Կայացաւ Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներու Տարածաշրջանային Առաջին Առցանց Խորհրդակցութիւնը

Նախաձեռնութեամբ լրատուամիջոցներու համաժողովները համակարգող խորհուրդին, Հինգշաբթի 30 Յուլիսին Երեւանի ժամով 19:00-ին տեղի ունեցաւ միջին արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու տնօրէններու եւ խմբագիրներու տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցական նիստը։
Նիստին մասնակցեցան Համակարգող խորհուրդի Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի անդամները , Հայաստանի վարչապետի մամլոյ խօսնակը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, Լիբանանի, Քուէյթի, Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի եւ Պոլսոյ մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուները։
Աւելի քան երկու ժամ տեւած խորհրդակցութեան օրակարգը կը վերաբերէր ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ լրատուամիջոցներու որդեգրած աշխատակարգերու հետ առնչուած խնդիրներուն, տեղեկագիտութեան նորարարութեան ընձեռած ներկայ կարելիութիւնները արդիւնաւէտ օգտագործելու, Ազրպէյճանի յարձակողապշատութեան վերջին գործողութիւննեուն մասին լրատուութիւնները ներկայացնելու եւ տարածելու ճիշդ եղանակներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համահայկական լրագրողական ցանցերը մնայուն կերպով աշխատցնելու հրամայականներուն։

Տիկ. Մանէ Գէորգեան ՀՀ վարչապետի մամլոյ խօսնակ

Պրն. Վահագն Աթաբեկեան Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան
Տարածաշրջանային առցանց նիստերը պիտի շարունակուին․ յաջորդ նիստը պիտի ներառնէ եւրոպական տարածաշրջանը։ Թուականի եւ օրակարգի մասին լրատուադաշտը վերահասու կ՛ըլլայ շուտով։
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

