• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ձօն՝ Դպրեվանքի Հիմնադրութեան 90 ամեակին. Մեր  Դպրեվանքը

28.07.2020   17:35

Դպրեվանք:

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը՝ անուն, հասցէ, վայր, ուղի, որոշում, նպատակ ու ինք-նանուիրում արտայայտող: Այս բառին մէջ խտացած է ազգի մը եկեղեցւոյ ապագան, անոր զաւակներուն հոգեկրթման դասընթացքը, հոգեւորական կազմաւորման գոր-ծընթացը, որուն յաջող արդիւնքով կÿաճի նոյն եկեղեցւոյ հաւատացեալներու հոգւոյն մէջ բուսած ծիլը հաւատքի, հոգեկան արթնութեան առաջնորդելով զանոնք:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, սակայն ճառագայթող եւ շողարձակ, որովհետեւ երէկ-ուան կայծին խայծը՝ այդ պարզանուն պատանին իր կարկամող լեզուով եւ թերի շա-րահիւսութեամբ, շուտով բոցի պիտի վերածուի անշէջ՝ Սուրբ Հոգւոյ եօթնարփեան շնորհքներով զարդարուած, ու ծաւալուելով հրդեհէ հոգիները, աստուածային պատ-ուիրաններուն համարձակ քարոզութեամբ, մաքրելով հաւատացեալ հոգիները Աս-տուծոյ արքայութեան վայել բիւրեղութեամբ:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, բայց ուսման ու գիտութեան վարար հոսքով անդադար ընթացող գետի նման, գիրի ու դպրութեան գլգլացող երաժշտականութեամբ, ուր շա-րականը, ժամն ու պատարագը, սրբութեանց հետ հաղորդութիւնն ու Աստուածաշունչի պատգամները ջուրի կենսունակութեամբ կը յագեցնեն նախ ուսանողին եւ ապա պապակ ժողովուրդին հոգին: Աւետարան, սկիհ ու խաչ, քշոց ու կերոն, բուրվառ ու կնդրուկ, պատանեկան տարիքի բազմաշեղ զբաղումներու սին ժամավաճառութիւնը ոտնակոխելով, հեռանկարային ուրուագծումներ կը տաջեն մատաղատի սրտերու դեռ փափուկ ու խտղտացող թաղանդին վրայ, հետագային անոնց իւրաքանչիւր բա-բախումին հետ արիւն ներարկելու համար ազգի զաւակներու խոպան հոգիներու լայնարձակ դաշտերուն: Անթիլիասի Դպրեվանքի նոյն դուռէն դուրս եկան մարդիկ եւ դեռ կը շարունակեն գալ Պիքֆայայէն, բուրումնաւէտութեամբ շարժելու բուրվառնե-րն իրենց զնգուն, ու նուագելու քշոցներն իրենց զնգզնգան, խորաններուն վրայ վեհ ու աստուածային: Նոյն դուռէն դուրս ելան եւ դեռ կու գան անոնք, բաշխելու հաղոր-դութիւնը աստուածաշնչեան պատգամին, 1700 տարիներու հնձանէն հոսող անապակ գինիի սկիհին մէջ թաթխելով նշխարհը բաղարջ, որ օծեալ ձեռքերով կը մատուցուի հոգիներուն ծարաւի, անոնց վէրքերուն միակ մխիթարութիւնն ըլլալով բալասանուած:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, նաեւ մէ՛կ՝ իր նպատակով: Սան ու վանահայր, աշա-կերտ եւ ուսուցիչ, դպիր ու սարկաւագ, քահանայ եւ վարդապետ, հսկիչ ու տեսուչ սեւեռուած ունին իրենց արծուաբիբ հայեացքը հորիզոնին վրայ միագիծ, ուր արե-ւուն ելեւմուտքի  բոսորային հնոցին մէջ կը ձուլուի աշխատանքը կազմաւորման ընթացքին, հոգիներուն պարզ ու լերկ, հասնելու համար նպատակին՝ ամբողջական նուիրումին: Եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջը ձայնեղ, առաւօտ թէ երեկոյ լեռներուն վրայէն գեղասահ արձագանգով կÿիջնէ ցած, թրթռացնելու լարերը նորափթիթ հոգիներուն, որոնք շուտով վարպետ երաժիշտներ կը դառնան, Կոմիտասի ճպոտի շարժման յօժարակամ խոնարհեցնելով իրենց խրոխտ վիզը նորաբոյս:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, բայց հասկ է լեցուն, իննսունամեայ գլուխով խոնարհ, խոհական, որու ձողունին վրայ իրենց նիզակներով կանգնած բանակի քաջարի զին-ուորները շուտով կÿանդամագրուին զինուորեալ Միաբանութեան, երեսուն, վաթսուն եւ ութսուն քաջ գումարտակներով, մարտահրաւէրի սպասողական դիրքով, սկսելու իրենց ծառայական պայքարին: Ջաղացքի երկանաքարին տակ աղացուող իւրաքան-չիւր հատիկը սակայն, հացաբոյր պարկին մէջ խտանալով հին ալիւրի սրբամաղ զանգուածին հետ, երկնանձրեւ եղեամով խմորելու է աւելի մեծ զանգուածները հա-ւատքի, տէրունական մարմնին պէս ընծայուելու համար զոհասեղանին:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, որ 1930 թուականին արտաբերուեցաւ շրթներէն սուրբ ու մաքուր՝ տառապակոծ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսին: Նոյն բառը յոյսով երեքկնեցին Տ.Տ. Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսն ու առաջին վերատեսուչը՝ Հայր Շահէն: Նոյն բառն էր որ թաւալեցաւ ու ծաւալեցաւ ձիւնագնդակի պէս, իննսունամեայ սահանքով դարձդարձիկ, առաքելութեան ուղին հարթելով իր առջեւ: Մեր ազգի ծառայութեան կարեւորագոյն բնագաւառներուն հասնելու իր մեծաթափ ընթացքին մէջ, ան չխնայեց նոյնիսկ ձիւնին մէջէն իրենց գլուխը ցցած տատասկներուն սրածայր, որոնք ճզմուեցան դէպի առաքելութիւն վազող աշխուժ ոտքերուն տակ շրջանաւարտներուն: Ուռճացած գործը անուրանալի փաստերով կը մեծարէ այսօր հիմնադիրներուն յիշատակը: Միաժամանակ նոյն գործին շարունակութիւնը ինքնին կը պատուէ զայն շարունակող բազմաթիւ անձերուն, մինչեւ ազգիս Հովուապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին անունը փառապանծ:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, ձուլարանն այս վսեմ, ուր կաղապարի նոյն ամանին մէջ պիտի հոսի ոսկին հողախառն եւ անզուտ, մաքրուելով կոփուելու համար դաս-տիարակութեան մուրճին տակ, եւ ի վերջոյ մամլակի գլանէն անցնելէ ետք՝ գրեթէ ուղղած իր գլխաւոր թերութիւնները, պատրաստ պիտի ըլլայ յղկուելու քննադատութ-եան դաժան խարտոցով, իր վրայ ընդունելու  համար բարձրարուեստ փորագրութ-իւնը Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, որու ժամանակակից դրուագներուն անպայման մաս պիտի կազմէ ինքը՝ նորընծան:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, բայց մե՛ր Դպրեվանքն է այն, իր իւրայատկութեամբ եւ հարազատ տան գուրգուրոտ միջավայրով սիրելի: Դասարանին, գրասեղանին ու գրատախտակին կերպարանափոխումը չի՛ կրնար անոր ոգիէն նուազեցնել դոյզն մասնիկ մը լոյսի: Սաներու արծաթափայլ երազներուն մարմին տուող աղօթքը երկ-նառաք, մշտաբարբառ մաղթանք է անոնց շրթներուն վրայ մեքենագրուող, որոնք կարճ ժամանակ ետք պիտի կնքուին ժողովրդային բարի վկայութեանց եւ դրուատիքի զմրուխտագոյն կնիքով: Այս վկայագիրը անգիր յատուկ վաւերաթուղթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի շրջանաւարտ հոգեւորական սպասաւորներուն թէ աշխարհական գործիչներուն տրուող իբրեւ գնահատանք:

 

        Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, որ իր տարբեր սերունդներու շրջանաւարտները կը պա-հէ իրարու շղթայուած՝ «սիրտ ի սիրտ եւ ձեռն ի ձեռն» մէ՛կ օղակով ամրապինդ, աւելի սեղմելու համար մեր հոգեւոր ու մշակութային հարստութեանց պահպանութեան ու ծաղկման շուրջը երիզող ոսկեշղթան հայկական:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր