ՌԱԿ-ի երախտաւորները. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ՆԱՇԱԼԵԱՆ Մարաշ 1878 – Պէյրութ 1969

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ .- Երախտաւոր Յարութիւն Նաշալեան ծնած է Մարաշ, 1878-ին, Ս. Զատկուան նախորդող Յարութեան օրը։
Յաճախած է տեղւոյն Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ նախակրթարանը, ապա Մարաշի Կեդրոնական վարժարանը՝ երկրորդական ուսման համար։ Կարճ ժամանակ մը ուսանած է ֆրանսական ակադեմիայի մէջ։ Ընտանիքին փափաքով Յարութիւն կը մեկնի Տարսոն բարձրագոյն ուսման համար, մուտք գործելով Սէնթ Փօլ քոլէճը, ուր կը մասնագիտանայ ֆրանսերէն լեզուի մէջ. կ՚աւարտէ 1902-ին եւ կը վերադառնայ ծննդավայր ու կը դասաւանդէ ֆրանսերէն իր յաճախած վարժարաններէն ներս։ Ապա, կարճ շրջանի մը համար կը մեկնի Քիլիս՝ ուսուցչական պաշտօնով։
Ընտանեկան պարագաները արդէն փոխադրուած էին Այնթապ, ուր ինքն ալ կ՚որոշէ հասատուիլ, կրթական պաշտօնը շարունակելու համար։
1912-ին կը հրաւիրուի Տարսոն, դասաւանդելու համար Ամերիկեան քոլէճէն ներս։ Երկու տարի ետք, Համաշխարհային Ա. Պատերազմին պատճառաւ, Յարութիւն կը ստիպուի վերադառնալ Այնթապ ու իր ընտանիքին հետ թափառական դառնալով, կ՚որոնէ աւելի ապահով վայրեր Կիլիկիոյ տարածքին։ Որպէս թափառական ու տարագիր, քանի մը անգամ ալ կը փրկուի նահատակուելէ թուրք բարբարոսներու կողմէ ու կը մնայ փախստական մինչեւ 1918-ի աւարտը, երբ կը վերադառնայ Այնթապ իր ընտանիքով։
Այնթապի մէջ զինադադարէն ետք, յարաբերական անդորրութիւն մը կը տիրէր, ու գոյութիւնը պահպանած փոքրաթիւ հայկական գաղութի հասարակական եռուզեռին մաս կը կազմէ Նաշալեան, դառնալով հիմնադիրներէն Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան տեղական ակումբին, Նազարէթ Ֆըստքճեանի, Յակոբ Գապպէնճեանի եւ Յակոբճան Եագուպեանի կողքին, ինչպէս նաեւ անդամակցելով Այնթապի Լսարանական յանձնախումբին։ Այս ժամանակաշրջանին իրեն կը վստահուի առաջնորդութիւնը զինուորական հրշէջային գումարտակին, թշնամիին յառաջացուցած հրդեհները մարելու պարտաւորութեամբ՝ հայաբնակ թաղամասերէն ներս։ 1919-ի աւարտէն առաջ, երկու տարուան համար կը մեկնի Չորք Մարզպան, ուր կը պաշտօնավարէ Բարեգործականի Քելեկեան եւ Սիսուան որբանոցներէն ներս. ապա վերադառնալէ ետք Այնթապ, շրջան մը կը դասաւանդէ տեղւոյն ամերիկեան նպաստամատոյց որբանոցէն ներս։
ՆԱՇԱԼԵԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ
1923-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Լիբանան, ուր յաջորդ չորս տարիներուն կը շարունակէ իր պաշտօնը Անթիլիասի ամերիկեան որբանոցէն ներս։
1927-էն սկսեալ Նաշալեան կը նուիրուի հայկական վարժարաններէն ներս կրթական գործին նուիրուելով, մանաւանդ հայաբոյր ներշնչում տալու յետ եղեռնեան հասակ առնող սերունդին։ Առաջին հերթին պաշտօն կը ստանձնէ Պէյրութի Հայ Աւետարանական նախակրթարանին մէջ, ու ապա կը հրաւիրուի Հայֆայի Ազգային վարժարան, տարուան մը համար պաշտօնավարելու։
1931-ին կը վերադառնայ Պէյրութ ու այս անգամ պաշտօնի կը կոչուի Ս. Նշան եկեղեցւոյ նախակրթարանէն ներս։ Պէյրութի մէջ 1930-ական թուականներուն, Նաշալեան կը նուիրուի հասարակական կեանքի զարթօնքին ու կը ստանձնէ թաղական հոգաբարձու պաշտօններ Պէյրութի մէջ վերելք վայելող հայկական ծուխերուն։ Կուսակցական իր պատկանելիութիւնը շարունակելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, մաս կը կազմէ Պէյրութի մէջ ՌԱԿ-ի տեղական ակումբին, ստանձնելով վարչական պաշտօններ, ծառայելու համար նորակազմ համայնքներուն։ Իր անխոնջ ջանքերով կեանքի կը կոչուի Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը՝ Պէյրութի Նոր Մարաշ շրջանին մէջ, ուր համայնքային աշխուժութիւն մը գոյութիւն ունէր Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծուխէն ներս։
Նաշալեան 1937-ին իր ուսուցչական պաշտօնով կը տեղափոխուի Նոր Մարաշի եկեղեցւոյ կից նախակրթարանը։ Պէտք է ըսել, որ այս վարժարանի բազմաթիւ շրջանաւարտներ հետեւելով իրենց ուսուցիչին ազգային նուիրումին, յետագային պիտի ստանձնէին հասարակական կեանքի մէջ պատասխանատու պաշտօններ։
1935-ին Լիբանանի մէջ պիտի կազմուէր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային վարչութիւնը, ատենապետութեամբ Ներսէս Շիրինեանի, իսկ 1937-ին ալ լոյս պիտի տեսնէր «Զարթօնք» պաշտօնաթերթը՝ խմբագիր ունենալով բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանը։ Նաշալեանի համար հասարակական ու հրապարագրական նոր էջ մը բացուած էր այս շրջանին։
Յաճախ ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան կողմէ ան կ՚ուղարկուէր որպէս գործիչ շրջագայելու Դամասկոս, Զահլէ ու Թրիփոլի, կուսակցական գործունէութիւն ծաւալելու համար։ Իսկ երգիծական յօդուածներով իր աշխատակցութիւնը կը բերէր «Զարթօնք»ին։
ՆԱՇԱԼԵԱՆ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ
1943-ին, 65 տարեկանին կը հեռանայ ուսուցչական ասպարէզէն ու կը տեղափոխուի Դամասկոս, ծաւալելով հասարակական աշխատանք տեղւոյն ՌԱԿ «Կիլիկիա» ակումբէն ներս, ինչպէս նաեւ միութենական ու ծխական պաշտօններ ստանձնելով։ Յաճախակի հանդիպումներու մէջ էր գաղափարի իր ընկերոջ Յակոբ Գապպէնճեանի հետ, որուն հետ կուսակցական գործունէութիւն ծաւալած էր Այնթապի մէջ։
1945-ին կարեւոր կը դառնայ Նաշալեանի ներկայութիւնը Դամասկոսի թեմէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեամբ։
1950 Յունուարին երախտաւորը կ՚արժանանայ ՌԱԿ Լիբանանի եւ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կողմէ շնորհուած ՌԱԿ-ի վաստակաւորի վկայականին։ Իր երկարամեայ ուսուցչական նուիրեալ պաշտօնին համար ալ Նաշալեան բազմիցս գնահատուած է ազգային-եկեղեցական իշխանութեանց կողմէ, որպէս նուիրեալ դաստիարակ։
***
Կեանքի վերջին տարիներուն ան տեղափոխուած էր Պէյրութ ու կը քաջալերէր իր պատկանած կուսակցութեան շարքերէն ներս երիտասարդ գործիչներու ներկայութիւնը։ Ինքզինք նուիրած էր գրականութեան։ Անոր նախասիրած գրական ճիւղը կը հանդիսանայ զաւեշտը ու երգիծանքը. ունի լոյս տեսած երկու հատորներ՝
– «Հայկական օտար բարոյական զուարճալիքներ», 350 էջէ աւելի ժողովրդային զուարճալիքներու հաւաքածոյ մը։
– «Ժողովրդային աւանդավէպեր եւ իրավէպեր», 330 էջ։
81 տարեկան հասակին երախտաւորը Պէյրութի մէջ Յունիս 1969-ին յաւիտեան աչքերը փակեց ետին թողելով հինգ անտիպ երկեր։
Նաշալեանի անտիպ երկերն են.
- «Լուսոյ շաւիղէն հոգեւոր քարոզներ»
- «Ժողովրդային առածներ, ասացուածքներ, խրատականներ եւ օգտակար ասուլիսներ»
- «Մանկապարտէզի երգեր, արտասանութիւններ եւ տրամախօսութիւններ»
- «Ինքնակենսագրութեան յուշերս»
- «Ժամանակակից հայ խաչագողները»։
Լոս Անճելըս
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

