Սփիւռքի Նախարարութեան Գործընթացը, Բայց Նաեւ` Շարունակականութիւնը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու կազմակերպչական օղակը, սկսելով իմ պատանեկան-երիտասարդական տարիներէն, կու գար երկրորդ հանրապետութենէն, որ այդ օրերուն կը կոչուէր Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ: Երրորդ հանրապետութեան հետ ստեղծուեցաւ սփիւռքի նախարարութիւնը. այս իմաստով բաւական ճամբայ կտրած ենք Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու գործընթացին մէջ մէկ կողմէ կազմակերպչական կառոյցի եւ ցանցի յատակագիծով, բայց նաեւ` յայտագիրներու մշակման եւ զարգացումներու առումով: Հայկական սփիւռքը, ինչ խօսք, ունի իւրայատուկ դրուածք` մեկնելով պատմական այն իրողական վիճակէն, թէ մեծ համեմատութեամբ հետեւանք էր Ցեղասպանութեան եւ տեղահանումի: Ասիկա հայկական սփիւռքին կու տայ իւրայատուկ կարգավիճակ, բայց նաեւ` նոյնքան իւրայատուկ մարտահրաւէր:
Երրորդ հանրապետութենէն ետք Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները զգալի եւ շեշտակի կերպով զարգացան ու աճեցան: Հայաստան` որպէս անկախ պետականութիւն եւ երկիր, դարձաւ աշխարհասփիւռ հայութեան կիզակէտը: Անցնող աւելի քան քսանեօթը երկար տարիները եղան ուսանելի, բայց նաեւ` հայրենիք եւ սփիւռք զիրար հասկնալու, միասին գործելու, երկիրը շէնցնելու եւ զարգացնելու մեծ պատեհութիւն եւ ներդրում: Այսօր Հայաստան-սփիւռք կը գտնուինք այնպիսի կարգավիճակի մը մէջ, երբ զիրար շատ աւելի լաւ հասկցած եւ իրարու հետ շատ աւելի լաւ մէկտեղուած ենք: Այս զարգացումին մէջ սփիւռքի նախարարութիւնը եղաւ շատ կարեւոր կառոյց մը եւ աշխատանքային բնագաւառ, որ կամրջեց աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը իր տարբեր շերտերով` Հայաստանի հետ եւ անպայմանօրէն` փոխադարձ յարաբերութեամբ: Ու տակաւին, ան հանդիսացաւ սփիւռքը ինք իրեն հետ եւ իրարու հետ միացնող կռուան:
Հոսկէ մեկնելով` կան շարունակականութեան գործընթացը եւ հարցադրումները, որոնք կը շրջագային ներկայ օրերուն: Պէ՞տք է շարունակել սփիւռքի նախարարութիւնը: Եթէ այո՛, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ տարողութեամբ: Եւ եթէ ոչ, բայց ինչո՞ւ:
Ներկայ օրերը ունին իրենց շատ մը մարտահրաւէր-հիմնահարցերը մէկ կողմէ սփիւռքահայ իրականութեան համար, բայց նաեւ` հայաստանեան իրավիճակէն մեկնելով եւ երեւի թաւշեայ յեղափոխութենէ ետք աւելի մեծ ակնկալութիւններո՞վ: Եթէ հայկական սփիւռքը շատ «գունաւոր» է եւ տարբեր շերտերով, որուն վրայ պիտի աւելցնել Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիներ, որոնք սփիւռքեան իրականութեան վրայ աւելցուցին նոր «երանգներ»: Ու հայկական այս մեծ «պարունակին» մէջ կայ այլ երեւոյթ մը, որ մինչեւ այսօր սփիւռքը տակաւին չէ վերածուած, այսպէս ըսած, կազմակերպչական-ընդհանրական կառոյցի մը, որ կրնար ծառայել որպէս համասփիւռքեան համադրողական օղակ: Բայց նաեւ առկայ է, եւ երեւի` ներկայ օրերուն մէջ շեշտուած ձեւով, Հայաստան երկրի եւ հայրենի պետականութեան ներշնչած ազգային-քաղաքական ինքնութիւնը` սփիւռքահայուն համար եւ ի մասնաւորի` երիտասարդ հայուն, որ հասակ կ՛առնէ շատ մը գաղութներու մէջ, եւ ուր ան-անոնք կը գտնեն-վերագտնեն իրենց հայկական աւանդը եւ ինքնութեան գիտակցութիւնը` հայրենի հողին մէջ եւ անոր միջոցով: Կարկինը աւելի լայն բանալով` այսօր շատ աւելիով օրակարգի վրայ է հայրենադարձութիւնը անցեալի ներգաղթի հիմքով, բայց` տարբեր տարողութիւններով, ընտրանքներով եւ միջոցառումներով:
Հայկական ընդհանրական այս իրավիճակներուն մէջէն է, որ պիտի տեսնենք անհրաժեշտութիւնը` շարունակելու սփիւռքի նախարարութիւնը եւ անոր աշխատանքային գործընթացը` գէթ աւելցնելով եւ կամ վերանորոգելով անոր աշխատանքային ռազմավարութիւնը: Եթէ մեր համահայկական եռանկիւնը կը կազմէ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք, բայց անհրաժեշտ է, որ նոյն այս եռանկիւնը եւ անոր յարաբերութիւն-աշխատանքային գործընթացը ուժեղացնել: Ասոր մէջ, անկասկած, սփիւռքի նախարարութիւնը ունեցած է եւ պէտք է շարունակէ պահել իր կարեւոր մասնակցութիւնը եւ ինքնուրոյն դրուածքը` հայրենի պետական վարչամեքենային մէջ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

