• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

30-րդ տարելից Մեծ երկրաշարժի Տարին՝ 1988, Դեկտեմբերի 7, ժամը 11։41

06.12.2018   16:23

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ .- Սովորական Չորեքշաբթի օր մըն էր։ Պայծառ, հաճելի ցուրտ եղանակ, միաժամանակ նախատօնական էին տրամադրութիւնները Երեւանի մէջ։ Այդ կիսամեակ դասերս կը սկսէին կէսօրուան ժամը մէկէն ետք. այնպէս որ հանրակացարանի մեր սենեակն էինք սենեկակիցս ու ես ժամը 11։41-ին, երբ…

Մինչեւ վեցերորդ յարկէն իջնենք եւ շէնքէն դուրս գանք, երկրաշարժը կանգնեցաւ։ Եթէ Երեւանի մէջ այդքան վախ ու դող պատճառեց մեզ, ա՛լ ուր մնաց Սպիտակ, Գիւմրի եւ շրջանի միւս գիւղերն ու քաղաքները։ Սակայն, մենք անգիտակ ահաւոր երկրաշարժին պատճառած մահասփիւռ կացութենէն, Զէյթունի ուսանողական հանրակացարանէն քաղաք իջանք դասի… Ի՜նչ դաս, կցկտուր լուրեր կը հասնէին Երեւան, սակայն տակաւին պատկերացում չունէինք… Անցաւ քանի մը ժամ եւս եւ երեկոյեան ամէն ինչ պարզ էր։

Դեկտեմբեր 9-ին միացայ դէպի Գիւմրի շարժող փոխադրակառքին, փութալու օգնութեան։

«Ահաւոր բան մը այնտեղ» կատարուած էր օր-ցերեկով… բառացիօրէն կիսուած շէնքեր, փլատակի վերածուած բարձրայարկ բնակարաններ, ճաթռտած ասֆալտապատ փողոցներ, մարդկային զոհեր, վիրաւորներ, բուժօգնութիւն, վերամբարձ կռունկներ, մեքենաներ, մեքենաներ, ահաբեկուած դէմքեր, մարած աչքեր, լռութեան մէջ աղմուկ եւ աղմուկի մէջ լռութիւն…

Ուսանողական մեր խումբին յանձնարարուեցաւ նախապէս հինգ յարկանի բնակելի շէնքի մը աշխատանքները, փլատակներուն տակէն դուրս հանելու ողջ կամ անկենդան բնակիչներ։ Մնացեալը ծանօթ պատմութիւն է, անցած է արդէն երեսուն տարի, ուղիղ երեսուն տարի…

Կորուստը, վնասը երեք միլիոննոց փոքրիկ Հայաստանին համար աներեւակայելիօրէն մեծ էր։ 1988-ի Պաքուի, Սումկայիթի եւ Կիրովապատի հայատեաց դէպքերէն ու սպանութիւններէն մազապուրծ փրկուած հազարաւոր հայ գաղթականներ եկած էին Հայաստան եւ այս անգամ բնութեան աղէտին զոհը կը դառնային. Արցախեան ազատագրական պայքարը սկիզբ առած էր, Հայաստան ռազմական դրութեան մէջ էր, Խորհրդային Ատրպէյճան եւ Թուրքիա շրջափակման տակ կը պահէին մեր երկիրը, իսկ Խորհրդային Միութիւնը կ՚ուղղուէր դէպի փլուզում…

Եւ… երկրաշարժ… 6,8 աստիճան։

Պաշտօնական տուեալներով՝ աւելի քան 25 հազար զոհ (Գիւմրի՝ 17 հազար, Սպիտակ՝ չորս հազար, Վանաձոր՝ հազար երկու հարիւր, եւ այլն…)։ Վնասուած շրջանը՝ 10,000 քառակուսի քլմ., ուր կ՚ապրէր շուրջ մէկ միլիոն բնակիչ։ Հիմնական աւերածութիւններուն մակերեսը՝ 3,000 քռ. քլմ.։ Աւերուած քաղաքներուն թիւը՝ 11, գիւղերունը՝ 58, տուժած քաղաքներուն թիւը՝ 21, գիւղերունը՝ 342։ Անօթեւան, անտուն մնացածներուն թիւը՝ աւելի քան կէս միլիոն մարդ։

Թէեւ Պաղ (Սառը) պատերազմը կը շարունակուէր, երկրաշարժէն քանի մը օր ետք Խորհրդային Միութեան առաջնորդ Միխայիլ Կորպաչովը պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներէն օգնութիւն խնդրեց… առաջին անգամ ըլլալով Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք։ 113 երկիր մարդասիրական օգնութիւն ղրկեց. փրկարարական սարքեր, որոնողական խումբեր, բժշկական պարագաներ, նիւթական նուիրատուութիւններ, մարդոյժ։ Սփիւռքահայութիւնը անմասն չմնաց եւ օգնութեան հասաւ ամենատարբեր ձեւերով։ Խորհրդային օդանաւ մը 69 զինուորներով եւ անձնակազմով, ինչպէս նաեւ բեռնատար օդանաւ մը Եուկոսլաւիայէն՝ տարբեր պատճառներով կործանեցան, երբ օգնութեան կը փութային դէպի Հայաստան…

***

Եւ այսօր, երեսուն տարի ետք, տակաւին կան չլուծուած խնդիրներ, տակաւին կան մարդիկ, որոնք կ՚ապրին տնակներու մէջ…

Յիշելով զոհերը, մեր պարտքն է թիկունք կանգնիլ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն, որպէսզի օր առաջ լուծուած տեսնենք երկրաշարժէն տուժած բնակչութեան կարիքները, իսկ Գիւմրին ու Սպիտակը, Մարալիկ գիւղն ու միւս տասնեակ բնակավայրերը շնչեն ժպիտով ու վաղուան գալիք լաւատեսութեամբ։

Բի՜ւր յարգանք Մեծ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին…

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր