Այսօրուան Մէջ

Տրորուած երկիր. Ոչ սահման, ոչ իսկ տէր, այլ՝ տիրակալներ Օսմանեան եւ Պարսկական. Երկրի վրայ՝ որ կը կոչուէր Հայաստան. ու այսպէս դարեր. Գաղթ, թշուառութիւն համատարած եւ պանդխտութիւն ի հարկէ: Մի քանի տող Սրուանձտեանցէն պատկերացնելու համար հայու առօրեայ կեանքէն .-«Դու տեսե՞ր ես նոցայ մանուկները կաթն ու ցաւը միասին կը ճաշակեն, պարզ ջուր եւ դառը քրտինքը միասին կը ճամբեն, հացն ու հարուածը միասին կ՛ուտեն… հիւանդ եմ ասել ամօթ է, իրանց կերածն է կորեկ ու գարի»…եւ այլ ցաւեր: Ժողովուրդ եւ վերնախաւը՝ վաշխառու հայեր: Անցնինք Թումանեանին .- Տանուտէրը գանգատ գնաց քէօխվեն կգայ կը ծեծի, տէրտէրն օրհնեց անվարձ մնաց կը բարկանայ կ՛անիծի»: Ո՜ւր կը մնայ դաստիարակութիւնը, հայրենասիրութիւնը, ազգասիրութիւնը, մարդասիրութիւնը, վերջապէս արժեւորելու համար պէտք է արժէք ըլլայ: Գանք Չարենցին, բանուորական օրերու մէկ պատկերին, գրուած՝ 1929 ին.-«Մարդիկ, որ կարծես ի զուր են կրում կոչումը մարդու: Նրանց պիտի դեռ սովորեցնել քթները սրբել եւ այդպէս նստել հացի…Օ, նրանց փոխելու համար սերունդներ են պէտք եւ ո՛չ թէ օրեր, կամ տասնամեակներ»:
Այս է հիմը այսօրուան Հայաստանին, ժառանգը, իր նուազագոյնով ներկայացուած. Այլապէս հատորներ գրուած են արդէն, (սակայն մարդիկ ընդհանրապէս կարդալ չեն սիրեր կամ կը նախընտրեն «իրենց»ը կարդալ աւելի քան՝ առարկայական ճշմարտութիւնն ու պիտակաւորել սա կամ նա պետութիւնը, ընկերակցութիւնը կամ կուսակցութիւնը): Ալ ի՛նչ պէտք է սպասել, ակնկալել կամ նոյնիսկ ցուցմունքներով հանդէս գալ. Հեշտ չէ այպանել, դատապարտել այն ինչ որ կայ,երբ մտածենք թէ ի՞նչ կրնանք պատասխանել հարցումի մը .-«Ի՞նչ տուիր կեանք դուն ինծի, եւ ես քեզի ի՞նչ տուի»…Ընդհանրապէս բաղդատութեան թակարդին զոհը կ՛ըլլանք. Սակայն ամէն երկիր իր անցեալն ու կերտուածքն ունի, եւ կարելի չէ նոյն քանակը գործածել տեղի անտեղի: Մեծն Բրիտանիոյ արքայական ձիերու քալուածքն ու նոյն իր քաղաքացիին քալուածքն իսկ կարելի չէ բաղդատել…
Ո՞ւր էր մեր «ՎԵՐՆԱՏՈՒՆ»ը, Թիֆլիսի մէջ. 1980ին Երեքով հիմնուած Կուսակցութիւնը՝ դարձեալ ի Թիֆլիս. Միթէ՞ Հայաստանի մէջ չկար յարմարութիւն. Հաւանաբար ՈՉ: Ուստի ինչ որ եղաւ եղաւ: Սակայն եկէք քիչ մըն ալ թեթեւնանք.- «Էս է, որ կայ…ճիշդ ես ասում. Թասըդ բե՛ր: Էս էլ կ՛անցնի՝ հանց երազում, թասըդ բե՛ր: Կեանքն հոսում է տիեզերքում զընգալէն, Մէկն ապրում է, միւսն սպասում. Թասըդ բե՛ր: Եւ ունեցանք ԵՐԵՒԱՆ, մայրաքաղաք, ուր կ՛ապրինք արդ հին ու նոր ցաւերով, լինելութեան երկունքով, ընթացք մը սկսած է առ այդ՝ «ԱՒԵԼԻ ԲԱՐԵԿԱՐԳ ԵՐԵՒԱՆ» Կը հասկնանք անշուշտ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ: Յոյսեր կը յաջորդեն նորերու, ալեկոծ ծովու նման կ՛եռեւեփի երկիրը ներքին տարակարծութիւններով ու արտաքին թշնամիներով ինչպէս միշտ: Հայրենիքի հասկացողութիւնը կարծես տեղի կու տայ անձնական պայքարներու. Գաղտնիքներ կան որոնք ժողովուրդին հասու չեն եւ պէտք չէ ըլլան ալ, ինչպէս քսանհինգ դար առաջ Լաօ Ցէն ըսած է: Շատ հեշտ կը թուի ոմանց պահանջել (ՊԱՀԱՆՋԵԼ) հրաժարականը Վարչապետի մը. Ի՞նչ հիման վրայ…: Աւարտեմ դարձեալ Լաօ Ցէով,.-
ԵՐԿԻՐ ՄԸ ՂԵԿԱՎԱՐԵԼԸ ԿԸ ՆՄԱՆԻ ՄԱՆՐ ՁՈՒԿԵՐ ՏԱՊԿԵԼՈՒՆ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

