ՔԱՐԻՒՂԻ ՈՒ ԿԱԶԻ ՀՈՐԱՏՄԱՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՆԱՒԸ Կ՚ՈՒՂՂՈՒԻ ԴԷՊԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆ

ԱՀՄԷՏ ԷԼԻՄ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ծանօթ է, թէ վերջին երկու տարիներուն, արեւելեան Միջերկրականի ծովային խորշերը, շրջանի երկիրներուն ու քարիւղի ընկերութեանց հետեւողական խուզարկութեանց ենթարկուած են։ Այսպէս, ֆրանսական Թոթալ եւ իտալական ENI ընկերութիւնները, տնտեսական վերապահուած շրջանին մէջ (EEZ), 2017-ի Դեկտեմբերէն սկսեալ, յատուկ նաւերով հորատումի ձեռնարկած էին։ Միաժամանակ, “East Med” ծրագրին տակ, Իտալիա, Յունաստան ու Կիպրոս, 2000 քլմ. երկարութեամբ կազուղիի մը շինութեան ծրագրին հետամուտ էին։ Զուգահեռաբար, Յունաստան-Կիպրոս-Իսրայէլ, դէպի Եւրոպա, կազատար խողովակներով, Հրէաստանէն Կրետէ, եւ անկէ Յունաստանի վրայով դէպի Եւրոպա արտածումներ պիտի կատարէին։ Յիշեալ ծրագրին մասնակից էին նաեւ Եգիպտոս ու Լիբանան։
Վերոյիշեալ նախատեսութեանց մրցակիցն է Թուրքիա, որ նորվեկիական յատուկ նաւով, եւ իր նաւատորմիղին պաշտպանութեան տակ, նոյնանման հորատումներու ձեռնարկած է նո՛յն շրջանին մէջ, ստեղծելով պրկուած մթնոլորտ մը, որ կրնայ զինեալ բախումի առաջնորդել, վերոյիշեալ ծրագիրներուն առնչուած երկիրները։
Վերոյիշեալ նախաբան-ծանօթացումին լոյսին տակ, Թուրքիա յայտարարեց, թէ դէպի ծայրագոյն արեւելեան Միջերկրական կ՚ուղարկէր քարիւղի ու կազի հորատիչ նաւ մը, այնպիսի պահու մը երբ տարակարծութեան մէջ է այդ շրջանի երկիրներուն հետ, ներառեալ՝ Եգիպտոսն ու Կիպրոսը, հոն գտնուող ուժանիւթի հարստութեան պատճառով։
Հոկտեմբեր 30-ին, Թուրքիա հաղորդեց, թէ ձեռնարկած է քարիւղի ու կազի հորատման արեւելեան Միջերկրականի մէջ։ Ուժանիւթի ու բնական աղբիւրներու նախարար Ֆաթիհ Տէօնմէզ ալ յայտնեց, թէ թրքական նաւատորմը անհրաժեշտ քայլերու պիտի դիմէ, եթէ վերոյիշեալ աշխատանքները խանգարուին։ Յիշեալ յայտարարութիւնները աւելի կը լարեն գոյատեւող ձգտուածութիւնը, մէկ կողմէ՝ Թուրքիոյ, ու միւս կողմէ՝ Եգիպտոսի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի միջեւ։
Սեպտեմբեր 19-ին, Եգիպտոս նոր համաձայնութիւն մը կնքեց Կիպրոսի հետ, որպէսզի շաղկապուի այս վերջնոյն Ափրոտիթէ կազային դաշտը Եգիպտոսի զտարաններուն հետ, որպէսզի այս երկիրը դառնայ կազի ու քարիւղի շրջանային կեդրոն մը (gas & oil hub)։ Քարիւղատար խողովակները կրնան մինչեւ 700 միլիոն խորանարդ ոտք (կամ՝ 19-8 միլիոն խորանարդ մեթր) քարիւղ ու բնական կազ ամբարել։
Սակայն, ընթացիկ տարուան Փետրուար 4-ին, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չավուշօղլուն յայտարարած էր, թէ 2003-ին, Եգիպտոսի ու Կիպրոսի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը,– ուր կը սահմանուէին երկու երկիրներու տնտեսական առանձնական (exclusive) գօտիները,– ապօրէն էր, որովհետեւ ատիկա ոտնձգութիւն էր թրքական ցամաքամասին (Continental shelf)։ Փետրուար 11-ին, Թուրքիա արգելք հանդիսացաւ իտալական ENI ընկերութեան կողմէ նախաձեռնուած հորատման աշխատանքներուն, պատրուակելով թէ այդ շրջանները կ՚իյնային Թուրքիոյ կամ թրքական Կիպրոսի իրաւասութեանց սահմաններէն ներս։
Եգիպտոսի քարիւղի նախարարութիւնը «Էլ-Մոնիթըր»ին յայտնած է, թէ «Եգիպտոս մտահոգուած է Թուրքիոյ առարկութիւններով, որովհետեւ իր երկիրը կը գործէ Կիպրոսի եւ Յունաստանի հետ կնքուած համաձայնագրին հիման վրայ, որ կը համակերպի միջազգային օրէնքին հետ»։
Արեւելեան Միջերկրականի շրջանի բնական կազի պահեստները կը գնահատուին 127 թրիլիըն խորանարդ ոտք (կամ՝ 3.45 թրիլիըն խորանարդ մեթր)։ Եգիպտոսի կողմէ Zohr պահեստադաշտի յայտնումը վերափոխեց արեւելեան Միջերկրականի քարտէսը բնական կազի, որուն պահեստները կը բարձրանան 850 միլիոն խորանարդ մեթրի։
Եգիպտոսի քարիւղի նախարարը Յուլիս 5-ին յայտարարած էր, թէ իր երկիրը կ՚ակնկալէ քարիւղ արտադրել 2019-ին։ Ըստ ուժանիւթի մասնագէտ Իպրահիմ-էլ-Ղիթանիի, Կիպրոս կրնայ ազդուիլ Թուրքիոյ վերոյիշեալ քայլերէն, եւ հետեւաբար արգելակող նոյն հետեւանքներն ալ կրնայ ունենալ քարիւղատար խողովակաշարի շինութիւններուն վրայ Եգիպտոսի հետ։ Այսուհանդերձ, անիկա պիտի չկարենայ ուղղակիօրէն ազդել Եգիպտոսի քարիւղի երկրախուզութեան՝ անոր տնտեսական գօտիէն ներս։
Թուրքիա, նոյնպէս, պիտի չկարենայ արգելակել Եգիպտոսի յաջողութիւնը արեւելեան Միջերկրականի մէջ, քանի այս երկիրը ինքնաբաւ դարձած է, 2015-ին յայտնաբերած քարիւղի պաշարներուն համար։ Մինչդեռ Թուրքիա տակաւին հեռու է ինքնաբաւ դառնալէ։ Եգիպտոս աւելի զօրաւոր դիրքերու վրայ է, շնորհիւ իր գործակցութեան Կիպրոսի, Յունաստանի ու նոյնիսկ Իսրայէլի հետ։
Արդարեւ, 2017-ին, Թուրքիոյ բնական կազի տարեկան սպառումը կը բարձրանար 53 պիլիըն խորանարդ մեթրի, մինչ իր տարեկան ընդհանուր արտադրութիւնը 350 միլիոն խորանարդ մեթրը չէր անցներ։
Օրինական գետնի վրայ, Թուրքիա իրաւունք չունի հորատումներ կատարելու, կամ՝ արգելք հանդիսանալու այլ երկիրներու խուզարկութեանց Կիպրոսի շուրջ, քանի նման քայլ մը խախտած պիտի ըլլար միջազգային օրէնքը ու ՄԱԿ-ի ծովային պայմանագրութիւնը։
Ըստ Եգիպտոսի Պենի Եուսէֆ համալսարանի նախկին նախագահ ու Փրոֆ. Ահմէտ Ռիֆաիի, «թրքական միջամտութիւն մը հորատումի աշխատանքներուն՝ խնդրոյ առարկայ շրջանին մէջ, պիտի նկատուէր նախայարձակում մը, որուն ենթարկուած երկիրները պիտի դիմէին միջազգային դատարանին»։
«Կիպրոսի եւ Եգիպտոսի միջեւ կնքուած, ու միջազգային օրինականութիւն ունեցող մէկէ աւելի համաձայնագիրներու հիման վրայ, Եգիպտոս թիկունք պիտի կանգնի Կիպրոսի, եթէ Թուրքիա օրինազանցութեան դիմէ Կիպրոսի հանդէպ։ Ասիկա չի նշանակեր թէ զինեալ բախում տեղի պիտի ունենայ, այլ հարկ է որ օրինական ու քաղաքական մարմին մը կեցնէ Թուրքիան։ Միջազգային մարմինները միջամուխ ըլլալու են նման վէճեր կարգադրելու համար»։
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Էլ-Մոնիթըր», 13 Նոյեմբեր 2018
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

