նաեւ ստեղծած է պատմական ամենաբարենպաստ պահը, երբ Հայաստան պետութիւնը կրնայ վերագնահատել սփիւռքի հետ համագործակցութեան մօտեցումները եւ արմատապէս վերանայիլ սփիւռքի նկատմամբ վարած իր քաղաքականութիւնը:

Հայաստան կարեւոր դեր կրնայ ունենալ սփիւռքի բազմազան շրջանակներուն հայաստանակեդրոն ու ոչ հայաստանակեդրոն տարբեր ծրագիրներու մէջ ներգրաւելու եւ անոնց սոցիալական, մշակութային, տնտեսական ու քաղաքական գործօնը Հայաստանի կամ սփիւռքի կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման նպատակով հաւաքագրելու աշխատանքներուն մէջ: Աւելին, սփիւռքի մէջ շատերը կ՚ակնկալեն, որ Երեւանը կրնայ դառնալ հէնց այն «չէզոք» վայրը, ուր սփիւռքահայ տարբեր շրջանակներ կրնան հանդիպիլ եւ քննարկել իրենց յուզող խնդիրները, մտածել այդ խնդիրներու լուծման ուղղութիւններու շուրջ:

Պատմական փորձը ցոյց կու տայ, որ սփիւռքի հետ մէկ օրակարգով հնարաւոր չէ արդիւնաւէտ աշխատիլ: Սփիւռքը բազմաշերտ է, եւ սփիւռքի համայնքներու, կազմակերպութիւններու ու անհատներու հետ աշխատանքներուն պէտք է ունենալ բազմակի օրակարգեր ու ուժաբանական քաղաքականութիւններ: Սփիւռքի նկատմամբ նոր քաղաքականութեան նպատակը երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ պէտք է ըլլայ ուժեղ Հայաստանի կայացումը եւ ուժեղ սփիւռքի գոյութիւնը: Մեր պատկերացմամբ, ուժեղ սփիւռք ունենալու գաղափարը չի հակասեր ուժեղ Հայաստան ունենալու տեսլականին եւ ընդհակառակը` ուժեղ Հայաստանի կառուցումը պէտք չէ ենթադրէ սփիւռքի միջոցներու սպառում եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու, միութիւններու, համայնքներու թուլացում իրենց երկիրներուն մէջ: Սփիւռքի նկատմամբ սպառողական ու չհամակարգուած քաղաքականութիւնը կրնայ կարճաժամկէտ հեռանկարին մէջ Հայաստանի համար շահ ապահովել, բայց հեռահար ժամկէտի մէջ` նուազեցնել կամ սպառել սփիւռքի ներուժը: Սփիւռքի հետ համատեղ ծրագիրներու իրականացման ու համագործակցութեան իւրաքանչիւր գործելակերպ պէտք է խարսխուած ըլլայ հէնց հեռահար արդիւնաւէտութեան հաշուարկին վրայ:

Առանձին խնդիր է սփիւռքի ճանաչողութեան հարցը: Եթէ հրէական, ափրիկեան, չինական, հնդկական կամ այլ սփիւռքներու մասին բազմաթիւ լուրջ գիտական ուսումնասիրութիւններ կան, տարբեր երկիրներու մէջ ձեւաւորուած հայ սփիւռքեան բամազան ինքնութիւններու ու համայնքներու մասին շատ քիչ ուսումնասիրութիւններ կան: Այդ պատճառով, անհրաժեշտ է նաեւ ունենալ արդի սփիւռքագիտական տեսական ու համեմատական ուսումնասիրութիւններուն հաղորդակից հայ սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոններ տարբեր երկիրներու մէջ, որ պարբերաբար նոր գիտելիքներ կը ստեղծեն եւ տուեալներ կը հաւաքագրեն սփիւռքի բազմազան համայնքներու, անոնց խնդիրներու, հայկականութեան բազմազան դրսեւորումներու, սփիւռքի այս կամ այն համայնքներուն մէջ առկայ հմտութիւններու, հնարաւորութիւններու, միջոցներու եւ շատ այլ հարցերու շուրջ (Հայաստանի մէջ եւ քանի մը այլ երկիրներու մէջ այդպիսի կեդրոններ կան, սակայն ատոնց կարեւոր մասը գործած եւ կը գործեն միջազգային տեսական ու համեմատական սփիւռքագիտական փորձէն անկախ, հայ սփիւռքի մասին եղած որոշ աւանդական պատկերացումներու ծիրէն ներս): Այսպիսի կեդրոններու կողմէ իրականացուող հայ սփիւռքի նորարարական ուսումնասիրութիւններուն ու հետազօտութիւններուն հաղորդակից ըլլալը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ մշակելու սփիւռքի աւելի իրատեսական քաղաքականութիւններ:

Սփիւռքի նկատմամբ նոր քաղաքականութիւններ մշակելու եւ ատոնք հետեւողականօրէն իրագործելու համար անհրաժեշտ է ունենալ որակապէս եւ գաղափարապէս նորովի աշխատող, արդիւնաւէտ լայն լիազօրութիւններով պետական մասնագիտացած գերատեսչութիւն` նախարարութեան կարգավիճակով:

 

Նորացուած Սփիւռքի նախարարութեան տեսլականն ու առաքելութիւնը

Նորացուած սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է ծառայէ «Ուժեղ Հայաստան–Ուժեղ Սփիւռք» տեսլականին: Այս տեսլականին ուղղուած` նախարարութեան հիմնական առաքելութիւնը կրնայ ըլլալ.

Հայաստանի պետական շահերու պաշտպանութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման ու ռազմավարական այլ նպատակներու համար սփիւռքի ներուժի հաւաքագրումը,

սփիւռքի բազմազան շրջանակներու հետ համագործակցութեամբ ու համատեղ սփիւռքի ներուժի վերարտադրութեան ու սփիւռքի ուժեղացման ուղղուած ծրագիրներու մշակումն ու իրագործումը:

Սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու տեսութիւնն ու փորձը ցոյց կու տան, որ սփիւռքներու սահմաններն անորոշ են եւ այդ իմաստով սփիւռքի մէջ ներկայացուցչական մարմիններու ստեղծումը գործնականին մէջ անիրագործելի է:

Սփիւռքի նախարարութիւնը, սակայն, պարբերաբար տեղեկանալով սփիւռքի բազմազան շրջանակներու, խմբաւորումներու, համայնքներու խնդիներուն, տարբեր ու բազմազան շրջանակներու հետ մշտական կապի եւ քննարկումներու մէջ ըլլալով եւ վայելելով այդ շրջանակներու վստահութիւնը` կրնայ անոնց ներկայացնողն ու ներկայացուցիչը դառնալ Հայաստանի եւ ՀՀ կառավարութեան մէջ:

Ինչպէս, օրինակ, Գիւղատնտեսութեան կամ Կրթութեան նախարարութիւնը միաժամանակ կը ներկայացնեն ինչպէս պետութեան, այնպէս ալ` այդ ոլորտին մէջ աշխատողներու եւ այդ ոլորտին մէջ գործող կառոյցներու շահերը, Սփիւռքի նախարարութիւնն ալ կրնայ հանդիսանալ այդ միջնորդ կառոյցը, որ Հայաստանը կը ներկայացնէ սփիւռքի մէջ, եւ սփիւռքի բազմազան շահերու ներկայացնողը կ՚ըլլայ Հայաստանի մէջ: Ուժեղ Հայաստան եւ ուժեղ սփիւռք ունենալու տեսլականի իրագործման համար սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուին փոխշահաւէտութեան սկզբունքով, որոնք Հայաստանի զարգացման զուգահեռ կը նպաստեն նաեւ սփիւռքի բազմազան շրջանակներու կարողութիւններու եւ ներուժի հարստացման:

Այս տեսլականին ու առաքելութեան ծառայող նորացուած Սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ ըլլալ այն գերատեսչութիւնը,

ա) որ կը մշակէ սփիւռքի նորարարական քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը, նպատակները, խնդիրները. որ կը ստեղծէ սփիւռքի քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան գնահատման մեխանիզմներ` մշտական խորհրդատուական խորհուրդին մէջ սփիւռքը լաւ ճանչցող մասնագէտներու ներգրաւմամբ ու անոնց աջակցութեամբ. որ նոյն խորհուրդի աջակցութեամբ կը մշակէ կարճաժամկէտ քաղաքականութիւններ, որոնք կ՚ըլլան իրատեսական, փոխշահաւէտ, ուղղուած կ՚ըլլան Հայաստանի զարգացման եւ միտուած կ՚ըլլան սփիւռքեան բազմազան համայնքներու կարիքներուն.

բ) որ այլ երկիրներու կառավարութիւններու հետ համագործակցութեամբ կը մշակէ եւ կ’իրագործէ սփիւռքի տեղական ներուժն ու միջոցները ներգրաւող եւ Հայաստանի տարբեր ոլորտներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներ.

գ) որ կը համագործակցի սփիւռքի մէջ գործող կառոյցներու, անհատներու հետ` ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան.

դ) որ սփիւռքի բազմազան գործարար եւ այլ շրջանակներու հետ պարբերաբար հանդիպումներու եւ քննարկումներու արդիւնքով ՀՀ այլ գերատեսչութիւններու հետ համատեղ հանդէս կու գայ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու ներգրաւման եւ ներդրումներու դաշտի բարելաւման ուղղուած քաղաքականութեան առաջարկներով եւ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով.

է) որ սփիւռքի ամերիկեան, ռուսական, եւրոպական կամ այլ երկիրներու մէջ հաստատուած բազմազան գործարար, գիտական եւ մասնագիտական շրջանակներու հետ պարբերաբար հանդիպումներու եւ քննարկումներու միջոցով կ’օգնէ ՀՀ կառավարութեան գնահատել եւ պատկերացումներ կազմել միջազգային շուկաներու մէջ հայաստանեան արտադրութեան ապրանքներու սպառման հնարաւորութիւններուն մասին. որ կ’օգնէ նաեւ պատկերացումներ կազմել Հայաստանի մէջ այն ոլորտներուն մասին, որոնց մէջ սփիւռքահայ ներդրողները կրնան էական գործունէութիւն ծաւալել.

զ) որուն համապատասխան վարչութիւններն ու բաժինները սփիւռքի տեղական կառոյցներու կամ անհատներու հետ կ’ուսումնասիրեն այս կամ այն երկրին մէջ առկայ համատեղ դրամաշնորհային  ծրագիրներու միջոցով Հայաստանի  կամ սփիւռքի այս կամ այն համայնքին մէջ տարբեր զարգացման ծրագիրներ իրականացնելու հնարաւորութիւնները, կը մշակեն հայաստանեան եւ սփիւռքեան տարբեր կազմակերպութիւններու հետ համատեղ առաջարկներ եւ ծրագիրներ.

է) որ ԱԳ նախարարութեան եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հետ համատեղ կ’աշխատի սփիւռքահայ շահերու խումբերու հետ` իրենց իսկ երկիրներուն մէջ հայկական համատեղ քաղաքական օրակարգերու շուրջ, ու թերեւս, որոշ քաղաքական օրակարգերու շուրջ նաեւ ոչ հայկական այլ շահերու խումբերու հետ համագործակցութեամբ.

ը) որ կ’աջակցի սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու` բազմազան ծրագիրներու շուրջ ստեղծելու եռակողմ համագործակցութիւններ իրենց երկիրներուն մէջ գործող տեղական (հասարակական կամ այլ) կազմակերպութիւններու, իրենց կազմակերպութեան եւ Հայաստանի մէջ գործող նմանատիպ (հասարակական կամ այլ) կազմակերպութիւններու միջեւ.

թ) որ սփիւռքի տարբեր շրջանակներու հետ համատեղ կը մշակէ ու կ’իրագործէ Հայաստանի մէջ զարգացման, ներդրումներու եւ մասնագիտական ներգրաւման ծրագիրներ, միջնորդ կը հանդիսանայ Հայաստանի մէջ առկայ կարիքներու, այդ կարիքներու շուրջ աշխատող հասարակական կազմակերպութիւններու ու պետական հաստատութիւններու եւ սփիւռքի տարբեր անհատներու, կազմակերպութիւններու ու հաստատութիւններու միջեւ.

ժ) որ շարունակաբար ներկայ կ՚ըլլայ սփիւռքի բոլոր համայնքներուն մէջ տեղեկատուական բնոյթի գրքոյկներու, պարբերաբար թարմացուող արդիական կայքէջի, ընկերային ցանցերու մէջ ներկայացուածութեան, սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ անձանց հետ պարբերաբար կապի մէջ գտնուող իր վարչութիւններու ու բաժիններու, ինչպէս նաեւ ՀՀ ներկայացուցչական մարմիններուն մէջ սփիւռքի գծով կցորդ պաշտօնեաներու միջոցով.

ժա) որուն համապատասխան վարչութիւններն ու բաժինները ամէնօրեայ կարգով կը հետեւին սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող ինչպէս տպագիր, այնպէս ալ համացանցային ու թուային հայ պարբերականներու բովանդակութեան թէ՛ հայերէնով, թէ՛ հէնց իրենց` սփիւռքի բազմազան լեզուներով (ռուսերէն, անգլերէն, սպաներէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ այլն), եւ տեղեակ կ՚ըլլան սփիւռքի բոլոր զարգացումներուն.

ժբ) որ տարբեր համայնքներու մասին պարբերաբար տեղեկատուութիւն ստանալով` կը կարենան կապել սփիւռքի մէկ վայրի մէջ կամ ոչ-սփիւռքեան տարածութիւններու մէջ առկայ միջոցները այլ սփիւռքեան վայրերու առկայ կարիքներուն` այդպիսով համակարգելով միջոցներու աւելի արդիւնաւէտ ծախսը եւ նպաստելով սփիւռքի տարբեր կեդրոններու միջեւ անդրազգային կապերու ձեւաւորման ու ամրապնդման.

ժգ) որ հարցումներու եւ հետազօտութիւններու հիման վրայ պարբերաբար կը մշակէ տարբեր երկիրներու մէջ, կամ մէկ երկրի տարբեր քաղաքներու ու շրջաններու մէջ բնակող ազգութեամբ, ծագմամբ կամ որեւէ ձեւով իրենց հայ համարող անձանց ու խմբաւորումներուն տարբեր ծրագիրներու ներգրաւելու գործօն քաղաքականութիւններ, այդպիսով հաւաքագրելով սփիւռքի` հայկական նախաձեռնութիւններէն ու Հայաստանէն կտրուած մեծ թիւ կազմող այս սփիւռքահայ զանգուածներուն.

ժդ) որ կը կարենայ անուղղակիօրէն` խորհրդատուութեամբ կամ խնդիրներու լուծման իր աջակցութեամբ, մասնակից դառնալ սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ սփիւռքեան դպրոցներու կամ այլ հաստատութիւններու ստեղծման, ընդլայնման, կամ փակման, սահմանափակման եւ օտարման որոշումներուն;

ժէ) որ պատրաստ կ՚ըլլայ նախարարի, փոխնախարարներու, համապատասխան վարչութիւններու ու բաժիններու մակարդակով արձագանգել սփիւռքի տարբեր կառոյցներու (կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու, բարեգործական, երիտասարդական, մշակութային կամ այլ կազմակերպութիւններու) կողմէ ստացուած դիմումներուն, եւ համապատասխան խնդրանքի պարագային նաեւ մասնակցիլ ու միջնորդել սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ առկայ խնդիրներու լուծման (հարկ եղած պարագային նաեւ` պետական-դիւանագիտական միջնորդութեամբ).

ժզ) որ համապաստասխան վարչութիւններու ու բաժիններու պատասխանատուներու միջոցով սփիւռքեան տարբեր կառոյցներու հետ համատեղ կը մշակէ եւ կ’իրականացնէ տեղական բնաբանին համապատասխան արեւմտահայ կամ արեւելահայ լեզուներու ուսուցման, տեղական հայկական կրթութեան ու մշակոյթի զագացման միտուած ծրագիրներ.

ժէ) ուր իւրաքանչիւր սփիւռքահայ Հայաստան գալուն պէս կը ստանայ տեղեկատուութիւն իր մասնագիտական կամ այլ մասնակցութեան ու ներդրումներու, Հայաստանի մէջ հաստատուելու, ուսանելու, զինուորական ծառայութիւն անցընելու եւ  շարք մը այլ հարցերու շուրջ.

ժը) որ կ’օգնէ սփիւռքահայ հայրենադարձներուն հաստատուիլ Հայաստանի մէջ եւ կը նպաստէ հայրենադարձներու` սփիւռքահայէն-հայաստանցի անցման` խորհրդատուութեան եւ այլ ծրագիրներու միջոցով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սփիւռքահայերուն հետ ժամանակ առ ժամանակ հարցումներու եւ հարցազրոյցներու միջոցով ստացուած խնդրիներուն արձագանգելով եւ այդ խնդիրները լուծելով:

Ի հարկէ, այսքանով չեն սահմանափակուիր մեր պատկերացուցած վերափոխուած Սփիւռքի նախարարութեան ընելիքները: Ռամզավարական ուղղութիւններու այս շարքը կարելի է ընդլայնել փորձագէտներու եւ շահագրգիռ աւելի լայն շրջանակներու հետ քննարկումներու արդիւնքով: Սփիւռքի հետ նման բազմամակարդակ յարաբերութիւններ ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ է ունենալ առանձին գերատեսչութիւն, որ ներկայացուած կ՚ըլլայ կառավարութեան մէջ, հաշուետու կ՚ըլլայ կառավարութեան, որ այլ գերատեսչութիւններու հետ համագործակցութեամբ` կը մշակէ ու կ’իրագործէ սփիւռքի կրթական, մշակութային, քաղաքական, արտաքին քաղաքական ներուժի հարստացման նպաստող եւ այդ ներուժը արդիւնաւէտօրէն հաւաքագրող բազմազան ծրագիրներ:

 

Սփիւռքի քաղաքականութեան միջազգային փորձը

Սփիւռքի նորարարական քաղաքականութիւններու միջազգային փորձ կայ: 2015թ.-ին Իռլանտայի կառավարութեան մշակած սփիւռքի քաղաքականութիւնը, օրինակ, ունի հետեւեալ նպատակները.

ա) աջակցիլ իռլանտացի արտագաղթողներուն, որպէսզի լաւագոյն հնարաւոր կենսապայմաններ ստեղծեն իրենց բնակութեան երկիրներուն մէջ.

բ) օգնել արտագաղթածներուն եւ անոնց սերունդներուն զարգացնել եւ պահպանել իրենց իռլանտական ինքնութիւնը եւ կապը Իռլանտայի հետ.

գ) սփիւռքի անդամներու հետ համատեղ աշխատիլ ի նպաստ Իռլանտայի կղզիին վրայ շարունակական խաղաղութեան ու բարեկեցութեան:

«Կլոպալ իռլանտացի» խորագիրով սփիւռքի քաղաքականութեան այս նպատակները հիմնուած են իռլանտական սփիւռքի իրատեսական ըմբռնման վրայ, որ կ՚ընդգրկէ թէ՛ Իռլանտայէն վերջին տարիներուն արտագաղթածներուն, եւ թէ՛ իռլանտական ծագումով անձանց, որոնք կ՚ապրին Իռլանտայէն դուրս, բայց այս կամ այն կերպ կապուած են իռլանտական մշակոյթին ու ժառանգութեան: Կարելի է, ի հարկէ, ուսումնասիրել, թէ ինչպէս իռլանտական կառավարութիւնը կ՚իրագործէ այս նպատակները, սակայն կարեւոր ալ չէ, որ Հայաստանի քաղաքականութիւնը ընդօրինակէ իռլանտական, հրէական, հնդկական, լիբանանեան կամ այլ սփիւռքներու քաղաքականութիւնները:

 

Ամփոփում

Սփիւռքի համեմատական ուսումնասիրութիւնները հայ սփիւռքի փորձառական հետազօտութիւններուն զուգահեռ` հիմքեր կ’ապահովեն աւելի արդիւնաւէտ եւ ճկուն սփիւռքի քաղաքականութիւններ մշակելու համար: Աւելին, սփիւռքի նորացուած նախարարութեամբ եւ քաղաքականութեամբ յետյեղափոխական Հայաստանը կրնայ նաեւ հանդիսանալ պետութիւն-սփիւռք(ներ) յարաբերութիւններու ու նորարարական քաղաքականութիւններու արտահանողն ու օրինակը: Վերը շարադրուած հեռանկարներն ունենալու տեսանկիւնէն սփիւռքի հետ նորարարական քաղաքականութիւններու մշակման այս պատմական հնարաւորութիւններու փուլին մէջ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու անկախ գերատեսչութիւն ունենալն առաւել քան կարեւոր է: Սակայն սփիւռքի նախարարութեան ռազմավարութեան, ծրագրային ու անձնակազմի վերանայումն ու բարելաւումն անհրաժեշտութիւն է:

Մեր համոզմամբ, սփիւռքը աշխարհաքաղաքական առումով Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի եւ կրնայ ունենալ, ինչպէս այլ երկիրներու համար իրենց բնական պաշարները: Եթէ ռազմավարական առումով, երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ, սփիւռքի ներուժի հզօրացումն ու հաւաքագրումը Հայաստանի համար նոյնքան կարեւոր է, որքան գիտութեան, բժշկութեան, տնտեսութեան զարգացումը, ապա սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները նոյնպէս պէտք է ընդգրկուած ըլլան Հայաստանի ներքին քաղաքական կարեւորագոյն ոլորտներու շարքին: Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը ժամանակի ընթացքին գերարդիւնաւէտ դարձնելով` հնարաւոր կ՚ըլլայ սփիւռքի բազմազան համայնքներու, կազմակերպութիւններու եւ սփիւռքի ամենահեռացած եւ օտարուած շրջանակներուն հետ ուղղակի կապեր ստեղծել, եւ ժամանակի ընթացքին նպաստել սփիւռքի հզօրացման ու Հայաստանի ռազմավարական խնդիրներու լուծման նպատակով սփիւռքի ներուժի հաւաքագրման:

Սրտի խօսք. ՄԻՔԱՅԷԼ ՄԱՐՏԻՐԵԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի շրջանակը, յատկապէս Պէյրութի մէջ, Համաշխարհային Բ. Պատերազմի վաղորդայնէն սկսեալ, աւելի քան երեսնամեակ մը, բոլորեց իր ծաւալուն գործունէութեանց ոսկեդարը, կրթական եւ առողջապահական մարզերէն ներս, իր երկու երկրորդական վարժարաններով, երեք նախակրթարաններով, երկու դարմանատուներով, եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան, ընկերային, գրասէր, մարզական, սկաուտական, երգչախմբային, թատերական եւ Երգի-պարի անսամպլով։

Վերոյիշեալ աննախընթաց բարգաւաճումը իրականացաւ շնորհիւ իմաստուն ղեկավարութեան մը, ու մանաւանդ նուիրեալ նոր սերունդի մը։ Այդ անձնազոհներու փաղանգին կը պատկանէր Միքայէլ Մարտիրեանը։

Հայկ ու Մանուշակ Մարտիրեաններու ութը հոգինոց բազմանդամ ընտանիքին,– երկու մանչ չորս աղջիկ,– անդրանիկ զաւակն էր Միքայէլը, ամէնէն կրտսերը՝ Արտաշէսը, եւ չորս դուստրերը, յաջորդաբար՝ Վարդուհի, Սօսի, Ալիս ու Սիլվա։

Միքայէլը, աւարտելէ ետք Պէյրութ քաղաքի Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանը, կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, շուտով տիրանալով պատրաստ հագուստներու իր վաճառատան։

Միութենական կեանքէն ներս, Մխօն շուտով կը դառնայ ժողովրդական դէմք մը։ Անոր գործունէութիւնը հետզհետէ կը ծաւալի մարզական, ընկերային ու մշակութային մարզերէն ներս։

Իր անսպառ հոգատարութիւնը կը վայելէ նաեւ պասքեթպոլի աղջկանց խումբը, որուն մաս կը կազմէին իր երկու քոյրերը՝ Սօսին եւ Ալիսը։ ՀԵԸ-ի աղջկանց խումբը Լիբանանի ախոյեան մնաց յաջորդական չորս տարիներ (1960-էն 1964)։

Միքայէլը 1985-ին կ՚ամուսնանայ Օրդ. Վարդուհի Եաղսըզեանի հետ։ Անոնք կը բախտաւորուին երկու զաւակներով Հայկ ու Կասիա։ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի անհրապոյր մթնոլորտին պատճառով Հայկը կու գայ Լոս Անճելըս, յաճախելով USC համալսարանը։ Առաջին տարուան վերջաւորութեան, 1985-ին կ՚ենթարկուի ինքնաշարժի արկածի, դառնալով անիմաստ զոհը, երբ վարորդն ալ ինքը չէր… ծանր էր կորուստը եւ անդարմանելի։

Միքայէլ, վայելելով տոկուն մարմին մը, ու միաժամանակ ունենալով ուժեղ անհատականութիւն, փորձեց հօրենական իր վիրաւոր սիրտը ամոքել, շարունակելով իր հանրանուէր զոհաբերութիւնները։ Հօրմէն ժառանգած հայրենասիրական ոգին, միութենական պատկանելիութիւնը, ամուր կռուանները հանդիսացան հասարակական բովանդակալից իր կեանքին։

Լիբանանի 15 տարիներ երկարաձգուող քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, երբ Պէյրութ մայրաքաղաքը քրիստոնէական ու մահմետական երկու բաժանումներու ենթարկուած էր, Մայք պահապան հրեշտակը դարձաւ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ գտնուող Ալեք Մանուկեան Կեդրոնին, ուր յաճախ ապաստան գտան վտանգի ենթարկուած հայ ընտանիքներ եւ անհատներ։

ՀԲԸ Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան մարզական, ընկերային, մշակութային գրեթէ բոլոր նուիրապետական կարգերէն յառաջանալով, Միքայէլը ստանձնեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ու Շրջանակային յանձնաժողովի գանձապահի եւ ատենապետի պատասխանատու պաշտօնները, ժամանակ մը մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի Մարզական ֆետերասիոնին, ինչպէս նաեւ Առեւտրական գրասենեակին (Chambre de Commerce)։

Անիկա իր վերջին այցելութեան Լոս Անճելըս, երկու շաբաթ վայելեց իր Օննիկ քեռայրին ու քրոջ Սօսիին անփոխարինելի հոգատարութիւնը։ Առողջական վիճակը խանգարուեցաւ տարիքի յառաջացման հետ։ Տիկինը՝ Վարդուհին, երկու քոյրերը՝ Վարդուկը եւ Ալիսը, ու նաեւ կրտսեր եղբայրը՝ Արտաշը կատարեցին անհրաժեշտ խնամատարութիւնը։ Շուրջ չորս տարի անկողնոյ ծառայեց, մաքառելով մահուան դէմ։ Անիկա 83 տարեկանին, անցեալ Հոկտեմբեր 17-ին, վերջնականապէս հրաժեշտ տուաւ կեանքին։

Այս պահուն, եւ ամէն անգամ, երբ կը փորձենք ոգեկոչել հանգուցեալին յիշատակը, մեր յիշողութեան պաստառին վրայ կը պատկերանայ Մխոյի լայնաժպիտ, կենսայորդ, ու լուսաշող ուրուապատկերը։

Քաղցր յիշատակներով, ակամայ հրաժեշտ կու տանք քեզի, սիրելի Մխօ։

 

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ