• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Հայրենիքի Մէջ Կը Նախատեսենք Երեք Լայնածաւալ Ծրագիր Իրականացնել…» (լուսանկարներ)

14.12.2018   00:37

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ 15 –

Հարցազրոյց Մշակոյթի Ու Արուեստի Ոլորտին Մէջ Աշխատող՝  Մարիքա Փարսատանելիին Հետ

 ՔՐԻՍԹԻՆԱ  ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

«Զարթօնք»ը կը շարունակէ « «Զարթօնք»ը հայրենիքի մէջ» խորագիրը կրող հարցազրոյցներու եւ յօդուածներու շարքը: Այս անգամ  անդրադարձ կատարած ենք ազգութեամբ հայ, բայց ամբողջ կեանքին ընթացքին հայրենիքէն դուրս ապրած ու ստեղծագործած, մշակոյթի ու արուեստի ոլորտին մէջ աւելի քան 12 տարուան արտադրողական աշխատանքի փորձ ունեցող Մարիքա Փարսատանելիին:

Մարիքան ծնած է Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս, ապա 5 տարեկանին ծնողներուն հետ տեղափոխուած է Ռուսիա՝ Ս. Փեթերսպուրկ, ուր սորված ու կրթութիւն ստացած է: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ալ 2006 թուականին  հիմնած է արտադրողական կեդրոն, որ կը զբաղի մշակութային ու արուեստի բնագաւառին մէջ տարբեր միջոցառումներու, ծրագիրներու իրականացմամբ ու անոնց տարածմամբ ամբողջ աշխարհի մէջ:

Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի կեանքի կոչել երեք լայնածաւալ ծրագիր, որոնցմէ մէկուն համաձայն կը նախատեսուի Երեւան քաղաքին մէջ կառուցել թանգարան-մշակութային կեդրոն՝ Educational historical cultural multimedia centre, ուր թէ տեղաբնակները, թէ զբօսաշրջիկները հնարաւորութիւն կ’ունենան ծանօթանալու հայ ժողովուրդի պատմութեան՝ հնագոյն օրերէն մինչեւ մեր օրերը:

Նախատեսուող միւս ծրագիրներուն, անոնց ստեղծման ճանապարհին յառաջացած դժուարութիւններուն մասին աւելի մանրամասն խօսած ենք հարցազրոյցի ընթացքին:

 

– Մարիքա, խնդրեմ, մանրամասնութիւններ կրնա՞ք ներկայացնել Ձեր ծրագիրներուն մասին, զորս կը պատրաստուիք իրագործելու հայրենիքի մէջ:

-Ես արտադրիչ եմ եւ կը զբաղիմ մշակոյթի եւ արուեստի ոլորտին մէջ լայնամաշտաբ ծրագիրներու կազմակերպմամբ: Վերջին երեք տարուան ընթացքին կ’աշխատիմ մեծ ծրագիրի վրայ, որը կ’ենթադրէ Երեւան քաղաքին մէջ կառուցել թանգարան-մշակութային կեդրոն՝ Educational historical cultural multimedia centre: Ան կ’ըլլայ աշխարհի մէջ առաջին թանգարանը, որ բազմամետիայի տեսքով կը ներկայացնէ Հայաստանի պատմութիւնը՝ հին օրերէն մինչեւ մեր օրերը: Այս նախագիծը թոյլ կու տայ ինչպէս տեղացիներուն, այնպէս ալ զբօսաշրջիկներուն ծանօթանալու հայ ժողովուրդի պատմութեան: Այս գաղափարէն ետք մէկ ծրագիր եւս որոշեցինք իրականացնել, որ նախորդին հետ սերտօրէն կապուած է: Կը նախատեսենք ստեղծել շարժական պատկերներու ֆիլմ, որ կը ներկայացնէ Հայաստանի հնագոյն պատմութիւնը: Շարժական պատկերներու ֆիլմը պիտի ըլլայ անգլերէն լեզուով, ինչ որ կարելի կ’ըլլայ ցուցադրել Հայաստանի դպրոցներէն ներս, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի եւ բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր հայկական համայնքը աշխոյժ է:

 

– Այս ծրագիրներու իրականացման ճանապարհին ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպած էք:

– Ինչպէս բոլոր մեծ ծրագիրներու պարագային, մեր պարագային եւս ֆինանսաւորման խնդիրն է, սակայն ատիկա դժուարութիւն չեմ համարեր:  Ֆինանսաւորում գտնելը մեծապէս կախուած է այն հանգամանքէն, թէ մեր գաղափարը որքանով հասանելի է հասարակութեան համար, եւ մենք մեր առջեւ դրուած նպատակը որքանով կ’իրականացնենք: Ծրագիրը, որուն վրայ կ’աշխատինք երկարաժամկէտ է եւ արդիական կ’ըլլայ անգամ երկու հարիւր տարի անց:

Եթէ գաղտնիք չէ, ֆինանսաւորումը որո՞ւ կողմէ կ’իրականացուի կամ ի՞նչ կազմակերպութեան: Արդեօք պետական աջակցութիւն կը ստանա՞ք այստեղ Հայաստանի մէջ: Ի՞նչպէս կ’արձագանգէ կառավարութիւնը ձեր մտադրութիւններուն:

– Ի հարկէ գաղտնիք չէ: Քանի որ մենք առեւտրական կազմակերպութիւն չենք համարուիր, ապա կը գործակցինք տարբեր կազմակերպութիւններու, անհատներու, Սփիւռքի ներկայացուցիչներու, ինչու չէ նաեւ կառավարական շրջանակներու հետ, քանի որ սա ազգային գաղափարական ծրագիր է եւ մենք բաց ենք որեւէ գործակցութեան համար: «I am Armenia» մշակութային multimedia կեդրոնը պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ, սակայն պիտի չսահմանափակուինք միայն Հայաստանով, մեր քարտէսը պիտի ընդգրկէ նաեւ Սփիւռքը, աշխարհի հայաշատ համայնքները:  Ինչ կը վերաբերի մուլտիպլիկացիոն անիմացիոն ֆիլմին, որը անգլերէն լեզուով պիտի ըլլայ, կը թարգմանուի նաեւ ֆրանսերէն, սպաներէն եւ, ամենակարեւորը, հայերէն լեզուով եւ կը ցուցադրուի կրկին հայաշատ համայնքներուն մէջ:

– Նախքան հարցազրոյցը սկսիլը, Դուք նշեցիք երեք կարեւոր ու մեծ ծրագիրի մասին: Ո՞րն է երրորդ ծրագիրը:

– Մենք ունինք մէկ նախագիծ եւս, որ կը կոչուի Global international digital forum:  Հայաստանի մէջ կը նկատենք, որ աճած է հետաքրքրութիւնը նորարարական տեղեկատուական արհեստագիտութեան նկատմամբ եւ մենք որոշեցինք ստեղծել համաշխարհային լայն ժողով, որուն շնորհիւ կը կարողանանք միջազգային կազմակերպութիւններու ուշադրութեան հրաւիրել այս հարցին շուրջ, կը կարողանանք հաւաքել մարդիկ, որոնք կը զբաղին նորարար արհեստագիտութիւնով: Սա կը նախատեսենք իրականացնել ոչ միայն Երեւանի, այլեւ Ղարաբաղի եւ մարզերու մէջ, օրինակ Դիլիճանի մէջ կայ միջազգային դպրոց, Կիւմրիի մէջ՝ «Թումօ» կայ: Նպաստաւոր պայմաններ շատ կան: Այդ շրջանակը մենք ընդլայնելու միտում ունինք, որ հնարաւորութիւն կու տայ մարզերուն համաչափ զարգանալու: Վստահաբար կրնամ նշել, որ մենք այս ասպարէզին մէջ յաջողութիւն կը գրանցենք, մեր նախաձեռնութիւնները յաջողութեամբ կը պսակուին, որովհետեւ մենք ջանք ու եռանդ չենք խնայեր այս ծրագիրներու յաջող իրականացման համար:

-Շնորհակալ եմ…

 

Մարիքա Փարսատանելիի արտադրողական կեդրոնի իրականացուցած ծրագիրներուն մասին կարելի է ծանօթանալ նաեւ պաշտօնական կայքի վրայ՝  https://www.marikaparsadanelli.com

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր