Խոհեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Նոր Հորիզոններու Դիմաց» Հատորին Առիթով

Ստուարածաւալ գիրք մը (584 էջ), որ իր մէջ կը բովանդակէ շուրջ տասնամեայ ժամանակահատուածի մը ընթացքին հեղինակին արտասանած եւ ստորագրած բանաւոր ու գրաւոր խօսքերուն ու ելոյթներուն այն ընտիր էջերը, որոնց համադրումով պիտի կազմուէր կոթողային սոյն հատորը:
Եթէ ինծի հարց տրուէր, ընտրել սոյն գիրքէն յատկանշական տող մը՝ որ պիտի իմաստաւորէր ամբողջութիւնը հատորին,- առանց անտեսելու կամ արժեզրկելու նաեւ բազմաթիւ այլ ուրիշներ,- պիտի առանձնացնէի խորագիրը գիրքին առաջին գրութեան՝ «Կառչիլ յաւիտենական արժէքներուն» (տես էջ 13): Արդարեւ, մարդ արարածին մտորումներուն կիզակէտը կարելի է համարել սոյն խորագիրը, զայն ընդգծել, թէկուզ մեծատառով գրել, որպէսզի մեր աչքերը յառենք մեր կեանքին ԻՄԱՍՏ պարգեւող այս կարգախօսին:
Արամ Ա. Կաթողիկոս 1974-էն ի վեր հրատարակած է 33 անուն գիրք՝ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով (տեսնել ցուցակը՝ սոյն հատորի աւարտին): Որքան հոգեւորական մարդը՝ իրմէ ներս, նոյնքան եւ՝ ազգային արժէքներով մտատանջուող Հայ Մարդն է ան, որուն ամէնօրեայ մտածումները, խոհերը, զանազան առիթներով խօսած քարոզներն ու հրապարակային ելոյթները վերածուելով շուրջ հարիւրեակ մը խոհագրութեան կամ յօդուածի, մեզի կը ներկայացնէ հեղինակը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Այնպիսի ամբողջութիւն մը, որուն մէջ Հայ Մարդու ազգային-աշխարհական եւ անոր զուգահեռ հոգեւորական ապրումներու եւ պարտաւորութեանց նուիրեալ բարձրաստիճան եկեղեցականը ոչ թէ զիրար չեն խանգարեր, այլ՝ կը միաւորուին մէկ անձնաւորութեան մէջ:
Սոյն մատեանին առաջին 100 էջերուն մէջ հայ եկեղեցականը կը վերլուծէ հայ եկեղեցւոյ կենսական ներգործումը մեր ժողովուրդին առօրեայ կեանքին մէջ: Այսինքն՝ «Քրիստոսով վերամարդանալ» եւ «Եկեղեցին՝ Աստուծոյ ժողովուրդը» խորագրերու ներքեւ մէկտեղուած մօտ 25 յօդուածներ կու գան առաջնորդելու հայ մարդը մօտեցնելու Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին, քրիստոնէական հոգեբարոյական եւ աստուածաբանական համոզումներուն եւ սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմական արժէքին ու նշանակութեան:
Վեհափառին սոյն հատորին մեծագոյն մասին մէջ ամբողջական հայ տարագիր մարդու սիրտն է, որ կը տրոփէ ընդմիշտ: Ըլլալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին Գահակալը, խորապէս գիտակ իր ստանձնած պարտաւորութեանց ու կատարելիք դերին, վերջին հարիւրամեակին արեւմտահայութեան կրած մարդկային եւ հողային մեր կորուստներուն, Սիսի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի բռնագրաւումին եւ անոր դատական հետապնդումներուն, առաւել եւս՝ ներկայ Հայաստանի, Արցախի եւ համայն սփիւռքահայութեան գոյավիճակին, իր ժամանակի յարափոփոխ զարգացումներու լոյսին տակ կը տեսնենք լուծումները վեհափառ հայրապետին:
Արդարեւ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի բազմաբեւեռ ու բարդ իրավիճակը կը պարտադրէ դժուարին հանգուցալուծումներ, որոնց պատասխանները պիտի տրուին դէպքերու պատմա-իրաւա-քաղաքական ժամանակակից հոլովոյթներու եզրակացութեան լոյսին տակ:
Այս նիւթերը շօշափող 75-է աւելի հասարակագիտական յօդուածներ, ելոյթներ եւ հարցազրոյցներ լուսարձակի տակ կը բերեն բազմապիսի հարցադրումներ, որոնք ժամանակի ընթացքին, հարկ է, որ լուսաբանուին մասնագիտական բացայայտումներով:
Որովհետեւ, ոչ միայն կը յիշենք, ԱՅԼԵՒ՝ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ:
Գրախօսական այս ամփոփ գրառումը լոյս կը տեսնէ Վեհափառին գահակալութեան 25-ամեակին առիթով:
Հանգրուան մըն է այս թուականը, ու Վեհափառը պատմութեան դատաստանին կը ներկայանայ իր 33 քառալեզու երկերու հանրամատչելի եւ յոյժ ուսանելի Միտքի բերքահաւաքով:
Յարգս Արժանաւորին:
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

