Տնտեսական Հարթակ. Տնտեսական Տագնապը Դիմագրաւելու Մարտահրաւէրը

Չենք կրնար լուծել խնդիրներ, օգտագործելով այն նոյն մտածելակերպը

զոր օգտագործեցինք զանոնք ստեղծելու ատեն:

Ալպէրթ Այնըշթայն

20-րդ դարու գերմանացի մեծ գիտնական

 

            Գերմանացի գիտնական Ալպէրթ Այնըշթայն ճիշդ ախտորոշում կատարած է 20-րդ դարու սկիզբը: Հիւանդութիւնը բուժելու համար նախ ախտաճանաչում պիտի կատարես: Ապա օգտագործես ցարդ օգտագործուած մեթոտներէն տարբեր մեթոտներ: Նոյնն ալ տնտեսութիւնն է: Տնտեսութեան տկար կէտերը պիտի ճշդուին, ապա նկատի առնելով նախկին սխալները, պիտի որդեգրուին նոր, ցարդ չօգտագործուած մեթոտներ տնտեսական տագնապը լուծելու համար:

            20-րդ դարու 80-ական թուականներուն Աշխարհի շատ մը երկիրներ քաջալերեցին Համաշխարհայնացումը, հիմնուած բաց սահմաններու, դրամագլուխի եւ մարդուժի ազատ փոխանակումի վրայ, որ հիմնաքարն էր նոր ազատական համակարգին: Զարգացած պետութիւններու արտադրութեան հիմնական մասը փոխադրուեցաւ հարաւ արեւելեան եւ արեւելեան Ասիոյ զարգացող երկիրները: Այդտեղ աժան աշխատավարձով արտադրուած ապրանքը ողողեց միջազգային շուկան: Յարմար գինով ապրանքը շատ ցած մաքսի տոկոսով կամ առանց մաքսի ներածուեցաւ Լիբանան եւ վնասեց տեղական արտադրութեան: Տուժեցին տեղական ճարտարարուեստը եւ գիւղատնտեսութիւնը: Ժխտական արդիւնքը սկսանք քաղել 21-րդ դարու սկիզբէն սկսեալ: Լիբանանի տնտեսական անկումի ամենամեծ պատճառն էր նոր ազատական տնտեսական համակարգը, որ կործանեց երկրի փոքր ճարտարարուեստի ընկերութիւններն ու գիւղատնտեսութիւնը եւ երկիրը մտցուց պարտքի անվերջ հոլովոյթին մէջ:

            Երկրորդ ճակատագրական սխալը որ գործադրուեցաւ Լիբանանի մէջ 1992-էն սկսեալ պարտքով աշխատելու հոլովոյթն էր: 90-ականներուն սկիզբը Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթը դրական նշաններ ցոյց կու տար: Այս պատճառով եւ կանխատեսելով ապագայի տնտեսական մեծ աճ մը, Լիբանանի իրերայաջորդ կառավարութիւններ բարձր տոկոսով պարտքի դրամ առին դրամատուներէն ժամ առաջ երկիրը պատրաստելու համար գալիք տնտեսական ծաղկումին: Այս հոլովոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ 2019 թուականը, երբ տեղի ունեցաւ նախատեսուած մեծ անկումը: Դրամատուներուն մէջ դրամ չէր մնացած պետութեան առեւտուրի եւ պիւտճէի բացերը փակելու համար: Հոս յանցաւոր է ամբողջ քաղաքական համակարգը: Խորհրդարանը յանցաւոր էր, որովհետեւ բնաւ չքննարկեց կառավարութեան ներկայացուցած տարեկան պիւտճէն իր բացերով: Չքննարկեց, որովհետեւ երկրին մէջ տիրող էր քանդիչ յարանուանական տնտեսական շահերու բաժանումի համակարգը: Բոլոր յարանուանութիւններ շահերու բաժանում կը կատարէին առանց մտածելու երկրի ընդհանուր վիճակին մասին: 2011-ին, երբ սկսաւ սուրիական տագնապը իր տնտեսական ծանր հետեւանքներով Լիբանանի համար՝ զբօսաշրջութեան կասեցում, արտադրութեան փոխադրութեան դադրեցում, Լիբանանի կառավարութիւնը շարունակեց ծախսել անհաշիւ, առանց որեւէ քննարկումի: Կեդրոնական Դրամատունը լիբանանեան դրամանիշի փոխարժէքը կայուն պահեց, սակայն փոխանակ ահազանգ հնչեցնելու քաղաքական այրերուն, անոնց գործակիցը եղաւ պարտք ապահովելու հոլովոյթին մէջ: Յարանուանական քաղաքական եւ տնտեսական շահերու բաժանումի համակարգը քանդեց երկիրը: Փտածութիւնը չզսպուեցաւ նոյն յարանուանական շահերու բաժանումի համակարգի հզօրութեան պատճառով: Երկիրը յայտնուեցաւ ամենափտած երկիրներու ցանկին վրայ: Հաշիւ տուող ո՞վ էր:

            Քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք, փոխանակ զարկ տալու ճարտարարուեստին եւ գիւղատնտեսութեան, քաջալերուեցան դուրսէն կախեալ շինարարութեան, զբօսաշրջութեան եւ ծառայութիւններու մարզերը: Այս քաղաքականութիւնը անմեղ չէր: Համաշխարհայնացում կոչուող համակարգը արդէն գործող համակարգն էր Աշխարհի վրայ: «Ձեզի ինչ պէտք է արտադրել, արդէն աւելի աժան գինով արտադրող երկիրներ կան» լոզունգը քանդեց փոքր երկիրներու ճարտարարուեստի եւ գիւղատնտեսութեան մարզերը: Ասոնք այն մարզերն են, որոնք կարծր դրամանիշ կ’ապահովեն երկրին, արտածումի ամենամեծ աղբիւր ըլլալով:

            Ուրեմն, տնտեսական տագնապին լուծումը յստակ է: Որդեգրել այն տնտեսական քաղաքականութիւնը, որ չորդեգրուեցաւ վերջին 30 տարիներուն: Մնացած դրամը դրամատուներուն մէջ օգտագործել այն մարզերուն մէջ, որոնք մեծ թիւով մարդիկ կ’աշխատցնեն եւ արտածումի ու կարծր դրամանիշի աղբիւր են: Գալիք տարիները ճարտարարուեստի եւ գիւղատնտեսութեան զարկ տալու տարիներ են: Այլ ելք չկայ: Զբօսաշրջութիւնը, շինարարութիւնը եւ ծառայութիւնները օժանդակող հատուածներ եղած են միշտ: Ճակատագրական սխալը զանոնք առաջնակարգ եկամուտի աղբիւրի վերածելն էր: Տնտեսական բնական հոլովոյթին տրուած մեծ հարուած էր միջազգային տնտեսական կազմակերպութիւններուն քաջալերանքը ոչ արտադրող տնտեսական հատուածներուն: Նախագահ Թրամփի իշխանութեան հասնելու հիմնական պատճառներէն մէկն էր ԱՄՆ-ի մէջ անգործ մնացած միջին դասակարգի մասնագէտներու եւ հողագործներու հատուածը: Այս մարդիկ, մանաւանդ ճարտարարուեստի մասնագէտներ անգործ մնացած էին, որովհետեւ գործարանները ԱՄՆ-էն փոխադրուած էին ծայրագոյն արեւելք աւելի աժան արտադրանք ապահովելու համար միջազգային մեծ ընկերութիւններուն: Թրամփ սկսաւ փոխել այդ քաղաքականութիւնը: Սակայն երեսուն տարիէն աւելի գործող համակարգ մը շատ դժուար է մէկ օրէն միւսը փոխարինել: Ժամանակ պէտք է:

            Գալիք տարիներուն կրնանք ականատես դառնալ արտադրութեան տեղայնացման, այսինքն ամէն երկիր իր արտադրութեան զարկ տայ: Քորոնա ժահրի համաճարակի ստեղծած փոխադրութեան տագնապը աւելի հիմնաւորեց այս վարկածը: Տնտեսական հաւասարակշռութեան հասնելու ժամանակը շատոնց հասած է: Պարտքի վրայ հիմնուելով պետութիւն, ընկերութիւն եւ ընտանիք պահելու փիլիսոփայութիւնը մեծ հարուած ստացաւ: Հաւասարակշռուած տնտեսական քաղաքականութիւնը պիտի տիրէ գալիք տարիներուն: Այս է միակ լուծումը մեր ախտերուն:    

 

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

 

Մարդ Եւ Կեանք

«Անսկիզբին գաղտնիքները ո՛չ դուն գիտես եւ ո՛չ ալ ես» (Օ. Խայեամ): Կենդանական աշխարհի գլխաւոր, հիմնական եւ որոշիչ արարածը մարդն է. Կիզակէտը գոյութեան, շնորհիւ իր բանականութեան. Հարցումներով լի եւ բազմապատի՛կ, պատասխաններով տարաբնոյթ: Վարկածներ՝ գոյութեան, լինելութեան, տակաւին յստակ ընդունուած տեսութիւնները կը շպրտուին ու կու գան նորեր, կարծես անխօս բնութեան մէկ խօսուն ներկայացուցիչը ըլլար. Հիները կ՛անցնին տեղի տալով նորերու. Գիտութեան յառաջխաղացքը իր դրական կողմերով ունի նաեւ բացասականը որով՝ ապականութիւնը մթնոլորտի, օզօնի գոյացումն ու ընդարձակումը՝ արհաւիրք է կենդանական աշխարհի: Ներքին մղումով, կարծես Պիկ Պէնկի իբրեւ արդիւնք՝ որով յառաջացան արեւներն ու աստղերը, մոլորակները…: Մարդու հոգիին մէջ ալ ծլած է, որ վազքով մը՝ կ՛ուզէ ունենալ, աւելի՛ ունենալ  ու հոս կը սկսին  ընդհարումներն ու ծայրայեղ պարագային՝ պատերազմները. Բնական աղէտներու առընթեր մարդն ալ իր կարգին աղէտ մը սկսած է դառնալ բնութեան ուր ինք ալ կ՛ապրի: «Բնութիւնը սուրբ է չես կրնար բարեփոխել» (Լաօ Ցէ):

Բնութեան տեղաշարժերը յարատեւ են ու անկասելի: Ի՞նչ էր միլիոնաւոր տարիներ առաջ աշխարհագրական պատկերը մեր մոլորակի. Անծանօթ ու անյայտ տարածք… որ տակաւին կը շարունակուի.թերակղզի մը կը վերածուի կղզիի, (Մալկաշ) կղզի մը կը միանայ մօտիկ ցամաքամասին ու կը դառնայ Հնդկաստան եւ բազմաթիւ այլ օրինակներ: Կան նաեւ տակաւին շարունակուող երեւոյթներ: Բնութեան անակնկալներէ սովորական եւ բացառիկ պարագաներ, ինչպէս երկնաքարեր որոնց առաջքն առնել մարդու հասու չէ:

Անցնելով  բնութեան, կենդանական աշխարհի  կեանքի շրջանը իրագործելու գոյամարտը յաջողեցնելու  համար բնութիւնը իբրեւ պարգեւ տուած է յարձակողական եւ պաշտպանողական գործօններ: Մարդ արարածն ալ պատկանելով կենդանական աշխարհին, դարերէ ի վեր, կը գոյատեւէ, սակայն ունենալով բանականութիւն՝ թէ՛ իր պաշտպանողական եւ թէ՛ յարձակողական միջոցները կը զարգացնէ ու տակաւին ընթացքը կը շարունակուի ի մասնաւորի զինարուեստի մէջ, որով կը յառաջանայ ապականութիւն օդի, ջուրի, ոչ միայն ոռոգման այլ՝ ծովու եւ նոյնիսկ ովկիանոսներու, վտանգելով ծովային կենդանիներու գոյութիւնը:

Հողն ալ հեռու չէ ապականութենէ: Ապրելու համար ոռոգման մշակում է պէտք. Մարդը հո՛ն է իր արհեստագիտութեամբ միջատներու եւ այլ համաճարակներու դէմ դնելու. Եւ այսպէս, ամէն մարզի մէջ բնութեան արհաւիրքներէն մինչեւ մարդակերտ վտանգներու դիմաց պատուար կանգնելու  զինուորագրուած յանուն կեանքի ապահովութեան: Զգացում մը՝ որ կը սկսի ծնունդէն, հանգիստ որոնելու մօր գիրկին մէջ, ապա՝ ընկերութեան, որ կարգ ու կանոնով պետութիւն կը կոչուի եւ իբրեւ երկիր, կ՛ունենայ բանակ որ ինչպէս անխուսափելի  է, տեղին պիտի պաշտպանէ ու ի հարկին ալ՝ արշաւէ, ընդլայնելով իր զօրութեան շրջագիծը, աւելի ամուր հիմերու վրայ հաստատելու երկիրը ամէն մարզի մէջ ե՛ւ զինուորական ե՛ւ տնտեսապէս: Բնազդին հրամայականն է սա, որուն կ՛ենթարկուին համայն աշխարհի պետութիւններ իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ, որը սակայն կը դառնայ գլխաւոր պատճառը ընդհարումներու. Քսաներորդ դարուն երկու Համաշխարհային պատերազմ տեղի ունեցաւ երեսուն տարուան ժամանակաշրջանին մէջ: Աւեր ու աւեր: Քանդել, կառուցել, շարժում, եռք, պատճառներ եւ պատրուակներ շատ բայց ակունքը՝ մարդու ոճրածին կառոյցն է եւ բնազդը որով կ՛ուզէ ըլլալ տիրապետող: Մինչ իբրեւ արդիւնք՝ կ՛ունենանք տեղափոխութիւն զանգուածային, աւելի ապահով բնակավայր, նոր ապագայ, ապագայ հայրենիք. Ինչպէս մեր՝ հայերուս պարագային եւ Ափրիկեան այլ երկիրներու ժողովուրդներուն: Նոր կեանք, նոր ապրելակերպ. Խստագոյնը՝ երբ կը պարտադրուի, ինչպէս Ափրիկէի ժողովուրդէն գերեվարուեցան իբրեւ կենդանի աշխատուժ դէպի ԱՄՆ եւ իբրեւ ստրուկ դարեր ծառայեցին, որոնք կը ցոլան ե՛ւ իրենց վարմունքին ե՛ւ իրենց ապրելակերպին եւ արուեստին մէջ. Վերջապէս ամբողջովին, քանի  որ ապրուածին արտայայտութիւնը կարելի չէ թաքցնել:

Իբրեւ վերջաբան, ժամանակաւոր է ամէն բան: Արեւներ կը ծնին ու արեւներ կը մարին…ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս. Անկանխատեսելի է սակայն կ՛ապրինք այնքան ատեն որ արեւը կը վառի ու կը մարի, գարունը իր ծաղկունքը կը բուրէ ու կեանք հրաշալիքը իր սեւով ու ճերմակով կ՛ընթանայ դէպի անծանօթ հորիզոնները գալիքին թողելով  իր ետին անցեալ մը հազարաւոր տարիներու արգասիքով առլի:

Իբրեւ վերջաբան…«Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր»:

 

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Տեսակէտ. Պետական Հարուա՞ծ Թուրքիոյ Մէջ՝ Թէ Էրտողանի Միապետութիւնը…

«Սուլթան» Էրտողանի վարած պետութիւնը այսօր՝ իր քաղաքական հակասական կեցուածքներով, կը խարխափի, բազմացնելով իրեն հակառակորդ պետութիւններու թիւը։ Տնտեսական գետնի վրայ, կը բոլորէ համակողմանի ու բազմերես ճգնաժամի շրջան մը, որ յաւելեալ կը բարդանայ Գորոնայի աղէտով։ Իսկ ներքին ճակատի վրայ, քանի կը սաստկանայ Սուլթանի միապետական մոլուցքը, այնքան կը խորանայ հասարակութեան հեռացումը իրմէ, մինչեւ իսկ իր ղեկավարած AKP կուսակցութեան մէջ իր երէկի ականաւոր գործակիցներուն մօտ, եւ փոխադարձ հակազդեցութեամբ, քանի կը ծաւալի իր դէմ ընդդիմութիւնը, այնքան աւելի ֆաշական կը դառնայ իր իշխանութիւնը, զոր կարենալ պահպանելու համար ալ՝ իր իսկ կողմէ կը յերիւրուի պետական նոր հարուածի մը խրտուիլակը, ինքնախաբէական արդարացում տալու համար իր առաւել ֆաշականացումին։

Սակայն, դիտորդներ կը վկայեն թէ՝ Սուլթանի մաքրազտած ու ամորձահատած բանակը՝ զինուորական յեղաշրջումի մը կանխանշաններ ցոյց չի տար ներկայիս։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ՝ Սուլթան Էրտողան, որ կը յաւակնի ըլլալ սելճուքներու, օսմանցիներու եւ երիտթուրքերու սիոնափանթուրքիզմին հաւատարիմ ժառանգորդը, այդ ամէնէն հրաժարած եւ՝ Թուրքիոյ Հայր Մուսթաֆա Քեմալի ստեղծած բանակը՝ քեմալական, մաքրազտեց ու ամորձահատեց, անկէ հեռացնելով տասնեակ հազարաւոր բարձրաստիճան քեմալական սպաներ ու զինուորականներ, որոնք թիկունք կը կանգնէին Քեմալ Քըլըճտարօղլուի CHP ընդդիմադիր կուսակցութեան, որպէսզի ազատօրէն երկրին կարենայ պարտադրել իր միանձնեայ բռնատիրութիւնը։

Բայց, ձախակողմեան յառաջապահ հրապարակագիր Ռակէպ Զարաքոլուն, «Էվրենսէլ» թերթին մէջ, բանակը իրապէս դրդելու նպատակով, կը գրէ՝ թէ զինուորական յեղաշրջում մը հաւանական է, որովհետեւ այսօրուան իրավիճակը յար եւ նման է 1960 թուի նախօրեակին, երբ բանակը միջամտեց Մայիսի 27-ին, գրաւեց երկրի իշխանութիւնը, բանտարկեց վարչապետ Ատնան Մենտերէսն ու արտգործնախարար Սարաճօղլուն եւ ֆինանսներու նախարարը, որոնք Զինուորական Դատարանին կողմէ՝ մօտ տարի մը ետք, մահուան դատապարտուեցան եւ կախաղան հանուեցան։ Ռակէպ Զարաքոլու՝ մանրակրկիտ ջանքերով, իր գրութեան մէջ մի առ մի յիշած է Մենտերէսի մահավճիռին մէջ յիշուած անոր բոլոր յանցագործութիւններն ու ոճիրները՝ ընդհանուր դատախազին նշած իրաւական հիմքերով միասին, եւ… մէկ-մէկ յիշած է անոնց համապատասխան յանցագործութիւններ ու ոճիրներ՝ գործուած Էրտողանի կողմէ…։ Այլ խօսքով՝ մանրամասնօրէն, կարծէք բանակին ձեռքը տալ ուզած է, Էրտողանի դէմ՝ պատրաստի ամբաստանագիրը եւ վճիռին պահանջած հիմնաւորումներն ու պատճառաբանութիւնները…։

Եւ՝ տակաւին, Զարաքոլու եզրափակած է իր գրութիւնը հետեւեալ բառերով. «Էրտողան փախուստի ճամբայ չունի այս վախճանէն…»։

Սուլթան Էրտողանի դրածոյ Ընդհանուր Դատախազութիւնը, յաջորդ օրն իսկ, նախաքննութիւն բացած է Զարաքոլուի դէմ, որպէս «զինուորական յեղաշրջումի հրահրիչ»… իսկ ինք՝ նոր բռնամիջոցներ հրամանագրած է ժողովուրդին դէմ, Զարաքոլուի կողմէ հրահրուած յեղաշրջումը արգիլելու պատրուակով…։

Այս մասին, Էրտողանը հրապարակաւ դիմակազերծած են իր երէկի ականաւոր գործակիցներէն Ապտալլա Կիւլը, Ահմէտ Տաւութօղլուն (իր նախագահութեան շրջանի վարչապետը) եւ Ալի Պապաճանը (իր նախկին տնտեսութեան նախարարը), որոնք դուրս եկան AKP-էն։ Ահմէտ Տաւութօղլուն հիմնեց իր կուսակցութիւնը՝ Mustakbal Partisi-ն, իսկ Ալի Պապաճանի կուսակցութիւնը՝ Demokrat ve Ilerime Partisi-ն։

Ահմէտ Տաւութօղլուն, հերքելով Էրտողանի սուտը՝ զինուորական յեղաշրջումի մասին, գրած է թէ ատիկա պատրուակ մըն է առաւել եւս խորացնելու համար իր միանձնեայ բռնատիրութիւնը, քանի որ «եթէ ատիկա իրական եղած ըլլար, ինք՝ 45 օրեր Անգարայէն հեռացած պիտի չըլլար Գորոնայի պատճառով, եւ՝ պարապ-սարապ՝ ելեկտրոնային ցանցին վրայ խօսակցութիւններ պիտի չունենար, այլ՝ Անգարա մնացած պիտի ըլլար՝ յեղաշրջումը արգիլելու համար…»։

Իսկ հանրածանօթ հրապարակագիր՝ Մուրատ Էթքին, գրած է. «Էրտողան պէտք չէ կատղի եւ նեղուի, քանի որ ինչ որ կը գրուի մամուլին մէջ իր միանձնեայ իշխանութեան մոլուցքին մասին, ճիշդ է հարիւր առ հարիւր, որովհետեւ՝ ինք ոչ թէ միայն բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը նշանակէ, այլ ինք նաեւ կը նշանակէ օթոպիւսներու տոմսերուն գինը… եւ եթէ պատահի որ թռչուն մը թռած ըլլայ՝ առանց իր գիտութեան, ասիկա միայն կը պարտադրէ իրեն՝ հրաժարիլ»։

Այո՛, հոս հասած է երկրի ներքին իրավիճակը իշխող AKP կուսակցութեան մակարդակին վրայ։

Իսկ երկրի տնտեսական ճգնաժամը, ըստ մասնագէտներուն, շատ աւելի ծանրակշիռ է քան 2008 թուի մեծ ճգնաժամը…։

Գլխաւոր պատճառը՝ բնականաբար, Գորոնան է, որ հարուածեց բոլոր երկիրներու տնտեսութեան։ Սակայն, հարուածը առաւել եղաւ այն տնտեսութիւններուն, որոնք մեծ տոկոսով կախեալ են զբօսաշրջութենէն (ինչպիսին է Թուրքիա, որուն տարեկան եկամուտը զբօսաշրջութենէն՝ 50 միլիառ տոլար կը գնահատուի տնտեսագէտներու կողմէ)։ Օտար դրամանիշով եկամուտի այս կորուստը պիտի շարունակուի երկար ժամանակ, կախեալ ըլլալով Գորոնայի աւերիչ տեւողութենէն, ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլ նաեւ՝ այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուրկէ կու գային Թուրքիոյ զբօսաշրջիկները…։

Թուրքիոյ արդէն իսկ բարձր գործազրկութեան տոկոսը հասած է (ըստ Թուրքիոյ պաշտօնական վիճակագրութեան) 30%-ի։ Սակայն, նախկին տնտեսութեան նախարար Ալի Պապաճանի կարծիքով, շատ աւելին է… եւ լրագրողներու հարցումին պատասխանելով, ըսած է. «Կը վախնամ ճիշդ տոկոսը ըսել…»։

Գորոնայի պատճառով փակուած են արդիւնաբերութեան գործարաններու մեծ մասը, որուն հետեւանքով՝ ոչ միայն բարձրացած է գործազրկութեան տոկոսը, այլեւ՝ գրեթէ դադրած է արտածումը, որուն տարեկան եկամուտը կը գնահատուէր 170 միլիառ տոլար։

Զբօսաշրջութեան եւ արտածումի տարեկան եկամուտներուն (50 + 170 = 220 միլիառ տոլար) այս կորուստին հետեւանքով ստեղծուած տոլարի պակասը երկրին մէջ, բարձրացուցած է տոլար արժէքը, եւ՝ արժեզրկած թրքական լիրան։ Լիրայի գնողական արժէքին նուազումով՝ ոչ միայն սրած է սղաճը, սղութիւնը, այլեւ՝ արժեզրկած է աշխատաւորներու եւ պաշտօնեաներու աշխատավարձերը (ինչպէս է պարագան Լիբանանի)։

Հոս, խիստ ուշագրաւ է իշխանամէտ «Եէնի Շաֆաք» թերթի այն պնդումը, թէ՝ տնտեսական այս ճգնաժամը սկսած էր արդէն Գորոնայէն առաջ, եւ միայն առաւել ծանրակշիռ դարձաւ Գորոնայով, եւ հետեւանքն է՝ արտաքին ճնշումներու եւ սադրանքներու…։

Միւս կողմէ, ելեւմտական նախարարը՝ Պերա՚աթ Ալպայրաք (Էրտողանի փեսան) կը յայտարարէ թէ՝ իրավիճակը մտահոգիչ չէ, այլ՝ պիտի բարելաւուի մօտիկ ապագային։ Իսկ տնտեսագէտներ կ՚ըսեն թէ՝ ճգնաժամը ստեղծուած է արտաքին ճնշումներով, որոնց նպատակն է Թուրքիան ընկղմել հսկայական արտաքին պարտքերու մէջ (տոլարով), որպէսզի հրաժարի Թուրքիոյ տնտեսութիւնը օտարներու կախեալութենէն ազատագրելու իր նոր քաղաքականութենէն, եւ՝ ստիպուի դիմելու Միջազգային Արժոյթային Հիմնադրամին (ՄԱՀ, IMF, FMI) օգնութեան…։ (Արդեօ՞ք նոյնը չէ պարագան Լիբանանի ճգնաժամին)։ Այսինքն, գործնականօրէն կը նշանակէ՝ ոչ միայն տնտեսապէս կախեալ մնալ ՄԱՀ-էն, այլեւ՝ քաղաքականապէս։ Իսկ բացայայտ իրականութիւն է այն, թէ ամերիկեան իմփերիալիզմը՝ իր քաղաքականութիւնն ու ծրագրերը կը պարտադրէ փոխառու պետութիւններուն՝ ՄԱՀ-ի, Միջազգային Դրամատան (ՄԴ, WB) եւ Առեւտուրի Միջազգային Կազմակերպութեան (ԱՄԿ, WTO) միջոցով…։ Զի՝ չկայ քաղաքական անկախութիւն, առանց տնտեսական անկախութեան։

Այն թուրք եւ օտարազգի ֆինանսագէտներն ու տնտեսագէտները, որոնք կողմնակից են Թուրքիոյ ներկայի տնտեսաֆինանսական ճգնաժամի ետին, արտաքին «մութ սադրանքի» գոյութեան տեսակէտին, կը յենին հետեւեալ տուեալներուն վրայ.

Միայն երկու ամսուան (Փետրուար եւ Մարտ) ընթացքին թրքական լիրան՝ 1 տոլարի համար աւելցեր է 5.50-էն 7.30, որուն պատճառով Թուրքիոյ Կեդրոնական Դրամատունը ստիպուեր է միջամտել, եւ իր տոլարի եւ ոսկիի պահեստէն շուկայ իջեցնել 22 միլիառ տոլար (պահեստի 108 միլիոնը նուազեցնելով 86 միլիոնի)։ Եւ եթէ այս ընթացքը նոյն թափով շարունակուի, Թուրքիան կարիքը պիտի ունենայ 54 միլիառ տոլարի օգնութեան, զոր միմիայն ՄԱՀ-ն է որ կրնայ փոխ տալ։

Միւս կողմէ՝ սադրանքին հետեւանքով, Արեւմտեան պետութիւնները, որոնք Թուրքիոյ մէջ ներդրած էին շուրջ 600 միլիառ տոլար, մեծապէս նուազեցուցած են իրենց ներդրումները՝ Թուրքիոյ դէպի Արեւելք քաղաքական արեւելումին (դէպի Փութինի Ռուսաստան) պատճառով…։ Իսկ ՄԱՀ-ի դրամագլուխը կը գնահատուի միայն մէկ թրիլիոն տոլար, որուն օգնութեան դիմող երկիրները 90-ի հասած են արդէն։ Եւ միւս կողմէն՝ ՄԱՀ-ը մէկ տոլար չի տար ա՛յն երկիրներուն, որոնք հլու հնազանդ չեն գործադրեր իր հրահանգները, եւ թափանցիկ քաղաքականութիւն չեն հետապնդեր (այսինքն՝ վերջնականօրէն չեն ճշդեր իրենց արեւելումը՝ դէպի Արեւմուտք… եւ կը խաղան երկու լարի վրայ՝ հեղ մը Արեւմուտք, հեղ մըն ալ՝ Արեւելք… Էրտողանի նման)։

Այս բոլորը կը վերաբերին նաեւ Լիբանանի ներկայի տնտեսա-ֆինանսական աննախադէպ ճգնաժամին, որուն ետին կանգնած են՝ ոչ միայն ՄԱՀ-ը (ամերիկեան իմփերիալիզմը), այլեւ՝ Սիոնիզմն ու Արաբական Յետադիմութիւնը՝ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ, որուն՝ դժբախտաբար, կը մեղսակցին լիբանանեան ուժեր (Սաատ Հարիրի, Սամիր Ժա՚աժա՚ա, Ֆուատ Սինիորա, Ուալիտ Ճոմպլաթ, եւ այլք…), Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պարագլխութեամբ… եւ՝ ափսոսալի մեղսակցութեամբը ներկայ կառավարութեան ելեւմտական նախարար Ղազի Ուազնիի… զոր առաջադրած է Նապիհ Պըրրին… որ նոյնքան կասկածելի է որքան Ռիատ Սալամէն…։

Լիբանանի դէմ մղուող այս պատերազմին (տնտեսական) կէտ նպատակէտն է՝ մահամերձ դարձնել Լիբանանը, գէթ կարենալ տկարացնելու կամ ջախջախելու Հըզպալլան, որ սպառնալիք մըն է եւ արգելք մը՝ սիոնական տարատնկեալ պետութեան շարժելու ազատութեան Արաբ Աշխարհի դէմ իր սարքելիք դաւերուն ու ծրագրելիք նախայարձակումներուն մէջ…։ Քանի որ, սիոնական շինծու պետութիւն Իսրայէլը՝ օֆֆշոր ռազմախարիսխն է ամերիկեան իմփերիալիզմին՝ Միջին Արեւելքի մէջ։ (Տարատնկեալ երկրորդ պետութիւնը տարածաշրջանին մէջ, որ նոյնպէս օֆֆշոր ռազմախարիսխն է ԱՄՆ-ի՝ Ռուսաստանի դէմ, Թուրքիան՝ ՕԹԱՆ-ի անդամը, որ ներկայիս պատիժի կ՚ենթարկուի BOSS-ին կողմէ… Փութինի Ռուսաստանին մերձեցում ցոյց տալուն համար)։

Եւ մեծապէս ափսոսալին այն է Լիբանանի համար, որ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը, անսալով Ուազնիի իբր թէ մասնագէտի կարծիքին, կը դիմէ ՄԱՀ-ին, փոխանակ դիմելու Արեւելքին՝ տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալու համար՝ վերականգնելով բնական յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ, լրջօրէն փորձելով՝ Իրանի, Ռուսաստանի եւ Չինաստանի համագործակցութեան առաջարկներուն անկեղծութիւնը։

Որովհետեւ 17 Հոկտեմբերի համաժողովրդային պոռթկումը՝ հին ու ապականած բուրժուա-թայֆէական համակարգին դէմ, որ հլու-հնազանդ ստրուկն էր Արեւմուտքին, որ իր դէմ կը մղէ այս անբարոյ պատերազմը, հետեւաբար նոր կառավարութիւնը պարտաւոր է նկատի առնելու համաժողովրդային այդ կիսամեայ պոռթկումները, եւ մէկ անգամ ալ՝ երեսը դարձնէ դէպի Արեւելք, քանի որ Արեւմուտքն է այս պատերազմին հրամանատարը…։

17 Հոկտեմբերի Շարժումին բոլոր պահանջները հարկ է որ որդեգրուին Հասսան Տիապի կառավարութեան կողմէ։ Առաջին հերթին՝ բուրժուա-թայֆէական ազգաքանդ եւ ապականած համակարգին փոխարէն՝ հիմնումը քաղաքային, ապաթայֆէական, համալիբանանեան եւ նախախնամատար պետութեան։ Նախախնամատար պետութիւնը (Etat Providence) բացառաբար տիրող բուրժուազիայի դասակարգին շահերը չի պաշտպաներ, այլ՝ համայն ժողովուրդին շահերը, զորս կրնայ պաշտպանել միայն քաղաքային պետութիւնը (Etat Civil) եւ ոչ թէ՝ բուրժուա-թայֆէական պետութիւնը…։

Մէկ դար առաջ, ֆրանսական գաղութարար պետութիւնը, որ մշակեց ու հաստատեց Լիբանանի Սահմանադրութիւնը, ասոր մէջ որոշակիօրէն ըսած է. «Հարկ է՝ աստիճանաբար վերացնել բազմահամայնքային համակարգը», որ քաղաքական թայֆէականութիւնն է, Լիբանանի քաղցկեղը… որ կ՚արգիլէ Լիբանանի քաղաքացիներուն միասնականութիւնը, եւ 18 համայնքները (կրօնական ու յարանուանական) վերածած է քաղաքական մեծ ու փոքր իշխանութիւններու, իրարու միաձուլելով քաղաքական ու կրօնական իշխանութիւնները (փոխանակ եկեղեցին անջատելով պետութենէն), նաեւ՝ ստեղծելով բուրժուա-թայֆէական օլիգարխիական բռնատիրութիւն մը։

«Համաձայնական Դեմոկրատիա»ն (տիմոքրաթիա թաուաֆուքիյա) առասպել մըն է, բառակապակցութիւնն անգամ հակասական է։ Դեմոկրատիան կը պահանջէ՝ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, եւ ոչ թէ՝ համաձայնութիւն, որ կը բացառէ ընդդիմութիւնը։ Երբ երկրին նախագահութիւնը մենաշնորհն է մարոնիթներուն, խորհրդարանի նախագահութիւնը՝ շիիթներուն, իսկ վարչապետութիւնը՝ սիւննիներուն, ուր մնաց քաղաքացիներու իրաւահաւասարութեան դեմոկրատական սկզբունքը։ Ասիկա՝ երեք մեծագոյն համայնքներուն բռնատիրութիւնն է միւս 15-ին վրայ…։ Մարոնիթ Շամունի նախագահութեան օրով, մարոնիթ համայնքը եղաւ երկրին իր մենատիրութիւնը պարտադրողը, իսկ սիւննի Հարիրիի օրով, սիւննի համայնքը եղաւ երկրին մենատէրը…։ Առաջին մենատիրութիւնը յանգեցաւ ներքաղաքային պատերազմին։ Երկրորդ մենատիրութիւնը՝ քաղաքական հարիրիականութեամբ, որ Սուէտական Թա՚էֆ քաղաքին մէջ, սէուտական-սիոնական թագաւորութեան ամպհովանիին տակ, Լիբանանի Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկեց (մարոնիթ նախագահի իրաւասութիւնները կրճատելով), սիւննի վարչապետին իրաւասութիւնները աւելցուց, եւ՝ վերջին 30 տարիներուն, քաղաքական հարիրիականութիւնը, ամերիկեւսիոնասէուտական, երկիրը հասցուց այս օրուան ճգնաժամին։ Իսկ Գորոնան՝ միայն վերջին ամիսներուն, մասնակիօրէն աւելի ծանրակշիռ դարձուց արդէն իսկ առկայ ճգնաժամը, որուն դէմ ըմբոստացաւ ժողովուրդը 17 Հոկտեմբերին (Գորոնայէն ամիսներ առաջ…)։

Բուրժուա-թայֆէական օլիգարխիական բռնատիրութիւնը, ուրեմն, ոչ միայն ներքին է, այլեւ՝ արտաքին։ Քանի որ, մարոնիթը երկիրը ենթակայ դարձուց Արեւմուտքին, իսկ սիւննիթը՝ երկիրը վերածեց սէուտական թագաւորութեան գաղութին։ Լիբանան զուրկ է անկախութենէ։ Երէկ՝ ֆրանսական գաղութ, այսօր՝ սէուտական, ուր գտնուող ամերիկեան դեսպանատունը՝ գաղութարարի իրաւասութիւններ ունի՝ միջամտելու երկրի թէ արտաքին եւ թէ ներքին հարցերուն։ Շամունի օրերէն, երբ այս դեսպանատունը Հայ Սփիւռքը հակադրել փորձեց Սովետ Հայաստանին…։ Իսկ այսօր՝ ամերիկացի դեսպանուհին, խախտելով դիւանագիտական կանոնները, ուղղակիօրէն եւ աներեսաբար կը պաշտպանէ Ռիատ Սալամէն, եւ կ՚ազդարարէ վարչապետ Հասսան Տիապին, չփորձուի պաշտօնանկ ընելու Սալամէն… այլապէս՝ շատ լուրջ գլխացաւանքներ կ՚ունենայ։ Այսպիսով, Ռիատ Սալամէն վերջնականօրէն կը դիմազերծուի իբր ամերիկեւսիոնական իմփերիալիզմի գործակալ… որ հիմա՝ ՄԱՀ-ի հետ բանակցութիւններու ընթացքին, կը հակադրուի լիբանանեան կառավարական պատուիրակութեան, ՄԱՀ-ին տալով՝ լիբանանեան կառավարութեան տուած թուանշաններէն հիմնովին տարբեր՝ սխալ թուանշաններ, ձախողեցնելու համար բանակցութիւնները…։

Ինչպէս յորջորջել երկիր մը, որուն օրէնսդիր գերագոյն մարմնի՝ խորհրդարանի նախագահը, կը համարձակի՝ անայլայլ եւ հրապարակաւ ըսել. «Այս երկրին մէջ դատարանը տկարներուն վայրն է, իսկ զայիմին ուժը՝ փողոցին մէջ կը չափուի…»։ Եւ՝ այս անձը ասպարէզով իրաւաբան է… եւ իբր թէ ոչ՝ փողոցայիններու պարագլուխ…։ Մինչ իր շիիթ կրօնակիցներէն բոլոր պարկեշտները զինք կը համարեն Լիբանանի փտած ու փտացնող պետական մարդոց մեծագոյներէն ամէնէն անպատկառը…։

Երկիր մը, որուն մէջ՝ փողոցայիններու պարագլուխը կրնայ հասնիլ երկրի օրէնսդիր գերագոյն մարմնի նախագահութեան աթոռին, եւ հոն նստիլ մօտ երեք տասնամեակ… ինչ որ հնարաւոր է միայն աւատապետական միապետութեան մէջ, առնուազն կրնանք ըսել թէ՝ դեմոկրատական հանրապետութիւն մը չէ… իրաւունքը յարգող ու գործադրող պետութիւն չէ…։

Արդ, եթէ մինչեւ Գորոնայի աւարտը, Հասսան Տիապի կառավարութիւնը, ինք՝ չկարենայ գէթ առաջին հիմնաքարերը դնել՝ իրաւական, քաղաքային ու նախախնամատար պետութեան, 17 Հոկտեմբերի համաժողովրդային պոռթկումը պիտի շարունակուի նոր թափով մը՝ մինչեւ որ դառնայ յեղափոխութիւն մը, կազմակերպուած ու մաքրազտուած, Լիբանանի Կոմկուսին կողմէ ղեկավարուած իրաւ յեղափոխութիւն մը՝ այս ապականած, փտած ու ժամանակավրէպ դարձած բուրժուա-թայֆէական բռնատիրական համակարգին դէմ։

Որովհետեւ՝ 17 Հոկտեմբերի պոռթկումն էր որ Հասսան Տիապի վարչապետութիւնը անխուսափելի դարձուց խորհրդարանին մէջ։ Հետեւաբար, ան պարտի առնուազն պոռթկումի պահանջներէն մաս մը գէթ՝ գոհացնել, քանի որ այս խորհրդարանին մեծամասնութիւնը վստահութեան քուէ չէր տար Հասսան Տիապին, եթէ 17 Հոկտեմբերի ճնշումին տակ չըլլար։

Երբ այսօր՝ Իրանն անգամ օգնութեան կը փութայ հեռաւոր Վենեզուելլայի… ամերիկեան ճնշումներուն դէմ, եթէ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը աւելի երկար վարանի դիմելու Արեւելքին… Լիբանանի ժողովրդահայրենասիրական ուժերը (գլխաւորութեամբ Կոմկուսին եւ Հըզպալլային)  պէտք է ճնշեն անոր վրայ, որ դիմէ Արեւելքին, եւ եթէ դարձեալ վարանի, այդ ուժերը՝ իրենք, միացեալ S.O.S.-ով դիմեն Սուրիոյ, Իրանի, Ռուսաստանի եւ Ժողովրդային Կարմիր Չինաստանի օգնութեան, Լիբանանը փրկելու համար ներկայ տնտեսական այս պատերազմէն, զոր կը մղեն ամերիկեւսիոնական իմփերիալիզմն ու սէուտա-սիոնական մեղսակիցները Լիբանանի դէմ, քանի որ չի զինաթափեր Հըզպալլան… որ անկարելի պաշտօն մըն է… նոյնինքն Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի համար…։

Կ՚ապրինք տնտեսական համաշխարհային պատերազմ մը ընդմէջ՝ նահանջող միաբեւեռ աշխարհակարգին ու մակնթացումի մէջ եղող բազմաբեւեռ աշխարհակարգին, քանի որ այսօր՝ միաբեւեռի ուժերը անկարող են մղելու ռազմական պատերազմ մը…։ Որովհետեւ՝ փոխուած է այսօր բարբարոս աշխարհը՝ դէպի մարդկայնական քաղաքակրթութիւն… որուն մէջ երէկի անսուրբ երրորդութիւնը (ԱՄՆ-Թուրքիա-Իսրայէլ տարատնկեալ պետութիւններ) կորսնցուցած է միաբեւեռ երէկի աշխարհակարգին մէջ իր ունեցած գործելու ազատութենէն…։

(Յապաւումով)

 ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

Ամերիկեան Բարքեր

Ամուսնական Եզակի Երեւոյթ մը . . .

Ամուսնութեան աւանդական հասկացողութիւնը այն է թէ այդ տեղի կ՛ունենայ այր մարդու մը եւ կնկայ մը միջեւ։ Սակայն 21-երորդ դարը մեծ յեղաշրջում մը յառաջացուց այդ ըմբռնումին նկատմամբ՝ երբ շարք մը երկիրներ թոյլատրեցին միասեռական ամուսնութիւնը։

Միասեռականութիւնը գոյութիւն ունեցած է դարերէ ի վեր՝ նոյնիսկ Քրիստոսէ առաջ, հին Յունաստանի եւ Հռոմէական կայսրութեան մէջ։ Սակայն ներկայիս՝ միասեռականներու ամուսնութիւնը պետականօրէն արտօնուեցաւ 2001 թուականին, Հոլանտական կառավարութեան կողմէ։

Ցարդ 30 երկիրներ օրինական դարձուցած են միասեռականներու միջեւ կնքուած ամուսնութիւնները։ Բայց մեր նիւթը այսօր պիտի չկեդրոնանայ միասեռական ամուսնութեան վրայ որովհետեւ կամայ թէ ակամայ ընդունած ենք այդ երեւոյթը։ Ուրեմն ինչի՞ մասին է ամուսնական մեր եզակի երեւոյթը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Գալիֆորնիաբնակ Սքաթ Փերի եւ իր ընկերուհին (girlfriend) 2015 թուականին որդեգրած են երկու տարեկան կատու մը Օլիվիա անունով։ Սքաթ կ՛ըսէ որ Օլիվիան շատ ամչկոտ կատու մըն էր, սակայն տարի մը ետք՝ երբ Սքաթ եւ իր ընկերուհին կը բաժնուին իրարմէ, Օլիվիան իր ամչկոտութիւնը մէկդի դրաւ եւ հիմա երբեք չի բաժնուիր ինձմէ։

Սքաթ դիտել կու տայ թէ այս վերջին երկու ամիսներու տնային կալանքը՝ Քորոնա ժահրի համաճարակին պատճառաւ, առիթ մը եղաւ որ ես եւ Օլիվիան աւելի մօտիկութիւն ցուցաբերենք իրարու հանդէպ եւ այդ մտերմութիւնը (տես նկարը) մէջս սէր մը արթնցուց  իր նկատմամբ . . .

Եւ ահա նորափթիթ այդ հազուագիւտ սէրը զիս մղեց որ ամուսնութիւն առաջարկեմ Օլիվիային! Սա գնահատանքի եւ երախտագիտութեան մէկ զգացումն է որ սկսայ տածել կատուին նկատմամբ։

Աւելին, Սքաթ իր պսակադրութեան պիտի հրաւիրէ բոլոր կենդանի սիրողները եւ անոնց նուիրատուութիւններէն գոյացած հասոյթը որոշած է նուիրել՝ Լոս Անճելըսի կենդանիներու պատսպարանին։

Ոչ՝ այս մէկը մարսելի չէ այլեւս, ինչ կ՛ուզէք ըսէք ու վերջ։

Տարիքը Պարզապէս Թիւ մըն է . . .

Ահաւասիկ ամուսնական ուրիշ երեւոյթ մը որ սակայն այնքան խոտոր չէ, որքան մեր առաջին դէպքը։ Այս մէկը տեղի ունեցած է Ֆիլատէլֆիոյ մէջ, 2018 թուականին։

Վերոյիշեալ թուականին՝ 27 տարեկան Ռէյչըլ Չընօլթ ամուսնութեան առաջարկ ներկայացուցած է իր 72 տարեկան նախկին գործատէր Ճան Փէնզէրային եւ վերջինին համաձայնութեամբ, անոնք անմիջապէս նշանուած են։

Ուրեմն երեք տարի միասին ապրելէ ետք, մեր նշանուած զոյգը (տես նկարը) կ՛որոշէ ամուսնանալ եւ ընտանիք կազմել։ Ռէյչըլին նշանածը՝ թէ իր հօրմէն եւ թէ ալ իր մօրմէն շատ աւելի տարիքոտ է, սակայն այդ մէկը չխանգարէր իրենց ամուսնանալու վճռականութիւնը։

Աւելին՝ երբ Ռէյչըլին հարց տուած են թէ հօրմէն աւելի տարիքոտ մէկու մը հետ ամուսնանալը երբեք չմտահոգէ՞ր զինք, ան պատասխանած է թէ տարիքը պարզապէս թիւ մըն է . . .

Հալէպի մէջ՝ երբ տակաւին պատանի էի, ընդունուած սովորութիւն դարձած էր որ հարսը պէտք է առ նուազն տաս տարեկան փոքր ըլլայ փեսայէն։ Հաւանաբար այս միեւնոյն սովորութիւնը առկայ էր նաեւ Միջին Արեւելեան այլ երկիրներու մէջ ալ։

Ես կը կարծեմ որ վերոյիշեալ սովորութիւնը տրամաբանական էր, քանի պէտք է տղայ մարդը նախ դպրոցը աւարտէ, ապա գործի տէր ըլլայ եւ կարենայ իր ընտանիքին ապրուստը ապահովել՝ որպէսզի ամուսնանայ։ Մինչդեռ աղջիկները այդ մտահոգութիւնը չուէին հոն։

Թերեւս այդ սովորութիւնը կու գար մեզի այդ երկիրներու տեղացի արաբ ժողովուրդէն, որոնց մօտ շատ բնական էր որ տղամարդիկ իրենցմէ մինչեւ քսան տարեկան փոքր աղջիկներու հետ ամուսնանային . . .

Հիմա ես իմ կողմէ սրտանց կը շնորհաւորեմ մեր երջանիկ զոյգը եւ կը մաղթեմ իրենց յաջողութիւն՝ իրենց ամուսնական կեանքին մէջ եւ վերջ։

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Մի Երգի Պատմութիւն -47- Օվըր Տը Ռէյնպօ – Ճուտի Կարլընտ ( Over The Rainbow – Judi Garland) 

1939 թուականին շարժանկարի պաստառին բարձրացաւ «Օզի Հրաշագործը» շարժանկարը : Այն գեղեցիկ շարժանկար-հեքիաթ է մի աղջկայ մասին, ով ապրում է ագարակի մէջ, եւ այդ տաղտուկ կեանքից ձանձրացած երազում է յայտնուել Քանսասում։ Շարժանկարը նկարեց MGM ֆիլմի ընկերութիւնը։ Այն  անմիջապէս առաջադրուեց Օսկար մրցանակաբաշխութեան՝ 6 անուանակարգերում, սակայն մրցանակ ստացաւ  միայն «Լաւագոյն երաժշտութիւն շարժանկարի համար» եւ  «Լաւագոյն ինքնատիպ երգ» (Over The Rainbow) անուանակարգերում: Աւելի ուշ՝ 1998 թուականին, շարժանկարը մտաւ Ամերիկեան Ֆիլմարուեստի Հիմնարկի 100 լաւագոյն  շարժանկարների ցանկի մէջ՝ զբաղեցնելով 6-րդ տեղը, իսկ Ճուտի Կարլընտի կատարմամբ, երգը Ամերիկեան Ձայնագրման  Միութեան հարցումի արդիւնքում ճանաչուեց 20-րդ դարի լաւագոյն երգ։

 Երգը գրուել է յատուկ շարժանկարի համար՝ հեղինակներ Էտկար Հարպուրկի եւ Կարլըտ Արլենի կողմից։ Աւելի ուշ՝ երգի մասին խօսելիս Հարպուրկը կը պատմի․ «Եթէ կատարեալ անկեղծ լինեմ , պիտի ասեմ, որ երգը գրել եմ մեքենայիս մէջ՝ դեղատան դիմաց կայանուած ։ Ես գրում էի երգ մի աղջկայ համար, որը երազում էր  փախչել իր ագարակից եւ յայտնուել երազային վայրում»։ Սակայն գտնուեցին մադիկ, ովքեր Հարպուրկի այս  միտքը մեկնաբանեցին քաղաքական տեսանկիւնից ։ Նրանք կարծում էին , որ հեղինակը ակնարկում է ամերիկացի ազգը եւ յոյս յատնում, որ նա շուտով  դուրս պիտի գայ իր «Մեծ Ճգնաժամից»։

Երգը ձայնագրուեց 1938 թուականին, MGM ֆիլմարտադրամասում, իսկ ձայնասկաւառակի տեսքով՝ քիչ աւելի ուշ, մէկ տարի անց,  եւ հանուեց վաճառքի։ Երգը կատարեց հենց  շարժանկարի հերոսուհուն մարմնաւորող դերասանուհին՝ Ճուտի Կարլընտը  եւ դարձաւ նրա այցեքարտը ողջ աշխարհում ՝ նրա որջ կեանքի ընթացքում։

          Այսօր Over The Rainbow երգը համարւում է դասական պալլատ եւ մտնում երգերի բազմաթիւ հեղինակաւոր ցանկերի մէջ։ Կարծում եմ կարիք չկայ ասելու , որ երգը վերաերգուել է  հարիւրաւոր անգամներ , այդ թւում հանրայայտ երգիչների կողմից։ 

1990 թուականին հաուայցի երգիչ Իզրայէլ Կամակավիվո՚ օլեն  երգը կատարեց իր ուրոյն ոճով՝ ուկուլելէ  հաուայեան ազգային երաժշտական գործիքի նուագակցութեամբ։ Սկաւառակի վաճառքը գերազանցեց  2.5 միլիոնը եւ դարձաւ փլաթինէ։ Երգի այս տարբերակը օգտագործուեց «Ծանօթացէ՛ք, Ճօ Պլէք»,  «50 առաջին ժամադրութիւն» եւ էլի բազմաթիւ յայտնի ֆիլմերի , հեռուստահաղորդումների եւ գովազդային հոլովակների մէջ։

Այս ու հանդերձ, երգի յետ կապուած մի քանի հետաքրքրական փաստեր կան։ Օրինակ․

  • Արտադրողները որոշել էին կտրել ֆիլմի հենց այն հատուածը, որտեղ երգն է հնչում, համարելով , որ այն դանդաղեցնում է ֆիլմի ընթացքը։
  • Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներին երգը Եւրոպայում ծառայող ամերիկացի զինուորների ոչ պաշտօնական խորհրդանիշներից մեկն էր։
  • Միացեալ Նահանգները Էտկար Հարպուրկի պատուին թողարկեցին նամականիշ՝ վրան երգի առաջին տողերը գրելով ։

«Over The Rainbow  երգը դարձել է  իմ կեանքի մէկ մաս։ Այն այնքան խորհրդանշական է բացատրում  իւրաքանչիւր մարդու ցանկութիւններն ու երազանքները, որ վստահ եմ՝ հենց դրա պատճառով է մարդկանց աչքերին յուզմունքից արցունքներ յայտնուում այն լսելիս։ Ես կատարել եմ այն հազարաւոր  անգամներ , բայց մինչ օրս այն մնում է իմ ամենասիրելին եւ հարազատն իմ հոգուն»,- Ճուտի Կարլընտ ։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

 

 

Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի «Ազգապատում» Երկին Շարունակութիւնը Ի Յուշ Մեծ Պատմաբանին (1841-1918) 

Ծրագիրը

            Շարունակելու համար մեծանուն Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի մեծարժէք «Ազգապատում» երկը, հաւատք եւ յարատեւ աշխատանք կը պահանջէր, որուն ձեռնարկեցի որպէս երախտարժան աշխատանքս ի յիշատակ մեծ հեղինակին, որուն երեք հատորները հասցուցեր էր մինչեւ 1910 թուական։ Շարունակող մը չկար, ես ալ չկայի մինչեւ որոշեցի ձեռնարկել զայն եւ կարծեմ յաջողեցայ, հակառակ ինձմէ շատ աւելի երեց բարձրաստիճան հոգեւորա- կաններուն «անկարելի» նկատած փորձին։    

            Իմ աշխատանքը եղաւ երեք ստուար հատորներով, հրատարակուած Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հովանաւորութեամբ 1995, 1997, 2003 թուականներուն, միասնաբար ներկայացնելով Օրմանեանի երկին Չորրորդ Հատորը, ուղղակի շարունակելով եւ ընդգրկելով 20-րդ դարու լրիւ պատմութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին, հետեւելով Օրմանեանի ծրագրին, մեթոտին եւ ծաւալին։ Օրմանեան Պատրիարք վախճանեցաւ 1918 թուին, որուն յիշատակին կ՛ընծայեմ սոյն գրախօսականը։ 

 

            Ծրագիրը համընդհանուր եւ մանրամասնեալ ըլլալուն համար անհրաժեշտ էր լայնածաւալ աղբիւրներու օգտագործումը, միշտ ի մտի ունենալով աշխատանքի տարածքին սահմանը, չկորսնցնելու համար նպատակադրեալ ծրագրին կեդրոնական կորիզը։ Անշուշտ միակ հեղինակի մը վրայ մնալով ամբողջ գործին ծանրութիւնը, դժուարութիւններ եւ օրհնութիւններ միանգամայն զիրար լրացուցին քննարկումներուս ընթացքին։ Բարեբախտաբար անձնական գրադարանս ճոխ էր եւ հիմնական աղբիւրները երբ կը ձեռնէի, ուրիշներ գրադարակներէս  լեզու կ՛ելլէին։ Մէկը միւսին վկայակոչելով հիմնական գործը կարողացայ  ծրագրել։

            Անշուշտ, խնդրանքիս վրայ պակսած աղբիւրներ եւ մանաւանդ յատուկ վաւերագիրներ հոգեւորական հայրեր ուղարկեցին՝ գլխաւորութեամբ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի, Արարատեան Թեմի Փոխանորդին եւ այժմու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կարեւորագոյն վաւերագիրները օգտագործեցի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք այժմ հանգուցեալ Սանդրո Բեհբուդեանի խմբագրութեամբ Երեւան հրատարակուած մեծածաւալ հատոր- ներէն՝ իւրաքանչիւր Կաթողիկոսի լիակատար արխիւներով։

 

Գիրք Ա. (1900-1930)

            Աշխատանքիս առաջին հատորը (1995) կը բովանդակէ մեր մօտաւոր անցեալի Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին երեսնամեայ դժուար եւ դժբախտ պատմութիւնը՝ 1900-1930, գլխակարգութեանը ներքեւ Տ.Տ. Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան եւ Տ.Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու։ Համաշխարհային Ա պատերազմի, Օսմանեան Թուրքիոյ Հայոց վրայ գործադրած ցեղասպանութեան, Ատանայի ջարդին, եւ ապա Խորհրդային Միութեան անտանելի առաջին տասն- ամեակի ընթացքը առաջին գիրքիս լրիւ բովանդակութիւնը կազմեցին, որոնց հետեւանքը պիտի ըլլար, եւ սակայն չեղաւ, բնաջնջումը հայ ժողովուրդին, Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական կեդրոններուն, Թուրքիոյ Պատրիարքութեան, Սիսի Կաթողիկոսութեան եւ Արմաշու Դպրեվանքին քայքայումն իրենց անհաշուելի հետեւանքներով, հարիւրաւոր վանքերու եւ եկեղեցիներու բռնագրաւումներով     եւ մտաւորական փաղանգին եւ եկեղեցականութեան նահատակութեամբ։ Այս բոլորը ներքին մանրամասնութեամբ գրուած են հատորին մէջ։

            1918 թուի զինադադարէն ետք եւ Սարդարապատի մարտի յաղթանակով Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ կարճ ժամանակի մը համար։ Երկու տարին չլրացուցած, Սովետական համայնավար պետութիւնը իր թաթը տարածեց Կովկասի վրայ եւս, ու Հայաստան դարձաւ ենթակայ 15 Հանրապետութիւններէն մին։ Թուրքիոյ կործանարար եւ Սովետներու բռնի եւ անկրօն տիրապետութիւնները հաւասարապէս ճակատագրական եղան Հայաս- տանի եւ Հայ Եկեղեցւոյ համար։

            Այս բոլորը համադրելու համար անկախ ու վստահելի աղբիւրներու կարիքը ունէի առաջին գիրքիս պատրաստութեան համար։ Բարեբախտաբար եղեռնէն ազատած Արմաշական մեծ հոգեւորականներ իրենց յուշերը հրատարակեցին, ինչպէս, Դուրեան Պատրիարք, Զաւէն Պատրիարք, Թորգոմ Պատրիարք, Բաբգէն Կիւլէսէրեան Կաթողիկոս, Գրիգորիս եւ Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոսներ, եւ նաեւ յայտնի մտաւորականներ Վահան Թէքէեան եւ Արշակ Ալպօյաճեան։ Անոնց հայթայթած տեղեկութիւնները գերազանց եւ վաւերական ըլլալով հիմնական տեղիքը հայթայթեցին իմ աշխատութեան։

            Նոյն հատորը արձագանքը կը հանդիսանայ Հայ Եկեղեցւոյ վերականգնումին ո՛չ անպայման Մայր Աթոռէն սկսեալ, որ տառապեցաւ Սովետական Միութեան լուծին ներքեւ առաջին երեք տասնամեակներուն, այլ Երուսաղէմէն եւ Կիլիկիոյ Աթոռին նորահաստատ կայքէն ու արտասահմանեան թեմերէն, ուր Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան, Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, Սահակ Բ Խապայեան ու Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսներ ճշմարիտ հերոսները եղան  այդ վերականգնումին՝ ամենադժուարին պայմաններու տակ։ Նախ ՍԻՈՆ եւ ապա ՀԱՍԿ ամսագիրները բերանախօսը եղան Մայր Աթոռին, առաջինը Երուսաղէմէն  եւ երկրորդը Անթիլիասէն, մինչ Մայր Աթոռի ԱՐԱՐԱՏ ամսագիրը դադրած էր գոյատեւելէ առժամապէս։

 

Գիրք Բ. (1930-1955)

            «Ազգապատում»ի երկրորդ գիրքս 25-ամեայ շրջանը կ՛ընդգրկէ երկու Հայրապետներու՝ Տ.Տ. Խորէն Ա. Մուրատբեկեան եւ Տ.Տ. Գէորգ Զ. Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու գլխակարգութեան ներքեւ։ Յայտնապէս երկու ճիւղերու վրայ պիտի տարարծէի ուսումնասիրութիւնս՝ Հայ Եկեղեցին  Սովետներու իշխանութեան տակ, եւ ապա Հայ Եկեղեցին սփիւռքի մէջ։ Առաջին պարագային սովետական անճիշդ եւ հակակրօն աղբիւրներ մեծագոյն մասամբ աննկատ պիտի ձգէի որպէս «սխալ դեղագիրներ», ու հետեւէի սփիւռքահայ եկեղեցական կեդրոններուն եւ հայ մամուլին տարածած տեղեկութեանց որոնք Արմաշական ականատես հոգեւորականներու վկայութիւններով հաստատուած էին։ Մեր ազգն ու եկեղեցին երախտապարտ մնացին յատկապէս երբ 1991 թուականէն ետք արգիլեալ եւ թաքնուած բոլոր վաւերագիրները երեւան հանուեցան Սանդրո Բեհբուդեանի համբերատար աշխատանքով ինչպէս յիշած  եմ գրութեանս  սկիզբը։

            Տաժանելի շրջանի զոյգ Հայրապետները, Խորէն Ա. Մուրատբեկեան եւ Գէորգ Զ. Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, եղան 20-րդ դարու իսկական հերոս «սուրբ»երը մեր եկեղեցւոյ որոնք պահպանեցին սոսկ   գոյութիւնը Մայր Աթոռին, առաջինը իր կեանքի գինով եւ երկրորդը՝ իր յայտնի դիւանագիտութեամբ։ Գէորգ Զ. այլընտրանք չունենալով լեզու պիտի գտնէր բռնակալ Ստալինի հետ, եւ յանդուգն ու արտակարգ քայլ մը առնելով արտասահմանէն հանգանակութիւն կատարելով Կարմիր Բանակին նեցուկ   պիտի կանգնէր 22 հրասայլեր նուիրելով Բ. աշխարհամարտի տարիներուն։

            Կաթողիկոսը, տակաւին Տեղակալն էր Մայր Աթոռին երբ անձամբ Ստալինի հետ տեսակցեցաւ Կրեմլինի մէջ, անկարելին կարելի դարձնելով իր «տասն- աբանեայ» պահանջները մատուցելով եւ գրեթէ բոլորին համար հաւանութիւն ստացանալով, ներառեալ վանքապատկան համալիրի որոշ հողամասերը։ Ազգային-եկեղեցական Ժողովը գումարուեցաւ 1945-ի Յունիս 16-ին, Տեղակալը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուեցաւ ու գահակալեց որպէս Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ «Էջմիածին» ամսագիրը շուտով լոյս տեսաւ, եւ Հոգեւոր Ճեմարանը իր դռները բացաւ, Էջմիածնի շրջանի Գայիանէի, Հռիփսիմէի եւ Շողակաթի, ինչպէս նաեւ Խոր Վիրապի վանքերը վերադարձան Մայր Աթոռի խնամքին։ Ահա «հրասայլերու» դիւանագիտական լեզուն։

 

Գիրք Գ (1955-1995)

            «Ազգապատում»ի եզրափակիչ երրորդ գիրքը նորընտիր Հայրապետ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան քառասնամեայ շրջանը ընդգրկեց։ Հայրապետը ամենալուրջ քայլերով, գիտակից, բարձր դիւանագի- տութեամբ, համբերատար եւ լաւատես իրագործումներով կատարեց իր պարտքը , երբ արդէն մեռած էր Ստալին եւ սկսած էր աւելի հանդուրժելի տարիներու շրջանը։ Ես առիթը ունեցայ 1958-ին, Վազգէն Հայրապետի հրաւէրով իր ծննդեան յիսնամեակին եւ գահակալութեան երրորդ տարեդարձին այցելելու Մայր Աթոռ եւ անձամբ տեսնելու քաղաքական վիճակը եւ անոր ընդմէջէն նօսրացած Հայ Եկեղեցւոյ պատկերը։ Վազգէն Հայրապետ հրաշալի կերպով կատարելագործեց այն ինչ որ ժառանգեց։

            Սոյն հատորը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Մայր Աթոռի եւ Հայրենիքի զգոյշ եւ յամրաքայլ յառաջընթացը՝ միջ-եկեղեցական բարձրաստիճան յարաբե- րութիւններու մշակումով եւ Հովուապետական տասնէ աւելի այցելութիւններով դէպի արտասահման՝ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներն ու Եւրոպական գլխաւոր կեդրոնները, Միջին եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայ գաղութներն ու պետական հաստատութիւնները, անձնապէս հանդիպելով այլազան երկիրներու պետական անձնակազմին եւ եկեղեցական հաստատութեանց։ Վազգէն Ա. Շինարար Կաթողիկոսի օրով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին ճանաչում գտաւ արտաքին աշխարհէն ու Հայաստանեայց Մայր Եկեղեցին նախկին պատմուճանը զգեցաւ իր «նազելի փառքով»։

              Երրորդ գիրքս յիրաւի արտայայտիչն է Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կեանքին ու գործունէութեան որուն աննախընթաց 39-ամեայ գահակալութիւնը (1955-1954) վերականգնեցուց Հայ Եկեղեցւոյ իսկական գոյութիւնը աշխարհով մէկ,  զայն հասցնելով իր պատկառելի 1700-ամեակին (301-2001)։ Իր աչքերը փակելէ առաջ Շինարար Վազգէն Երանաշնորհ Հայրապետ դիմաւորեց Հայաստանի պետական անկախութիւնը որպէս մեծագոյն մխիթարանք։

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Թիւ 4 Կոճակը Լուռ Կը Մնայ

«Ռատիօ Սեւան»-ը այլեւս պիտի հեռարձակուի միայն առցանց տարբերակով: Շատեր պիտի ըսեն, որ ռատիօկայաններու ապագան առցանց սփռումն է եւ իբրեւ փաստ պիտի յիշեն ունկնդիրներու մեծ թիւը, սփռումի աշխարհագրական լայն ծիրը եւ այլն, արդարացիօրէն հիմնաւորելով իրենց տեսակէտը: Այդ բոլորը ճիշդ եւ իրաւացի են:

Սակայն, երբ ինքնաշարժիս ռատիոյին թիւ 4 կոճակը սեղմեմ, այլեւս ձայն չի գար բարձրախօսներէն: Գիտէի որ «Ռատիօ Սեւան»-ի սփռումը պիտի դադրի, բայց երբ երէկ առտու ժամը 7-ին ձեռքս մեքենաբար թիւ 4 կոճակին գնաց Լուսինէ Զաքարեանին անզուգական «Առաւօտ լուսոյ»-ով օրս սկսելու ու ձայն չելաւ, բան մը փշրուեցաւ մէջս:

Գիտեմ, որ կային մարդիկ, որոնք «Ռատիօ Սեւան»-ը հայկական կայան չէին նկատեր: Նոյնիսկ դպրոցի մը մանկապարտէզի ուսուցչուհին ծաղիկ դասարանի մանչուկին թելադրած էր, որ միայն հայկական ռատիօկայան ունկնդրէ, երբ փոքրիկը միամտաբար յայտնած է, որ ինք կը լսէ «Շողարձակ» յայտագիրը «Ռատիօ Սեւան»-ի եթերէն: Անձնական վկայութիւն ալ ունիմ ռատիոկայանին հանդէպ որդեգրուած մերժողական պաշտօնական կեցուածքի մը, բայց ատենը չէ հին, բայց չհինցող վէրքեր բանալու:

Իբրեւ ունկնդիր կրնամ վկայել ամենայն վստահութեամբ, որ երկու հայկական ռատիոկայաններն ալ գնահատելի դերակատարութիւն ունէին մեր կեանքին մէջ: Կրկին իբրեւ ունկնդիր անդրադարձած եմ, որ առողջ մրցակցութիւնը ատենին դրական ազդեցութիւն ունեցաւ «Վանայ ձայն»-ին վրայ, որ հարստացաւ նոր յայտագիրներով:

Բայց այս տողերով կ’ուզեմ հանդէս գալ իբրեւ «Ռատիօ Սեւան»-ի ընտանիքի անդամ: Տարիներ առաջ հրաւիրուեցայ ռատիոկայանին տնօրէնութեան կողմէ վարելու համար գրական յայտագիր մը, որ եթէ չեմ սխալիր, տեւեց 6 կամ 7 եթերաշրջան, որ համապատասխան է 3-3,5 տարիի: Թուխիկ Աւետիսեանին հետ կը վարէինք «Մեսրոպեան գոհարներ» յայտագիրը. ինք իր տպաւորիչ առոգանութեամբ կ’ընթերցէր ընտրուած գրական ստեղծագործութիւնները, իսկ ես իմ վերլուծումներս ու մեկնաբանութիւնս կը բաժնեկցէի ունկնդիրներուն հետ: Առանց կեղծ համեստութեան կրնամ հաստատել, որ ունկնդիներու բաւական մեծկակ թիւ մը կանոնաւորաբար կը հետեւէր մեզի: Խնդրանքներ կու գային այս կամ գրողին կամ գործին անդրադառնալու, գնահատանքի հեռախօսազանգեր կը ստանայինք, նոյնիսկ կարգ մը լիբանանահայ գրողներ միջնորդներով «կը յիշեցնէին» իրենց գոյութիւնը: Երբ մնայուն զբաղումդ ռատիօն չէ, նոյնիսկ շաբաթը կէս ժամ եթեր լեցնելը դիւրին չէ. աչքդ բաց-գոցէ, եւ արդէն նորէն Երեքշաբթի է: Այդ 3-3,5 տարին անցաւ մեծ հաճոյքով. նոր փորձառութիւն էր ինծի համար, որուն համար այսօր միայն շնորհակալութեան զգացումներ կը տածեմ ռատիօկայանին պատասխանատուներուն հանդէպ:

«Ռատիօ Սեւան»-ին մէջ տեսայ յարգանք բոլորին կողմէ եւ բոլորին հանդէպ: Ականատես եղայ համագործակցութեան ոգիի եւ մասնակից դարձայ իրարու լսելու եւ իրարմէ սորվելու աւանդոյթին, նկատեցի բծախնդրութիւն յայտագիրներու որակին եւ բնոյթին հանդէպ, եւ կարեւորագոյնը՝ հաստատեցի գոյութիւնը մէկ ընտանիքի պատկանելիութեան գիտակցութեան:

Բազմազբաղուածութիւնս պատճառ եղաւ որ դադրեցնեմ յայտագիրս: Յաճախ կարօտով կը յիշէի ձայնագրութեան պահերը եւ անոնց ընթացքին տեղի ունեցած ծիծաղաշարժ փորձառութիւնները, լեզուական վրիպումները եւ սպրդումները: Հապա՞ Նոր տարուան հաւաքոյթները: Հիմա կարօտս պիտի վերածուի յուզումի: Սակայն ուրախ եմ, որ այդ շրջանին նորովի ճանչցայ նախկին աշակերտս՝ Միքայէլ Վայէճեանը, որ ռատիոկայանին մէջ տնօրէնս եղաւ, ուրախ եմ որ ծանօթացայ Վերա, Արա եւ Վարագ Սիսեռեաններուն եւ վայլեցի անոնց յարգալից գործակցութիւնը, ուրախ եմ որ գործակից ունեցայ Թուխիկը, Ժագը, Յովսէփը եւ Արաները, ուրախ եմ որ վայլեցի Սարմէին, Նազելիին, Շիրազին ընկերութիւնը:

Անմոռա՛ց մարդիկ, բոլորիդ վարձքը կատար:

ԱՐՄԷՆ ԻՒՐՆԷՇԼԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Առաջին Դպրոցս

Պուրճ-Համմուտցի մանուկին համար դպրոցական ընտրութեան շատ տեղիք չկար, քանի ան  ձեւով մը կանխորոշուած աւանդոյթ էր. ամէն փոքրիկ ենթադրուած էր յաճախելու  իր թաղային վարժարանը, ուր կը գտնուէր նաեւ եկեղեցին. ասոնք միասնաբար կը կազմէին մէկ կալուած:

            Այսուհանդերձ այս կարգը կը խախտէր ի նպաստ  կաթողիկէ եւ որոշ չափով աւետարանական դպրոցներուն, ուր կը յաճախէին նաեւ առաքելական ընտանիքներու զաւակաները, մինչ հակառակ շարժումը գրեթէ գոյութիւն չունէր:  Այսպէս էր, որովհետեւ աւանդականօրէն կը տիրէր այն համոզումը, թէ այդ վարժարաններու շրջանաւարտները աւելի լաւ կը տիրապետէին, կաթողիկէներու պարագային՝ ֆրանսերէնին, իսկ աւետարանականներու պարագային՝ անգլերէնին: Այս մտայնութիւնը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է, եւ այդ դպրոցներու աշակերտութեան մեծամասնութիւնը միշտ ալ կազմած են առաքելական  դաւանանքի զաւակները:

            Ոչ-հայկական՝  այլադաւան կամ պետական  դպրոց  յաճախելու հարց չէր դրուեր   մինչեւ անցած դարու 50-ականները: Հետագայ տասնամեակներուն  է որ ծնունդ առաւ այդ երեւոյթը:

            Ուրեմն իմ պարագայիս յստակ էր, որ պիտի յաճախէի իմ թաղային վարժարանս, որ կը կրէր Ազգային Աբգարեան անունը՝ ի յիշատակ Ատանայի համանուն վարժարանին: Անոր կառուցումին նախաձեռնողներն ալ եղած էին Նոր Ատանայի բնակիչները, որոնք կը գրաւէին մերինին կից  թաղամասը:

            Պատերազմը տակաւին չէր դադրած, սակայն անոր անմիջական վտանգը արդէն  բաւական նուազած  եւ  հեռացած ըլլալ կը թուէր:

             1944-ի հոկտեմբերի առաւօտ մը եղբայրս զիս եւ քոյրս դպրոց տարաւ ու արձանագրել տուաւ օրուան շատ ծանօթ տնօրէնին, որ  Գէորգ Տէր Անդրէասեան կը կոչուէր, մեզի թաղակից, շատ գեղեցիկ,  տպաւորիչ ու յարգուած անձնաւորութիւն մը, որ  ինծի համար նշանակեց  15, իսկ  քրոջս համար՝  25 լիբանանեան ոսկի տարեթոշակ, որ համազօր էր 13 տոլարի:

            Այնուհետեւ տեղի ունեցան կարգ մը գնումներ՝ գիրք, գրատախտակ, մատիտ եւ այլն, որ դրի մօրս կարած եւ ուսէս կախ պարապ պայուսակիս մէջ, ու առաաջնորդուեցայ մանկապարտէզ, այսինքն՝  եկեղեցիին սրահը,  քանի յատուկ կառոյց մը գոյութիւն չունէր իբր այդպիսին: Այստեղ, չորս անկիւնները շարուած էին  նստարաններ, որոնց իւրաքանչիւր խումբը կը կազմէր դասարան մը:

            Օրուան մանկապարտիզպանուհին՝ տիկ. Արմէնուհին, հիմնուելով հասակիս ու կազմիս վրայ,  կարգադրեց, որ  նստիմ կոկոն դասարան, որ էր մանկապարտէզի երրորդ կարգը: Ընկերներս հերթով կը կարդային հատուած մը, մինչեւ որ  կարգը հասաւ ինծի, իսկ ես ոչ մէկ տառ կը ճանչնայի: Ուսուցչուհին գայթակղեցաւ,  առանց բառերը ծամծմելու արտայայտեց իր արհամարհանքը  եւ բիրտ շարժումներով զիս տարաւ տիկին Արմենուհիին  քով:  Կարճ խորհրդակցութենէ մը ետք անոնք որոշեցին   զիս դնել բողբոջ դասարան, ուր բոլորն ալ անգրաճանաչ էին ինծի պէս: Ուրեմն տեղս գտած էի: Սակայն ո՛չ հասակակիցներս:

            Կը զգայի,  որ ես քիչ մը աւելի մեծ եմ ընկերներէս: Այդպէս էր, քանի եղած եմ հիւանդոտ մանուկ մը, եւ ծնողքս որքան կարելի է խուսափած են զիս  «աչքերնէն հեռացնելէ»  եւ ուշ  ղրկած են դպրոց: Այս աններդաշնակութիւնը՝ իմ եւ դասընկերներուս միջեւ, մինչեւ վերջ ալ տիրած է. ես  ընդհանրաապէս մէկ տարի աւելի մեծ եղած եմ դասընկերներուս տարիքային միջինէն, թէեւ հատուկենտ պատահած է, որ ունենամ ինձմէ աւելի տարիքոտ դասընկեր ալ՝ կրկնողներ, դպրոց փոխողներ եւ այլն: Տարիքային այդ տարբերութիւնը պատճառ դարձած է, որ ընկերներէս  աւելի  դիւրին իւրացնեմ տրուող դասերը, եւ այս առաւելութիւնը պահած եմ երկար ու ձիգ  ուսանողութեանս ամբողջ տեւողութեան:

 

                                                                  *   *   *

            Մէկուն համար, որ առաջին անգամ կ’այցելէր մեր մանկապարտէզը, ան կրնար թուիլ բաբելոնեան խառնարան մը, ուր անկիւն մը ընթերցում կը կատարուէր, ուրիշ անկիւն մը՝ կ’երգէին, երրորդ անկիւն մը պատմութիւն կը պատմէին, իսկ չորրորդ մը՝ կրաքարէ անձնական փոքրիկ գրատախտակի վրայ մեսրոպեան տառերը կը դրոշմուէին:

            Եւ կը կերտուէին…ապագայ հայ սերունդները:

            Ասով չէր վերջանար այդ մանկապարտէզին իւրայատկութիւնը:

            Այնտեղ, ճիշդ խորանին տակը, կը գտնուէր խոռոչ մը, որուն մէջ պահ դրուած էր աղքատներուն վերապահուած դագաղ մը:        Մէջ ընդ մէջ  այդ դագաղը դուրս կը  բերուէր՝ յուրախութիւն մեզի, քանի գիտէինք այլեւս, որ քիչ ետք  մեզ բակ պիտի հանէին, եւ եկեղեցին լեցուէր…յուղարկաւորներով. շուտով կը հասնէին դագաղակիրները եւս՝ քահանային  ու քանի մը դպիրներու երգեցողութեամբ: Արարողութեան ամբողջ տեւողութեան, որ կը վերջանար «Ի վերին Երուսաղէմ»-ով, մենք կուշտուկուռ կը խաղայինք, ըսել կ’ուզեմ՝ կը զբօսնէինք բակին մէջ, ի վերջոյ դժկամակութեամբ «դասարան» մտնելու համար:       

            Մէկ-երկու ժամ ետք կը վերադառնար պարապ դագաղը՝  խաղալիքի մը պէս թեթեւ ու անվնաս, կը զետեղուէր նոյն խոռոչին մէջ, որուն մուտքը ծածկուած էր փոքրիկ վարագոյրով մը: Այս բոլորին մենք այնքան ընտելացած էինք, որ գրեթէ  անտարբեր կը դիտէինք անցած-դարձածը՝ իսկոյն մոռնալու համար եւ հանգիստ  կը տրուէինք մեր զբաղումներուն՝  անոր հանապազօրեայ մտերմութեան մէջ, եթէ…

            Եթէ չըլլային մուկերը:

            Արդարեւ, մեր ուսուցչուհիները, մանկապարտիզպանուհիի գլխաւորութեամբ եւ զինուած  օրուան մանկավարժական  զէնքերով,   մեզ համոզած էին, որ այդ նոյն խոռոչին մէջ կը բնակէին…մուկեր, եւ անօթի մուկեր, որոնք ակնդէտ  զոհի կը սպասէին: Եւ ամենայարմար զոհը, ոչ աւելի, ոչ պակաս, մե՛նք էինք, թարմ ու մատղաշ մատաղցուներ, եթէ…ծուլութիւն եւ չարութիւն  ընէինք:

            Եւ որովհետեւ անկարելի էր ծոյլ կամ չար չըլլալ, ահա մէջ ընդ մէջ կը հաւաքէին  նմանները, եւ իբրեւ ազդարարութիւն՝ կը շարէին  խորանէն,– իմա՝ մուկերու խոռոչէն,–  երկու մեթր ասդին, մետաղեայ վանդակին կից:

            Ա՛լ լացողներ, պոռչտացողներ, տակերնին թրջողներ… 

            Յաջորդ քայլը, եթէ յանցանքը կրկնողներ ըլլային, անոնց ցուցամատին կը քսուէր յատուկ ձէթ մը, որ շատ կը գրաւէր մուկերը. այլ խօսքով՝ իբրեւ ախորժաբեր մուկերուն՝ քիչ մը աւելի գրգռելու համար անոնց ախորժակը…որուն պիտի յաջորդէր անշուշտ բո՛ւն յօշոտումը…

            Ցերեկը ականատեսն էինք այս բոլորին, իսկ գիշերը՝  երազողը:

            Ճիշդ է, որ այդ վերջնական քայլը որեւէ ատեն չառնուեցաւ, եւ որեւէ մանուկ այդ չարաշուք խոռոչին մէջ չթխմուեցաւ, այսուհանդերձ անոր սպառնալիքը մանկապարտէզի ողջ տեւողութեան՝ այդ եկեղեցւոյ մէջ, մեր գլխուն վերեւ,  կախուած մնաց իբրեւ դամոկլէսեան սուր մը,  որուն  կրնայինք  որեւէ ատեն զոհ երթալ:

                                                                      *    *    *

            Մանկապարտէզը ունէր հաճելի պահեր ալ:

            Ամէն շաբաթ, ժամը 11-ի շուրջ, դասերը կանգ կ’առնէին, նստարանները կը վերադասաւորուէին, եւ կը սկսէր հանդէսը, ուր փոքրիկները  ցոյց կու տային իրենց շնորհները. կ’երգէին, կը պարէին, կ’արտասանէին, մինչեւ  իսկ թատերական փոկրիկ պատկերներ կը ցուցադրէին:

            Առաջին մէկ օրէն ինծի բաժին ինկաւ  Յովհ. Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ»-էն   հատուած մը, որ կարծեմ դասագիրքիս մէջ ալ կը գտնուէր:

                        Քշեց գառները մեր հովիւ հսկան,

                   Ելաւ Սասմայ սարերն աննման.

                   Հ՜էյ ջան սարեր,

                   Սասմայ սարեր…

            Եւ կը թուի, թէ յաջող կ’արտասանէի, քանի որ այնուհետեւ, մանկապարտէզ իմ կեցութեանս երեք տարիներուն, բազմիցս արտասանել տուած են զայն ինծի: Եւ երբ պատահէր, որ ուսուցչուհին անունս տար եւ ես ուղղուէի դէպի բեմ, իմա՝ խորանին առաջամասի փոքրիկ տարածութիւնը, կռնակս երկու մեթր անդին պահ դրուած դագաղին դարձուցած,  ընկերներս աջէն-ձախէն կը փսփսային.

            –Սասունցի Դաւիթն է…

            Այդ մակդիրով ալ կամաց-կամաց դարձայ գրաճանաչ ու աւարտեցի մանկապարտէզի երեքամեայ շրջանս:

  ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

Հայութիւ՞նը, Թէ՞ Սկզբունքը. ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Դարձեա՛լ Թէքէեան, այո՛, որովհետեւ իր խմբագրականները հայ պատմութեան բանական դպրոց են: Այս խմբագրականը լոյս տեսած է Արեւի մէջ, 6 Սեպտեմբեր 1915ին, Եղեռնի անդոհանքի օրերուն:

Այստեղ Թէքէեան լուսարձակի տակ կ’առնէ ատենի հայ մտաւորականութեան, ազդեցիկ, առաջնորդ, որոշմնառու մարմիններու երկընտրանք մը. նիւթապէս թիկունք կանգնիլ տասանորդուած հայութեան անապատի խլեակներու՞ն, թէ՞ կամաւորական գունդերուն:

Թէքէեան խնդրին միքանի երեսակներ կը բացայայտէ, կը դնէ սկզբունքի հարցեր: Խմբագրականին ընթերցումը մեզ ուրիշ մտորումներու ալ կը տանի, սակայն մենք կը փափաքինք «Զարթօնք»ի ընթերցողին եւ հայութեամբ նախանձախնդիր հայուն ուշադրութիւնը հրաւիրել Թէքէեանի նախընտրութեան: Մեծ մտածողը նախապատուութիւն չի՛ դներ երկու անհրաժեշտութիւններուն միջեւ: Ուրիշ լուծում կ’առաջարկէ եւ ո՛չ իբրեւ միջին օղակ, այլ մեկնելով կացութեան տագնապալիութենէն. Թէքէեան կը թելադրէ. «Աշխատինք, շա՛տ աշխատինք, լա՛ւ աշխատինք ասոր համար»։

Թէքէեանի թելադրանքին այժմէականութիւնը որեւէ երկընտրանք չի ճանչնար:

Անդրանիկ Տագէսեան

 

Բարեկամ մը, անցեալ օր, հայկական ներկայ անանուանելի կացութեան վրայ պզտիկ վիճաբանութեան մը ընթացքին, ըսաւ.

– Հարկա՛ւ, կը կարծէիք հապա որ առանց զոհի՞, առանց ջարդի՞ պիտի ստանայինք ազատութիւնը…։

Բարեմտօրէն, ազնուօրէն, բայց եւ «յեղափոխականօրէն» ըսուած այս խօսքերը սարսուռ տուին մեզի։ Չպատասխանեցինք, որովհետեւ խնդիրը որ այդպէս մէջտեղ կը նետուէր յանկարծակի, ամէնէն ծանրն ու արիւնոտն է խնդիրներուն, բովանդակ ազգի մը մահուան ծանրութեամբը լեցուն եւ անոր արեան ծովին վրայ ծփացող խնդիր մը։

Մտածեցինք, սակայն, ինչպէս այդ խօսքէն առաջ, անկէ վերջն ալ, այդ ահաւոր խնդրին վրայ՝ թէ ազգը պէ՞տք էր նոր զոհեր տար, նոր ջարդեր կրէ՜ր՝ ստանալու համար այն ազատութիւնը որուն սէրը միշտ կը սնուցանէր եւ որուն իրականացման ժամը մօտեցած կարծեց ներկայ մեծ պատերազմին սկիզբը եւ մասնաւորապէս այդ պատերազմին մէջ Թուրքիոյ մասնակցութենէն ետքը…։

Կը խոստովանինք – խոնարհաբար – թէ վերջնական, վճռական եզրակացութիւններու չյանգեցանք բուն այդ մեծ խնդրին մասին, խնդիրներու խնդիրը՝ որ աւելի շատ պիտի զբաղեցնէ հաւանօրէն վաղը, մնացորդ բեկորները հայութեան՝ քան ինչ որ այսօր մեզ կը զբաղեցնէ. որ այսօր ալ, վաղն ալ, ո՛րեւէ գործնական օգտակարութիւն չի ներկայացներ այլեւս՝ որովհետեւ շատ ուշ է եւ պէտք էր երէկ մտածած ըլլայինք անոր մասին. որ – սակայն – իր անօգուտութեանը եւ իր պատճառած յաւելուածական տառապանքին հետ միասին՝ հարկադրաբար կը ցցուի կը մխուի մեր միտքերուն եւ մեր խիղճերուն մէջ… եթէ այդ միտքերը ուրիշ աւելի հաճելի առարկաներով գրաւուած եւ այդ խիղճերը այս կամ այն կերպով փակուած, զրահապատուած չեն…։

Խիղճերու զրահապատումին կը ծառայեն, բացի միւս ծանօթ նիւթերէն – եսասիրութիւն, ագահութիւն, անզգայութիւն, անտարբերութիւն, եւն․ – նաեւ… Սկզբունքները։

Այո՛, Սկզբունքները, որոնք կեանքի առաջնորդներ, իմաստութեան խտացումներ, բեղմնաւոր հունտեր են իրենցմէ օգտուիլ գիտցողներուն ձեռքին մէջ, կ’ըլլան քարէ կափարիչներ խիղճերուն վրայ այն կէս-գիտուններուն, այն տարուողներուն ու տանողներուն՝ որոնք շնորհիւ իրենց խանդին եւ իրենց գտնուած միջավայրին մէջ աւելի խելահաս մարդերու սովին՝ պատասխանատու գործեր կը կատարեն, երբեմն այնքա՜ն պատասխանատու որ հետեւանքը կ’անդրադառնայ ամբողջ ազգի մը ճակատագրին վրայ…։ Սկզբունքն է որ զիրենք վարած է մինչեւ այն ատեն, եւ Սկզբունքը կը վարէ զիրենք նորէն՝ իր ամէնէն շռնդալից եւ արիւնողող ձախողութենէն վերջն ալ, երբ ուրիշ ամէն մտածում, ամէն զգացում խեղդելով թաղելով իր ներքեւ՝ սոսկալի տիրականութեամբ մը կ’ըսէ կարծես.

– Ի՜նչ փոյթ թէ անհետանայ նոյն իսկ Ազգը որուն փրկութեան համար ես ստեղծուած կամ ընտրուած էի. բաւ է որ ես՝ Սկզբունք՝ կենդանի մնամ…։

Անո՛նք՝ որոնց քով Սկզբունքները այսպէս ամուր են – ամրութիւն մը զոր իրենց տիրոջ մտքէն ու սրտէն չէ որ կ’առնեն, այլ շատ անգամ անոնց մտքին ու սրտին անգործութենէն՝ Սկզբունքներն ըլլալով արդէն միշտ կարծր ու գործածողն ինք պարտական ըլլալով զանոնք կակղել եւ օգտակար դարձնել… – անո՛նք միայն, այս արիւն-արցունքի օրերուն մէջ ալ ուր ամբողջ Հայրենիքը բերանաբաց մեծ վէրք մըն է եղեր, պաղարեամբ կրնան խօսիլ Սկզբունքին վրայ եւ ըսել – օրինակի համար – թէ հայութիւնը չի մեռնիր՝ կը բաւէ որ կռիւը շարունակէ, թէ այդ կռիւէն պիտի ծնին լաւագոյն օրեր, պիտի ծնի Ազատութիւնն իր Արշալոյսովը, Արեւովը, Բոցերովը եւ դեռ ուրիշ շատ մը մաշած-փտած թատերական զարդեղէններովը՝ որոնց ամէնուն մէկ կից մը տալու եւ դժոխք ղրկելու չես գիտեր ի՜նչ անզուսպ փափաք մը կը զգաս դուն հիմա…։

Բայց, եկէ՛ք խօսինք վայրկեան մը – եթէ կարելի է – պայմանաւ որ խօսքերնիս մարդու հետ ըլլայ եւ ոչ թէ Սկզբունքին հետ՝ զոր մենք ալ անշուշտ կը ճանչնանք քիչ մը…։

Կռի՛ւը, այո՛, կը շարունակուի եւ պէտք է շարունակուի, ոչ թէ որովհետեւ «սկսած է անգամ մը», այլ որովհետեւ դադրեցնելը քու ձեռքդ չէ, դադրեցնելէն ո՛րեւէ օգուտ չկայ այսօր, ոչի՛նչ կայ որ կրնաս փրկել, ո՛չ մէկ պայման՝ զոր կրնաս ընդունիլ տալ թշնամիիդ.. եւ դեռ շատ մը ուրիշ պատճառներ զորս ամէն մարդ կրնայ ինքնին գտնել ու աւելցնել։

Կռիւը, այո՛, չի դադրիր. բայց այն պահուն իսկ ուր այդ կռիւին ուղղակի զոհերն եղող – ասիկա ճշմարտութիւն մըն է զոր ծածկելէն օգուտ չկայ բնաւ – հարիւր հազարաւորներու մահէն ետք՝ հարիւր հազարաւոր կէս-մեռելներ ալ օգնութեան կը սպասեն չմեռնելու համար, ա՛յն պահուն ուր մօտիկ եւ հեռաւոր ապագայի ազատ կամ գերի հայութեան վերապրումին միակ յոյսն անոնք են՝ մենք չենք…, այդ վայրկեանին ըսել թէ կռի՛ւը միայն կայ մեր մեծագոյն օգնութեանն արժանի, թէ մնացեալը «բարեգործութիւն» է զոր կրնան աղաներն ալ ընել, թէ մենք ամէն բանէ առաջ յեղափոխականներ ենք… եւ ուրիշ այս կարգի սկզբունքային անսրտութիւններ՝ սա՛ միայն կը յայտնեն դժբախտաբար, թէ մենք մարդիկ ենք որոնք Սկզբունքը կափարիչ ըրած ու գոցած են իրենց խղճին ալ, իրենց մտքին ալ վրայ…։

Իրենց մտքին ալ վրայ՝ որովհետեւ որի՞ համար է այն ազատութիւնը զոր իվերջոյ պիտի շահինք եղեր վաղը՝ կռուելով դեռ. որի՞ համար համար մանաւանդ կրնայինք պահանջել զայն ու որի՞ համար է որ պիտի տային զայն մեզի…: Ճշմարիտ է, խորապէս ճշմարիտ, թէ միակ յոյսը՝ անոնք, այսօր 150-200,000 փախստականներն են Կովկասի, որոնք երանի՜ թէ վաղը 300-400,000 ըլլային, որովհետեւ որքա՛ն աւելի՝ այնքա՛ն փրկուելու եւ մեզ ալ իրենց հետ փրկելու յոյսը կը ներկայացնեն անոնք: Թուրքիան սպանդանոց մըն է դարձեր հայուն համար, չէ՞ք տեսներ։ Չափազանցութիւ՞ն կայ լուրերուն մէջ. իցի՜ւ թէ. բայց ինչքա՜ն ցաւալի է որ այդ բառը մեր կողմէն կ’արտասանուի հիմա, սակարկութեան մը ձեւով՝ ուր նիւթի մը վրայ զեղջ կ’ըլլայ, կարծես ուրիշ մը բարձրացնելու համար՝ առանց խորհելու թէ երկուքն ալ մե՛րն են ու այն երէ՜կ էր որ մէկը միւսէն առաջ պէտք էր անցընել անպատճառ…։

Սթափեցէ՛ք, սթափի՛նք ամէնքս։ Զօրաւոր կամ տկար ջիղի խնդիր չէ ասիկա, այլ մահու եւ կենաց խնդիր զոր Ազգը երբեք այսքան ահարկու ու ծանր երեւոյթով մը տեսած չէր իր դիմաց, եւ խնդիրն ալ իր ծանրութեանը համեմատ Ազգը այսքան խե՜ղճ տեսած չէր։ Յեղափոխութեան ու բարեգործութեան, յեղափոխականի ու աղայի խտիր կրնա՞յ մնալ տակաւին՝ երբ ամէն բան կորսուելու, ընկղմելու վրայ է։ Ու բարեգործութիւնն ալ արդէն կռիւ չէ՞ հիմա, թշնամւոյն ազատօրէն, լայնօրէն, վճռօրէն գործադրած բնաջնջումի ծրագրին դէմ՝ ապրելու, տեւելու եւ ազատելու կռիւը, Մահուան դէմ Յո՛յսի կռիւը…։

Ետ չդառնանք Երէկին նայելու., համաձայն ենք, որովհետեւ Այսօրուան համար՝ ա՛լ բնաւ օգուտ չունի ան․ բայց Այսօրուան ու Վաղուան վրայ մեր ամբողջ աչքերովն ու սիրտովը նայինք։ Բարեգործութեան եւ Կռիւին աղբիւրը մէ՛կ թող ըլլայ նիւթապէս, ինչպէս մէ՛կ է մեր սրտերուն մէջ բարոյապէս. միայն ջանա՛նք՝ որ առատ ըլլայ ան՝ որպէսզի երկու պէտքերն ալ կարենան սնանիլ անկէ։ Աշխատինք, շա՛տ աշխատինք, լա՛ւ աշխատինք ասոր համար։ Միմիայն այս կերպո՛վ է՝ որ կրնանք մեր խիղճերը քիչ մը խաղաղել թերեւս…։

Եւ մի՛ ըսէք, Աստուծոյ սիրոյն, սա՛ քստմնելի խօսքը․ «Դեռ շատ սեւ օրեր ունինք տեսնալիք, դեռ շատ կորուստներ ունինք ողբալիք։ Կեանքերու հարկն է որ պիտի հատուցանենք պատերազմի դաժան Մողոքին, արիւնի տուրքն է որ պիտի մատուցանենք Ազատութեան Աստուծոյն» (խմբագրական Յուսաբերի, թիւ 59, Սեպտ․ 2)։

Հա՞յ էք դուք՝ թէ՞ ոչ խենթեցած Սկզբունք մը։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

Քիչ Մը Յոյս

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

 

Սիրելի Պրն. խմբագիր,

 

Վահան Թէքէեանի եգիպտահայ Արեւին մէջ լոյս ընծայած խմբագրականները կը կարդայի: Այս մէկը ուզեցի կիսել քեզի եւ Զարթօնքի ընթերցողներուն եւ հետը բոլոր անոնց որոնք նախանձախնդիր են հայկական իրականութեան բարելաւման:

Խմբագրականին մէջ, հրատարակուած 2 Յուլիս 1915ին, կը կարդանք Թէքէեանի կսկիծը, հոգիի տոչորումն ու կծկումը՝ ի տես Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ ուրիշ հայոց վարմունքին, վերաբերումին:

Ինծի համար՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկային, համամարդկային եւ հայկական տագնապ մըն էր (եւ է): Մե՛ծ տագնապ մը: Այսօր մարդկութիւնը եւ հայութիւնը, իւրաքանչիւրը իր դիտանկիւններէն, կը դիմագրաւէ ուրիշ տագնապներ: Թերեւս մեզի՝ հայերուս համար, մեր դիմագրաւած տագնապները շատ խոշոր են: Ուշադիր ըլլանք եւ չկրկնենք Թէքէեանի մատնանշած «ուրիշ հայերու» վերաբերումի սխալը:

Կը կարծեմ, Թէքէեան, իբրեւ խմբագիր, ուզած է լաւատեսական, յուսադրիչ շունչ մը դնել այդ սեւ իրականութեան ընդդէմ: Ինծի կը թուի –  աւելի ճիշտը՝ համոզուած եմ – որ եթէ մենք Թէքէեանի մատնանշած մեր բացասական վերաբերումը – մեր ընթացքը – բարեփոխենք՝ մե՛նք ՀԱՍՏԱՏԱՊԷՍ յառաջացուցած-գոյացուցած կ’ըլլանք այն յոյսը զոր Թէքէեան կը տեսնէր նորածինի «տկար խեղդուկ ճիչին» մէջ:

Յարգանօք՝

Անդրանիկ Տագէսեան

 

«Զուլու՜մ, զուլու՜մ, զուլու՜մ…: Հայերէն առածը կ’ըսէ. «Մինչեւ առուէն ջուր գայ, գորտին աչքը դուրս կու գայ: Գիշեր, ցերեկ կը սպասենք ազատութեան արշալոյսին. ե՞րբ պիտի տեսնենք աշխարհի խաղաղութիւնը…»:

Քեմախէն գրուած նամակէ մըն են այս տողերը՝ որոնց արտայայտած ու ներշնչած զգացումին խորութեանը ոչինչ կը հաւասարի, ո՛չ ընդարձակագոյն մանրամասն նկարագրութիւնը, ո՛չ ալ դրական ամէնէն ցնցող կոչը ի մասին հայկական ահագնածաւալ աղէտին:

Կը տեսնես այդ քանի մը բառին մէջ հայութիւնը՝ թրքութեան երկաթէ աքծանին մէջ բռնուած, որ ոսկորները կոտրտուելով ճզմուելու եւ մեռնելու վրայ է: Բայց եւ կը տեսնես միեւնոյն ատեն որ հոգին սեղմեր է ակռաներուն մէջ եւ չ’ուզեր զայն արձակել՝ մինչեւ որ չնշմարէ «ազատութեան արշալոյսին» ծագիլը…: Բայց, «ե՞րբ պիտի տեսնենք աշխարհի խաղաղութիւնը…», կը հեւայ անպ ոգեսպառ, սկսելով ինքզինքին հարցնել թէ վերջին շունչը փչելէն առաջ արդեօ՞ք պիտի տեսնէ՞ զայն…:

Կեանքի մեկնումէն աւելի տխուր է յոյսի՛ն մեկնումը մարդկային էութենէն: Այնչափ ատեն, որ ցաւի ու տանջանքի ամէնասուր զգայութիւններուն մէջ անգամ, դեռ կը մաքառինք եւ դեռ կը պահենք այդ վիճակէն փրկուելու մեր յոյսը, հաւասար ենք բոլոր ապրողներուն՝ որովհետեւ մեզի մնացած գուցէ միակ վայրկեանի մը կեանքն ալ ապագային ամբողջ անհունութեամբը դեռ լա՜յն  է ու լի մեզի համար: Եւ կեանքը, անշուշտ, իր այս անորոշ երկարաձգման, կամ այս անսահման ապագայի իր յոյսո՛վն է միայն որ կեանքն է…:

Ճիշտ է եթէ հայերէն թերթի մը խմբագիրը – այս միջոցիս – պէտք չէ անձնատուր ըլլայ յուսահատութեան, պէտք է ընդհակառակն ինք զօրանայ՝ ուրիշներն ալ զօրացնելու, ինք դիմադրէ՝ ազգովին դիմադրութեան մեծագոյն հնարաւոր ուժը կանգնելու համար մահուան ուժին դէմ որ ահա՛ շրջապատեր է զմեզ:

Բայց ինչպէ՞ս կարելի է ասիկա երբ հայ է խմբագիրը, երբ իր հաղորդածէն աւելի գէշ լուրեր կը լսէ զորս ստիպուած է յաճախ իրեն վերապահել, եւ երբ իր անմիջական միջավայրին՝ հայութեան այն պզտիկ մասին մէջ ալ ուր բախտը բերած ձգած է զինք, ոչինչ կը գտնէ իրեն քիչ մը սիրտ տուող, ոչի՛նչ բայց միայն ոմանց քով լուսնային անտարբերութիւն, ուրիշներու քով ճղճիմ եւ անժամանակ մտահոգութիւններ (որոնք անցեալ տարի ներելի ըլլային թերեւս՝ բայց ներկայ վայրկեանին անհեթեթութեանց անհեթեթութիւնն են…) եւ ուրիշ-ուրիշներու մօտ ալ՝ եղբայրատեաց կատաղութեան փրփուր մը որ հրէշային է պարզապէս ա՛ս ալ…: Երբ այսպէ՛ս դուրսէն ու ներսէն ինքզինք ենթարկուած կը գտնէ տանջանքներու մեծագոյնին, բան մը, օգտակար բան մը ընելու անկարելիութեան տանջանքին, այն ատեն, այո՛, հայ խմբագիրը սրտանց երանի կու տայ իր թերթին մամուլը դարձնող արաբ բեռնակրին անգամ եւ կը փափաքի ինքն անոր տեղը անցնիլ, ա՛ն ըլլալ ու բան մը չգիտնալ, բան մը չզգալ, բան մը գրելու պարտաւոր չըլլալ այլեւս…:

Ամէնքս տեսեր ենք մեր ընտանիքներուն մէջ, որ սուգի ատեն իրարու քով կու գան ընտանիքին անդամները, եւ եթէ ուրիշ բան չեն կրնար ընել, չեն կրնար մեռելը ողջնցնել եւ իրար մխիթարել ալ չե՛ն կրնար, գոնէ իրենց արցունքին եւ հեծկլտանքին մէջէն ատեն-ատեն կը նային իրարու եւ այս նայուածքը՝ որ ցաւին մէջ իրենց միութիւնը կը յայտնէ անոնց՝ ուժ կու տայ կրելու իրենց վիշտը, արցունքի նոր հեղեղներ կը պոռթկացնէ բայց նաեւ պատճառ կ’ըլլայ որ անոնք վերադառնան ու կրկին կապուին կեանքին…: Երբեմն ալ, այդ ժամերուն, պզտիկ տղայ մը որ անկիւն մը քաշուած կծկտած է՝ չկրնալով թափանցել մահուան գաղտնիքին, յանկարծ կու գայ կը փարի սգաւորին ծունգերուն, որ խելայեղ թափով մը կը գրկէ զայն եւ անոր այտերուն վրայ կը թափէ իր արցունքը, նուազ դառն եւ արդէն իսկ սփոփա՛նքի արցունքներ կարծես…:

Բայց, ըսէ՛ք, ու՞ր է այդ մանուկը հիմա. ինչու՞ զայն չենք տեսներ, ինչու՞ իրար անգամ չենք տեսներ, այս որքա՞ն մութ է շուրջերնիս…:

Ո՞վ կրնայ քիչ մը լոյս տալ մեզի, քիչ մը լոյս եւ քիչ մը յոյս մեզի…:

Բայց յուսահատութիւնը պահ մը միայն կը տեւէ…: Այդ ի՞նչ ձայն է, ի՞նչ տկար ու խեղդուկ ճիչ՝ որ կը լսուի հեռուէն, տանը ուրիշ մէկ սենեակէն: – Նորածինի մը ձայնն է, Հայկական Ազատութեան առաջին աղաղակը որ կը հնչէ մեր սուգին մէջ եւ մեզ ընդոստ կը կանչէ դարման ու խնամք տանելու իրեն, զինք պաշտպանելու եւ զօրացնելու:

 «Քիչ մը» չէ, անհու՛ն յոյս է ասիկա, եւ մենք կ’ոգեւորուինք ահա…:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը