Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յարատեւութեամբ եւ մասամբ նորին…

26,2 մղոն (42,2 քմ.) Մարաթոնի վազքը սկսած է 1896-ի Ողիմպիական խաղերուն։ Ան կը խորհրդանշէ յոյն զինուորի մը վազքը՝ Մարաթոնէն մինչեւ Աթէնք, աւետելու յաղթանակը։

Միացեալ Նահանգներու Պոսթոն քաղաքի Մարաթոնի տարեկան վազքը ծնունդ առած է Ողիմպիականի խաղերէն եւ սկսած 1897 թուականին, 18 մասնակցողներով։ Ան տեղի կ՚ունենայ Ապրիլ ամսուայ երրորդ Երկուշաբթի օրը։

Անցեալ տարի, Պոսթոնի Մարաթոնի վազքը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 17 Ապրիլին, որ կը զուգադիպէր «Հայրենասիրութեան օրուան» (Patriot’s Day)։ Մասնակցողներուն թիւը հասած էր 30,000-ի։

Իսկ այս տարուայ Մարաթոնի յատկանշական կէտը այն էր որ մասնակցողներուն մէջ կային շատ մը վիրաւորուած վեթերան զինուորներ։ Օրինակներով խօսելով՝ կարելի է յիշել Բանակային քսանապետ Կրէնվիլը (Army Staff Sergeant):

Մեր վեթերան հերոսը ոչ միայն ինք վազեց 26,2 մղոնը, այլեւ վազքի վերջաւորութեան՝ շալակը առնելով օգնած էր ուրիշի մը եւ մէկ ձեռքով ալ շալկած էր ամերիկեան դրօշը (տեսնել նկարը)։

Առ ի հետաքրքրութիւն ըսեմ, որ յետ ուսումնասիրութեանց, ի յայտ եկած է որ քսանապետ Կրէնվիլը Աֆղանիստանի մէջ իր երրորդ ծառայութեան ընթացքին՝ 2008 թուականին, կորսնցուցած էր իր ոտքը՝ ականային արկածի մը պատճառաւ…

Պէտք է նշել, որ քսանապետ Կրէնվիլի յանդուգն այս նախաձեռնութիւնը գրաւած էր շատերու ուշադրութիւնը։ Ան՝ դիտել տուին պատասխանատու պաշտօնատարները, իր այս եզակի արարքով  յստակօրէն մարմնաւորեց Հայրենասիրութեան օրուան Յաղթութեան ոգին։ Իսկ ես համեստօրէն պիտի աւելցնէի թէ՝ «Կամենալը, կարենալ է» եւ սա պէտք է օրինակ հանդիսանայ բոլորիս։

Նորելուկ եկեղեցի մը

 

Միացեալ Նահանգներու մէջ եկեղեցի մը հիմնելը, գործ մը բանալու չափ դիւրին է։ Կը դիմես պատկան իշխանութեանց եւ հարկ եղած փաստաթուղթերը ներկայացնելէ ետք, կը ստանաս արտօնութիւն։ Այսպէս՝ նոր եկեղեցի մը եւս կը բանայ իր դռները, հանրութեան առջեւ։

Այս եկեղեցին, որ 20 Ապրիլ 2017-ին հանրութեան առջեւ բացած է իր դռները, կը կոչուի International Church of Cannabis։ Cannabis-ը հնդկական կանեփի տերեւէն հանուած թմրեցուցիչ մըն է՝ նման մարիխուանայի, որ գլանիկի՝ սիկարէթի թուղթին մէջ փաթթուելով կը գործածուի։

Պատահական չէ, որ Քոլորատօ նահանգի Տենվըր քաղաքին մէջ հաստատուած այս եկեղեցին (տեսնել նկարը) իր դռները բացած է 20 Ապրիլին։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ թուականը կը զուգադիպի անպաշտօն արձակուրդի մը որ կը կոչուի «Մարիխուանա գործածողներու տօն»։

Բայց ինչո՞ւ եկեղեցի, եւ ոչ՝ մի այլ կազմակերպութիւն… Որովհետեւ եկեղեցին տուրքէ զերծ է եւ պատասխանատուները համարատու չեն յաչս պետութեան։ Հոս պէտք է նշեմ, որ մարիխուանայի գործածութիւնը պետականօրէն արտօնուած է տասը նահանգներու մէջ, ներառեալ Քալիֆորնիան, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընը։

Վերադառնալով անպաշտօն տօնակատարութեանց՝ վերոյիշեալ «Մարիխուանա գործածողներու տօն»ին նման, ուրիշ տօն մըն ալ կայ որ ջիղերս օդը կը հանէ… Այդ  «Gay Pride Day”-ն է, այսինքն՝ Միասեռականներու հպարտութեան տօնը։ Այս տօնը կը զուգադիպի Յունիս ամսուայ վերջին Կիրակի օրուան։

Այդ օր, փառաշուք տողանցքով մը կը սկսի տօնախմբութիւնը եւ կը վերջանայ շքեղ հանդիսութեամբ մը, որու ընթացքին խօսք առնելու համար քաղաքական ընտրեալ պաշտօնատարները իրար կը հրմշտկեն… Ինչո՞ւ, որովհետեւ քուէ ապահովելու արշաւ մը կայ՝ բոլորին մտքերուն մէջ։

Է՜հ, ի՜նչ օրերու հասանք։ Երբ Միջին Արեւելք էինք եւ Ամերիկա կ՚երազէինք, ինչ գիտնայինք որ այսպիսի զզուելի դէպքերու դէմ յանդիման պիտի գտնուէինք։ Բայց շատ ուշ է այլեւս անգամ մը եւս տեղահանուիլ եւ դէպի ո՞ւր…

ԹՐԱՄՓ ԿԱՑԻՆԸ ԿԸ ԹԱՂԷ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՀԵՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՍԻՆ ԲԱՆԱԿՑԵԼՈՒ ԱՏԵՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-  Յայտարարելով շուրջ 2,000 ամերիկացի զինուորներու հեռացումը հիւսիսային Սուրիայէն, Թրամփի վարչակազմը, տրամաթիք նախաձեռնութեամբ մը, ուզեց բարեփոխել Մ. Նահանգներ-Թուրքիա ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- փոխյարաբերութիւնները, որոնք թաւալգլոր կ՚ընթանային, Սուրիական Տեմոքրաթիք Ուժերու (SDF) հետ ընկերակցութեան հետեւանքով, Իսլամական Պետութեան դէմ իրենց պայքարին մէջ։

Սուրիական Ժողովրդավար Զօրքերը (SDF) մեծամասնութեամբ կը բաղկանան Ժողովրդային Պաշտպանութեան Միաւորներէ (YPG), Տեմոքրաթ Քիւրտ Կուսակցութեան ոստիկանութենէ (PYD), որ կապուած է Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան (PKK), որը ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուած է Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի կողմէ։

Դեկտեմբեր 14-ին, հեռաձայնային խօսակցութեան մը ընթացքին նախագահ Թրամփի հետ, Էրտողան համաձայնած է ետ կենալ YPG-ին վրայ յարձակում գործելէ, ու դադրեցնել պայքարը Սուրիոյ մէջ՝ Իսլամական Պետութեան (կամ՝ Տաէշ-ի) դէմ։

Դեկտեմբեր 21-ին, Էրտողան յայտնած է, թէ «վերոյիշեալ քայլը միակողմանի սպասողական յանձնառութիւն մը չէ, այլ՝ երկուստեք աշխատութիւն, չէզոքացնելու համար Տաէշ-ի զինեալներուն գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ։ Այլ խօսքով, յառաջիկայ ամիսներուն միասին պիտի հետապնդենք գործողութիւն մը, որ վերջ պիտի դնէ PKK-ի ու Տաէշ-ի զինեալներու մաքրագործումին սուրիական հողերուն վրայ»։

Էրտողանի վերոյիշեալ երկկողմանի որոշումը կը նպատակադրէ ծառայեցնել աւելի ընդարձակուած ծրագրի մը, ապահովութիւն ու վերակառուցում հաստատելու համար Սուրիոյ մէջ, որպէսզի Թուրքիա ապաստանած 4 միլիոն սուրիացի գաղթականները կարենան վերադառնալ իրենց տուները։ Թուրքիոյ նախագահը գնահատեց նաեւ իր երկրին գործակցութիւնը Սուրիոյ մէջ՝ Իրանի ու Ռուսաստանի հետ։

Թրամփ-Էրտողան յիշեալ դիւրաբեկ եւ անորոշ համաձայնութիւնը նախաքայլ մը կը նկատուի, իրականացնելու համար PYD-ի ու սուրիական իշխանութեանց միջեւ հասկացողութիւն մը, որ միաժամանակ ընդունելի ըլլայ Անքարայի կողմէ։ Ասիկա պիտի ըլլայ իրապաշտական միակ լուծումը, որ կայունութիւն պիտի բերէ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, ու միաժամանակ լաւագոյն արգելքը պիտի հանդիսանայ Սուրիոյ մէջ Տաէշ-ի վերադարձին։

Քաղաքական նման զարգացումներու անդրադարձուած էր «Էլ-Մոնիթըր»ի կողմէ, 2016 Հոկտեմբերին, երբ Մահմուտ ՊոզԱրսլան անդրադարձած էր բանակցութեան հանդիպումի մը, Խմէյմինի օդանաւային խարիսխին մէջ, Սուրիոյ իշխանութեանց ու PYD-ի ներկայացուցիչներուն միջեւ, Ռուսիոյ իրաւախոհական միջնորդութեամբ։ Թուրքիոյ մտահոգութիւնը՝ սուրիական քիւրտերու հակակշիռը չէզոքացնելու Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, կրնար առաջնորդել համաձայնութեան մը գալու Դամասկոսի հետ։ Այլապէս, ամերիկեան զօրավիգը քիւրտերուն, կը նախատեսէր SDF-ին կողմէ տեղական ինքնակառավարում։ Դժուար պիտի ըլլար նախատեսել շրջանային նման քաղաքանութիւն մը, որ պիտի խանգարէր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի թիւ 2254 որոշումը՝ Սուրիոյ միասնականութեան ի խնդիր, միաժամանակ հրահրէր Ասթանայի համաձայնագրին կողմնակից երկիրները։

«Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը կը սահմանափակէ Ուաշինկթընի կարողութիւնը բեկանելու Ասթանայի խմբակին (Թուրքիա, Իրան, Ռուսաստան) միացեալ դիրքորոշումը արծարծուած վերոյիշեալ հարցին մէջ»։

Սթիվըն Սայմըն, նախկին պաշտօնատար մը Քլինթընի եւ Օպամայի վարչութեանց օրով, արծարծելով վերոյիշեալ հարցը, «Նիւ Եորք Թայմզ»ի Դեկտեմբեր 21-ին թիւին մէջ ի մէջ այլոց գրած է. «Սուրիայէն քաշուելու Թրամփի որոշումէն ետք, Հիւսիսային Սուրիան ապահովող միակ թեկնածուն «Ասատի իշխանութիւնն է»։

Ամերիկա-Թուրքիա գործակցութիւնը, Սուրիոյ նկատմամբ, կրնայ ըլլալ պատեհութիւն մը Սուրիան առաջնորդելու դէպի ապահովութիւն ու վերականգնում։ Բաւարար չէ սակայն հեռաձայնային նախաձեռնութեամբ, կանխարգիլել Թուրքիա-Սուրիա ճակատում մը եւ արիւնահեղում Իտլիպի մէջ՝ Էրտողանի խոստումներով, ու կտրականօրէն վերջ դնելով ամերիկեան զօրքերու ներկայութեան։ Կայ նայեւ Իսրայէլ-Հըզպալլա հակամարտութեան կամ ճակատումի հարցը Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ։

Վարչապետ Նաթանիահու հարց դրած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին՝ Հըզպալլայի կողմէ դէպի Իսրայէլ փապուղիներու գոյութիւնը իբրեւ անընդունելի ապահովութեան վտանգ։

Վերոյիշեալ զարգացումներու լոյսին տակ, Ռուսաստանի նախագահը, 2018 Օգոստոսին, արդէն «միջնորդ»ի դերին մէջ էր, Էրտողանի եւ Պաշար էլ-Ասատի, ինչպէս նաեւ՝ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի միջեւ։ Զուգահեռաբար, նոյն տարուան Յուլիսին արդէն, Հրէաստանի պաշտպանութեան այն ատենուան նախարար Ավիկտոր Լիպըրմէնը, ռուսական միջնորդութեամբ, արդէն համաձայնութեան ծրագիր մը առաջարկած էր, Հըզպալլան եւ իրանեան աջակցութեան զօրքերը 62 մղոն հեռացնելու ակնկալութեամբ իսրայէլեան սահմանէն։ Այս ուղղութեամբ, անցեալ Հոկտեմբերին հաղորդուած էր ռուսական նոր ճիգերու մասին։ Ամերիկեան զօրքերուն Սուրիայէն քաշուելով, կ՚ակնկալուի որ Նաթանիահու դարձեալ դիմէ ռուսական միջնորդութեան, որուն Ամերիկան ալ պիտի ուզէր թիկունք կանգնիլ։

Նախագահ Թրամփի կը մնայ իր բնազդներուն ապաւինիլ՝ Փութինի հետ վարուելու, ու պատերազմի առաջնորդող յանձնառութիւններ չառնելու համար։ Անիկա հարկադրանքներու տակ է, իր երկրին մէջ յատուկ յանձնախումբի դատական հետազօտութեանց պատճառով, 2016-ի ընտրութեանց ատեն Ռուսաստանի հետ գործակցութեան համար – 1. Բախումի մը առաջքը առնելու համար Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ։ 2. Ալ-Քաիտան վերջնականօրէն պարտութեան մատնելու։ 3. Իշխանութեան փոխանցում կատարելու Սուրիոյ մէջ՝ Ասատի կրճատուած իրաւասութիւններով, նոյնիսկ՝ անոր մեկնումին համար։ 4. Հակամարտութեանց կայունութիւն յառաջացնել։ 5. Ամերիկեան զօրքերուն պատասխանատուութիւններով ելք մը ապահովելու համար շրջանի ճահճախուտէն։

«Էլ-Մոնիթըր»ի համաձայն, «Փութին ձրի չի գործեր։ Եթէ համոզուի թէ պատուաւոր ելք մը պիտի իրագործէ Սուրիայէն քաշուելով, Իսրայէլի ապահովութիւնը պահելով, մեծ վարկ է իրեն համար, եթէ շահաւոր դառնայ արծարծուած հարցերու քաղաքական սակարկութեան մէջ»։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Շաբաթական վերլուծում «Էլ-Մոնիթըր»ի, 23 Դեկտեմբեր 2018

 

***

 

Դիտարկումներ

Քաղաքականութիւնը, յատկապէս միջին դարերէն ետք, «արուեստ»ի վերածուած է, անտեսելով բարոյական կամ մարդկայնական սկզբունքներ։ Քօղարկուած դիւանագիտութիւնը կ՚ոտնակոխէ ժողովուրդներու ու կառավարութեանց իրաւունքները, տիրապետող ուժերու հիմնական շահերէն առաջնորդուելով։

Վերեւ պարզուած գոյավիճակը լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ յիշեալ ընդհանրացումին։ Դերակատարները չեն պակսիր նման գործելակերպի համար։ Եթէ Մ. Նահանգներ, սուրիական տագնապի հարցով, կ՚ենթադրուի թէ տեղի տուած է, այդ անպաշտպանելի «պատուաւոր ելք»ը Սուրիայէն, փոխարինուած կամ հակակշռուած է, Իրաքի հարաւ-արեւելեան սահմանին վրայ ամերիկեան զինուորական նոր խարիսխի մը շինութեամբ։ Իսկ Թուրքիա զրկուած պիտի ըլլայ Մենճիպի վրայ իր արշաւանքէն, երբ արդէն սուրիական զօրքերը մտած են հոն, տեղւոյն քրտական ուժերու կոչին ընդառաջելով։

Այս քայլով, Թրամփ պահած կ՚ըլլայ դաշնակից Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան մէջ, խանգարելով ռուս-թրքական մօտեցումը կամ գործակցութիւնը։

Միջին Արեւելեան տագնապը իր լուծումի նախաշեմի՞ն կը գտնուի արդեօք։

 

Ս.Յ.Մ.

 

Հաշուեյարդար. Ի՞նչ Ըրինք, Ի՞նչ Չկրցանք Ընել, Ի՞նչ Պիտի Ընենք

Խմբագրական «Զարթօնք»ի

Հիմնուելով պատասխանատու հաշուետուութեան մեր սկզբունքին վրայ՝ Ամանորի սեմին դարձեալ հաշուեյարդար մը կ’ուզենք ընել «Զարթօնք»-ի նախորդ տարուան գործունէութեանց՝ արձանագրելով, թէ ո՛ւր յաջողեցանք, ո՛ւր ձախողեցանք եւ ի՛նչ կը ծրագրենք յաջողցնել այս տարի:

Ինչպէս ամէն աշխատանքի պարագային, նախորդ տարուան ընթացքին մեր աշխատանքներուն համար, ըստ մեր ժողովուրդի «բարի» սովորութեան, երբեմն գնահատուեցանք  եւ յաճախ ալ քննադատուեցանք: Գնահատականներուն համար, ինչպէս միշտ, երախտապարտ ենք եւ կը վստահեցնենք, որ այդ մէկը մեզի քաջալերեց աւելի յանձնառու ըլլալու եւ մեր լաւագոյնը տալու մեր ընթերցողներուն: Տեղին եւ շինիչ քննադատութիւններէն փորձեցինք սորվիլ, իսկ «երդուեալ քննադատողներուն» համար ալ աղօթեցինք, որ Աստուած աւելիով տայ իրենց այն ինչ, որ կը ցանկան մեզի համար…:

Ինչպէս տարիներու մեր որդեգրած սկզբունքն է, մեր տեսանկիւնէն գնահատեցինք ու պատուեցինք արժանաւորը եւ փորձեցինք մարդկային կարելիութեան սահմաններուն մէջ անաչառ կերպով, երբեմն ալ անխնայ քննադատել այն ինչ, որ յոռի տեսանք եւ վնասակար:

Տարեսկիզբին եզրափակեցինք տարի մը առաջ ընթացք առած «Զարթօնք»-ի 80ամեակի ձեռնարկները՝ եզրափակիչ կարեւոր հանդիսութեամբ մը Պէյրութի մէջ: Այս առիթով հրատարակեցինք «Զարթօնք» 80ամեակի մեր բացառիկը:

Ինչպէս նախորդող տարին, անցեալ տարի եւս շարունակեցինք մեր թերթի արտադրութեան մէկ մասը իրագործել Հայաստանի մէջ, արհեստագիտութեան բարիքներէն օգտուելով՝ այս բանը տնօրինեցինք շատ յաճախ Պէյրութի, մերթ ալ Երեւանի մեր խմբագրատուներէն: Այս ծիրէն ներս մեր թերթի բովանդակութեան մէջ ընդգրկեցինք ««Զարթօնք» հայրենիքի մէջ» եւ «Երազէ՛… Իրագործէ… Ներդրողներ հայրենիքի մէջ» ընդհանուր վերնագրով երկու կարեւոր շարքեր, որ ունեցաւ իր տեսերիզի տարբերակը նաեւ: Արհեստագիտութեան հետ միշտ քայլ պահելու համար այս առիթով եւ ապա ընդհանրապէս մեր թերթի բովանդակութեան մէջ ընդգրկեցինք QR գաղտնագիրը, որպէսզի տպագիրը նաեւ որպէս միջոց ծառայէ այդտեղէն ուղղուելու ելեկտրոնային տարբերակին:

Մկրտիչ Մսըրլեանի անուան ««Զարթօնք»-ի բեղուն գրչի մրցանակ»-ի երկրորդ տուչութեան համար  արժանի գտանք Արցախի մեր աշխատակից Նորայր Յովսէփեանը:

Գործուղումներ ունեցանք Իրաք, Հայաստան, Նիւ Ճըրզի, Նիւ Եորք եւ Լոս Անճելըս, ուր լրագրական աշխատանքի կողքին մասնակից եղանք ձեռնարկներու եւ ունեցանք պաշտօնական հանդիպումներ թերթիս ծանօթ եւ անծանօթ անձնաւորութիւններու հետ՝ լաւագոյնս ներկայացնելով մեր թերթը տեղւոյն համայնքներուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն:

Լոս Անճելըսի մեր պաշտօնակից «Նոր Օր»-ի հետ միասին հրատարակեցինք  իւրայատուկ բացառիկ միացեալ թիւ մը:

Հրատարակեցինք ապրիլեան մեր յաւելուածը, որ իր բովանդակութեամբ եւ խորհուրդով իւրայատուկ էր: Ան կը պարունակէր խմբագրական մը եւ հետզհետէ փոքրացող Հայաստանի 30 քարտէս «Ո՞ւր էինք, ո՞ւր հասանք եւ դեռ ո՞ւր պիտի հասնինք» խորագրով:

Մասնակցեցանք ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ գումարուող լրագրողներու համահայկական 9-րդ համահայկական համաժողովին:

Այցելեցինք Արցախի առաջնագիծեր՝ դիրքերու վրայ գիշերներ լուսցնող մեր քաջարի զինուորներուն առօրեային ծանօթանալու համար:

 «Խմբագրատանս մէջ» սիւնակով շարունակեցինք ընդունիլ  սիրելի հիւրեր՝ անոնց հետ ունեցած մեր շահեկան զրոյցը դնելով մեր ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ:

Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով շարունակեցինք «Արցախը նախորդ շաբաթ» շաբաթօրեայ էջը՝  Արցախի մեր աշխատակիցին գրիչով մեր ընթերցողներուն ներկայացնելով Արցախի մէջ կատարուած իրադարձութիւնները:

«Երեւանը նախորդ շաբաթ» շաբաթասկիզբի սիւնակով մեր ընթերցողներուն շարունակեցինք ներկայացնել մշակութային յուշատետր մը տուեալ շաբթուան երեւանեան ձեռնարկներու:

Հրատարակեցինք Հայաստանի անկախութեան նուիրուած մեր բացառիկը:

Շարունակեցինք «Արմենփրէս»-ի հետ յատուկ գործակցութիւնը եւ այս ծիրէն ներս Երեւանի մէջ մասնակցեցանք վերջինիս կազմակերպած միջազգային լրատուական համաժողովին:  

«ՌԱԿ Մամուլ»-ի եւ ելեկտրոնային ցրւումի միջոցաւ «Զարթօնք»-ի ելեկտրոնային տարբերակը օրն ի բուն հասցուցինք աշխարհի տարածքին շուրջ 13 500 հասցէներու: Այս բանին զուգահեռ կայքէջի եւ ընկերային համացանցի վրայ մեր ընթերցողներու թիւը մշտական աճ շարունակեց արձանագրել:

Հիմնեցինք «Զարթօնք մատենաշար»-ը եւ հրատարակեցինք անոր անդրանիկ գիրքը: Այս ծիրէն ներս, համաձայնութեան մը եկանք Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնութեան հետ, որ նախ որպէս թերթօն, ապա որպէս գիրք հրատարակենք թանգարանին մէջ պահ դրուած յուշագրական ձեռագիրերը:

Հայաստանի Ազգային գրադարանի հետ շարունակեցինք մեր շինիչ գործակցութիւնը:  

Շարունակեցինք ազնիւ գործակցութիւնը լիբանանահայ միւս օրաթերթերուն հետ:

Չկրցանք տպագիրի մեր բաժանորդներուն թիւը մեծցնել հասկնալի պատճառներով: Չկրցանք հետեւողականօրէն շարունակել «Զարթօնք սփոր» մեր տպագիր շաբաթօրեան պիւտճէական պատճառներով՝ զայն փոխարինելով շաբաթօրեայ երկու էջերով: Նոյն պատճառով չկրցանք շարունակել մեր սկսած մանկապատանեկան  «Արեւիկ» յաւելուածի հրատարակութիւնը: Ասոնց փոխարէն փորձ մը կատարեցինք սկսելու «Զարթօնք»-ի գրական «Շիրակ» պարբերական յաւելուածը, որ, յոյսով ենք,  պիտի շարունակուի այս տարուան ընթացքին:

2019-ին պիտի շարունակենք այն ինչ որ սկսած ենք՝ փորձելով զանոնք մարդկային հնարաւորութիւններու եւ նիւթական պայմաններու մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կատարելագործել: Ինչպէս միշտ, պիտի շարունակենք նորարարութիւններով հանդէս գալ՝ աւելի հարստացնելու մեր թերթին բովանդակութիւնը՝ յաւելեալ արժէք մը  փորձելով տալ անոր գոյութեան:

Յառաջիկայ Հայութիւն. Խելահասութեան Ժամանակը

Մեծ Աշխարհի Խնդիրներէն Մեր Անկիւնի Խնդրիրներուն

Նոր տարեմուտի այս օրերուն մինչ տնտեսական, մարդկային, քաղաքական, բարոյական, ազգային այլազան եւ հակադիր խնդիրներ կը հանգուցեն մեր միտքերը, յառաջիկայ ամբողջ տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները պիտի մնան բարդ ու բարդոյթաւոր այս կեանքին մեր գլխաւոր մտասեւեռումներէն:

Ասիկա բնական է, որովհետեւ իր ենթազգայականին ու բնազանցականին մէջ անապահով զգացող հայը պիտի շարունակէ վերատեսութեան ենթարկել ապահովութեան խարիսխներու իր որոնումը: Եւ եթէ նոյնիսկ չուզէ հաստատուիլ Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ պիտի շարունակէ անոր մէջ տեսնել իր ապահովական երաշխիքը:

Ահա թէ ինչու մարդկութիւնը մտահոգող երկրագունդի բազում խնդիրներէն, հայերը առաւելաբար կը շահագրգռէ հայկական աշխարհը, յառաջիկայ հայութիւնը, մանաւանդ՝ անցնող տարուան հայաստանեան քաղաքական խոշոր իրադարձութիւններէն ետք, որոնք յղի են հակադիր ուղղութիւններով յառաջանալու ամէն առիթներով:

 

Երեսնամեակ, Խորհրդահայ Տարիներ Եւ 1880-1920 Ժամանակահատուած

Մարդու կեանքին մէջ քիչ չէ երեք տասնամեակ ապրիլը, մանաւանդ երբ այդ երեք տասնամեակներուն շուրջ կէսը գիտակցական հանգրուանի կեանք կ’ենթադրէ: Ծնողք ընդհարապէս զաւակներուն, կամ իրենցմէ կրտսեր սերունդի ակնարկելով երբ պիտի նշեն թէ անոնք կարողունակ դարձած են, կը հաւաստեն՝ «խելահաս է արդէն»: Այո, խելահաս, այսինքն՝ գիտակցական այնպիսի տարիք, որմէ կ’ակնկալուի կեանքին ու դիմագրաւելի խնդիրներուն լուրջ ու համապատասխան եւ դրապէս արդիւնաւորող լուծումներու տէր անձ:

Հայութեան յետսովետական հանգրուանը շուտով երեսուն տարեկան կ’ըլլայ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր պետականութեամբ, հոգեւոր թէ աշխարհիկ ղեկավարութեամբ, մտաւորականութեամբ ու ժողովուրդով – իբրեւ իրենց ազգային երկրին գերիշխանութիւնը երաշխաւորող քաղաքացիներ – շուտով պիտի դառնան երեսուն տարեկան:

Հայրենաբնակ ժողովուրդին այս նոր պարտականութիւն-իրաւունք զուգադրական յանձնառութեան մէկ տարբերակը կը վերաբերի Սփիւռքին, այսինքն՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց, ինչպէս նաեւ պապենական Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող բոլոր այն անձերուն որոնք հայ կը զգան:

Արդեօ՞ք երեսուն տարին բաւարար ժամանակ չէ մարդը խելահասութեան տարիքին մէջ զետեղելու: Աշխարհատարած հայութիւնը իր բոլոր խաւերով, աշխարհագրական թէ մարդկային ու ազգային իր դերակատարութեան բոլոր խմբաւորումներով շուտով երեսուն տարեկան պիտի դառնայ: Եթէ այդ երեսուն տարիներուն աւելցնենք 1870-1990ի համաշխարհային դէպքերուն հայկական բաժինի իրադարձութեանց նոյնիսկ մակերեսային ծանօթութիւնը, ապա կասկածէ դուրս է որ այսօր հայութիւնը թեւակոխած պէ՛տք է ըլլայ իր «խելահասութեան» տարիքը:

 

Հայկական Մերօրեայ Օրակարգեր

Յստակ են հայութեան մերօրեայ օրակարգերը: Անոնք սահմանագծուեցան (կամ վերաձեւաւորուեցան) վերջին երեսնամեակի հայկական զարգացումներուն լոյսին տակ: Անոնցմէ հինգին այստեղ պիտի անդրադառնանք: Այդ հինգը միակը չեն, եւ անոնց տուած մեր նկարագրութիւնը սպառիչ չէ, մանաւանդ որ պիտի չբանանք փակագիծերը ու պիտի յարգենք բացառութիւնները.-

  • Տնտեսութեան օրակարգ.- Յստակ է որ անցնող մէկուկէս տասնամեակին Հայաստանի Հանրապետութենէն վտանգալից արտահոսք եղաւ: Որոշ է նաեւ, որ այդ արտահոսքին տեսակարար կշիռը՝ երկրին տնտեսական տագնապն է: Ամէն ինչ պէտք է ընել, որ Հայաստան ունենայ ազատ եւ առողջ տնտեսութիւն: Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի մեծագոյն մարտահրաւէրը՝ տնտեսութեան կենսաւորումն է: Մարդիկ, կրնան պահ մը ոգեւորուիլ կաշառակերութեան դէմ տարուած արշաւով, քանի որ ներքուստ այն համոզումը ունին որ «աղանդաւորուած» տնտեսութիւնը կաշառակերներէն մաքրելէ ետք, տնտեսութիւնը ինքնաբերաբար աճ ու վերելք պիտի արձանագրէ ու նոր աշխատատեղեր պիտի յառաջանան: Ո՛չ, մերօրեայ աշխարհի տնտեսութիւնը այդպէս չի բանիր: Պետութիւնը պարտի դիմել օտար, ուրիշ պետութիւններու տնտեսական վերածնունդի փորձին: Լուրջ, գիտական հետազօտութիւններով համապատասխան ծրագրեր պարտին մշակուիլ եւ ըստ այդմ, քայլ առ քայլ ու թափով վերածնել տնտեսութիւնը:
  • Հայկական Հարց.- Հայկական Դատը, Հարցը, Խնդիրը արցախեան ազատամարտի շրջանին «վերաշարադրուեցաւ»: Մերօրեայ սահմանումը հողահաւաք ու հայահաւաք, թերեւս շատ շատերը կ’ուրախացնէ ու կը բաւարարէ: Սակայն խօսքէն գործի պէտք է անցնիլ հոս եւս: Ճանաչման, թէ ժխտողականութեան դէմ օրօրներն ու քայլերգերը չեն հրապուրեր նոր սերունդի յատկանշական զանգուած մը: Պարզ է, անմար պէտք է պահել պահանջատիրութիւնը: Բայց, հո՛ս ալ պարտինք դիմել ուրիշ ազգերու եւ դատերու լուծման փորձին, եւ յառաջացնել – կրկնելով տնտեսութեան մասին կատարած վերի ակնարկութիւնս – լուրջ, գիտական հետազօտութիւններով համապատասխան ծրագրեր մշակել:

Զարմանալի ենք. անցնող հարիւրամեակին մեր մեծագոյն հարցը յայտարարած ենք Հայկական Հարցը, որ մարդկային ըլլալու կողքին նաեւ քաղաքական է: Սակայն անցնող ամբողջ հարիւրամեակին չենք ձգտած, չենք յաջողած մարդկային նիւթերու եւ քաղաքական ասպարէզներու բաւարար մասնագէտներ ու դերակատարներ յառաջացնել:

  • Վերածնունդ, վերարտադրութիւն.- Եթէ սփիւռքեան համայնապատկերը դիտենք, կրնանք առանց երկմտանքի պնդել, թէ տեղահանութեան եւ Եղեռնին հետեւանքով հարիւր հազարաւոր հայեր թարմացուցին սպառման մօտեցած նախաեղեռնեան հայագաղութները: Կար ժամանակ, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով Արեւմուտք արտագաղթած լիբանահայութեան վերագրուեցաւ կարգ մը հայագաղութներու զարթօնքը: Այսօր նման բանի մը թերեւս կարելի է նմանցնել յետանկախական արտագաղթը, շեշտակի վերապահումներով:

Յամենայնդէպս, պատկերն այն է, որ մեր գաղութները պէտքն ունին, կարիքն ունին վերակենսաւորման, վերածնունդի: Սփիւռքի հայօճախները բաւարար թարմութեամբ չեն վերարտադրեր, չեն վերանորոգեր իրենք զիրենք: Մենք այս ընթացքով ականատես պիտի դառնանք տխուր աւարտներու:

Հոս էական կը դառնայ առաջնորդութեան առաքելութիւնը: Կարեւոր տարբերութիւն կայ գործերը վարելու եւ գործերը ղեկավարելառաջնորդելու միջեւ: Երկրորդ տեսակի մարդոց ժամանակն է հիմա: Տեսիլքի տէր հաւատաւոր առաջնորդները փրկարար գործ կրնան տանիլ այսօր:

  • Աշխարհափոխութիւն, հին յանկերգ եւ մտաւորականութիւն.- Ժողովուրդի մը կենդանի, ապրող ոգին իր մտաւորականութեան մէջ է: Ա՛ն է որ պիտի գիտնայ ժամանակին պահանջքը եւ ըստ այնմ վերահրամցնէ տուեալ ժողովուրդին անցեալի ժառանգը, այդ աւանդին տալով քաթալիսթի գործառոյթ:

Վերյիշենք պահ մը համաշխարհայնացման հանրահռչակման առաջին տարիներն ու այսօր: Որքա՛ն տարբեր է աշխարհը այսօր՝ երբ բաղդատենք 2010ի, 2000ի եւ 1990ի աշխարհներուն հետ: Հայ մտաւորականութիւնը դատապարտելու լուրջ պաշար կայ ամէնուրեք՝ իր թերացումներուն համար: Անոնք տակաւին չկրցան – պիտի ըսեմ բաւարար չջանացին – հոգեփոխել հայը: Բաւարար չտագնապեցան հայ երիտասարդութեան աւելի քան 60%ը գոյացնող այն զանգուածին համար, որ աշխարհափոխութեան հետ քայլ պահելով հայկականին մէջ բաւարար չգտաւ ժամանակակիցը: Եւ այդ 60%ին մեկնումը հիմնական պատճառ է մեր հոգեփոխութեան բացակայութեան, մեր վերածնունդ-վերարտադրութեան անբաւարարութեան…:

  • Նոր ժամանակներ, նոր հրապոյրներ.- Տարօրինակ չէ բնաւ որ մարդիկ լաւին, գեղեցիկին, հրապուրիչին, առինքնողին կը թեքին, կ’ուղղուին: Եթէ հայութիւնը շարունակէ հայկական տարածքը վանողական, անհրապոյր նկատել ապա յստակ է թէ ու՛ր կրնանք ուղղուիլ:

 

Խելահասութեան ժամանակն է: Սասունցի Դաւիթներ պէտք են որոնք բերդպարեր հիւսեն, եւ ժողովուրդ՝ որ ոչ թէ վստահի Սասունցի Դաւիթներուն, այլ մասնակցի՛ գործքի քան թէ խօսքի յանձնառութեամբ:

Խելահասութեան ժամանակն է, այլապէս պայծառ յառաջիկայ չի մնար հայութեան:

 

 

Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Հերոս Սպայ Արմենակ Ուրֆանեանի Մայրը Խնդրանքով Կը Դիմէ Աշխարհասփիւռ Հայութեան (լուսանկարներ)

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ 20

ՔՐԻՍԹԻՆԱ  ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Տօնական օրերուն չկայ աւելի վեհ գաղափար քան յիշել Հայ զինուորը, առանց որուն զոհողութեան չկայ ո՛չ հայրենիք, ո՛չ ազգ, ո՛չ ալ արժանապատուութիւն:

Այս առիթով հետեւեալ ազնիւ նախաձեռնութեան մասին կը տեղեկացնենք մեր սիրելի ընթերցողներուն:

«Խմբ.»

Դեկտեմբեր 3-4 բարեգործական ծրագիրով Արցախի Հանրապետութիւն էր ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոս սպայ Արմենակ Ուրֆանեանի մայրը՝ Համեստ Ներսիսեանը։ Որդիին անունով ստեղծուած «Արմենակ Ուրֆանեան» բարեգործական հիմնադրամին ջանքերով եւ պաշտպանական գերատեսչութիւններու թոյլտուութեամբ՝ Արցախի Ասկերանի շրջանի մարտական դիրքին վրայ տեղադրուած է 2016 թուականի Օգոստոս 2ին ընկերներուն կեանքը փրկելու ժամանակ ականի պայթումէն զոհուած շարքային Գէորգ Յարութիւնեանի յուշաքարը։ Հերոս Գէորգ Յարութիւնեանը յետմահու պարգեւատրուած է ՀՀ եւ ԼՂՀ նախագահներու կողմէ «Արիութեան համար» մետալներով, նաեւ պարգեւատրուած է ապրիլեան պատերազմին աշխուժօրէն մասնակցելու համար։

Գէորգը զոհուելէ ետք մայրը՝ տիկին Անահիտը, տեղեկացած է, թէ որդի պիտի ունենայ՝ փոքրիկ Գէորգ, որ պիտի շարունակէ եղբօր կիսատ ձգած գործերն ու պիտի ապրեցնէ ծնողները։ Փոքրիկ Գէորգը առաջին անգամ դիրքի վրայ էր իր եղբօրը կողքին։ Մայրը յուզումը չէր կրնար զսպել, տեւաբար յուշաքարին մօտ կը զրուցէր որդիին հետ։ Յուշաքարի բացումին ներկայ էին Ասկերանի զօրամասի հրամանատարական կազմը, զինուորականներ, արցախեան ազատամարտի մասնակիցներ։

Յուշաքարի բացումին արարողութեան հետ մէկտեղ, «Արմենակ Ուրֆանեան» բարեգործական հիմնադրամը, ի դէմս Համեստ Ներսիսեանի ու բազմաթիւ հայ ընտանիքներու, որոնք մշտապէս բանակի ու զինուորի կողքին են, չէին մոռցած նիւթական օգնութիւն ուղարկել։ Քաղցրաւենիք, հագուստ, առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ, սարքաւորումներ… Այդ փոքրիկ օգնութիւնը յառաջիկային կրնայ աւելի մեծնալ, եթէ նուիրատուները իրենց փոքրիկ լուման ներդնեն հիմնադրամի զարգացման ու յառաջընթացի գործին մէջ։

Համեստ Ներսիսեանը մեզի հետ զրոյցի ժամանակ յոյս յայտնեց, որ մարդիկ, տեսնելով իր աշխատանքը, բանակին հասցուած օգնութիւնը, իրենց լուման ալ կը ներդնեն այդ բարի գործին մէջ, քանի որ զինուորի մը համար չափազանց կարեւոր է զգալ հասարակութեան ուշադրութիւնը, իսկ իրեն համար աւելի կարեւոր է, քանի որ կը շարունակէ իր որդիին՝ սպայ Ուրֆանեանի գործը։ Մայրը, արցունքները աչքերուն, կը պատմէ, որ որդին երբեք չէ գանգատած ծառայութենէն, իր ստացած աշխատավարձը հարկ եղած պարագային տրամադրած է զինուորներուն, ամէն հարցով աջակցած ու օգնած է անոնց։

Տիկին Համեստը զինուորներուն հետ զրոյցի ժամանակ խորհուրդ տուաւ լսել սպաներուն, ուշադիր ըլլալ դիրքերուն վրայ, անվտանգութեան կանոնները պահպանել, քանի որ իւրաքանչիւր զինուորի կեանքը թանկ ու անգնահատելի է, հայ մայրերը կը սպասեն իրենց որդիներուն ողջ եւ առողջ վերադարձին։ Զօրամասի ղեկավարութիւնն ալ կարեւորեց նման միջոցառումներու դերը բանակ-հասարակութիւն կապի ծիրէն ներս։ Զինուորներուն եւ առաջնագիծը պահող սպաներուն համար չափազանց կարեւոր է գիտնալ, որ թիկունքը չէ մոռցած զիրենք եւ որ թիկունք-առաջնագիծ կապը կը գործէ անխափան։

Ասկերանի զօրամասին մէջ ու մարտական դիրքերուն վրայ առաքելութիւնը աւարտելէ ետք, նախաձեռնութեան անդամները եւ նկարահանող խումբերը արդէն երեկոյեան մութ ու դժուարանցանելի ճամբայէն ուղեւորուեցան Թալիշ՝ նոյն նպատակով։ Թալիշի զօրամասին մէջ ալ զինուորներուն յանձնեցին քաղցրաւենիքով ու զինուորներուն համար անհրաժեշտ պարագաներով լի տուփերը։ Այդտեղ ալ մեծ սիրով ու ոգեւորութեամբ ընդունեցին նախաձեռնութեան անդամները, զրուցեցին ու նոյն ջերմութեամբ ալ ճամբեցին՝ դարձեալ տեսնելու յոյսով։

Արցախի մէջ տիկին Համեստը հիւրընկալուեցաւ նաեւ յարկին տակ այն արցախցի զինուորականի ընտանիքին, որ երկու ամիս առաջ որդի ունեցած է եւ անունը ի պատիւ Արմենակ Ուրֆանեանի դրած է Արմէն։ Մայրը անթաքոյց յուզումով գրկած էր փոքրիկ Արմէնը: Ան կը նայէր ու կը նայէր անթարթ աչքերով, կը յիշէր իր որդին մանկութեան ժամանակ, կը պատմէր հետաքրքրական դէպքեր հերոս սպայի կեանքէն։ Սա անգամ մը եւս կը փաստէ, որ հերոսները չեն մեռնիր, անոնք յաւերժ են, քանի կը յիշուին ու կը գնահատուին։

«Արմենակ Ուրֆանեան» բարեգործական հիմնադրամը ստեղծուեցաւ տիկին Համեստի կողմէ, եւ հիմնական առաքելութիւնը բանակի ու սպայի կողքին ըլլալն է, բարոյական ու նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելը։

Հիմնադրամի նպատակներն են՝ բարոյապէս եւ նիւթապէս օժանդակել հասարակականօրէն անապահով զինծառայողներու, ինչպէս նաեւ զոհուած զինծառայողներու եւ Արցախեան գոյամարտին զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներու անդամներուն, նպաստել զինծառայողներու եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն իրաւունքներու պաշտպանութեան բարձրացման, անոնց ընկերային եւ այլ խնդիրներու լուծման, ներդնել նոր արհեստագիտութիւններ, համակարգեր՝ ուսումնական, պաշտպանական, տեղափոխման գործունէութիւնը ՀՀ սահմանային հատուածներու, զինուորական համակարգի, ուսումնական եւ գիտական կեդրոններու մէջ աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպելու համար, աջակցիլ հայոց բանակի հզօրացման եւ ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան ուղղուած ծրագիրներուն։

Կը նախատեսուի նաեւ հիմնել Արմենակ Ուրֆանեանի անունով հայ ազգային բոլոր ժամանակներու ազատագրական պայքարի ազգապատմագիտական թանգարան եւ ի սփիւռս աշխարհէն հաւաքագրել պատումները, վկայութիւնները, լուսանկարները, ստեղծել հինի ու նորի ազգային պատմագիտական շտեմարան։ Հիմնադրամը անձամբ կ’իրականացնէ ձեռնարկատիրական գործունէութիւն հետեւեալ ուղղութիւններով՝ հրատարակչական տպագրական, տեղեկատուական նիւթերու վերարտադրում, գիրքերու, տեղեկագիրքերու եւ հասցէագիրքերու, ամսագիրներու եւ պարբերականներու հրատարակութիւն, շարժապատկերի եւ տեսաֆիլմերու, հեռուստատեսային ծրագիրներու արտադրութիւն, տարածում, շարժապատկերի ֆիլմերու ցուցադրում, հեռուստածրագիրներու կազմում եւ հեռարձակում, իրաւաբանական գործունէութիւն։

Արմենակ Ուրֆանեանի մայրը կը դիմէ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ հիմնադրամին աջակցելու եւ օգնելու, ինչպէս նաեւ հայրենանուէր գործի իրականացման նպաստելու խնդրանքով:

Հիմնադրամին ֆինանսական նուիրատուութիւններ կրնաք կատարել հետեւեալ հաշուեհամարներով, իսկ Համեստ Ներսիսեանի հետ կապ հաստատել՝ (374) 91 788155 հեռախօսահամարով։

19300 69130500100 – Հայկական դրամ/ AMD

 19300 69130500101 – ԱՄՆ տոլար / USD

19300 69130500104 – Եուրօ / EUR

19300 69130500158 – Ռուսական ռուպլի / RUB

foundation.armenak.urfanyan@gmail.com

 

 

2018-ի Գլխաւոր Աղէտներ Եւ Արկածներ (լուսանկարներ)

«Զարթօնք» 2019ի Բացառիկին մէջ ամփոփած էինք նախորդող տարուան լիբանանեան, հայրենի եւ միջազգային լուրերը ինչպէս նաեւ տարուան դէպքերն ու կորուստները: Տեղի սահմանափակութեան պատճառով այնտեղէն դուրս մնացած էր 2018 տարուայ ընթացքին պատահած գլխաւոր աղէտներուն ու արկածներուն ամփոփումը, որոնց կ՛անդրադառնանք Նոր Տարուայ յատուկ այս առաջին թիւով: Միշտ յուսալով, որ 2019ն կ՛ըլլայ նուազ աղէտաբեր տարի մը, ձեր տրամադրութեան տակ կը դնենք հետեւեալ հակիրճ ակնարկը:

«Խմբ.»

2018 թուականը բնութագրելու համար, Ճափոնը որպէս տարուան նշան ընտրեց աղէտի չինական խորհրդապատկերը: Այդքան դաժան էր տարին ճափոնցիներուն համար. մահացու ողողումներ, երկրաշարժ, որոտամրրիկներ, հողասահանքներ: Իրավիճակը շատ տարբեր չէր աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ, ուր հազարաւոր զոհեր ինկան թէ՛բնական, թէ՛ մարդ արարածի պատճառած աղէտներուն հետեւանքով, թէեւ, բարեբախտաբար, չկար բնական աղէտ մը, որ առանձին պատճառէր տասնեակ հազարաւոր զոհեր:

Երկրաշարժ եւ ցունամի Ինտոնեզիոյ մէջ

Ինտոնեզիան անծանօթ չէ երկրաշարժերու եւ անոնց պատճառած ցունամիներու հետեւանքներուն: Երկիրը մասնաւորապէս եւ հնդկական ովկիանոսի շրջանը ընդհանրապէս տակաւին ամբողջութեամբ չեն վերականգնած 2004-ի ահաւոր ցունամիի վնասները:

Ինտոնեզիացիները տարին եզրափակեցին աւերիչ ցունամիով մը, որ պատճառեց աւելի քան 450 զոհ: Դեկտեմբերի վերջին օրերուն աշխատանքը տակաւին կը շարունակուէր գտնելու համար տասնեակներով անյայտ կորսուած անձերը: Ցունամիին պատճառը հրաբուխի ժայթքումն էր: Աղէտը նաեւ վիրաւորեց 1500 անձեր եւ անապաստան ձգեց 16 հազար քաղաքայիններ Ժաւան եւ Սումաթրա շրջաններու ծովեզերքին:

28 Սեպտեմբեր 2018-ին 7.5 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց Ինտոնեզիոյ Սուլավեսի կղզին՝ հիմնայատակ կործանելով քաղաքներ եւ գիւղեր: Երկրաշարժին յաջորդած ցունամին հասաւ 6 մեթրի եւ բարդացուց փրկարարական աշխատանքները: Աւելի քան 330 հազար անձեր մնացին անապաստան, իսկ զոհերուն թիւը հատեց 2750-ի սահմանը:

Շուրջ երկու ամիս առաջ, 6.9 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցած էր նոյն երկրի Լոմպոք քաղաքը եւ մօտակայ զբօսաշրջային Պալին՝ պատճառելով շուրջ 500 զոհ: 2018-ին աշխարհի մէջ եղան 4 աստիճանը հատող շուրջ 13500 երկրաշարժներ՝ անցեալ տարուան 12860-ին հետ համեմատած: Միայն մէկ երկրաշարժ հատեց 8 աստիճանի սահմանը:

Հրաբխային Ժայթքում Կուաթեմալայի մէջ

Յունիսին Ֆուեկօ հրաբուխը ժայթքեցաւ Կուաթեմալայի մէջ: Ան կը համարուի երկրի ամէնէն աշխոյժ հրաբուխներէն մէկը: 45 տարի նման ահաւոր ժայթքում չտեսած կուաթեմալացիները կորսնցուցին 400 համաքաղաքայիններ, մինչ հարիւրաւոր ուրիշներ կը մնան անյայտ կորսուած: Ամիսներ ետք, տեղական եւ միջազգային փրկարարական խումբերը տակաւին կը փորձէին օգնել տուժած բնակչութեան:

 

Ողողումներու շարք

  Ճափոնը գերարդիական եւ արհեստագիտական երկիր ըլլալով՝ բաւարար պաշտպանուած կը թուի ըլլալ բնական աղէտներէն, որոնք յաճախ կը հարուածեն Խաղաղական ովկիանոսի «կրակի օղակին» վրայ գտնուող այս կղզիներու երկիրը: Այսուհանդերձ, աւելի քան 220 ճափոնցիներ մահացան Յուլիսին տեղի ունեցած ողողումներուն հետեւանքով: Գետեր յորդեցան եւ քաղաքներ վերածուեցան լիճերու:

  Ճափոնի տնտեսութիւնը շատ տուժեց ողողումներէն, սակայն մարդկային կորուստներու առումով կացութիւնը աւելի ծանր էր Հնդկաստանի հարաւային Քերական նահանգին մէջ: Այնտեղ զոհուեցան աւելի քան 350 անձեր՝ շատեր ողողումներուն յաջորդած հողահոսանքներուն պատճառով: Իշխանութիւններուն համաձայն՝ այս Հնդկաստանի պատմութեան ծանրագոյն ողողումն էր վերջին հարիւրամեակի ընթացքին:

Ողողումներու ականատեսը դարձաւ նաեւ Նիճերիան, ուր կէս միլիոն քաղաքայիններ հեռացան իրենց բնակարաններէն: Ընդհանուր առմամբ, 13 հազար տուներ կործանեցան երկրի 36 նահանգներու մէկ երրորդին մէջ տեղի ունեցած աղէտին պատճառով:

Հիւսիսային Քորէայի բոլոր անցուդարձերը չեն հաղորդուիր: Այսուհանդերձ, Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ Սեպտեմբերին տեղի ունեցած ողողումներուն հետեւանքով եղած են 151 զոհեր, կործանուած են 800 բնակարաններ:

Residents are rescued from a flooded area by Japan Self-Defense Force soldiers in Kurashiki, southern Japan, in this photo taken by Kyodo July 7, 2018. Mandatory credit Kyodo/via REUTERS ATTENTION EDITORS – THIS IMAGE WAS PROVIDED BY A THIRD PARTY. MANDATORY CREDIT. JAPAN OUT. NO COMMERCIAL OR EDITORIAL SALES IN JAPAN. – RC1F750E3310

 

Անհակակշռելի հրդեհներ

Բոլոր հրդեհները կարելի չէ դասել որպէս բնական աղէտներ: Հետաքննութիւնները ցոյց տուած են, թէ մարդկային սխալներու հետեւանքով եւս բռնկած կամ առնուազն անհակակշռելի դարձած են բազմաթիւ մեծ հրդեհներ:

Յուլիսին, եւրոպական սաստիկ տօթի օրերուն, Յունաստանի մայրաքաղաքի մօտակայ Աթիքա շրջանը ականատես դարձաւ սաստիկ հրդեհներու, որոնք պատճառեցին աւելի քան 125 զոհեր, նիւթական ծանր վնասներու կողքին: Զոհերուն մէկ մասը ինկաւ բոցերուն պատճառով, ուրիշներ խեղդուեցան, երբ փորձեցին փախուստ տալ դէպի Միջերկրական ծովու ջուրերը: Քաղաքացիական պաշտպանութեան հարցերու փոխնախարար Նիգոս Թոսքաս յայտարարեց, որ բոցերը շատ հաւանաբար արդիւնք են հրձիգութեան: Աւելի քան 15 անջատ հրդեհներ եղան երեք հատուածներու մէջ, որոնք կը համարուին զբօսաշրջային վայրեր: Նմանօրինակ աւերիչ հրդեհ վերջին անգամ տեղի ունեցած էր 2007 թուականին, եւ քաղաքայիններ կը բողոքեն, որ պատկան մարմինները անհրաժեշտ դասերը տակաւին չեն քաղած:

Ամիսներ ետք, ամերիկեան Գալիֆորնիա նահանգին մէջ հրդեհներ բռնկեցան եւ շուրջ 18 օր շարունակ աւեր գործեցին՝ 8-էն 25 Նոյեմբեր: Բոցերը նախ բարձրացան երեք անջատ վայրերու մէջ՝ աւերելով Paradise կամ Դրախտ աւանը, որուն բոլոր 27 հազար բնակիչները ստիպուեցան հեռանալու իրենց բնակարաններէն: Շուրջ 930 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածք ազդուեցաւ բոցերէն: Զոհուեցան 91 անձեր:

Որոտամրրիկներու եղանակ

2018-ին չեղան 2005-ի Քաթրինա որոտամրրիկին նման սաստիկ ծանր որոտամրրիկներ, սակայն փոթորիկներու եղանակէն ազդուեցան թէ՛ Միացեալ Նահանգներու հարաւարեւելեան նահանգները, թէ՛ Չինաստանը, Ֆիլիփինն ու մօտակայ կղզիները: Ամերիկեան Հիւսիսային եւ Հարաւային Գարոլայնա նահանգներուն մէջ 13 Սեպտեմբերին սկսաւ Ֆլորենս որոտամրրիկը, որ շուրջ մէկ շաբթուան ընթացքին ողողեց ամբողջ թաղամասեր՝ պատճառելով շուրջ 50 զոհեր:

Իսկ Մանկութ թայֆունը տեղի ունեցաւ հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ, ուր քամիի արագութիւնը հասաւ մէկ ժամուան մէջ աւելի քան 170 քիլոմեթրի:

 

Ponte Morandi-ի փլուզում

14 Օգոստոսին Իտալիոյ Ճենոա քաղաքի Ponte Morandi կամուրջը մասամբ փլուզուեցաւ տեղատարափ անձրեւի ընթացքին՝ պաճառելով 43 զոհ: Կամուրջը կը համարուի Իտալիայէն Ֆրանսա կարեւոր անցքերէն մէկը՝ կառուցուած 1967 թուականին: Մասնագէտներու համաձայն՝ արկածի պատճառը կարգ մը շինարարական թուլութիւններու առկայութիւնն էր եւ տարիներու անհոգութիւնը:

 

Օդանաւային արկածներ

2018 տարին տխրահռչակ էր օդանաւային արկածներու առումով: Ծանրագոյնը տեղի ունեցաւ 11 Ապրիլին, երբ Ալճերիոյ ռազմաօդային ուժերուն պատկանող IL-76 տիպի փոխադրատար օդանաւը ջախջախուեցաւ Պուֆարիք քաղաքի օդակայանէն թռիչք առնելէ քանի մը վայրկեան ետք: Արկածին հետեւանքով զոհուեցան բոլոր 257 ուղեւորները՝ ներառեալ 176 զինուորականներ, ոմանք ընտանեկան պարագաներու հետ: Օդանաւը արտադրուած էր 1994 թուականին: Այս կը համարուի Ալճերիոյ մէջ պատահած օդային ծանրագոյն աղէտը:

29 Հոկտեմբերին Lion Air ընկերութեան 610 թռիչքը ջախջախուեցաւ թռիչք առնելէ 13 վայրկեան ետք Ինտոնեզիոյ Ճաւա ծովուն մէջ: Boeing 737 MAX օդանաւին մէջ զոհուեցան 189 անձեր՝ ներառեալ 181 ուղեւորներ: Նախնական հետաքննութիւնը ցոյց տուաւ, որ օդանաւը օր մը առաջ ենթարկուած էր շարժիչի մեքանիք խանգարումներու:

Մոսկուայի միջազգային օդակայանէն թռիչք առած Saratov Airlines-ի An-148 օդանաւը ջախջախուեցաւ 11 Փետրուարին Օրսք ուղղուելու ատեն: Իսկ Global Air օդնաւային ընկերութեան Boeing 737 օդանաւի ջախջախումը Գուպայի մէջ պատճառեց 112 զոհ: Միայն մէկ ուղեւոր փրկուեցաւ ծանր վէրքերով: 19 ուղեւորներ փրկուեցան Bangla Airlines ընկերութեան Bombardier տիպի օդանաւի ջախջախումէն, որ պատահեցաւ 12 Մարտին: 52 ուղեւորներ եւ անձնակազմի անդամներ զոհուեցան Պենկլատեշի մայրաքաղաք Տաքայէն Հնդկաստան ուղղուող այս օդանաւին մէջ: Իրանի Aseman Airlines օդանաւային ընկերութեան պատկանող ATR 72 տիպի օդանաւը արկածի ենթարկուեցաւ Թեհրանէն Եասուճ կատարած ուղեւորութեան ընթացքին: Օդանաւին բեկորները գտնուեցան Ասֆահանի Սեմիրոմ քաղաքին մօտ: Արկածին հետեւանքով զոհուեցան 60 ուղեւորներ եւ անձնակազմի 6 անդամներ:

 

Գետանաւի խորտակում

Սեպտեմբերի աւարտին, գետանաւ մը խորտակուեցաւ Ափրիկէի հարաւային Վիքթորիա լիճի Թանզանիոյ պատկանող հատուածին մէջ: Փրկարար ծառայութիւնները յաջողեցան փրկել բազմաթիւ ուղեւորներ, սակայն 224 անձեր մահացան: Նախնական հետաքննութիւնը ցոյց տուաւ, որ գետանաւը չափազանց խճողուած էր, ուստի ընկերութեան շարք մը տնօրինող պատասխանատուներ ձերբակալուեցան:

 

Ebola-ի նոր տարածում

Գրեթէ իւրաքանչիւր տարի համաճարակ մը կը ցնցէ աշխարհը: 2018-ին ebola-ն դարձեալ տարածուեցաւ Գոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան Քիվու շրջանին մէջ, ուր տակաւին կը շարունակուին զինուորական գործողութիւնները՝ դժուարացնելով բժշկական խումբերուն աշխատանքները: Միջազգային կազմակերպութիւններու համաձայն՝ ընդհանուր առմամբ 306 անձեր մահացած են Օգոստոսին:

Հայկազունիք (Արորդիք) Եւ Ամանոր

ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ

(Վերադարձէ՛ք Ակունքներ)

Մեր Արեգակէն 149,8 միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Երկիր մոլորակը, աներեւակայելի արագութեամբ՝ 934 միլիոն քիլոմեթր շրջապտոյտով մը լրիւ պտոյտ կատարած կ’ըլլայ Արեգակին շուրջ, բոլորած ըլլալով տարի մը՝ 365,25 օր տեւողութեամբ. այսպիսով՝ Յունուար 1-ին սկիզբ տալով նոր տարուան՝ Ամանորին:
Յունուար 1-ը՝ որպէս տարուայ սկիզբ, սահմանուած է Ք. Ա. 46 թուականին, Հռոմի կայսր Յուլիոս Կեսարին կողմէ (նոյն թուին Յուլիոս Կեսար ճշդում կատարելով Եգիպտական oրացոյցին մէջ, հիմքը դրած է հին հռոմէական Յուլեան տոմարին): Այդ օրը նուիրուած էր հին հռոմէական դիցարանի ընտրութեան, մուտք ու ելքի, դռներու եւ բոլոր սկիզբներու աստուած՝ Յանուսին եւ վերջինիս անունով ալ ամիսը կոչուած է Յունուար: Ան պատկերուած էր երկերեսանի:

Յանուսի արձանը, Վատիկանի թանգարան

1582 թուականի Փետրուար  24-ին լատիներէն լեզուով լոյս տեսած է Յուլեան տոմարի բարեփոխման մասին՝ «Inter Gravissimas» («Ամէնէն Կարեւորը») Գրիգորիս ԺԳ. պապի (1572-1585) պապական կոնդակը, որով հաստատուած է նոր տոմար եւ պապի անունով ալ կոչուած է Գրիգորեան օրացոյց { Յուլեան տոմարի բարեփոխման առաջարկն ու նախնական ջանասիրութիւնները կատարած է իտալացի թուաբան, աստղագէտ, բժիշկ, ժամանակագիր եւ փիլիսոփայ՝ Ալոյսիուս Լիլիուսը (մօտ. 1510 – 1576): Լիլիուսի մահէն ետք այդ գործը շարունակած է գերմանացի թուաբան եւ աստղագէտ Քրիստափոր Գլաւիուսը (1534 – 1612) }:

Գրիգորիս ԺԳ պապի (1572-1585) պապական կոնդակի՝ «Inter Gravissimas» («Ամէնէն Կարեւորը»)-ի առաջին էջը

Ըստ նոր տոմարի՝ Գրիգորեան օրացոյցի տարուայ առաջին օրը նոյնպէս կը համարուէր Յունուար 1-ը (Ներկայիս Երկիր մոլորակի երկիրներու մեծ մասը, ինչպէս նաեւ Հայաստանը այս օրը կը տօնէ Նոր տարին կամ Ամանորը): Որոշ երկիրներ Ամանորը կը տօնեն ըստ Լուսնային օրացոյցի: Չնայած որ Գրիգորիս ԺԳ. պապի (1572-1585) կարգադրութեամբ նաեւ հայերէնի թարգմանուած էր Գրիգորեան տոմարը, սակայն մենք՝ հայերս, հայոց ժամանակի հաշուարկը շարունակած ենք կատարել աւանդական շարժական տոմարով: Նոյնիսկ ԺԸ. դարուն Սիմէոն Ա. Երեւանցի (1710 – 1780, Ամենայն հայոց կաթողիկոս՝ 1763 թուականի Ապրիլ 20-էն) կաթողիկոսի կատարած տոմարագիտական բարեփոխումները չեն կրցած կասեցնել մեր աւանդական շարժական տոմարի օգտագործումը եւ ան յարատեւած է մինչեւ 20-րդ դար: Ի վերջոյ, 1920 թուականին Հայաստանը պաշտօնապէս ընդունած է Գրիգորեան տոմարը, իսկ Հայ եկեղեցին՝ 1923 թուականին:

Հայոց հնագոյն տոմարի սկզբնաւորման եւ կատարուած փոփոխութեանց մասին շատ կցկտուր տեղեկութիւններ ունինք: Ըստ հայ յայտնի բնագէտ-ճարտարագէտ Պարիս Հերունիի (1933-2008) ենթադրութեան՝ հայոց հնագոյն օրացոյցը (արեգակնային օրացոյցը) հաստատուած է Ք.Ա. 23-րդ հազարամեակի վերջին՝ Վահագն աստուծոյ ծնունդով, մօտաւորապէս Ք.Ա. 22946 թուականի Արեգ 1-ին (այժմու՝ Մարտ 21-ին). հետեւեալ հաշուարկով՝ 2492 (Հայկ նահապետի յաղթանակի թուականն է բռնակալ Բէլի դէմ) + 14 հայկական շրջան, այսինքն՝ 2492 + 14 x 1461 = 22946 տարի: Ուրեմն, մեր նախնիք՝ արորդիք, շատ վաղ անցեալին ամէնէն աւանդական Նոր տարին՝ Ամանորը տօնած են Մարտ 21-ին` գարնանային գիշերահաւասարի օրը, որ նաեւ բնութեան զարթօնքի խորհրդանիշն էր: Այդ տօնը նաեւ կը կոչուէր Ծաղկըմուտ՝ վկայակոչելով գարնան գալուստը:

Պարիս Հերունիի Գիտցողստուերաչափը՝ արեգակնային ժամացոյցն ու տոմարը

Վահագնի Արձանը (1968), քանդակագործ՝ Կառլէն Նուրիջանեան

 

Ուստի հայատառ ձեռագիր մատեաններուն մէջ պահպանուած նիւթերուն համաձայն՝ hայոց տոմարի սկիզբը սերտօրէն կապուած էր Հայկ Նահապետի՝ Բէլի դէմ տարած յաղթանակին, որ, ըստ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի (1820 – 1901) ուսումնասիրութեանց տուեալներուն, տեղի ունեցած է Ք.Ա. 2492 թուականի Օգոստոս 11-ին, որ կը համարուի Հայոց Բուն Թուականը:  Հայոց հին տոմարի՝ Նաւասարդ ամսուն առաջին օրը (անշարժ տոմարով կը համապատասխանէ Օգոստոս 11-ին, այսինքն՝ Հայկի յաղթանակի պահը: Հայոց հին տոմարի ամիսներն են՝ Նաւասարդ, Հոռի, Սահմի, Տրէ, Քաղոց, Արաց, Մեհեկան, Արեգ, Ահեկան, Մարերի, Մարգաց, Հրոտից եւ Աւելեաց) մեր նախնիք Ամանորի տօնահանդէսները կը տօնէին երկրի բոլոր դասակարգերու ներկայացուցիչներու բազմամարդ «համաշխարհական» մասնակցութեամբ եւ հայոց աստուածներու հովանաւորութեամբ (հին հայոց պատկերացմամբ՝ հայոց աստուածները Նաւասարդեան տօնախմբութեանց օրերուն Եփրատ եւ Արածանի գետերուն մէջ լոգանք առնելէ ետք, կը բարձրանային ձիւնածածկ լեռանց կատարները եւ կը հովանաւորէին տօնահանդէսները)՝ զոհաբերումներու, փոխադարձ նուիրատուութիւններու, խրախճանքներու, երաժշտութեանց, երգերու, պարերու, թատերախաղերու, ռազմախաղերու, մրցոյթներու, որսորդական զուարճանքներու, գուշակութիւններու … ուղեկցութեամբ եւ ի յիշատակ Արամազդ եւ Անահիտ աստուածներուն, զորս շատ պատկերաւոր ձեւով յաւերժացուած է Գողթան երգիչներու կողմէ՝ Արտաշէս արքայի սոյն բաղձանքով.

Ո՜  տայր ինձ զծուխ ծխանի
Եւ զաոաւօտն Նաւասարդի,
Զվազելն եղանց եւ զվազելն եղջերուաց.

Մեք փող հարուաք եւ թմբկի հարկանէաք,

Որպէս օրէնն է  թագաւորաց: 

Իսկ միջնադարու աստուածաբան, մեկնիչ, մատենագիր, մանկավարժ, պատմագիր եւ տոմարագէտ Վանական վարդապետ (1181 – 1251) Նաւասարդեան տօներու մասին գրած է հետեւեալը. «Փող հարէք ի գլուխս ամսու, յաւուր Նաւասարդի տարեկանաց մերոց» ։ Սակայն մեր օրերուն Ամանորեայ բազում սեպհական սովորոյթներ այլեւայլ պատճառներով մոռացութեան մատնուած են եւ փոխառուած են համաշխարհային ու օտար ծիսակարգերով, ինչպէս բազում սովորոյթներ…:  

Այսպիսով՝ Վիշապաքաղ Վահագնի քաջակորով ոգիով եւ Հայկեան ազատաբաղձ նետի սլացքով կու գամ շնորհաւորելու Ձեր Նոր տարին եւ Սուրբ ծնունդը՝ մաղթելով վերադարձ դէպի հայրենիք՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Սուրբ Ծնունդը Հայաստանի Մէջ Եւ Հայաստանէն Դուրս

ԶԱՐԱ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Աշխարհի մէջ քրիստոնէութեան տարածումէն ետք Սուրբ ծնունդը կը նշուէր միայն Յունուար 6-ին, բայց կաթոլիկ եկեղեցին զայն կը նշէ Դեկտեմբեր 25-ին: Քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք ալ հռոմէացիները կը շարունակէին տօնել որոշ հեթանոսական տօներ: Դեկտեմբեր 25-ին հռոմէացիները կը նշէին արեւի պաշտամունքին նուիրուած տօնը: Այսպիսով հեթանոսական աւանդոյթները խափանելու համար 336 թուականին հռոմէական եկեղեցին Դեկտեմբեր 25-ը նշանակեց որպէս Քրիստոսի Ծննդեան օր: Հետագային Ասորիքի եւ գրեթէ ամբողջ Արեւելքի մէջ Քրիստոսի Ծննդեան տօնի օրը փոխադրուեցաւ Դեկտեմբեր 25-ին, իսկ Յունուար 6-ը մնաց որպէս Տիրոջ Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան օր։ Հնագոյն աւանդութեան եւ աւետարանական հաշուարկներուն հաւատարիմ մնացած է միայն Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին՝ Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները Յունուար 6-ին նշելով:

Ինչպէս ամբողջ աշխարհի, այնպէս ալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ կան կաթողիկէ հայեր, որոնք այնուամենայնիւ չառանձնանալով Տիեզերական եկեղեցւոյ դաւանանքէն Սուրբ ծնունդը կը նշեն Դեկտեմբեր 25-ին:

Ինչպէ՞ս Հայաստանի Եւ Աշխարհի Կաթոլիկները Կը Նշեն Սուրբ Ծնունդը

Իռլանտացի տիկին Աննան, որ արդէն չորս տասնամեակէ Հայաստան կ’ապրի իր հայ ամուսինին հետ, կը պատմէ, որ Սուրբ ծնունդի կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը սեղանին դրուած ուտելիքներն են: «Սուրբ ծննդեան աւանդոյթ է ձկնամթերքով եօթը տեսակ ուտեստներ պատրաստելը, նաեւ Սուրբ ծննդեան աւանդական աղանդերը, որը կը պատրաստեն խնձորով կամ հատապտուղներով»: Տիկին Աննան կը յաւելէ, որ տունը կը նշեն նաեւ առաքելական եկեղեցւոյ ոչ միայն Սուրբ ծնունդը, այլեւ բոլոր տաղաւար տօները:

«Ես պարտաւոր եմ յարգելու աւանդոյթները եւ տօները այն երկրին, ուր կ’ապրիմ: Մեր տունը հիւրեր կ’ըլլան թէ՛ Դեկտեմբեր քսանհինգին եւ թէ Յունուար վեցին, որեւէ վատ բան չկայ երկու եկեղեցիներու տօները նշելու մէջ»,- կ’եզրափակէ տիկին Աննան:

Կաթողիկէ աշխարհի սրտին՝ Վատիկանի մօտ ապրող իտալացի քսանամեայ Մանարօ Վիչենզօն կը պատմէ, որ Իտալիոյ մէջ մեծ նշանակութիւն կու տան Սուրբ ծննդեան մսուրքին եւ տօնական ծառին: «Մեր երկրին մէջ կը կարեւորենք Սուրբ ծննդեան մսուրքը, որ դատարկ կը մնայ մինչեւ Դեկտեմբեր քսանչորս, միայն սուրբ պատարագէն ետք այնտեղ կը դնենք մանուկ Յիսուսը»:

Վիչենզօն կը պատմէ, որ Իտալիոյ մէջ յատուկ աւանդոյթ կայ, որուն ժամանակ բանեթոն կը պատրաստեն: Վերջինս Սուրբ ծննդեան հաց է, որ կը պատրաստուի կիսաքաղցր խմորէ, ընդեղէնէ եւ չոր հատապտուղներէ: «Բանեթոնը մեր տունը կ’ուտեն ընթրիքէն ետք: Անիկա կը խորհրդանշէ միասնականութիւնը եւ սէրը»:

Մեծամասնութեամբ Կաթողիկէ բնակչութիւն ունեցող երկիրներէն ամէնէն կրօնական աւանդոյթներով հարուստ երկիրը կը համարուի Լեհաստանը:

Ղազարեաններու ընտանիքը կ’ապրի Լեհաստան: Ընտանիքի մէկ մասը առաքելադաւան է, մէկ մասը՝ կաթողիկէ: Յովիկ Ղազարեանը կ’ըսէ, որ կարեւորը հաւատքն է, մնացածը ծիսական տարբերութիւններ են: Լեհաստանի մէջ Սուրբ ծննդեան գլխաւոր ճաշը պորչն է: Ճաշը կը պարունակէ սունկի կամ կաղամբի բելմեններ, անոր վրայ կը լեցնեն բազուկի ջուր: Ան կը խորհրդանշէ Քրիստոսի թափուած արիւնը, իսկ բելմեններու խմորը՝ մարմինը:

Սուրբ Ծննդեան ընթրիքի ժամանակ ոչ ոք կրնայ լքել ճաշի սեղանը մինչեւ կերակուրը չաւարտի: «Երբ սկսի ճաշը ու բոլորը սեղանի մօտ են, կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ մոռցած ես խոհանոցը, կամ ինչ կը վառուի կազօճախին վրայ, պէտք է սպասես մինչեւ ճաշը աւարտի»: Յովիկը հետաքրքրական աւանդոյթներու շարքին առանձնացուց նշխարքի բաժանումը ընտանիքին մէջ, որուն ժամանակ իրար կը փոխանցեն ուղղանկիւնաձեւ կամ քառակուսի նշխարք եւ փոխանցելու ընթացքին իրար բարեմաղթանքներ կը յղեն:

Իսկ թէ ինչպէ՞ս կը նշեն առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ ծնունդը, կը պատասխանէ Ղազարեաններու լեհ հարսը՝ Քաթաժինա Ղազարեանը՝ այն ալ հայերէնով:

Բրինձով, չամիչով փիլաւ կ’եփեմ, ձուկ կը խաշեմ, բանջարեղէն կը տապկեմ, իսկ հայկական գինի՜ն, ըմմմ, սեղանէն անպակաս է:

Ի վերջոյ, Դեկտեմբեր քսանհինգ, Յունուար վեց, թէ եօթը… կարեւորը հաւատքն է, ոչ թէ բառերը: Այն հաւատքը, որ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս Որդին Աստուծոյ՝ ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ, Միածին՝ այսինքն էութենէ Հօր… Չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ, յերրորդ աւուր յարուցեալ, ելեալ ի յերկինս նովին մարմնովն, նստաւ ընդ աջմէ Հօր։

Բնագիրը՝ արեւելահայերէն

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. 2019. Մարտահրաւէրներու Տարի

«ԶԱՐԹՕՆՔ» ԲԱՑԱՌԻԿ 2019 

Մուտք

Տեսականօրէն, մարտահրաւէրները տուեալ ժողովուրդի մը միասնականութիւն կ’ապահովեն, միասնաբար դիմակալելու ընդհանուրին սպառնացող վտանգը: Մնայուն, անլոյծ եւ ուժերէ վեր մարտահրաւէրները նաեւ կրնան միեւնոյն ժողովուրդը ջլատել եւ յուսահատութեան եզրին հասցնել: Շրջանցելու համար վտանգը երկիր (պետութիւն)-ժողովուրդ յարաբերութեան համակարգը պէտք է դրուի փոխադարձ գուրգուրանքի եւ հոգածութեան իրավիճակի մէջ, ուր իւրաքանչիւր կողմ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը ունի հասկնալու ու գործադրելու «իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ» (rights and duties) դրուածքը: Առանց այս իրավիճակին դժուար է երկրի մը, հետեւաբար ժողովուրդի մը գոյատեւումը:

Լիբանան

Աւարտող տարուան ընթացքին նշեցինք Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը: Հասուն տարիք մը ինչպէս անհատի մը համար, նաեւ երկրի, մինչ տակաւին ան մութին մէջ կը խարխափէ ու իր անկախութենէն ի վեր միեւնոյն խնդիրներն է, որ կը դիմագրաւէ:

Արդեօ՞ք կարելի պիտի ըլլայ յաջորդող տարին ալ նոյն խնդիրները, միեւնոյն գործելաոճով դիմակալել:

Մինչեւ նոր տարի, կառավարութիւն մը կազմուի թէ ոչ, արդեօ՞ք կարելի է նշանակեալ վարչապետի մը կողմէ կառավարութիւն կազմելու անժամկէտ ժամանակամիջոցի սահմանադրական բացթողումը յաւիտեան պահել, մինչ ժողովուրդին առօրեան մեծապէս կախեալ է անոր կազմութենէն:

Մշակոյթի վերածուած ու բացէ ի բաց փտածութեան առաջքը ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պիտի առնուի:

Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանը հեռու պահել շրջանային թնճուկներէ:

Իսրայէլեան վերջին, նաեւ մնայուն սպառնալիքները ինչպէ՞ս պիտի դիմակալուին:

Պետութեան մը մէջ պետութիւն երեւոյթը ո՞վ պիտի սրբագրէ:

Արդեօ՞ք սահմանադրական նոր տարբերակներու դէմ յանդիման պիտի գտնուինք շուտով:  Եռակողմանի բաժնեկցութեան մը դռներուն առջե՞ւ ենք:

Երկրին տնտեսութիւնը, որ կը գտնուի անդունդի եզրին, տակաւին մինչեւ ե՞րբ պիտի յաջողի կանգուն մնալ: Իսկ յանկարծ եթէ լիբանանեան դրամանիշը դարձեալ արժեզրկուի, պատուհասը բոլորիս պիտի չի՞ վերաբերի, երբ երկրին բաղկացուցիչ բոլոր համայնքներուն ալ դրամանիշը միեւնոյնն է…:

Լիբանանահայութիւն. նաեւ սփիւռքներ

Գաղտնիք մը չէ, որ լիբանանահայութեան քանակն ու որակը անկում կ’ապրի: Կը նահանջենք ամէն ճակատներու վրայ: Հակառակ թափուած ճիգերուն՝ ազգային հաստատութիւններու իրավիճակը այնքան ալ առողջ չէ: Կը նահանջէ հայ անհատը: Կը նահանջէ հայ հաւաքականութիւնը: Ե՞րբ, այսպէս կոչուած, ղեկավարութիւնը խելքի պիտի գայ, որ եթէ տուեալ պատասխանատուն ատակ չէ իրեն վստահուած պաշտօնը գլուխ հանելու, պէտք է իր տեղը տայ, այլ անձի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ նուազագոյն վնասներով շարունակել: Որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել այն ինչ, որ մնացած է:

Աւելի կամ նուազ չափով նոյնն է հայկական բոլոր սփիւռքներու պարագան սփիւռքեան  յստակ տեսլականի մը բացակայութեան ու փոխադարձ հոգածութեան պակասին պատճառով:

Հայաստան

Հակառակ շատերու ունեցած վարդագոյն հեռանկարին, փաստ է, որ Հայաստան կ’ապրի իշխանափոխութիւն մը անպատրաստ քատրերով ու նոր խորհրդարանին մէջ գրեթէ անգոյ ընդդիմութեամբ: Այս վիճակը, մինչ երկիրը կ’ապրի  շրջանային ու միջազգային վտանգաւոր զարգացումներու ու մրցակցութեանց խաչմերուկին վրայ: Անյստակ է մեր արտաքին քաղաքականութիւնը: Անյստակ է նոր իշխանութեան հարցեր կառավարելու գործելաոճը: Կը պակսի, ըստ խոստացուածին, տնտեսութիւնը տրամաթիքօրէն յեղաշրջելու ու զարգացնելու կախարդական գաւազանը, մինչ անոր ձեռքբերումը կրնայ կարօտիլ լուրջ, շատ լուրջ եւ հայ ժողովուրդին համար չափազանց վտանգաւոր, նաեւ համահայկական մակարդակով, միակամութիւն կամ միաձայնութիւն չապահովող զիջումներու թշնամի ճակատին վրայ…: Ժողովուրդի մակարդակով կայ իրարու հանդէպ անհանդուրժողականութիւն եւ յաղթող-պարտուողի հոգեբանութիւն, որ անյապաղ պէտք է սրբագրուի:

Արցախ

Հայ ժողովուրդի միասնական ճիգերով եւ արեան գնով ձեռք բերուած երկիրը ոչ նուազ դժուարին օրերու դէմ յանդիման կը գտնուի: Օրակարգի վրայ է հողային եւ այլ զիջումներու կամ փոփոխութիւններու հարցեր, մինչ այնտեղ կան կարմիր գիծեր, որ ժողովրդական քարոզչութեամբ չէ, որ կարելի է հատել եւ պէտք չէ հատել: Զգոյշ:

 Հայ դատ

Հայ դատը ցեղասպանութեան ճանաչումով սահմանափակելու ժամանակը անցած է, մինչ հողային փոխհատուցման խնդրով, տարածաշրջանը կրնայ շուտով ուրիշ քարտէս ունենալ: Ո՞ւր ենք մենք այս զարգացումներուն դիմաց:

Եզրափակում

Մարտահրաւէրները տուեալ ժողովուրդի մը միասնականութիւն կ’ապահովեն: Մեր ժողովուրդը փորձը ունի մարտահրաւէրներու դիմաց միակամ բռունցք կազմելու: Ի՞նչը կը պակսի մեզի այսօր: Կը պակսին կամքը, վտանգի գոյութեան գիտակցութիւնը, յստակ տեսլականը եւ երկիր(պետութիւն) – ժողովուրդ փոխադարձ հոգածութիւնն ու գուրգուրանքը եւ մանաւանդ իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու դաստիարակութիւնը:

2019-ն մարտահրաւէրներու տարի է: Սորվինք անցեալէն, լաւապէս արժեւորենք ներկան եւ միասնաբար դիմակալենք եւ դիմաւորենք ապագան, որ որքան մռայլ, կրնայ նոյնքան պայծառ ըլլալ երբ մենք գործով եւ ոչ խօսքով զայն կը տենչանք:

 

Յենարան

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Կեանքի ճամբորդութիւնը ունի իր անխուսափելի ելեւէջները: Հինէն մարդու գլխաւոր նիւթերէն եղած է նոյնինքն մարդը: Ո՞վ է, ի՞նչ է եւ այլն: Առնենք «Մարդը ընկերային արարած մըն է» (Սոկրատ) խօսքը: Այդ պատճառաւ իսկ կազմուած են խմբակցութիւններ իրենց  մանրամասնութիւններով ու ճիւղաւորումներով: Հաւաքական կեանքը միայն մարդու չի վերաբերիր ի հարկէ: Ընդհանրապէս կենդանական աշխարհը հաւաքականութեամբ կ’ապրի, սակայն ինչ ալ ըլլան, որքան ալ մօտիկ ըլլան այդ հաւաքականութեան անդամները, օր մը, տեղ մը, պահ մը մարդ պիտի զգայ առանձին, քանի որ ամէն ոք ունի իր յատկութիւններն ու երազները: Մէկ խօսքով՝ ներաշխարհը, որ կը տարբերի ուրիշներէ, եթէ նոյնիսկ ան ըլլայ արիւնակից, մօտիկ պարագայ, ինչպէս՝ հայր, մայր, քոյր, եղբայր եւ այլն:

Կուաթամա Սիտհարթա, իր հարցումներուն պատասխամ չգտնելով, առանձնացաւ՝ անտառ երթալով վեցամեայ խոկումներէ ետք գտաւ ի՛ր ճամբան, ուսուց եւ եղաւ միլլիոններու ապաւէնը իբրեւ կրօն կամ փիլիսոփայութիւն:

Յիսուս առիթով մը ըսաւ. «Ես մինակ չեմ, Հայրը ինծի հետ է», իսկ Գեթսեմանէի պարտէզին մէջ մնաց մինակ ու խաչին վրայ աղաղակեց. «Քու ափերուդ մէջ կ’աւանդեմ իմ հոգիս»:

Նարեկացի իր «Մատեան ողբերգութեան» ԾԱ-ի մէջ առանձնութեան կը մատնուի ու հարցումի ծածկոցով կը փնտռէ որո՞ւ երթալ: Հուսկ, «Որո՞ւ պաղատիմ. Երկրաւոր գահերու իշխաններո՞ւն, որոնց հետ կ’անցնի նաեւ բարութիւնը, կամ հարազատ եղբօ՞ր մը, որ իր անձին անդորրութիւնը փնտռելու պէտք ունի, կամ երկրաւոր հօ՞րս, որուն տարիքին հետ խնամքն ալ պակսած են, կամ զիս երկնող մօ՞ր արդեօք, որուն կեանքին վերջացումով դադրած են նաեւ գութն ու գորովը, կամ աշխարհի թագաւորութիւններո՞ւն արդեօք, որոնք միշտ մարդ սպաննելու արուեստը կը մշակեն, քան թէ զայն ապրեցնելու: Ո՛չ, երբեք: Այլ միայն Քեզի պիտի պաղատիմ, բարերար եւ երկինքի մէջ օրհնեալ Աստուած»:

Առանձնութեան զգացողութիւնը կը շեշտուի մանաւանդ յուսախաբութիւններու, հիւանդութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ տօնական օրերուն:

«Ոչ ոք ըսաւ հէք տղայ, արդեօք ինչու՞ կը մխայ» (Պ.Դուրեան):

ՄՈՒՍԱՅԻՆ նուիրած իր քերթուածով Չարենց կ’ըսէ. «Մաքուր իմ սէր, միակ իմ զէն,…Ամէն վայրկեան ու ակնթարթ Դո՛ւ ես միայն ինձ հետ կիսել Թէ՛ վիշտ, թէ՛ վէրք, թէ՛ երգ, թէ՛ վարդ,- Մաքուր իմ սէր:… Ինչպէս երգչին – քնքուշ քնար, Զօրավարին – անկոր սուսեր,- Իմ զէ՛ն, իմ սո՛ւր, իմ հո՛ւր անմար,- Անհուն իմ սէր…

Մարդ առանձին կը ծնի ու կ’ուղղուի դէպի առանձնութիւն (Պրահմանական):

Մարդ ԻՆՔ պիտի ըլլայ իր փրկիչ յենարանը, բաւարարութիւնը: