Մամլոյ Առցանց Լսարան – 6 – Արցախ. Նորօրեայ Մարտահրաւէրներ եւ Իրագործումներ

«Զարթօնք», «Արեւ» եւ «Սարտարապատ թերթերուն բարեկամները Չորեքշաբթի, 29 Յուլիս 2020-ին, Կրինուիչի ժամով 17:00ին (Արցախի ժամով՝ 21:00-ին) դարձեալ ժամադրուած էին հանդիպելու արդէն իսկ բոլորին օգտաշատ եւ սպասուած ժամադրավայրը դարձած՝ մամլոյ 6րդ առցանց լսարանին մէջ:
«Արցախ. Նորօրեայ Մարտահրաւէրներ եւ Իրագործումներ» նիւթին շուրջ իմաստալից, մասնակիցներուն հպարտութիւն ներշնչող եւ հեռանկարներով լեցուն խօսքով ելոյթ ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ՝ Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանը:
Զանազան երկիրներէ շուրջ 65 մասնակիցներով կազմուած առցանց հարթակը ինչպէս միշտ ձեռնհասութեամբ վարեց՝ Լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր եւ նոյն համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Աւարտին ներկաներուն Արցախի մէջ եւ անոր համար աշխատելու իր վկայութիւնը տուաւ Արցախի Հանրապետութեան Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Կարօ Քեպապճեանը:
Մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

